ԵՐԿՈՒ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍԱՆ ԿԻՒՄՐԻԻ ԱՆՕԹԵՒԱՆ ԱՆԱՀԻՏԻՆ
Չեմ գիտեր, դեռ որքան ժամանակ Հայաստանը կարիք պիտի ունենայ աշխարահատարած իր որդիներու նիւթական օժանդակութեան։ Անկեղծ եւ ճիշդ տուեալները ցոյց կու տան, որ յատկապէս մեր աչքերուն, որպէս «Աղէտի գօտի» ներկայացող շրջանները այսօր եւս կարիքն ունին մեր բոլորին անմիջական օժանդակութեան։
Ինչ կարեւորութիւն ունի, որ Հայաստանի քաղաքական հարթակին վրայ ինչպիսի սպասելի կամ յաճախ զարմանազան փոփոխութիւններ եղան, ինչ կարեւորութիւն ունի, թէ ո՛ր քաղաքական «ղեկավար»ը գնաց ու անոր փոխարէն նոր առաջնորդ «կարգուեցաւ» եւ ինչ կարեւորութիւն ունի, որ քաղաքամայր Երեւանը հիւրընկալեց Ֆրանսախօսութեան համաժողովը, երբ Կիւմրին եւ Սպիտակը, Արարատեան դաշտի շատ մը շրջաններ, Արմաւիրի մարզի շարք մը շէներ կը շարունակեն «տնքալ» աղքատութեան հետեւանքով։
Հայրս թրքերէնէ փոխառուած կոպիտ առած մը կը պտըտցնէր իր բերնին, փորձելով ներկայացնել աղքատ, չքաւոր եւ չունեւոր խաւերուն մաս կազմող մարդոց իրական հոգեվիճակը։ Հայրս կ՚ըսէր՝ «Աչ իթ ֆըրընը եաքար» եւ ըսածին մէջ անշուշտ որոշ իրականութիւն մը կար։ Ես պիտի նախընտրեմ բառացիօրէն հայերէնի չթարգմանել այս կոպիտ առածը ու գոհանալ ըսելով, որ երէկ, այսօր եւ վաղը Հայաստանի մեծագոյն թշնամին աղքատութիւնն է։
Այսքան տխուր նախաբանէ ետք այսօրուան իմ սիւնակով պիտի ներկայացնեմ սփիւռքահայ երիտասարդներու կողմէ անցնող օրերուն իրականացուած ծրագիր մը, որուն հիմնական նպատակն էր բնակութեան համար պատրաստ տուն մը նուիրել 1988 թուականի աղիտալի երկրաշարժին հետեւանքով չքաւորութեան դաժանագոյն պայմաններու մէջ իր աչքերը բացած կիւմրեցի փոքրիկն Անահիտին։ Երկու սփիւռքահայ երիտասարդներ, որոնք յաճախ կը նախընտրեն իրենց անունները չյիշատակել, այդ նախաձեռնութեան տէրն են ու անոնք շնորհիւ իրենց կողմէ ղեկավարուող «Ռատիօ Եան» համացանցային ձայնասփիւռին, կարողացած են դրամահաւաք կատարել ու հաւաքուած գումարով բնակարան գնել Անահիտիկին համար։ Ասպետ Հարմանտայեան, որ այս նախաձեռնութեան գլխաւոր դէմքն է, կը նշէ նաեւ, որ մինչ նոր տուն փոխադրուիլը Անահիտ կը բնակէր բոլոր կարեւոր յարմարութիւններէ զուրկ «տոմիկ»ի մը մէջ։ «Տոմիկ»ը չիմացողներուն համար թիթեղեայ տունն է, որ «հռչակաւոր» դարձաւ յատկապէս երկրաշարժի յաջորդող տարիներուն եւ, ցաւօք սրտի, մինչեւ օրս կը շարունակուի, որպէս երեւոյթ։
Ստորեւ ընթերցողներուս ուշադրութեան կը ներկայացնեմ նախաձեռնութեան մասնակից Ասպետ Հարմանտայեանին հետ իմ կատարած հարցազրոյցը, այն վառ յոյսով, որ յառաջիկայ տարիներուն «Աղէտի գօտի» հասկացութիւնը ընդհանրապէս դուրս կու գայ շրջանառութենէ։
Մեր խօսակիցը՝ համացանցային «Ռատիօ Եան»ի հիմնադիրներէն՝ Ասպետ Հարմանտայեան վերջերս կը գտնուէր Հայաստան, Կիւմրիի համար նախատեսուած բարեսիրական ծրագիր մը իրականացնելու համար։
-Ի՞նչ նպատակով է, որ այցելեցիք Հայաստան:
-Ես ընդհանրապէս տարին անգամ մը կ՚այցելեմ Հայաստան, ըլլայ ատիկա ընտանեկան, թէ բարեգործական ծրագրով: Այս անգամուան այցելութիւնս Կիւմրիի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին առթիւ մեր կազմակերպած ծրագրին ամփոփումն էր եւ ի գործ դնելը, գետնի վրայ ամբողջացնելով անհրաժեշտ կազմակերպչական եւ թղթաբանական գործերը: Այս էր մեր նպատակը այս անգամուան այցին՝ դէպի Հայաստան եւ Կիւմրի, որպէսզի այս ծրագիրը իրականացնենք եւ իր վերջնական աւարտին հասցնենք: Անշուշտ մենք որոշած էինք գալ Կիւմրի, երբ ծրագրի անբողջ գումարը արդէն իսկ գոյացած կ՚ըլլայ եւ անշուշտ այդպէս ալ եղաւ:
-Արդեօք այս նախաձեռնութիւնը, որուն համար դուք Հայաստան եկաք, շարունակական բնոյթ ունի՞, թէ՞ միայն մէկ անգամուան համար էր:
-Նախ ըսեմ, որ «Ռատիօ Եան»ը ստեղծուած է բարեգործական ծրագիրով մը, որ իրականացուեցաւ վեց տարի առաջ: Նոյնանման ծրագիր մըն էր, որուն շրջանակէն ներս Հայաստանի մէջ բազմանդամ ընտանիքի մը գումար հայթայթելով՝ տուն նուիրեցինք եւ այդպէսով վեց տարի առաջ ընթացք առած մեր բարեգործական ծրագիրը մինչեւ այսօր կը շարունակենք զանազան ձեւերով: Մենք արդէն ամբողջ տարուան ընթացքին ուրիշ աւելի փոքր ծրագիրներ կ՚իրականացնենք. ինչպէս օրինակ՝ սահմանամերձ գիւղերուն մէջ ապրող երիտասարդներուն օգնել իրենց համալսարանական ծախսերը հոգալով, որպէսզի այդ երիտասարդները մնան այդ գիւղերուն մէջ:
Այս ծրագիրը մեր երկրորդ մեծ ծրագիրն էր, որ անօթեւան ընտանիքի տուն հայթայթեցինք։ Ըսեմ նաեւ, որ մեր ծրագիրները շարունակական բնոյթ կը կրեն, ինչպէս որ եղած է անցնող վեց տարիներուն ընթացքին:
-Ի՞նչ արձագանգներ լսեցիք ձեր ունկնդիրներէն, որոնք օգնեցին եւ մասնակցեցան, որպէսզի այս բնակարանի գնման գումարը հաւաքուի:
-Նախ ըսեմ, որ մեր նուիրատուները բոլորն ալ մեր թափանցիկութեան համար վստահեցան մեզի: Նուիրատուները, որոնց թիւը շուրջ երեքհարիւր է, մեծ վստահութիւն ունին մեր գործին հանդէպ։ Անոնք մեզի վստահեցան շնորհիւ մեր թափանցիկութեան, որ երեւցաւ համացանցի մեր էջին վրայ ու շնորհիւ նաեւ մեր ձայնասփիւռին միջոցաւ եղած յայտարարութիւններուն։ Անշուշտ «Ռատիօ Եան»ի վեց տարուան գործունէութեան ընթացքին ապահոված թափանցիկութիւնը եւ բարի համբաւը եւս երաշխիք եղան, որպէսզի մարդիկ վստահին մեզի:
Արձագանգները շատ դրական էին բոլորին կողմէ, բոլորն ալ իրենց ըլլա՛յ նիւթական, ըլլա՛յ բարոյական ներդրումը ունեցան, շատեր, որոնք նիւթականով օգտակար չէին կրնար դառնալ, իրենց բարոյական ներդրումը բերին. ըլլան անոնք կազմակերպչական աշխատանքներ, կամ ծրագրի մասին նիւթերու տարածման առումով, որոնք նոյնպէս շատ կարեւոր էին մեր ծրագրի յաջողութեան համար:
Յատկանշական էր նաեւ այն, որ մեր առաջին նուիրատուները եղան Այնճար հայաբնակ գիւղի մեր բարեկամները, որոնք նոյնպէս գիւղին մէջ Կիւմրիի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին առթիւ յուշ-երեկոյ մը կազմակերպած էին եւ ինծի առաջարկեցին, որ պզտիկ տուփիկ մը դնենք այդ երեկոյին ընթացքին եւ ժողովուրդէն խնդրենք իրենց մասնակցութիւնը բերել նաեւ այս ծրագրին:
