«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

Վերջին եօթ-ութ ամիսներու ընթացքին աշխարհի բնականոն հունը կանգ առաւ եւ արդէն իսկ աշխարհը նոր հուն մը սկսած է որդեգրել իրեն համար, շարունակելու իր ընթացքը: Այս փոփոխութեան պատճառը թագաժահր կոչուող վարակն է: Մարդը, որ կը կարծէր, թէ գիտութեան բարձրունքներ նուաճելով բաւականին յառաջացած է ու ի զօրու է դիմագրաւելու նմանատիպ համավարակներ, որոնք ժամանակ առ ժամանակ կ՚այցելեն մարդկութեան, թագաժահրի յայտնութեամբ սակայն, հասկցաւ, որ իր ձեռք բերած այս ամբողջ զարգացուածութեամբ տակաւին տկար է, ու անզօր՝ մանր ու անտեսանելի վարակի մը դէմ:

Անցնող եօթ-ութ ամիսները ո՛չ միայն մարդկային կորուստներ պատճառեցին մարդկութեան, ո՛չ միայն նիւթական վնասներ բերին ու տակաւին պիտի բերեն, այլեւ առիթ հանդիսացան, որպէսզի մարդոցմէ շատեր հասկնան, թէ իրենք ո՞ւր են, ինչո՞ւ համար կան ու կ՚ապրին: Այդ մարդոցմէ շատերուն համար պատասխանները իրենց հարցումներուն եղան սարսափելի, որովհետեւ հասկցան, որ հոգեւոր իրենց կեանքը խոպան է, ինչ բանը պատճառ դարձաւ, որ այս ներկայ դժուարութիւնը շատ աւելի ծանր տանին, քան այն մարդիկ, որոնք հոգեւոր կեանքի մէջ զգալի յառաջընթաց մը ունեցած են, իսկ անցնող այս եօթ-ութ ամիսները իրենց համար առիթ մը եղան, ա՛լ աւելի յառաջանալու իրենց հոգեւոր կեանքին մէջ ու իրենց կապը ա՛լ աւելի ամրացնելու Աստուծոյ՝ իրենց Արարիչին հետ:

Նկատի ունենալով այս բոլորը, այս եւ յետագայ քանի մը գրութիւններով ընթերցողներուն ուշադրութեան պիտի յանձնեմ յոյն եկեղեցւոյ սուրբերէն՝ Պաիսիոս Աթոսացիի «Հոգեւոր Պայքար - Մեր ներսի չար վարձակալին դէմ - խոստովանանք եւ խոստովանահայրին դերը» գիրքէն հատուածներ, արաբերէնէ թարգմանաբար, յոյս ունենալով, որ առիթ կը հանդիսանայ ոմանց իրենց հարցումներուն պատասխաններ գտնելու եւ վերահաստատուելու իրենց հոգեւոր ճանապարհին մէջ:

Մէկ լաւ մտածումը այնպիսի ուժ ունի, որ կը հաւասարի հսկումի մը, որ երկար ժամեր կը տեւէ:

Ինչպէս որ լազերային ճառագայթները կրնան աւրել նոր «զէնք»երը, որով այլեւս չեն կրնար փամփուշտ արձակել, այդպէս ալ լաւ մտածումները կը սառեցնեն վատ մտածումները սատանայի «կեդրոն»ին մէջ, ուրկէ այդ մտածումները՝ «որոնք ձախ կողմն են» կ՚արձակուին դէպի բոլոր ուղղութիւններով: Հետեւաբար, փորձեցէ՛ք ինչքան որ կրնաք, որ սատանայէն առաջ անցնիք ու հեռացնէք զայն՝ բարի մտածումներ տնկելով, որով ձեր սիրտերը ծաղիկներով լեցուն պարտէզի մը կը վերածուին, եւ անկէ ելած ձեր աղօթքները անուշ բոյր կը ստանան՝ քաղցր ու հոգեւոր հոտ:

Երբ գէշ մտածումը կը տիրէ մարդուն, ոեւէ մէկուն նկատմամբ չարութեամբ կը լեցուի, որով ճգնողական գործերը՝ պահեցողութիւն, հսկումներ, եւ այլն… օգուտ չեն ունենար: Ի՞նչ օգուտ ճգնութենէն, եթէ մարդը պիտի չմղէ պայքարելու գէշ մտածումին դէմ: Ինչո՞ւ համար չզտնենք մաքուր ձէթը ամանին մէջ, որով վատ ձէթը բաժնենք՝ որ միայն օճառ շինելու կը ծառայէ՝ լաւ ձէթէն, որ ուտելու համար կը գործածուի: Եթէ լաւ ձէթը վատին խառնուեցաւ [վերջինս] կը փճացնէ զայն:

Մէկ մաքուր եւ բարի մտածում աւելի մեծ ուժ ունի, քան բոլոր ճգնողական գործերը: Սատանան երիտասարդի մը դէմ կը պատերազմի պիղծ մտածումներով, որով այդ երիտասարդը կը դիմէ պահքերու եւ հսկումներու, որպէսզի ձերբազատուի ատոնցմէ, սակայն, այս երիտասարդը, եթէ այդ պիղծ մտածումները մաքուր մտածումներով չփոխէ, կրնայ ըլլալ իր մարմինը հիւծէ պահքով ու հսկումով, սակայն չի՛ յաղթեր սատանային, որ իր դէմ կը պատերազմի:

Մեր օրերու մեծագոյն հիւանդութիւնը մարդոց նիւթական մտածումներն են: Կրնայ ըլլալ, որ մարդ ամէն ինչ ունենայ, բացի բարի մտածումներէն, այդ պատճառով կը նկատես, որ անոնք կը չարչարուին, որովհետեւ այդպիսիները խնդիրները հոգեւոր կերպով չեն դիմակայեր: Օրինակ մը տանք այդ մասին. մարդը տունէն դուրս կու գայ գործի երթալու, ճանապարհին ինքնաշարժը կ՚աւրուի ու կ՚ուշանայ: Եթէ լաւ մտածումի տէր անձ է, այդ արգելքը կ՚ընկալէ աստուածային նախախնամութիւն, որով զինք զերծ պահեց ինքնաշարժով արկածի ենթարկուելէ: Այսպիսիով, ան զԱստուած կը փառաբանէ ու շնորհակալութիւն կը յայտնէ Անոր: Իսկ եթէ վատ մտածումի տէր անձ է, ապա զԱստուած պիտի մեղադրէ, մեղքը Անոր վրայ դնէ ու հայհոյէ Անոր: Առաջինը, իր հետ պատահածը լաւ մտածումով ընդունեց ու չչարչարուեցաւ: Իսկ երկրորդը, արգելքին գէշ մտածումով նայեցաւ, որով չարչարուեցաւ ու ինքզինք կորսնցուց:

Մարդ կրնայ գէշ մտածում ձեռք ձգէ որեւէ մէկ բանի նկատմամբ: Եթէ մարդ բարի մտածում ձեռք չի ձգեր, ու անձնական շահէն մղուած կը շարժի, այդպիսին օգնութիւն պիտի չգտնէ սուրբ ծերէ մը, կամ նշանաւոր սուրբէ մը, կամ բոլոր սուրբերէն. եւ կրնայ ըլլալ, թէ Աստուած Ի՛նք եւս չ՚օգներ այդպիսիին: Երբ մարդ ինքզինք կը սիրէ, հարցերը իր ուզածին պէս կը բացատրէ, եւ այդ բացատրութիւնները անբնական ու անտրամաբանական կ՚ըլլան, եւ ինչքան ալ փորձես օգնել, անոնք կը մոլորին: Մարդիկ կան, որոնք շատ կ՚ուրախանան, եթէ ուշադրութիւն ցուցաբերեցիր անոնց նկատմամբ, կամ անոնց քաղցր խօսք մը ըսիր: Իսկ եթէ հակառակը ըլլայ, կը նեղուին եւ տգիտութեամբ եւ անտրամաբանութեամբ կը վարուին, որոնք փորձող սատանային գործն են:

Որոշ ժամանակ մը առաջ, մէկը եկաւ քովս ու ըսաւ.

-Ինչո՞ւ այսինչը հետս չի՛ խօսիր, մինչ նախապէս կը խօսէր: Թերեւս անոր համար, որ դիտողութիւն մը ըրած եմ անոր:

Պատասանեցի.

-Չեմ կարծեր: Թերեւս ուշադրութիւն չդարձուց քեզի եւ կամ հոգ մը ունի, որ կը մտատանջէ զինք եւ լուծում կը փնտռէ ատոր համար:

Եւ իրապէս, այդ մարդը հոգ կը տանէր հիւանդ մարդու մը եւ ժամանակ չունէր կողմնակի տարբեր-տարբեր խօսակցութիւններու:

-Ի՞նչ են տկար միտքին յատկութիւնները:

-Ի՞նչ ըսել կ՚ուզես: Առաջին անգամն է, որ այս մասին կը լսեմ:

-Նախապէս խօսեցար ձախակողմեան մտածումի մասին եւ վատ վերաբերումի…

-Եւ ըսի՛ թէ այդ մտածումը տկար մի՞տք է:

-Կը յիշեմ ըսածդ անոր, որ ուզեց հետդ մնալ. «Չե՛մ ընդունիր քեզի, որովհետեւ տկար միտք ունիս»:

-Ո՛չ, այդպէս չըսի անոր: Այլ ըսի.

-Չեմ ընդունիր քեզի որպէս աշակերտ, որովհետեւ հոգեւոր առողջութեան կը կարօտիս:

Եւ երբ հարցուց ինծի.

-Ի՞նչ է հոգեւոր առողջութիւնը:

Պատասխանեցի.

-Բարի մտածումներ չունիս: Ես որպէս մարդ իմ թերութիւններս ունիմ, իսկ որպէս վանական՝ կարգ մը առաքինութիւններ: Եթէ բարի մտածում ձեռք չես բերեր, պիտի վնասուիս թէ՛ թերութիւններէս, թէ՛ ալ առաքինութիւններէն միասնաբար:

Փոքր տղան կրնայ ձեռք ձգել տկար մտածում մը հասուն չըլլալուն պատճառով, բայց մեծ մարդուն միտքը տկար չէ:

Շատեր չեն հասուննար իրենց անընդունակ ըլլալուն պատճառով, իսկ ուրիշներ՝ իրենց ղեկավարներուն պնդագլխութեան պատճառով: Պարզ կերպով չշարժուիլը չարութեան կը տանի, եւ այդ ատեն հարցերը շրջուած կ՚ըլլան: Ան որ հոգեւոր առողջութիւն չունի, այդպիսիին բարիքը չ՚օգներ, ընդհակառակը, կը տանջէ զինք:

Ով որ հոգեւոր առողջութիւն ունի, հարցերուն մաքրութեամբ կը նայի, իսկ եթէ հակառակը ըլլայ, հետեւաբար մտածողութիւնը գէշ կ՚ըլլայ: Ով որ բարի մտածումներ ձեռք կը ձգէ, հոգեւոր առողջութիւն կը շահի, եւ չարիքը բարիքի կը վերածէ: Արդարեւ, այդպիսիին նայուածքը միրգերուն կ՚ըլլայ «[պարարտացուցիչ] աղբին» նկատմամբ ունեցած նայուածք, որովհետեւ «[պարարտացուցիչ] աղբը» մեծ նպաստ ունի միրգերու գոյանալուն մէջ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 1

25 օգոստոս 2020, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 27, 2020