ԱՄՈՒԼՍԱՐԵԱՆ ԸՆԴՄԻՋՈՒՄ

Պոլսոյ մէջ բնակութիւն հաստատած Հայաստանի քաղաքացիներու մասին յօդուածաշարքս որոշած եմ ընդմիջել, թեմայէն շեղիլ, ընթերցողներուն զեկուցելու համար Հայաստանի մէջ վերջին շաբթուայ ընթացքին տեղի ունեցած կարեւոր զարգացման մը մասին։

Այսպէսով, այս էջով Պոլսոյ հայաստանցիները կը ձգեմ Պոլիս, ու գրչովս կ՚երթամ իրենց հայրենիք, ձեզ ալ հետս տանելով։

Բանն այն է, որ անցնող շաբթուայ ընթացքին Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենայ հասարակական-քաղաքական եռման այնպիսի ընթացք մը, որ աննախադէպ է «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» ի վեր։

Խնդիրը կապուած է Վայոց Ձոր մարզի մէջ գտնուող, Ջերմուկ առողջարանային քաղաքին շատ մօտիկ բազմած Ամուլսար լեյան։ Տարիներ առաջ, դեռ նախորդ իշխանութիւններու օրօք, այդ լեռը փորել-քանդելու եւ տակը գտնուող ոսկին արտաբերելու եւ արտահանելու թոյլտուութիւն ստացած էր միջազգային ընկերութիւն մը՝ «Լիտիան Արմենիա» անունով։ Այդ տարիներէն ի վեր երկրի բնապահպան քաղաքական-քաղաքացիական գործիչները բարձրացուցած են ահազանգ այն մասին, թէ Ամուլսարի հանքը կարելի չէ շահագործել, նկատի ունենալով անոր աշխարհագրական դիրքը, որ ռազմավարական նշանակութիւն ունի։ Արդարեւ, ան կը գտնուի կարեւոր նշանակութիւն ունեցող ջրային հոսանքներու, ամբարտակներու եւ ուղիներու այնքան մօտ, որ հանքահանութեան ընթացքին թունաւոր նիւթերու հնարաւոր արտահոսք մը կրնայ թունաւորել զանոնք, եւ ազդեցութիւն ունենալ մինչեւ իսկ Սեւանայ լճի վրայ։ Անշուշտ, նախորդ ոչ-ժողովրդավարական եւ ոչ-օրինական իշխանութիւններու օրօք այս մտահոգութիւնները անտեսուած էին։

Խնդիրը սակայն նոր շարժ ստացաւ 2018-ի ապրիլի-մայիսին իրագործուած ժողովրդային ընդվզումէն եւ իշխանափոխութենէն ետք։ Այդ ժամանակ հանքը դեռ չէր շահագործուեր, սակայն շինարարական աշխատանքները սկսած էին։ Մօտակայ Ջերմուկ քաղաքի եւ Գնդեվազ գիւղի բնակիչները արդէն իսկ սկսած էին զգալ հանքափորութեան բացասական ազդեցութիւնը իրենց ոռոգման ջուրերու եւ օդի մաքրութեան վրայ։ Օգտուելով քաղաքական փոփոխութեան առիթէն, անոնք իրենց մարմիններով փակեցին հանք տանող չորս ճանապարհները, եւ խոչընդոտեցին շինարարական աշխատանքներու յառաջխաղացումը, խնդրելով նոր կառավարութենէն չեղարկել «Լիտիան Արմենիա»յին տրուած թոյլտուութիւնը եւ դադարեցնել հանքի շահագործումը։

Այդ օրերէն ի վեր անցած էր աւելի քան չորս հարիւր օր ու հանքի մուտքերը կը մնային փակ։ Կառավարութիւնը խոստացած էր հարցը քննել եւ լուծում տալ։ Դժբախտաբար, անցնող օրերուն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը վերջապէս սկսաւ արտայայտել իր որոշումը առ այն, որ հանքը պէտք է... շահագործուի։ Որոշումը երկրին մէջ յառաջացուցած է բաւական սուր լարում. ընդվզած են ոչ միայն ջերմուկցիներն ու գնդեվազցիները, այլ նաեւ երկրի աւելի լայն հասարակութեան կարեւոր մէկ շերտը, յատկապէս քաղաքականապէս գործունեայ քաղաքացիներ, որոնք կառավարութեանը կը մեղադրեն իր իսկ յայտարարած շարք մը սկզբունքներու դաւաճանութեան մէջ, տեղացի ժողովուրդի շահն ու իրաւունքները արտաքին ընկերութեան մը շահին ստորադասելու մէջ, ինչպէս նաեւ ակնյայտօրէն ոչ անաչառ ձեւով գիտական փաստերը անտեսելով եւ խեղաթիւրելով ժողովուրդը համոզելու անպարկեշտ իր կեցուածքին համար։

Եւ իրաւամբ, Ամուլսարի շահագործումը անթոյլատրելի է մի քանի պայմաններով։ Առաջին՝ բնապահպանական նկատառումներով եւ առողջապահական վտանգներու պատճառով, որոնց մասին գրած են բազմաթիւ գիտական հետազօտութիւններ։ Երկրորդ՝ քանի որ ինքնին հանքի շահագործման նախնական թոյլտուութեան մէջ կան օրէնքի առումով կասկածելի եւ մութ կէտեր, որոնք կը շարունակեն նոր կառավարութեան օրօք եւս անտեսուած մնալ, մինչդեռ պէտք է հետաքննուէին, պարզելու համար, թէ ի՞նչ պայմաններու տակ այդ ընկերութեան հին փտած իշխանութիւններու կողմէ կանաչ լոյս էր տրուած։ Երրորդ՝ քանի որ հանքի բացումը ամենայն հաւանականութեամբ բացասաբար պիտի ազդէ շրջակայ գիւղերու եւ Ջերմուկ քաղաքի ո՛չ միայն բնութեան եւ առողջութեան վրայ, այլ նաե՛ւ ընկերային ու տնտեսական իրավիճակին։ Հարց մը, որ կառավարութեան կողմէ չէ ուսումնասիրուած։ Իրաւամբ, ի՞նչ պիտի ըլլայ առողջապահական զբօսաշրջութեամբ զբաղուող ջերմուկցիներու վիճակը, իրենց քաղաքի եւ բուժիչ ջուրերու հարեւանութեամբ թունաւոր հանքի մը բացման պարագային։ Ի՞նչ անասնապահական եւ գիւղատնտեսական գործունէութեամբ պիտի զբաղին շրջակայ գիւղերու բնակիչները, ոռոգման ջուրերու հաւանական աղտոտման մը պարագային։ Ասոնք, անշուշտ, մտահոգութիւններու եւ խնդիրներու մէկ մասն են ընդամէնը։

Կը մնայ տեսնել, թէ նոր կառավարութիւնը պիտի գիտակցի՞ իր սխալին եւ ընէ՞ ետքայլ՝ քանի դեռ ուշ չէ, թէ՞ պիտի արտօնէ փորել սարն ու այդպիսով փորէ իր վայելած հանրային վստահութեան փոսը...

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2019