ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ - 2

Եթէ պարզ ձեւակերպենք համամարդկային արդարութեան հասկացողութիւնը կամ նուազագոյնը անոր պատկերացման ընթացքը միջին չուղղորդուած, ազդեցութեան դաշտի մարդու մը կամ հաւաքականութեան մը մօտ, սա մարդկութեան բարօրութեան հասնիլն ու համերաշխութիւնն է՝ առանց խորանալու այդ նպատակին հասնելու ձեւաբնոյթներու մէջ: Տակաւին չէ եղած եւ հաւանաբար ալ դժուար թէ ըլլայ համամարդկային համաձայնեցուած, վերջնականապէս հաստատագրուած եւ անոր վրայ իրագործուած արդարութիւն մը, եթէ միջազգային օրէնքն ու ՄԱԿ-ը զանց առնենք ներկայ մեր ժամանակներու մէջ՝ իբրեւ վտիտ բայց կայացած փորձեր: Երկրորդը՝ պետական կամ պետութիւններէն-ազգերէն բխած մարդկային այսպէս ըսած՝ արդարութեան ոչ թէ իմացութիւնը, այլ կերտումն է: Քանի որեւէ պետութիւն գոյացած որեւէ ժամանակաշրջանին ինքզինք համարած է ամենաարդարն ու այսպէս ըսած՝ արդարացի եւ արդարացուած պատմութիւն ունեցողն ու իրաւացին: Այս իրողութեան վրայ հիմնուած ամէն հին ու նոր պետութիւնները իրենց վարած արտաքին եւ նոյնիսկ ներքին քաղաքականութեան մակերեսներով համոզուած կը մնան, որ տեղ մը քիչ կամ շատ մարդկային արդարութիւն մը կը կերտեն (սկսեալ իրենց պզտիկ տարածաշրջանէն կամ իրենց չափաբաժինով):

 Պատմական այսպէս ձեւակերպելով՝ արդարութեան կերտումը կատարուած է զանազան միջոցներով եւ զանազան պետութիւններու կողմէ՝ նկատի առնելով, որ մարդկային հաւաքական կազմակերպուած կեանքը ընթացած ու եղափոխուած-զարգացած է պետութիւններու ձեւին մէջ: Պետութիւններու պատմական եւ այժմէական արդարութեան կերտումը «կատարելագործուած» է զանազան միջոցներով. անոնց ամենատարածունը պատերազմներն են, յետոյ միջազգային համաձայնագիրներ-համաձայնութիւնները կամ ազնիւ ձեւակերպումով՝ պետական նուաճումները եւ այլն: Չենք կրնար անտեսել, որ տնտեսական շարժիչ անհատական ու հաւաքական մարդկային բնազդով ընդհանուր առմամբ պատմական արդարութեան իրագործումը պետութիւններուն քով ուղենշուած է շահի եւ շահը իւրացնելու օրինաչափութեամբ:

Պատմական արդարութիւնը կամ անոր անունով տարուած գործակատարումը հաւանաբար ամենայարաբերական ըմբռնումները ունեցող հասկացողութիւններէն են: Իսկ անոնց ժամանակային կայացումն ու ժամանագրականութիւնը կրնանք համարել նոր։ Եւ նամանաւանդ երբ զերծ ընենք կրօնական քաղուածքը, կը տեսնենք, որ ինքնին պատմական արդարութեան որոնումն ու նոյնիսկ արծարծումը (քաղաքական իմաստով) տեսակ մը անոր գոյութեան վկայութիւնն է: Այսինքն ներկայ մեր ժամանակներուն մէջ երբ հնարաւորութիւնը կայ քաղաքական մակարդակով խօսելու պատմական խաղաղութեան մասին, կը նշանակէ, թէ միջազգային հաւաքական կազմաւորուածութիւնը կամ միջազգային օրէնսդրական բաղադրութիւնը որոշակի զարգացում արձանագրած է: Պատկերացնենք՝ մոնղոլական կամ նոյնիսկ հռոմէական կայսրութեան ժամանակ խօսուէր պատմական արդարութեան մասին այս ձեւով: Ո՞վ պիտի խօսէր եւ ի՞նչ բովանդակութեամբ: Պատմական արդարութեան պահանջքի առարկան ժողովուրդներն են եւ անոնց կերտած իրաւական պետութիւնները։ Եթէ չկայ ինքնորոշում եւ մարդկային տեսակը, բռնատիրուած է մէկ կամ երկու կամ երեք մեծ կայսրութիւններով եւ ինքնին պատմամշակութային իւրայատկութիւնները ի սկզբանէ ոտնակոխուած են, պարզ է, որ արդարութեան կայացման ձեւն ու կարիքն ալ չկան ինքնին:

Բայց երբ 16-րդ դարու զարթօնքով եւ ետքը մղուած հարիւրաւոր պատերազմներէ ետք մէջտեղ եկաւ միջազգային օրէնք կոչուած տիրոյթը եւ ետքը մարդկութեան ամենամեծ նուաճումներէն համարուող 1948-ին ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան զուգահեռ մարդու իրաւանց համաշխարհային հռչակագիրը լոյս տեսաւ, այս բոլորը անշուք բաներ չէին: Ներկայ մեր դարուն ինչքանով արդարութիւն մը իրագործուած է՝ դժուար է ըսել, բայց եթէ բաղդատենք ներկայ անկախ պետութիւններու քանակը (կառուցուած անոնց յարաբերական ամենացած պատմամշակութային իւրայատկութիւններու իրաւաբանութեան վրայ), կը տեսնենք, որ կ՚ապրինք ամենաարդար ժամանակներէն մէկուն մէջ: Հաւանաբար, արհեստագիտական զարգացումը ձգած է իր արտացոլումը ռազմագիտութեան եւ սպառազինման ալ վրայ՝ մարդիկը մղելով իրաւացիօրէն կարծելու, թէ ներկայ ժամանակները աւելի ղեկավարելի են եւ վերահասելի, միեւնոյն ժամանակ գործածուած զէնքերը աւելի քանդիչ։ Պէտք չէ մոռնալ, որ նոյնիսկ անցեալ դարերուն այսպէս ըսած՝ երկիր մոլորակը չունէր համապարփակ ծածկուածութիւն, բայց սա չի նշանակեր, որ անհատներ եւ ժողովուրդներ աւելի ազատ ու բարգաւաճ էին։

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2024