ԿՈՒԱՆԹԱՆԱՄՕ ԾՈՑԻ ԱՐԳԵԼԱԿԱՅԱՆԸ
Միացեալ Նահանգները տարօրինակ հաստատութիւն մը կը պահէ Քուպայի հարաւարեւելեան շրջանին մէջ, Կուանթանամօ ծոցի արգելակայան անունով։ Մեծ եւ տարօրինակ բանտ մըն է Քուպայի մէջ իր գոյութիւնը շարունակող ամերիկեան այս արգելակայանը։
Քուպայի Կուանթանամօ հողամասը Միացեալ Նահանգներուն պատկանած է 1902-էն ի վեր։ 1898-ի Միացեալ Նահանգներ-Սպանիա պատերազմին, սպանական բանակին պարտութենէն ետք, 1902-ին ամերիկեան ուժերը կը մեկնին Քուպայէն, բայց տարի մը ետք՝ 1903-ին, ապա՝ 1934-ի Քուպա-Միացեալ Նահանգներ համաձայնութիւններով, վերջինս կը շարունակէ վարձուած պահել Կուանթանամօ ծոցի տորմիղային կեդրոնը։ Հակառակ վարչակարգերու փոփոխութեանց, Ուաշինկթըն վարձուած կը պահէ Կուանթանամոն։
Այս հողամասին վրայ, 2002 Յունուարին ամերիկեան ուժերը կը հաստատեն բանտ մը՝ արգելակայան մը, որ այսօր կը ծառայէ միջազգային ոճրագործներ եւ տարբեր յանցանքներով դատապարտուածներ բանտարկուած պահելու։ Բանտին առաջին «բնակիչները» բերուեցան Աֆղանիստանէն, Իրաքէն եւ այլ վայրերէ։ Արգելակայանէն ներս գործադրուած բռնութիւնները միջազգային քննադատութեան նիւթ դարձած են յաճախ։ «Էլ Քաիտէ»ի կասկածելիները եւս կը պահուին կայանին մէջ։ Ի վերջոյ, հարիւրաւորներ բանտարկեալ կը մնան առանց դատավարութեան կամ ամբաստանութեան, առարկուելով որ յիշեալները ամերիկացի քաղաքացիներ չեն…։
Նախագահ Պուշի վարչութիւնը կը պնդէր, որ պարտաւորուած չէր պատերազմի բանտարկեալներուն սահմանադրական իրաւունքները պաշտպանել, ոչ ալ յարգել Ժընեւի համաձայնութեան օրէնքները։ 2006-ին քննիչ յանձնախումբին օրինականութիւնը վերահաստատուելէն ետք, դատարան մը արտօնեց, որ օտար բանտարկեալներուն բողոքելու իրաւունքները ընդունելի դառնան։ Օտարազգի կարգ մը բանտարկեալներուն կեցութիւնն ալ դժուարութիւններ յարուցած է, որովհետեւ օտար պետութիւններ յաճախ կը մերժեն իրենց իսկ քաղաքացի բանտարկեալները ընդունիլ իրենց հողին վրայ, իրենց բանտերուն մէջ…։
Նախագահ Պարաք Օպամա 22 Յունուար 2009-ին համաձայնեցաւ ընտրապայքարի իր խոստումը յարգել՝ փակելու Կուանթանամոն. սակայն հանրապետականներու զօրաւոր մերժումը Գոնկրէսէն ներս, տակաւին բաց կը պահէ արգելակայանը։ Արտաքին ճնշումներուն առընթեր, ներքին խլրտումները անպակաս են. 2013-ին, 166 բանտարկեալներուն կէսէն աւելին հացադուլ յայտարարած էր իրենց վիճակին դէմ բողոքելու համար։
Կուանթանամոյի արգելակայանը միշտ մնացած է նախագահութեան ուշադրութեան առարկան։ 2011 Յունուարին Նախագահ Օպամա ստորագրեց հրամանագիր մը, արգիլելով բանտարկեալներուն փոխադրութիւնը մայր հող կամ օտար երկիրներ, եւ նոյն ատեն յետաձգելով կայանին փակումը։ Ամիս մը ետք՝ Փետրուարին, պաշտպանութեան քարտուղար Ռապըրթ Կէյց յայտնեց, թէ դժուար թէ Կուանթանամոն փակուէր, Գոնկրէսի ընդդիմութեան պատճառով։ Ամերիկեան մամուլը ընդմիջումներով կը զբաղի Կուանթանամօ արգելակայանին ճակատագիրով, որ միշտ ալ դատապարտուած է… բաց մնալու։
Այս տարուան՝ 2016-ի Ապրիլին, Կուանթանամօ բանտին մէջ տակաւին կը պահուէին 80 կալանաւորներ։ Պէտք է նշել, որ կալանաւորներէն կարեւոր թիւ մը, իրենց երկիրները հասնելէն ետք, կը լծուին միջազգային ահաբեկչական գործին. իրողութիւն մը, որ լրջօրէն դժուարացուցած է ամբողջական փակումին ծրագիրը։ Ամերիկեան Ազգային հետապնդումի ղեկավարութիւնը յայտնած է, որ 2016 Յունուարին ազատ արձակուած 647 բանտարկեալներէն 116-ը վերադարձած են ոճրային ասպարէզին, իսկ 69 անհատներ ալ՝ հին ուղիին վրայ են։
ՄԱՀԱՆԱԼ ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐԸ ՕՐԻՆԱԿԱՆՕՐԷՆ ԿՐՆԱՆ ՄԵՌՆԻԼ…
Անցնող շաբթուան ընթացքին՝ Յունիս 10-ին, Գալիֆորնիան վերջնագոյն նահանգը դարձաւ, ուր մահամերձ հիւանդը օրինականօրէն, միայն դեղագիրի օգնութեամբ եւ երկու բժիշկներու թելադրութեամբ կրնայ իր կեանքին վերջ տալ։ Ու միայն ի՛նք, հիւանդը կրնայ որոշում տալ իր կեանքին վերջ տալու. ո՛չ հարազատ, ո՛չ բարեկամ, ո՛չ ալ բժիշկ մը կրնայ այդ որոշումը տալ։ Եւ այս որոշումը չի նշանակեր… անձնասպան ըլլալ։
Այս նահանգին մէջ եւ այլուր, արգիլուած էր օրինական ձեւով եւ բժիշկի մը օգնութեամբ դեղեր գործածել՝ մահանալու, անձնասպան ըլլալու համար։ Նոր օրէնքին կիրարկումով սակայն, մտահոգութիւն մը կը տարածուի լաթինօ եւ սեւամորթ շրջանակներու մէջ, թէ արդեօք աղքատութեան մէջ տուայտող մահկանացուներ, աժան եւ մահացու դեղեր գործածելով պիտի քաջալերուի՞ն իրենց կեանքին վերջ տալու…։ Աժան ձեւով մահացութիւնը մտահոգել սկսած էր օրէնքին կիրարկումին ընդդիմացողներու շրջանակները։
Լոս Անճելըսի բարձրագոյն կարգ վայելող կաթողիկէ Կոմէզ Արքեպիսկոպոսը առաջին արտայայտուողներէն եղաւ, որու համաձայն՝ «Այս նոր օրէնքով, մենք իրենց բախտին լքած կ՚ըլլանք մեր խոցելի եւ աղքատ հարեւանները, զանոնք անարժան նկատելով մեր խնամքին եւ ընկերային կարելիութիւններուն», կը գրէր Կոմէզ Արքեպիսկոպոսը։ «Նոր օրէնքը առողջապահական մեր կարելիութիւնները պիտի նուազեցնէ։ Աղքատներն ու տարիքոտները արդէն նուազ իրաւունք եւ կարելիութիւն ունէին դարմանուելու», կ՚արտայայտուէր կաթողիկէ կրօնապետը։
Յայտնուած կարծիքները կրնան որոշ չափո՛վ մը միայն մտահոգիչ ըլլալ, եթէ նկատի ունենանք Օրեկոն նահանգէն ներս կիրարկուող նոյն օրէնքին արդիւնքները։ 1997 թուականին ի զօրու դարձաւ այս օրէնքը Օրեկոնի մէջ եւ դեղագիրներու օգնութեամբ մահացութիւնը շատ դանդաղ յաւելում կրած է նահանգին մէջ։ 1998-ին կիրակուիլ սկսած օրէնքին գծով, այդ տարուան մահացածներուն թիւը եղած է միայն 20, իսկ 2015-ին մահացած են 105 միայն։ Եւ մահացողներուն մեծ մասը 65 տարիքը թեւակոխած են, սպիտակամորթ, որոշ կրթութիւն ստացած քաղաքացիներ են եւ 60 տոկոսը բժշկական ապահովագրութիւն ունի։
Գոյութիւն ունեցող տեղեկութիւնները չեն թելադրեր, որ նոր օրէնքը կրնայ քաջալերել աղքատ ու թշուառ անհատները՝ մահացութեան դիմելու, իրենց վիճակէն դուրս գալու համար։ Անհրաժեշտ է հոս շեշտել, որ մեր նահանգէն ներս, դեղատոմսերով մահանալը Medical-ով ապահովագրուած է։
Նոր օրէնքը դժուար սկիզբ մը կրնայ ունենալ, որովհետեւ սպանախօս կամ գունաւոր խմբաւորումներուն մօտ՝ բնական խօսակցութեան նիւթեր չեն մահն ու անոր հետեւանքները։ Ի վերջոյ, մահուան մասին խորհրդածելը, մորթին գոյնին կամ կրօնական հաւատալիքներուն հետ շատ ալ առընչութիւն չունի։ Ծայր աստիճանի անհատական որոշումի արդիւնք կրնայ ըլլալ մահուան մասին խորհրդածելը։
ՎԱՉԷ ՍԵՄԵՐՃԵԱՆ
Կլենտէյլ
«Նոր Օր»
Հարթակ
- 11/22/2024