ԿԵԱՆՔՆ ԱՌԱՆՑ ՀԱՒԱՏՔԻ

2018 թուականին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տպարանէն լոյս տեսած է Ներսէս Վարդապետ Դանիէլեանցի (Սսական, միաբան Սսական վանուց) գրիչին պատկանող ժողովրդական քարոզներու հաւաքածոյ մը՝ «Կեանքն առանց հաւատքի (Հատոր Ա.)» խորագիրով: Հատորը հրատարակութեան պատրաստած է Բարեշնորհ Արթիւր Սարկաւագ Գէորգեանը:

Հատորը թղթակազմ է: Բաղկացած է 120 էջերը: Հատորին սկիզբը բարեշնորհ սարկաւագը զետեղած է Ներսէս Եպիսկոպոս Դանիէլեանցի կենագրութիւնը: Ընթերցելով կենսագրութիւնը կ՚իմանանք, որ Ներսէս Դանիէլեանցը աւազանի անունով՝ Գէորգ, ծնած է 1868-ին մայիս 16-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ալփիստանի ազգային վարժարանէն ներս: 1883-ին ընդունուած է Սիսի Մայրավանքի դպրանոցը: Որպէս խոստմնալից եւ առաջադիմութիւն ցուցաբերած աշակերտ, ուղարկուած է Պոլսոյ Սամաթիայի Սահակեան վարժարան ուսանելու: Ուսումը աւարտելէ ետք Մկրտիչ Եպիսկոպոս Վեհապետեանի հրաւէրով 1889-ին ուսուցչութեան հրաւիրուած է Ատանայի ազգային վաժարանէն ներս: Մէկ տարի ետք, Վեհապետեանի ձեռամբ ձեռնադրուած ու օծուած է կուսակրօն քահանայ՝ եւ ստացած է վարդապետակապ աստիճան: 1890-1895-ին վարած է Աղեքսանտրէթի առաջնորդական փոխանորդութիւնը:

Գործօն մասնացութիւն ունեցած է հայդուկային ջոկատներու գործունէութիւնը դիւրացնելուն, եւ Զէյթունի ապստամբութեան գործօն ղեկավարներէն մէկը եղած է:

1896-ին Վեհապետեանի հետ միասին աքսորուած է Հալէպ: Եօթ ամիս բանտի մէջ մնալէ ետք, դիմումներու շնորհիւ ազատ արձակուած է, սակայն յաջորդ տարին դարձեալ աքսորուած է՝ այս անգամ Դամասկոս: Մաղաքիա Օրմանեանի՝ այդ օրերուն պատրիարք, միջամտութեամբ հասած է Պոլիս, ուր 1897-ին նշանակուած է Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ քարոզիչ, ուրկէ կարճ ժամանակ մը ետք տեղափոխուած է Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցին, ուր կարճ ժամանակահատուածի մը ընթացքին շահած է ժողովուրդին սէրը, եւ տասն տարի ծառայած է նոյն եկեղեցւոյ մէջ:

1898-ին ստանձնած է Պատրիարքի անձնական քարտուղարի պաշտօնը: Պոլիս իր կեցութեան ընթացքին վայելած է ժողովուրդի գրեթէ բոլոր խաւերուն՝ աշակերտութիւն, մտաւորականութիւն ու ժողովուրդին համակրանքը: Իր աշակերտներէն, որ յետագային պիտի դառնար մեծանուն հոգեւորական մը՝ Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեանը, հետեւեալ կերպով նկարագրած է Դանիէլեանցը. «Անկարելի է մոռնալ այդ հոգեսէր, խնկաբոյր, երիտասարդ հոգեւորականը, խարտեաշահեր դէմքով, ցցուած այտոսկրներով եւ պայծառ աչքերով մեր նոր վարդապետը, որ առաջին իսկ հանդիպումէն տպաւորած էր ու սկսեր էինք սիրել զինք ու օգտուիլ իր հայրական խրատներէն: Յոգնած ու տառապած մէկն էր կարծես, որ տարիներ վերջ կը տեղեկանայինք, որ ան շատ հեռուներէն՝ Կ. Պոլիս տարագրուեր էր, ու իբր յեղափոխական ճանչցուած էր»:

1907-ին Սահակ Խապայեան Կաթողիկոսի եւ Մաղաքիա Օրմանեան Պատրիարքի միջամտութեամբ յաջողած է արտօնութիւն ստանալ Սիսի Կաթողիկոսարան երթալու, պայմանով որ Կաթողիկոսարանէն դուրս չգայ: Նոյն թուականին Սահակ Կաթողիկոսին կողմէ նշանակուած է Սիսի վարժարանի տեսուչ՝ մէկ տարի, որմէ ետք 1908-ին ստանձնած է Հաճընի առաջնորդութիւնը մինչեւ 1909-ը: 1910-ին ստանձնած է Ատանայի առաջնորդութիւնը, եւ մէկ տարի յետոյ Սահակ Կաթողիկոսի ձեռամբ ստացած է եպիսկոպոսական օծում եւ ձեռնադրութիւն: Մէկ տարի ետք քայքայուած առողջութեան պատճառով հրաժարած է առաջնորդութենէն եւ մեկնած է Պէյրութ, առողջութիւնը վերագտնելու նպատակով:

1911-ին Հալէպ հասած է ու ստանձնած առաջնորդական տեղապահի պաշտօնը: 1914-ին ընտրուած է Եոզղատի առաջնորդ, ուր պաշտօնավարած է մինչեւ իր դժբախտ վախճանը՝ 1915-ը:

Արթիւր Սարկաւագի բառերով՝ «Ներսէս Եպիսկոպոս Դանիէլեանցը այն մտաւորական եկեղեցականներէն էր, որ իր նահատակութեամբ մտաւ լուսապսակ դասի մէջ հայ հոգեւորականներու, որոնցմէ շատերը մարտիրոսանալէ յետոյ մնացին խոր ձորերու մէջ կամ ճանապարհներուն՝ անթաղ եւ անշիրիմ»:

Հատորը կը պարունակէ Հեղինակէն քսան գրութիւններ, որոնք հակառակ այն իրողութեան, որ գրուած են մեզմէ շուրջ մէկ դար առաջ, սակայն այնքան արդիական են եւ այսօրուան հայ քրիստոնեայ անհատին համար դասեր ու պատգամներ պարունակող: Ընթերցողը կարդալով Սրբազան Հեղինակին գրութիւնները, այնտեղ պիտի տեսնէ, թէ Հեղինակը կը խօսի Աստուծոյ սիրոյն ու ողորմութեան, Յիսուսի մարդասիրութեան ու գթասրտութեան մասին, ինչպէս նաեւ հաւատքի, սիրոյ, հաւատարմութեան, վստահութեան, ներողամտութեան, Աւետարանի, կեանքին ու անոր արժէքի մասին, տակաւին գթութեան, խիղճի, ներելու ու պատժելու, մահուան ու կեանքին, արդարութեան ու ճշմարտութեան, քրիստոնէական կրօնքին, ինչպէս նաեւ այլ նիւթերու ու արժէքներու մասին: Ինչպէս նկատելի է, որ հատորին պարունակած նիւթերը այսօրուան մարդկային իրականութեան համար ալ խիստ այժմէական ու միաժամանակ անհրաժեշտ են: Կը մնայ, որ ընթերցողը այս գիրքը իր ձեռքը առնելով կարդայ ու ըմբոշխնէ այդ ամբողջ հոգեւոր հարստութիւնը:

Յոյժ գնահատելի է Բարեշնորհ Արթիւր Սարկաւագի տարած աշխատանքը բազմաչարչար Ներսէս Եպիսկոպոսի գրական ժառանգը ներկայ սերունդին ծանօթացնելու իր փորձը, որով կը հաւատանք մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ հարազատ զաւակներուն համար շա՜տ օգտակար եւ պիտանի պիտի ըլլայ սոյն փոքրիկ գրքոյկին ընթերցանութիւնը: Կը յուսանք, որ Բարեշնորհ Սարկաւագը ի մօտոյ երկրորդ հատորն ալ ի լոյս աշխարհ կը բերէ:

Այժմ ընթերցողներուն կը ներկայացնեմ փունջ մը մտածում՝ տառապեալ Ներսէս Եպիսկոպոս Դանիէլեանցի մտածումներէն:

- Քանի՞ անգամ կարդացած ես զայն [Աւետարանը] ծայրէ ի ծայր. գիտե՞ս եւ կրցա՞ծ ես ըմբռնել անոր ոգին, անոր հոգեկան վսեմ ներշնչումները: Ա՜հ կեանքի գիրքն է ան, սրտին նուիրական մատեանը, հոգիներու անբիծ հայելին: Բոլոր այն գիրքերը, զորս մարդուն իմաստուն միտքը, սուր ու յստակ գաղափարները յղացած ու արտադրած են, չե՞ն կրեր իրենց վրայ մարդու մտքին տկարութեան դրոշմը. Աւետարանը, սակայն, այն գիրքն է, որուն վրայ դրոշմը-ւած է միայն աստուածային յայտնութեան մը լայն ու խորին իմաստութիւնը:

- Մենք՝ Հայերս, իբր արեւելեան ժողովուրդ, ընդունակ քաղաքակրթութեան, արուեստներու եւ մտաւոր զարգացման՝ արժանապատուութեան հպարտութիւն մը կրնանք ունենալ կամ զգալ մեր մէջ, ունինք, սակայն, այնպիսի ցաւալի կողմեր ու թերութիւններ ալ, որոնք կը հակակշռեն վերի մեր յատկանշական բարեմասնութիւնները եւ որոնց մէջ բաղդատութեան եզրեր գտնել կարելի չէ:

Արեւմուտքէն փչող ամէն տեսակ հովերու հանդէպ՝ շա՜տ լայնօրէն կը բանանք մեր սրտերն ու քսակները, ու այդ հովեր՝ թունաւոր օձերու պէս անզգալի կերպով կը սողոսկին, կը մտնեն անարգել մեր բնատոհմիկ ընտանեկան դրախտէն ներս ու անցնելով իբր խորշակ մեր մատաղ սերունդի հոգիներուն եւ սրտերուն ծաղկաստանի վրայէն՝ կը խամրե՜ն, կը խամրե՜ն անոնց բարոյական ու հայրենական սրբենի զգացումներուն ծաղիկները կենսաբոյր:

- Մեր վարժարաններու մէջ, քիչ բացառութեամբ, գրեթէ անուանական դարձեր են մեր ապագայ սերունդին սիրտը շինող եւ հոգին ազնուացնող բարոյական գիտութեան դասերը: Եթէ արտաքին գիտութիւնը մտքին ու իմացականութեան սնունդն ու կեանքն է. միթէ նոյնը չէ՞ եւ աւելի՝ հոգեկան ու բարոյական դաստիարակութիւնն ալ սրտին համար. չէ՞ մի, որ սրտի եւ մտքի զուգընթաց դաստիարակութիւնն է, որ բուն իրական եւ ճշմարիտ կեանքը կը կազմէ, կը շինէ մարդուն մէջ:

- Մեր բարոյական ու հոգեկան կեանքին ամրակուռ շէնքն է հաւատքը, որուն ուսերուն վրայ դրած է ամբողջ տիեզերքը իր հսկայ սիւները. քաշէ՛, քակէ՛ այդ սիւները, քանդած ու կործանած պիտի ըլլաս բարոյական կեանքին տիեզերական շէնքը, ու այն ատեն հոգին վար պիտի իյնայ իր բարձրութենէն, կեանքը պիտի դառնայ աննպատակ ու աննշան բան մը, պիտի ցամքին յուսոյ եւ սիրոյ վճիտ աղբերակները, ուր ցաւած հոգիդ իր վէրքերը պիտի լուար, կորովի եւ անմահութեան կեանքը վերսկսելու համար:

- Կեանքին արժէքը մեծ է անոնց համար միայն, որ զայն զգալով լաւ ապրիլ կ՚ուզեն, որուն մէջ կան այնպիսի պատեհութիւններ, այնպիսի լաւագոյն առիթներ, որոնց մէկ վայրկեանը տարիներ կ՚արժէ, ու տարիներն ալ՝ դարեր: Պիւթակորոս կ՚ըսէ իր աշակերտներուն. «Օրը երեք անգամ հարցուցէք դուք ձեզի, թէ՝ ի՞նչ ըրի, ինչպէ՞ս ըրի, կամ ինչո՞ւ ըրի»:

- Յիսուս կ՚ուզէ մենէ ոսկիէ սիրտ մը անժանգ, անբիծ ու մաքուր, գթոտ զգացումներ տառապեալներուն նկատմամբ, հաւատք մը ամրակուռ ու հաստահիմն, կեանքի յարափոփոխ երեւոյթներուն հանդէպ: Կ՚ուզէ մեր հոգիներուն անտրտունջ մրմունջը, աղօթքը՝ անուշ ու խնկաբոյր, քան կնդրուկն ու զմուռսը:

- Կամքն Աստուծոյ ու խորհուրդը մարդուն պէտք է համապատասխան ըլլան իրարու:

Աստուած բացարձակ ճշմարտութիւն, ուղղութիւն, արդարութիւն եւ սրբութիւն է. դի՛ր, ուրեմն, մտածմունքներուդ մէջ ուղղութիւնը, խօսքիդ մէջ՝ ճշմարտութիւնը, խորհուրդներուդ մէջ՝ արդարութիւնը եւ սրտիդ զգացումներուդ մէջ՝ սէրը սրբութեան, եթէ կ՚ուզես, որ Աստուծոյ կամքը տիրէ քու կամքիդ ու կեանքիդ վրայ:

- Կ՚ուզէ՞ք նմանիլ Յիսուսին, սիրեցէ՛ք անխտիր մարդիկը, սիրեցէ՛ք դժբախտները, սիրեցէ՛ք զանոնք, գթացէ՛ք անոնց, սէրն ու գութն է, որ մեր կեանքի դառնութեան բաժակին մէջ պիտի կրնար կաթեցնել ու խառնել երջանկութեան նեկտարը: Մի՛, մի՛ վիրաւորէք, եթէ չէք կրնար բեկեալ սիրտ մը բուժել, մի՛ տրտմեցնէք, եթէ չէք կրնար մխիթարել, մի՛ զրկէք, եթէ չէք կրնար բարերարել, մի՛ լացնէք, եթէ չէք կրնար արցունք մը սրբել:

- Կ՚ուզե՞ս քանդել բարոյական շէնքը կեանքին, կ՚ուզե՞ս աւրել ու քրքրել խաղաղութեան բոյնը մեր հոգիներուն, քաշէ՛, փրցո՛ւր անոր երկու յենակէտները՝ հաւատարմութիւն եւ վստահութիւն, ու ամէն բան կը վերջանայ. մարդը պիտի դադրի մարդ ըլլալէ, պիտի դադրին յարաբերութիւնք եւ առընչութիւնք:

- Մարդ ամէն բան նիւթականացուց նիւթին համար ու անոր շուրջը կամ դիմցը իր խիղճը խիճ դարձաւ, հոգին ալ՝ մարմին, որ բնազդով սկսաւ գործել, քան բանականութեամբ: Անձնական գձուձ շահը տիրեց, տիրապետեց հոգիներու, ապականելով սրտին ազնիւ զգացումները:

- Քրիստոնէական կրօնի մեծութիւնն ու վսեմութիւնը՝ սիրոյ, գթութեան եւ ներման սկզբունքին մէջն է, այս երրեակ սուրբ զգացումներն են, որ մարդը կը մօտեցնեն մարդուն եւ մարդն՝ Աստուծոյ:

- Սէրը չի կրնար սահմանափակուիլ. Ան անծիր, անսահման է, ո՛չ հայրենիք ունի եւ ո՛չ ազգ ու ցեղ կը ճանչնայ, Ան տիեզերական է, Ան կը խօսի ամէն սրտերու եւ կը հասկնայ ամէն լեզու, ինչպէս ամէնն ալ իր լեզուն:

- Սիրելն ու ներելը՝ համակերպիլ չէ, այլ ճանչնալ ուղղութիւնն ու ճշմարտութիւնը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

4 նոյեմբեր 2019, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2019