Մեր հանգանակութիւնը եղաւ քանի մը հանգրուանով, որ սկիզբ առաւ երկրաշարժի տարելիցի օրէն ճիշդ մէկ ամիս առաջ, այսինքն՝ 7 նոյեմբերին եւ յատկանշական էր, որ աւարտեցաւ, այսինքն անհրաժեշտ գումարը ամբողջացաւ տարելիցի օրը՝ 7-10 դեկտեմբերի միջեւ:
Ամենէն մեծ արձագանգը, որ ստացայ մեր նուիրատուներէն այն էր, թէ բոլորն ալ ինձմէ սկսան խնդրել, որ նմանատիպ երկրորդ ծրագրի մը սկսիմ, որպէսզի դարձեալ մասնակցին։ Սա կը նշանակէ, որ այս ծրագիրը իրենց սրտին շատ կը խօսէր եւ կ՚ուզէին շարունակական բնոյթ կրէ: Անշուշտ ես ալ պատրաստակամ եմ շարունակելու այս գործը, սակայն այսպէս շատ արագ երկրորդի մը սկսիլը կազմակերպչական առումով քիչ մը դժուար պիտի ըլլայ։ Հաւանաբար յառաջիկայ տարի եւս կազմակերպենք նման ծրագիր մը, որ ըլլայ աւելի լաւ կազմակերպուած, աւելի արագ եւ աւելի թափանցիկ:
-Ի՞նչ տպաւորութիւններով հեռացար Կիւմրիէն:
-Վերադարձի առումով զգացումներս միշտ նոյնը եղած են ամէն վերադարձի ժամանակ: Շատ դժուար զգացում մըն է, երբ հայրենիքէդ կը հեռանաս, այն հայրենիքը, որուն մէկ մասնիկն ես դուն։ Այդ բնօրրանին, լռներուն եւ ժողովուրդին, այդ ամբողջին, իսկ օտարութեան մէջ երթալով կը զգաս, որ սխալ տեղ մըն ես։ Այս է իմ տպաւորութիւնը:
Իսկ ծրագրի հետ կապուած անշուշտ դրական էր զգացումը, որովհետեւ այսպիսի ծրագիրներ ամբողջացնելով, սկզբնական շրջանի «սթրէս»ը, որ ծրագիրը կատարեալ ձեւով աւարտին հասցնելու պատասխանատուութենէն կը բխի, կ՚անցնի ու շատ հանգիստ եւ շատ ուրախ կը վերադառնաս եւ որպէս սփիւռքի մէջ ապրող հայ, գոհունակութեան այն զգացումը կ՚ունենաս, որ դուն կրցար հասնիլ նպատակի մը եւ բան մը ընել քու հայրենիքիդ:
Փափաքս է, որ մեր այս գործը ըլլայ վարակիչ ուրիշներու, որոնք թերեւս աւելի մեծ հնարաւորութիւններ ունին, բայց կը վախնան բան մը նախաձեռնելու։ Ես իրենցմէ կը սպասեմ աւելի ինքնավստահ եւ նախաձեռնող ըլլալ, որովհետեւ վստահ եմ, Սփիւռքի մէջ կան շատ երիտասարդներ, որոնք կարող են ինձմէ աւելի մեծ բաներ ընելու:
Այստեղ չմոռնամ նաեւ ըսելու, որ մեր ծրագիրը ճշգրիտ եւ լաւագոյն ձեւով իրականացնելու համար ճիշդ գտանք տեղական կազմակերպութեան մը հետ համագործակցիլ, որպէսզի աւելի սահուն ըլլան թղթաբանական հարցերը, ինչպէս նաեւ օժանադակութեան կարիք ունեցող ընտանիքը գտնելու հարցը եւ այդ մէկուն համար համագործակցեցանք Կիւմրիի մէջ գործող հասարակական կազմակերպութեան մը հետ, որ կը կոչուի «Շիրակ կեդրոն»: Այսպիսի գործակցութիւն մը, իմ կարծիքով, շատ կարեւոր է, երբ սփիւռքեան կազմակերպութիւն մը համագործակցի ուղիղ Հայաստանի մէջ գտնուող կազմակերպութեան մը հետ, որպէսզի աւելի դիւրին ընթանան գործերը եւ մեծ արդիւնքներու հասնինք:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան