ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Այսօր յաճախ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք վիճակով լաւ են եւ օգնելու կարողութիւն ունին, սակայն չէք գիտեր ինչու, կը դժկամին: Այդ մարդոց մասին որեւէ մէկ բան ըսա՞ծ է Իմաստունը:

Պատասխան. Անշուշտ: Կը կարդանք. «Ով որ աղքատին աղաղակը չլսելու համար իր ականջը կը գոցէ, ինք ալ պիտի աղաղակէ ու իրեն լսող պիտի չըլլայ» (Առ 21.13):

Իւրաքանչիւր մարդ ազատ է իր հարստութեամբ, իր ունեցուածքով եւ իր որդեգրած ճամբայով: Սակայն, իւրաքանչիւր մարդ նախ եւ առաջ ՄԱՐԴ է, այսինքն ունի հասարակ յայտարար գիծ մը միւս բոլոր մարդոց հետ, որն է իր մարդ ըլլալու հանգամանքը: Առ այդ, իւրաքանչիւր մարդ պարտաւոր է միշտ մտածել իր նմանին մասին: Այստեղ ագահութեան կամ ժլատութեան մասին չէ՛ որ կը խօսինք, այլ՝ զուտ մարդ ըլլալու հանգամանքին մասին:

Այս առումով, Իմաստունին ըսածը այստեղ ուղղուած է մեզմէ իւրաքանչիւրիս, անկախ այն հանգամանքէն, թէ շա՜տ դրամ ունինք կամ քիչ, հարուստ ենք կամ աղքատ: Խօսքը այստեղ, որովհետեւ ո՛չ թէ ուղղակի դրամի մասին է, այլ՝ մարդու պատրաստակամութեան՝ օգնելու իր նմանին, օգնելու ուրիշներուն:

Իւրաքանչիւր մարդ եթէ օգնելու կամեցողութիւն ունենայ՝ կրնայ օգնել: Անկեղծ ու սրտանց տրուած կամ կատարուած օգնութիւնը, կարեկցանքը կամ սփոփանքը մէկ գաւաթ ջուրի կամ կտոր մը հացի, յաճախ շա՜տ աւելի արժէք ու իմաստ ունի, քան մեծ-մեծ գումարները, որոնք կը տրուին ի տես մարդոց կամ զուտ տալու սիրոյն, կամ հարկերէ ու տուրքերէ փախչելու համար: Աստուած ո՛չ թէ տրուածին կը նայի, այլ՝ տալու դրդապատճառին, միտումին, այլ խօսքով Աստուած մարդուն սիրտին կը նայի:

Կարօտութեան մէջ եղողի մը աղաղակը լսելն ու զայն անտեսելը ըստ Առակագիրին, մարդուն համար դատապարտութիւն է, որովհետեւ նոյն վիճակին մէջ ինք եւս կրնայ յայտնուիլ, որով պիտի աղաղակէ, սակայն լսող պիտի չգտնէ: Աղքատները, կամ կարօտութեան մէջ եղողները շատ յաճախ Աստուծոյ ձայնն են, Աստուծոյ ձեռքն են ուղղուած մեզի: Երբ չըլսելու կու տանք այդ ձայնը կամ կ՚անտեսենք մեզի երկարուած ձեռքը, այդպիսով փաստօրէն մեր ականջները գոցած կ՚ըլլանք Աստուծոյ ձայնին դիմաց եւ մերժած կ՚ըլլանք Աստուծոյ՝ մեզի երկարած ձեռքը: Աղքատները, կամ կարօտութեան մէջ եղողները արդարեւ, Աստուծոյ կողմէ մեզի ընծայուած օրհնութիւն են, որոնց միջոցով մենք երկինքի մէջ գանձեր կը դիզենք մեզի համար:

Ողորմութեան, այլ խօսքով ընկերոջ, մեր նմանին օգնելու մասին Պետրոս Շանշեանց իր «Ուսումն պարտուց» գիրքին մէջ, հետեւեալը կը գրէ.

* Մենք պարտաւոր ենք բարիք գործել մեր ընկերներուն, թէ՛ հոգեպէս եւ թէ՛ մարմնապէս, աշխատելով անոնց ներկայ եւ յաւիտենական երջանկութեան համար, ինչքան որ մեզմէ կախեալ է: Պարտաւոր ենք օգնել՝ երբ կարօտութեան կամ նեղութեան, հիւանդութեան կամ երկիւղի մէջ են, որքանով որ կրնանք օգնել:

Մարդ իր ընկերոջ օգնելով Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, որ յայտնած է.

ա) Խղճմտանքով, որով կը կարեկցինք երբ աղքատութեան մէջ տեսնենք:

բ) Մարդկային անհաւասար վիճակը տեսնելով, որ հետեւանք է ընդհանուր մարդկային ընկերութեան, եւ շարժուած ըլլալով անկեղծ զգացումով՝ տառապեալներուն նեղութիւնը թեթեւցնելու, որովհետեւ ա՛յս է Աստուծոյ կամքը, որ մէկու մը հարստութեամբ լեցուի միւսին չքաւորութիւնը. «Բնաւ չեմ ուզեր ձեզ նեղութեան մատնել՝ ուրիշներու բեռը թեթեւցնելու համար. այլ կ՚ուզեմ որ հաւասարութիւն ըլլայ։ Կ՚ուզեմ որ ներկայիս ձեր վայելած առատութիւնը ծառայէ անոնց կարիքներուն, որպէսզի նաեւ անոնց առատութիւնը ձեր կարիքներուն ծառայէ, եւ այդ ձեւով հաւասարութիւն ըլլայ. ճիշդ ինչպէս Սուրբ Գիրքին մէջ կ՚ըսուի. “Շատ հաւաքողին քով չաւելցաւ, եւ քիչ հաւաքողին քով չպակսեցաւ”» (Բ. Կր 8.13-15): Այսպիսով, աղքատը կրնայ հարուստին մօտենալ, մէկուն բարերարութիւնը եւ միւսին շնորհակալութիւնը քաղցր կապով կը կապուին, գեղեցիկ միութիւն կը կազմուի եւ բոլորը միասին կը պաշտեն եւ կ՚օրհնեն Նախախնամութիւնը: Ս. Գիրքը կը պատուիրէ անդադար ողորմութիւն ընել. «Քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած երկրին մէջ, քու քաղաքներէդ մէկուն մէջ, եթէ եղբայրներէդ մէկը աղքատ ըլլայ, խստասրտութիւն մի՛ ըներ ու աղքատ եղբօրդ ձեռքդ մի՛ գոցեր» (Բ. Օր 15.7). «Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս՝ անիրաւութեան կապերը քակելը, լուծին կապերը թուլցնելը, հարստահարութիւն կրողները ազատ թողուլը, ամէն լուծ կտրելը, հացդ անօթիին բաժնելը, թափառական տնանկները տունդ ընդունիլը, մերկ մը հագուեցնելը ու մարմինդ անտեսելն է» (Ես 58.6-7). «Եւ մի՛ մոռնաք բարեգործութիւն ընել եւ օգնել ուրիշներուն, որովհետեւ ատոնք են Աստուծոյ կամեցած զոհերը» (Եբր 13.16): Աւետարանին մէջ Քրիստոս կ՚ուսուցանէ մեզի, որ պիտի յիշէ այն բարեգործութիւնը, որ մարդ աղքատին համար կը կատարէ. «Թագաւորը պիտի պատասխանէ անոնց. “Կ՚ըսեմ ձեզի, որովհետեւ Իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք, Ինծի ըրած եղաք”» (Մտ 25.40):

Ողորմութիւնը ամենէն օգտակար եւ բարի գործն է, որով կրնանք մեր ունեցուածքը գործի դնել: Ի՞նչ զգացողութիւն կրնայ հաւասարիլ այն զգացողութեան, որ մեր մէջ կը ծնի ողորմութիւնը. մինչդեռ, աշխարհային ցանկութեան եւ փարթամութեան համար գործ դրած մեր ունեցուածքը եւ ստացուածքը մեզի միայն ունայն հաճոյք կու տան եւ շատ անգամ ալ մեր միտքին մէջ դառն յիշատակ կը ձգեն: Բարերարութիւնը գեղեցիկ ճանպարհ է, որով կրնանք նեղեալները, դժբախտներն ու կարօտեալները մխիթարել, որով անոնք նաեւ կրնան օրհնել Նախախնամութիւնը: Բարերարութիւնն է միջոցը՝ անոնց սիրտը գրաւելու, մեր տարաբախտ եղբայրները՝ աղօթքի հրաւիրելու եւ այսպիսի ժամանակաւոր գործերով՝ Աստուծոյ օրհնութիւնը ստանալու. «Տուէք եւ Աստուած ձեզի պիտի տայ. պիտի տայ լաւ չափով, բերնէ բերան, զեղուն առատութեամբ։ Ինչ չափով որ ուրիշները չափէք, նոյն չափով Աստուած ձեզ պիտի չափէ» (Ղկ 6.38). «Եւ Աստուած կրնայ ամէն պարգեւ տալ ձեզի առատօրէն, որպէսզի միշտ ալ ունենաք այնքան՝ որքան պիտի բաւէր ձեր բոլոր կարիքներուն եւ աւելնար՝ ամէն տեսակի բարի գործերու յատկացուելու։ Ինչպէս Սաղմոսին մէջ գրուած է. «առատօրէն բաշխեց եւ կարօտեալներուն տուաւ. Անոր արդարութիւնը յաւիտեան կը մնայ»։ Եւ Աստուած, որ սերմնացանին սերմ եւ ուտելիք հաց կը պարգեւէ, ձեզի եւս պիտի սերմ պարգեւէ եւ զայն աճեցնէ, եւ բազմացնէ նաեւ ձեր արդարութեան արդիւնքները» (Բ. Կր 9.8-10):

Ի վերջոյ, կը պատահի նաեւ, որ մենք մեր հարստութիւնը կը կորսնցնենք կամ ժառանգ կը ձգենք մեր մահանալէն ետք, բայց երբ ողորմութեան համար ի գործ դնենք՝ զայն մեզի հետ յաւիտենական աշխարհ կը տանինք. «Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տիրոջ փոխ կու տայ ու Ան անոր հատուցում պիտի ընէ» (Առ 19.17). «Ողորմած մարդը իր անձին աղէկութիւն կ՚ընէ, բայց անողորմ մարդը իր մարմինին նեղութիւն կու տայ» (Առ 11.17). «Այդպիսով իրենք իրենց համար կ՚ամբարեն գանձ մը՝ որով ամուր հիմ նետած կ՚ըլլան հանդերձեալին մէջ, ճշմարիտ կեանք ձեռք ձգելու համար» (Ա. Տմ 6.19):

Իւրաքանչիւր մարդ իր կարողութեան չափով պարտաւոր է ողորմութիւն ընել, մանաւանդ՝ հարուստները: Չկայ մարդ, որ նման աստուածահաճոյ գործ մը կատարելու պարտաւորուած չըլլայ, որ միաժամանակ իր անձին համար ալ օգտակար է: Պօղոս առաքեալ կը պատուիրէ ո՛չ միայն ծանր բեռ չդառնալ ուրիշներուն, այլ՝ աշխատիլ ուրիշներուն օգնելու կարողութիւն ունենալու չափով. «...այլ՝ վարժուի արդար վաստակով ո՛չ միայն իր հացը շահելու, այլ նաեւ բարիք գործելու, օգնելով անոնց՝ որոնք կարօտ են» (Եփ 4.28): Այս հանգամանքներուն մէջ եղած ողորմութիւնը ամէն բանէ թանկագին է, ինչպիսին էր այրի կնոջ լուման, որ Փրկիչը հարուստներու տուրքէն աւելի մեծ համարեց: Այս օրինակը գեղեցիկ քաջալերութիւն մըն է այն մարդոց համար, որոնք այսպիսի վիճակի մը մէջ կը գտնուին: Արդարեւ, աղքատներ կան, որոնք տալու բան չունին, բայց կրնան իրենց ընկերոջ օգնել՝ ուրիշներուն յայտնելով անոր կարօտութիւնը եւ միջնորդելով անոր համար: Չքաւորները կրնան գործի մէջ իրարու օգնել, հիւանդութեան ժամանակ՝ պահպանել ու խնամել եւ այնպիսի ծառայութիւններ կատարել, որ շատ անգամ աւելի մեծ են քան՝ առատ ողորմութիւնները:

Մարդ պարտաւոր է խոհեմութեամբ ողորմութիւն կատարել, ճանչնալով կարօտ եղող անձերը, որոնց կ՚ուզէ ողորմիլ, ընտրելով միջոցը՝ որով պէտք է ողորմիլ, երբեք չհպարտանալ, այլ՝ հեզութեամբ եւ ողորմութեամբ ողորմութիւն կատարել. «Քու դրացիիդ բնաւ մի՛ ըսեր՝ “գնա՛ ու դարձեալ եկո՛ւր եւ վաղը կու տամ”, երբ քու քովդ կայ» (Առ 3.28). «Իւրաքանչիւրը թող տայ՝ նայած իր սրտին յօժարութեան եւ ո՛չ թէ չկամութեամբ կամ պարտաւորուած զգալով. որովհետեւ Աստուած զուարթառատ կերպով նուիրողը կը սիրէ» (Բ. Կր 9.7). «Կը բաւէ որ նուիրելու յօժարութիւնը ունենաք, եւ Աստուած կ՚ընդունի ձեր նուէրը, եթէ ձեր ունեցածին համապատասխան է. որովհետեւ ձեր չունեցածը չի սպասեր ձեզմէ» (Բ. Կր 8.12):

Ողորմութիւնը պարտաւոր ենք կատարել նաեւ Աստուծոյ սիրոյն համար. «Եւ ով որ այս փոքրիկներէն մէկուն նոյնիսկ գաւաթ մը պաղ ջուր կու տայ խմելու՝ Իմ աշակերտս ըլլալուն համար, վտահ եղէք, որ իր վարձատրութիւնը պիտի չկորսնցնէ» (Մտ 10.42). «Ինչ որ ալ ընէք՝ սրտանց ըրէք, այնպէս՝ ինչպէս պիտի ընէիք Տիրոջ, եւ ոչ՝ մարդոց» (Կղ 3.23):

Ողորմութեան ժամանակ պարտաւոր ենք մարդոց դատողութեան չնայիլ, այլ՝ աշխատիլ միշտ առատօրէն տալ եւ քիչ տալէն զգուշանալ, մեր միտքին մէջ ունենալով Պօղոս առաքեալին խօսքը. «Յիշեցէք, թէ ով որ քիչ կը սերմանէ՝ քիչ ալ կը հնձէ. եւ ով որ առատօրէն կը սերմանէ՝ առատօրէն ալ կը հնձէ» (Բ. Կր 9.6): Պարտաւոր ենք նաեւ զգուշանալ, որ մեր ողորմութիւնը ի ցոյց մարդոց եւ հանդիսաւոր կերպով չըլլայ, այլ՝ Աստուծոյ փառքին համար. «Երբ դուն ողորմութիւն կու տաս ձախ ձեռքդ թող չգիտնա՛յ թէ ինչ կ՚ընէ աջ ձեռքդ։ Այսպիսով ողորմութիւնդ գաղտնի ըրած կ՚ըլլաս, եւ քու երկնաւոր Հայրդ, որ անտեսանելի է եւ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս» (Մտ 6.3-4):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 96

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2024