ՄԵԼԳՈՆԵԱՆԻ ՎԷՐՔԸ - Բ -
Առաջին անգամ Մելգոնեան վարժարանի շէնքը տեսայ 1999 թուականի Նոյեմբերին: Սեւ ու բարձր դարպասները կը բաժնէին աղմկոտ Նիկոսիան 1924 թուականին առաջին անգամ ըլլալով զանգ հնչեցուցած Մելգոնեան կրթական հաստատութեան (ՄՀԿ) տարածքէն: Տարածքը նաեւ կը յուշէր, որ Մելգոնեանը միայն քարեղէն ամրոց մը չէր, այլ ոգի էր:
Վարժարանի հիմնական հրապարակին վրայ կանգնեցուած էին Գրիգոր եւ Կարապետ աղաներուն կիսանդրիները, որոնք իրենց կեանքի ամբողջ ժառանգութիւնը ի սպաս դրած էին այդ որբանոց-դպրոցի հաստատման համար: Երկու գլխաւոր մասնաշէնքերը ականատես եղած էին հայոց գաղթականութիւնը ապրած հայ որբերուն ապրած ոդիսականը: Դեղին քարերով պատուած այդ շէնքերուն մէջ արեւմտահայ գրականութեան մեծագոյն դէմքերը հայերէնի դասապահեր էին վարած: Այդ դասարաններուն մէջ եղած լոյսը տարբեր տեսակի լոյս էր: Ամէն առաւօտ դասապահի սկիզբին Մելգոնեանի ոսկի էջերը կերտած գործիչները կը մտնէին դասարան ու կը կիսէին իրենց փորձը: Առաջին մասնաշէնքի ամենէն ծայրը եղող սենեակի պատուհանը կը հսկէր խաղադաշտին: Յունաստանէն, Եգիպտոսէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Պուլկարիայէն, Ռուսաստանէն եւ նոյնիսկ հեռաւոր Պրազիլիայէն Նիկոսիա հասած մելգոնեանցի սաներ միասին կը կիսէին իրենց օրը: Կեանքի մեծ դարբնոց էր Մելգոնեանի բակը, ուր հազարաւոր մղոններ կտրած աշակերտները միասին կը բաժնեկցէին իրենց զգացումները, սէրը, թախիծը, կարօտը մէկ խօսքով՝ կեանքը:
Յակոբ Օշականի հայեացքը կը ծնէր այդ սենեակներուն ինկող լոյսի եւ շուքի խաղերուն մէջ: Օշական կը բացակայէր, անոր բարձր գրականութիւն ստեղծելու նախանձախնդրութիւնը եւ իրաւ գիր մը կերտելու պահանջները կը զիջէին, բայց անոր ոգին կը մնար անզուգական եւ պարտաւորեցնող ներկայութիւն:
Մելգոնեանի հարուստ մատենադարանը եղած էր արեւմտահայ բանաստեղծութեան ամենէն վաւերական դէմքերէն մէկուն՝ Վահան Թէքէեանի ամենասիրած «օճախ»ը: Հոն, անոր քայլերուն հետքերը, գիրքերու արանքը կուտակուած փոշին ու այդ օրերէն մնացած հին բոյրը տեսակ մը նշխարի տպաւորութիւն կը թողուր:
Այսպէս կը մեծնար մեր սէրը այս դարաւոր ամրոցին հանդէպ:
Ուսումնական 2004-2005 տարեշրջանի աւարտին Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը հրաժեշտ կու տար իր սաներուն ու անոր զանգերը կը լռէին:
Այդ դպրոցին շուրջ մէկտեղուած լայն շրջանակներուն համար անհաւատալի էր դպրոցին փակման մասին որոշումը: Դպրոցի տնօրէնուհին՝ Տիկին Անի Լաչինեան-Մակարեանը, որ վերջին տարիներուն կարեւոր ճիգ իրագործած էր տարբեր գաղութներէ նոր աշակերտութիւն հասցնելու գործին համար, նոյնպէս զարմանքով կ՚ընդունէր դպրոցին փակման որոշումը:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան համար դպրոցի փակման որոշումը կը տրուէր մասնաւորապէս նիւթական ծանր եւ անելանելի իրավիճակին համար:
Այս գործօններէն բացի կարեւոր էր հասկնալ, որ Մելգոնեանի փակումը պէտք է ընդունուէր որպէս կարեւոր ախտանշան այն վիճակին մասին, որուն հասած է հայկական սփիւռքը իր տարբեր հատուածներով եւ քաղաքական-գաղափարական շերտերով: Ու հակառակ իրադրութեան սփիւռքը իր լայն հնարաւորութիւնները չմէկտեղեց Մելգոնեան վարժարանին նման հզօր լոյսի կեդրոնի մը փակման իրական պատճառները քննելու կամ խնդրին լուծման համար ելքերու մասին խորհելու:
Մելգոնեան կրթական հաստատութիւ-նը դարձաւ վէրք: Վիրաւոր թեմա մը, որ տարբեր հանգամանքներու ընթացքին կը ներկայացուէր, որպէս թապու նիւթ կամ անլուծելի թնճուկ: Եւ իրօք ինչն է փոխուած այսօր հարիւր եւ աւելի տարիներ առաջ եղած դրութենէն:
Այն օրերուն, երբ հայութիւնը զինք համատեղող, հաւաքող, իր առանցքին վրայ պահող կեդրոն մը չունէր, յաջողեցաւ տասնեակ վարժարաններ բանալ: Մինչեւ հեռաւոր Մոսկուա, Վենետիկ, Հռոմ, Նիկոսիա եւ այլուր մենք դպրոց կառուցեցինք: Այդ վարժարանները լաւագոյնս կատարեցին իրենց վիճակած պարտականութիւնը: Հասցուցին լուսաւոր սերունդ, անուն եղող մտաւորականներ ու կրօնական ու աշխարհական գործիչներ:
Ի՞նչն է այսօր, որ մեզ արդէն տասն ու աւելի տարիներ կը տառապեցնէ, կը մտատանջէ ու կը ստեղծէ լոկ բարձրաձայն հարցադրումներ ընելու պատճառ եւ առիթ: Այդ հարցադրումները ոչ մէկ կերպով կրնան լուծումներ բերել մեր հարցերուն:
Կայ նաեւ այլ տխուր երեւոյթ մը, որ ճոխ ժողովներ ի կատար ածելու երեւոյթն է: Ժողովներու, համագումարներու, նիստերու մրցում կայ կարծէք: Բոլոր միութիւնները անխտիր կ՚ուզեն ժողովներ ընել: Բոլոր միութիւնները կը խօսին արեւմտահայերէնի նահանջին ու մօտալուտ մահուան մասին: Բոլոր կազմակերպութիւնները մատնացոյց կ՚ընեն, որ Հալէպէն հեռացած նոր սերունդը աշխարհի չորս ծագերուն կանգնած է իր լեզուն կորսնցնելու վտանգին առջեւ : Այդ լեզուն կրնայ կորսուիլ, նոյնիսկ Երեւանի մայթերուն վրայ, ուր գրեթէ տասը հազար հաշուող սուրիահայերը չունեցան որեւէ աջակցութիւն արեւմտահայերէն ջամբող ամէնօրեայ վարժարան մը ստեղծելու: Աւելի փայլուն չէ իրավիճակը ամերիկեան ափերուն ապրող մեր համայնքներու, որոնց վարժարանները եւս կը նահանջեն ու նոյնպէս յայտնուած են փակուելու վտանգին ընդառաջ:
Այս ընդհանուր պատկերին դիմաց իրական ելքեր որոնելու համար կարիք կայ համազգային լուրջ եւ երկարաժամկէտ ծրագիրներու: Ու այնքան ատեն, որ այդ լրջութիւնը երեւելի չէ մեր տեսադաշտին վրայ, պիտի շարունակուի դպրոցներու յուղարկաւորութիւնը ամբողջ սփիւռքի մէջ:
Մենք տակաւին չենք հասկցած, որ մեր ժողովուրդի ոգին պահպանող հիմնական կռուանը հայ դպրոցն է ու կը շարունակենք անլուրջ մօտեցումներով ու ժամավաճառութեամբ ազգային քիչութիւն ընելու մեր սովորութիւնը:
Մելգոնեանի հարցը մեր ժողովուրդի մարմնին վրայ գոյացած վէրք է, որ պէտք է անպայման բուժուի:
Այդ վէրքը չի բուժուիր սիրողական մօտեցումներով: Այդ վէրքը չի բուժուիր փիքնիքներով եւ դաշտահանդէսներով: Այդ վէրքը չի բուժուիր հազարաւոր մելգոնեանցիներու աղիողորմ արցունքներով ու լացերով:
Ամենատխուրը այն է, որ յառաջիկայ Յուլիսին խումբ մը մելգոնեանցիներ նախաձեռնած են «դաշտահանդէս» կատարել ու այցելել իրենց սիրելի վարժարանը: Տարբեր ափերէ Նիկոսիա հասնող մելգոնեանցները պիտի գան լսելու իրենց դպրոցին խլացուցիչ «լռութիւն»ը:
Այդ լռութեան աղմուկը կ՚աղաղակէ մեր հոգիներուն մէջ: Յակոբ Օշականի եւ Վահան Թէքէեանի աչքերով տեսնուած բառերուն եւ տողերուն մէջ:
Մելգոնեանի վէրքը կը կոտտայ ու ժամանակն է, որ բուժումի հանգրուանը ըլլայ արագ՝ նախքան վէրքին վերջնական սպիացումը եւ մոռացումը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան