«ՏԱԳՆԱՊՆԵՐԸ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ ՉԵՆ ՈՒ ՊԱՐՏԱՒՈՐ ԵՆՔ ԶԱՆՈՆՔ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼ»

Երեւանի մէջ տեսակցեցանք Այնճարի Ս. Վարդարանի Տիրամայր հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Թոփալեանին հետ: Ստորեւ՝ մեր զրոյցին սղագրութիւնը։

*

-Լիբանանի ներկայ լուրջ տագնապի ֆոնին, ինչպիսի՞ն է վիճակը այսօր Այնճար հայկական աւանին մէջ եւ ի՞նչ ընդհանուր խնդիրներ կան:

-Պէտք է ըսել, որ այս վտանգուածութեան վիճակը միշտ եղած է այնճարցիներուն համար, որոնք սակայն կրցած են եւ պիտի կարենան չէզոքացնել այս վտանգները, որոնք կային, կան եւ պիտի ըլլան: Վտանգ ըսելով նկատի ունիմ վտանգ շրջապատէն: Լիբանանի այդ աշխարհագրական տարածքը ճանչցողները կը հասկնան, թէ ինչ ըսել կ՚ուզեմ: Համարեա Այնճարը միակ քրիստոնեայ գիւղն է այդ շրջանին մէջ, որ տակաւին շունչ ունի, ոգի ունի եւ կը պտղաբերէ, կ՚արդիւնաբերէ իր երկրացիներով, իր դպրոցներով եւ իր միութիւններով: Եթէ մենք կրցած ենք իբրեւ Այնճարի ժողովուրդ եւ Այնճարի պատասխանատուներ անցեալին յաղթահարել այդ դժուարութիւնները, յոյս ունինք, որ այսօր ալ, վաղն ալ զանոնք պիտի կարենանք յաղթահարել: Այնպէս որ վախ չկայ Այնճարի համար՝ մանաւանդ, որ Լիբանանի տնտեսական այս տագնապը մեզ իրարու աւելի զօդեց, աւելի սեղմեց իրարու հանդէպ վստահութիւն ունենալու եւ իրարու համար աշխատելու, նոյնիսկ տագնապելու եւ ինչու չէ տագնապները որոշ չափով կրելու: Ի վերջոյ մենք խաչապաշտ քրիստոնեաներ ենք, նաեւ պիտի կարենանք մեր Տէրոջ Քրիստոսի խաչը կրել։ Պատրաստ ենք անոր համար, բայց այս չի նշանակեր, որ մենք կամք չունինք, տեսլական չունինք կամ հզօրութիւն չունինք, պայքարները եւ տագնապները յաղթահարելու:

-Քրիստոնեայ եկեղեցին միշտ ալ մտավախութիւններ ունի, որ Մերձաւոր Արեւելքը կը պարպուի իր քրիստոնեայ պարունակէն։ Մեր եկեղեցիները ի՞նչ կ՚ընեն այդ քրիստոնեայ հատուածները պահելու համար Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Ի վերջոյ ի՞նչ է ձեր դեղատոմսը:

-Այս հարցը դարերու պատմութիւն ունի եւ միշտ կը կրկնուի: Այս տարիներու ընթացքին չէ միայն, որ մեր քրիստնէական կեանքն ու գոյատեւութիւնը գրեթէ անտանելի դարձած է, այլ միշտ եղած են ժամանակաշրջաններ, որոնց ընթացքին մեր քրիստնեայ քոյրերն ու եղբայրները տառապած են, հալածուած եւ սպաննուած: Այսինքն նորութիւն չէ, բայց այս չի նշանակեր, որ մենք պէտք չէ նաեւ ներկայ կացութիւնը քննեք եւ անոր համապատասխան եզրայանգումներու հասնինք: Իրականութիւն է անշուշտ, թէ այն ընտանիքը, որ նիւթական կարողութիւն մը ունի, կը հեռանայ մեր շրջաններէն։ Դժբախտաբար եւ յատկապէս Լիբանանի տնտեսական, նիւթաբարոյական, հոգեբարոյական, քաղաքատնտեսական անտանելի պայմանները այլեւս կը ստիպեն մեր հարազատներէն շատերուն, որ ընդմիշտ հեռանան։ Բայց այս արտագաղթը միայն քրիստոնեաներուն համար չէ, նաեւ կայ ոչ-քրիստոնեայ զանգուած մը, անհատներ, ընտանիքներ, որոնք կ՚ուզեն գաղթել եւ լքել երկիրը, յատկապէս Լիբանանը: Ի վերջոյ ինչ բանի համար անհատ մը կ՚ուզէ գաղթել, հայր մը կ՚ուզէ իր ընտանիքի ներկան ու ապագան ապահովել, անոնց կեանքը, անոնց առօրեան, անոնց ուսումը դասաւորել։ Սակայն մենք եթէ կը հաւատանք Քրիստոսի՝ մեր աստուածային վարդապետի խօսքին եւ Աստուածաշունչին, մենք պէտք չէ յուսալքուինք, մեր կրօնը յուսալքումի եւ վհատումի կրօն մը չէ, մեր կրօնը հաւատքի, ուժի, կորովի եւ հոգեկանութեան կրօն է. այս իմացութիւնները մեզ կը մղեն, մեզ կ՚ամրապնդեն, մեզ կը վստահեցնեն մնալու հոն՝ ուր որ ենք, ի վերջոյ Արեւելքը եւ յատկապէս Միջագետքը օրրանն է մեր կրօնին:

-Վերջին շրջանին Լիբանան ծանր տագնապներէ անցաւ, այս բոլորին մէջ արդեօք յոյս կա՞յ վերականգնումի: Լիբանանահայ գաղութը ունի՞ այդ ներուժը:

-Այո՛, անշուշտ եւ ակնյայտ ապացոյցը այն է, որ երկու-երեք տարիէ ի վեր այսպէս անտանելի տագնապի մէջ ենք, սակայն լիբանանահայութիւնը տակաւին կ՚ապրի, տակաւին կը գործէ, համարեա իր բոլոր դպրոցները կը շարունակեն իրենց գոյութիւնը, թէեւ ոմանց շարունակութիւնը վտանգուած է, բայց կա՛նք ու կ՚ապրինք եւ ոչ միայն ֆիզիքապէս կը շնչենք, այլ նաեւ հոգեմտաւորապէս կ՚արտադրենք, գործի վրայ ենք: Այստեղ պէտք է ըսեմ, որ զանազան երկիրներէն ու յատկապէս Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն, Ֆրանսայէն մեզի օգնութեան կը փութան, իսկ մենք այդ օգնութիւնը հոյակապ կազմակերպուած ձեւով կը հասցնենք համայնքին։ Ես գոնէ կրնամ խօսիլ Այնճարի մասին, ուր արդէն 19 տարիէ ի վեր կը պաշտօնավարեմ ու կը ծառայեմ մեր ժողովուրդին: Համագործակցութեամբ ու պէտք եղած ծրագրումով պէտք եղած օգնութիւնը կը կատարուի մեր տառապեալ ժողովուրդին: Ճիշդ է, որ նեղութեան մէջ ենք, բայց յուսահատութեան մէջ չենք:

-Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2022 տարին հռչակեց «Սփիւռքի տարի». ի՞նչ հասկնանք այդ յայտարարութեամբ, կը բաժնէ՞ք Նորին Սրբութեան մտահոգութիւնները եւ կարիք կա՞ր այդպիսի յայտարարութեան։

-Գիտէք, անշուշտ, որ 2021 թուականը Արամ Ա. Կաթողիկոս հռչակեց Արցախի տարի: Ինչպէս մեզի բացատրեց, առանձնապէս եւ հաւաքաբար, թելադրուած իր մտահոգութիւններէն, բաւական մտմտուքներէ ետք որոշած է այս տարին՝ 2022 թուականը հռչակել «Սփիւռքի տարի»: Եւ շատ լաւ որոշում է: Երբ Նորին Սրբութեան կոնդակը կարդանք, կը գտնենք պատասխանը, թէ ինչո՞ւ: Կոնդակը 18 էջնոց մեծադիր պրակ մըն է, որուն մէջ գոնէ իմ ուշադրութիւնս գրաւեցին զանազան տեսակի հարցադրումներ: Օրինակ՝ «հայու արմատները առողջ պահելու հեռանկարով, ինչպէս կարելի է սփիւռքի հայուն մէջ լեզուն, հայրենիքը, կրօնը, աւանդութիւնները, պատմական դէպքերը, պահանջատիրութիւնը, առաւելագոյն չափով եւ նոր մօտեցումով դարձնել մէկ ազգի պատկանելիութեան ամուր յենարանները» եւ այսպիսի հարցումներ. օրինակ՝ արեւմտահայերէնը նահանջի մէջ է, ի՞նչ պէտք է ընել: Նորին Սրբութիւնը նաեւ իր պատգամին մէջ կատարած է նկատողութիւններ եւ ախտաճանաչումներ: 18 յունուարին, Արամ Ա. Կաթողիկոս պէյրութահայ մտաւորակնները հրաւիրեց խորհրդակցական հանդիպումի մը, որու ընթացքին առիթը տուաւ խօսելու եւ արտայայտուելու: Համեստս, այդ հանդիպման առաջարկեցի հիմնել սփիւռքագիտութեան ակադեմիա մը, կաճառ մը, որպէսզի միայն խօսքի, հաւաքի ու ժողովի ծիրէն դուրս ելլենք եւ այդ հաւաքներու ու ժողովներու անդրադարձումները, թելադրանքները, մատնանշումները գործադրուին: Ըստ իս, յարմարագոյնը կը գտնեմ այսպիսի կաճառ մը, ակադեմիա մը հիմնել սփիւռքի մէջ, որ պիտի ունենայ իր վարչութիւնը, պիտի ունենայ իր կանոնագիրքը, իր բնաբանը, իր զինանշանը եւ յատկապէս՝ պիտի ունենայ անդամագրուած իր անդամներն ու անդամուհիները, այսինքն օդին մէջ պիտի չմնայ: Կը կարծեմ գործը շատ երկար է, տարիներու ծրագրում մըն է եւ մշակուած ծրագրումի համաձայն նաեւ գործի անցնիլն է:

-Սփիւռքի մէջ ունինք պատմական առաքելութիւն ունեցող դպրոցներ, որոնք կը փակուին: Արդեօք աւելի ճիշդ չէ՞ այդ դպրոցներուն կեանք տալ:

-Պարագայական իրողութիւն մը կայ մէջտեղը, երբեմն մեր խօսակցութեան մէջ, կամովի կամ ակամայ, մոռացութեան կ՚ենթարկենք իրողութիւնները: Այսօր երբ մենք կ՚ըսենք Սփիւռք, նախ պէտք է Սփիւռք բառը գլխագիր գրենք, որովհետեւ Սփիւռք իմացութիւնը երրորդ իմացութիւնն է հայ ժողովուրդին համար, ունինք Հայաստան, որ գլխագիր կը գրենք, Արցախի Հանրապետութիւն, որ դարձեալ գլխագիր կը գրենք եւ ունինք երրորդ իմացութիւնը՝ Սփիւռք, որ դարձեալ գլխագիր պէտք է գրուի։ Գլխագիր պիտի գրենք Սփիւռքը, որովհետեւ այնտեղ կ՚ապրին 8-9 միլիոն հայեր, իսկ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հազիւ 4 միլիոն: Ինչպէս կ՚ուզէք, որ Նորին Սրբութիւնը եւ պատասխանատուները անտեսեն նախ քանակը այս պարագային, բայց նաեւ որակը: Բոլորս գիտենք, որ Սփիւռքը հզօր է իր բոլոր տագնապներով, իր բոլոր թերութիւններով, բայց այսօր կայ, թէ՛ շնչող, թէ՛ գործող եւ թէ արդիւնաբերող Սփիւռք գլխագիրով:

Դժբախտաբար, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ որոշ դպրոցներ փակուեցան, ոմանք ալ փակուելու վտանգի տակ են, բայց այդ միայն մեր յանցանքը չէ: Այդ սխալը մատնանշելէ առաջ, մատնանշենք աշխարհաքաղաքական տարածաշրջանային իրողութիւնները, որոնք երբեք նպաստաւոր չեն ո՛չ թէ միայն հայերուս, այլ նաեւ՝ որոշ զանգուածներու եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ քրիստոնեաներուս: Միայն մատը չդնել այս վէրքին վրայ իբրեւ յանցանք հայերուս, այսօր նաեւ լիբանանցիներ, որոնք հայ չեն բայց համարեա նոյն տագնապին մէջ կ՚ապրին, նաեւ դպրոցափակումներ կ՚ունենան, ուրիշ յարանուանութիւններ՝ ոչ հայ եւ ոչ ալ քրիստոնեայ, նորէն դպրոցափակումի տագնապ ունին, նոյնիսկ պետական դպրոցներ վտանգուած են փակուելու, որովհետեւ տնտեսական, քաղաքական, նաեւ աշխարհաքաղաքական միջազգային սատանայական քաղաքականութիւնը մեզ ծանր տագնապներու առաջնորդեց։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունուար 29, 2022