ԾՆՈ­ՂԱ­ԿԱՆ ՊԱՐ­ՏԱ­ԿԱ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵՐ

«Ո՞ւր էք, տունը չէ՞ք նորէն»: Հեռաձայնս կը հնչէ բարեկամի մը տան այցելութեան ժամանակ:

Յանցաւորի նման կը պատասխանեմ. «Չէ՛ բարեկամի մը տունը այցելութեան եկած ենք, բան մը կա՞յ, ի՞նչ եղած է տղաս»: Կարծէք յուսախաբ, պատասխանով կ՚ըսէ՝ «Չէ՛, կը մտածէինք երեխաները ձեզի բերել, շատ կարեւոր տեղ ունէինք երթալու»: «Վաղը տունն ենք, այն ատեն բերէք» կ՚ըսեմ: «Լաւ, կը նայինք» կ՚ըլլայ պատասխանը, մեզ թողելով անորոշութեան մէջ:

Մէկ ժամ ետք կրկին կը հնչէ հեռաձայնը: «Լա՛ւ, գալ Ուրբաթ երեկոյ տո՞ւնն էք»: Կարծէք ժամադրութիւն կը խնդրէր մշտազբաղ գրասենեակէ կամ բժիշկէ մը:

Պարզապէս կը գթամ մեր զաւակներու սերունդին վրայ: Հազիւ հազ գործ, պաշտօն գտած, տուն տեղ կազմած, ամուսնացած եւ զաւակ կամ զաւակներ ունեցած այս սերունդը, կարծէք այսօր կ՚ապրի դիւահար կեանքով: Այնքան ծանրաբեռնուած եւ մոլեգնած կը թուին ըլլալ իրենց կեանքին օրերը գործով, ապրուստով եւ ընտանեկան կեանքի հոգերով, որոնք աւելորդ ժամանակ չեն թողուր իրենց ընկերային կեանքին: Ստիպուած՝ անոնք կը դիմեն ծնողներու կամ արտաքին որեւէ օգնութեան:

Շտապ կը նայիմ օրացոյցիս տեսնելու համար, թէ այդ օր ազատ ենք, թէ ոչ: «Ա՛յո, տունն ենք, բայց եղբօրդ զաւակը, Մայիսը մեր մօտն է, անոնք ալ «տեղ» ունին երթալիք, եթէ համաձայն էք որ երեխաները միասին խաղան, բերէ՛ք»: Պահ մը լռութիւն կը տիրէ, նշան՝ խորհրդակցութեան տիկնոջ հետ, ապա կը պատասխանէ. «Լաւ, միայն թէ չպիտի ձգէք որ Մայիսը ծեծէ Մովսէսը» (իր զաւակը): «Չէ՛, չէ՛, անհոգ եղիր տղաս, չենք ձգեր, հանգիստ կը խաղան իրարու հետ»: Կը շարունակէ. «Յետոյ, քաղցրեղէն մի՛ տաք իրենց, ասոնք կը կատղին եւ մեզ կը փզկտեն յետոյ», կամ՝ «ամէն ուզածնին մի՛ տաք, մի՛ շփացնէք»: «Լա՛ւ, լա՛ւ, անհոգ եղիր», կը պատասխանեմ պարզապէս՝ կարճ կապելու համար, կարծէք մոռցած է, թէ մե՛նք զինք աշխարհ բերած եւ մեծցուցած ենք:

Շատ լաւ կը գիտակցինք, թէ մեր նորահաս մատղաշ սերունդը այսօր, տարբեր մթնոլորտի մէջ կը սնանին ու հասակ կ՚առնեն: Արդեօք ուտելիքնե՞րն են պատճառը իրենց այդ «տարբեր» եռանդին, աշխուժութեան եւ վերջապէս՝ լուսահոգի Պրն. Երուանդ Պապայեանին խօսքով՝ «անհանդարտութեան», չըսելու համար չարութեան: Մեր այս նորագոյն սերունդը, այսօր գլած անցած է բոլոր հայկական սովորութիւնները, բարքն ու վարքը: Անոնք, այստեղ, հասակ կ՚առնեն օտար միջավայրի բարքով ու վարքով, օժտուած նորագոյն արուեստական գիտելիքներով եւ սարքերով. իսկ պայքարիլ անոր դէմ... արդէն անհնար է մեզի համար:

Կը յիշէ՞ք ժամանակին, երբ մեր զաւակները պատանի էին, յետոյ դարձան երիտասարդներ: Անոնք մեզմէ հրաման պէտք էր առնէին տեղ մը երթալու համար: Չէ՞: Հազար ու մէկ հարցումներ կը տեղացնէինք իրենց գլխուն. «Ո՞վ է ընկերդ, որո՞ւ զաւակն է, ո՞ւր կ՚երթաք, մի՛ ուշանաք, ժամը 11-էն առաջ տուն կ՚ըլլաս, ո՛չ չես կրնար» եւ այլ հազարաւոր հարցումներ ու պրպտումներ, գիտնալու, դասաւորելու, ուղղելու եւ վերջապէս՝ կրթելու համար զաւակներդ հայկական սովորութիւններով եւ վարք ու բարքով:

Մեր զաւակները, որոնք տակաւին հայկական շունչով հասակ առած են այստեղ, կը տատանին մեր եւ իրենց զաւակներու սերունդներուն միջեւ եղած տարբերութիւններով, ջանալով պահել այն ինչ որ ժառանգած են մեզմէ: Դժբախտաբար այստեղ կ՚իշխէ դառն իրականութիւնը, երբ անկարող կը դառ-նայ կամքը, ենթարկուելով օտարի հզօր յորձանուտին:

Երբ մեր զաւակները կը դառնան խիստ պահանջկոտ իրե՛նց զաւակներուն հանդէպ, անոնց վարուելակերպին, ծնողական պարտականութիւններուն, կրթութեան եւ հայկականութեան պահպանողական սովորութիւններու ուսուցումով, այն ժամանակ է որ անոնք կը բախին իրենց եւ իրենց զաւակներուն սորված ապրելակերպի տարբերութիւններուն, ջանալով պահել այն ինչ որ ունին, փոխանցելու համար իրենց զաւակներուն:

Ահաւասիկ՝ մեծ հօր եւ մեծ մօր ծնողական պարտականութիւն մը Ամերիկայի մէջ, իրենց հանգստեան կոչուած տարիներուն: Անհրաժեշտ իրողութիւն մը, զոհողութիւն մը ընծայուած մեր զաւակներուն, իրենց օգտին եւ օգնութեան, որպէսզի անոնք իրենց կարգին, կարենան դաստիարակել իրենց զաւակները արժանի եւ հայավայել ձեւով, ապա թէ ոչ, իրենց առանձին ձեռնարկումը, անհնարինի նման արարք մը պիտի ըլլար:

Չենք այպաներ մեր զաւակները իրենց ընթացքին համար: Եթէ միայն իմանաք անոնց կրած աշխատանքային չարչարանքները, տքնաջան ու հեւիհեւ վազքը իրենց ապրուստի ճարման համար, երանի կու տաք հին օրերուն:

Հապա սա անիծեալ «սթրէս» կոչուա՞ծը: Յաճախ անոր ծայրն ալ մեզի կը հասնի:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

«Նոր օր», Լոս Անճելըս

Երկուշաբթի, Օգոստոս 28, 2017