Ի ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ՝ ՀԱՅՐԵՆԱՊԱՇՏ ԵՐԱԺԻՇՏ ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆԻՆ
«…Եթէ կ՚ուզես ազգային պատկանելիութեան սահմանը անգամ մը չափել, պէտք է երթալ եւ հայ զինուորին կողքին կենալ»:
ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆ
«Ազդակ», 6.1.2018
Սրտակից ընկեր մը, որ մօտէն կը ճանչնայ բոլորիս սիրելի երաժիշտ Գէորգ Հաճեանը, առաւօտ մը, ուրախ տրամադրութեամբ լեցուած, սեղանիս վրայ դրաւ գեղատիպ կողքով ձայնասկաւառակ մը, ապա անպաճոյճ բառերով ըսաւ. «Գէորգին նուէրը՝ քեզի»:
Առաջին հայեացքով արդէն բաւարարուածութիւն մը կը համակէ հոգիդ, այն առումով, որ դէմ յանդիման կը գտնուիս պատկառելի աշխատանքի մը, որ այլապէս պատիւ կը բերէ թէ՛ երաժիշտին եւ թէ իր ժողովուրդին: Ինչո՞ւ:
Որովհետեւ մատուցուածը սովորական ձայնասկաւառակ մը չէ, ոչ ալ, այսպէս ասած, ընթացիկ երգերու ձայնագրութիւն մըն է, այլ՝ արհեստավարժ, նուիրական եւ որակաւոր աշխատանքի մը արգասիքը հանդիսացող ողջմիտ արտայայտութիւն:
Իրօք, հարց կրնայ տրուիլ, թէ ինչի՞ մասին է խօսքը: Բացատրենք:
Ըստ իս, երբ զանազան չափորոշիչ տարրեր զիրար կ՚ամբողջացնեն, այդ ալ արուեստի բնագաւառին մէջ, բնական է, որ տուեալ աշխատանքը արժանանայ բոլորին ուշադրութեան եւ ստանայ համապատասխան գնահատանք:
Արդար է, առաջին հերթին, ի սրտէ խօսք ուղղել արուեստագէտ ու շնորհալի երաժիշտ Գէորգ Հաճեանին, որ աւելի քան երկտասնեակ տարիէ ի վեր կը ծառայէ հայ բեմին ու երաժշտութեան, հաւատաւոր ժառանգորդը մնալով կոմիտասեան եզակի շունչին ու անբասիր աւանդին: Փաստօրէն, Գէորգ Հաճեան, շնորհիւ իր արհեստավարժի ու հայաբոյր հոգեկերտուածքին, հայ հոգեւոր ու եկեղեցական երաժշտութեան հանդէպ ցուցաբերած երկիւղածութեան, խորաթափանց սիրոյն ու մշակուածութեան, կրցած է ստեղծել կատարողական ինքնուրոյն ոճ մը: Աւելի՛ն. ան կը հաւատայ, որ երաժշտութիւնը հզօր «զէնք» մըն է մշակոյթի եւ ինքնութեան տարածման, եթէ երբեք զայն կարենանք մատուցել արուեստի բարձր ընկալումով:
Ի դէպ, պէտք չէ զարմանալ, որ Գէորգ Հաճեանի երաժշտական ասպարէզին մաս կը կազմէ նաեւ ազգային ու յեղափոխական երգերու մատուցումը: Յայտնապէս Գէորգին այս տիպի երգերն ալ թաթաւուն եւ գրաւիչ են իրենց բարձրորակ եւ բիւրեղ դրսեւորումներով: Փաստօրէն, անոր հոգեթով, հարազատ ու գեղեցիկ ձայնային յատկութիւնը ունկնդիրը կը կախարդէ, այլապէս կը մղէ, որ թափանցէ ազգային թէ յեղափոխական երգերու հոգեպարար անդաստանին մէջ:
Իրաւամբ ըսուած է, որ երաժշտութիւնը իր բարձրարուեստ ընկալումով միայն կրնայ թափանցել ժողովուրդի մը ներաշխարհը եւ հոն ապաստան գտնել յաւերժօրէն: Արուեստագէտ Գէորգ Հաճեանի ազգային-յեղափոխական երգերը մեզ կը կախարդեն, որովհետեւ երաժիշտը կրցած է խորասուզուիլ իւրաքանչիւր երգի, յեղափոխական թէ ազգային գործիչի կերպարի մէջ եւ անաղարտ զգացումով լոյսին բերել տուեալ ժամանակի ոգին ու առանձնայատկութիւնը:
Եւ ահա, հայ երաժշտասէր հասարակութեան սեղանին է արդէն նորատիպ ձայնասկաւառակ մը՝ «Ղօղանջ անկախութեան» խորագիրով: Երկու ձայնասկաւառակէ բաղկացած գեղատիպ այս հրատարակութիւնը կ՚ընդգրկէ ազգային-յեղափոխական երգերու փունջ մը, որ մեզի կը պատմէ 20-րդ դարու հայ ազատագրական պայքարի մասնակից տիտան հերոսներու կեանքն ու սխրանքը, ազատութեան, անկախութեան եւ հայրենիքի փրկութեան մղուած մարտերու կենսագրութիւնը:
Գինեգոյն ծածկի մը տակ հրատարակուած ալպոմը կը բովանդակէ նաեւ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի, անկրկնելի մտաւորական ու ազգային գործիչ Նիկոլ Աղբալեանի եւ գաղափարական տիպար ու նուիրեալ Սարգիս Օհանջանեանի խօսքերը (նաեւ՝ անգլերէնի թարգմանուած):
Կողքին վրայ տպուած Սարդարապատի զանգերու աշտարակին պատկերը կը յուշէ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան 100-ամեակը, ՀՅԴ-ի եւ Հայաստանի զինանշանները կ՚ընդգծեն ազգային ու գաղափարական պատկանելութեան տէր կանգնելու հրամայական պահանջը, իսկ արուեստագէտին լուսանկարը՝ իր խորասոյզ հայեացքով, ցոյց կու տայ ազգային արժէքներուն հանդէպ անոր յանձնառութիւնն ու գիտակցական պահուածքը:
Ձայնասկաւառակը ունկնդրեցինք մեծ հաճոյքով, երբեմն յուզումով, մերթ ընդ մերթ զգացումներու խայտանքով, առանձնապէս՝ պայքարի ու ըմբոստացումի ոգիի փայլատակումներով: Արուեստագէտը երգ առ երգ մեզ կ՚առինքնէ, կը փոխադրէ հայրենի լեռներ ու դաշտեր: Անոր ազնուասիրտ հոգիէն ժայթքող նրբերանգային ձայն ու հնչիւնը, հոգեշարժ թրթռացումներն ու երբեմն թաւ (տիրական) կատարումները, արդէն ունկնդիրը կը մղեն ընդելուզուելու, նախ՝ արուեստագէտի ներաշխարհին հետ, ապա՝ սաւառնելու ազգային-յեղափոխական երգերու կատարին:
Ի շարս այլոց, ուշագրաւ է «Յարատեւ կռիւ» երգը, որ արդէն տեսերիզի մը մէջ իր խայտանքը կ՛ապրի իբրեւ նիւթ եւ մատուցում: Փաստօրէն, վաստակաւոր բեմադրիչ եւ հայասիրտ ազատամարտիկ Սամուէլ Թադեւոսեանի յղացումով (երգ ու տեսերիզ), այս երգը թռիչք առած կը թեւածէ հայրենի բանակին կողքին ու հայոց լեռներու ամբողջ տարածքին: Արցախ աշխարհին մէջ նկարահանուած այս երգն ու տեսերիզը, որ նուիրուած է հայոց բանակին ու անոր ցուցաբերած զոհաբերութեան, մեծագոյն փաստն է հայ արուեստագէտներու, յատկապէս այս պարագային Գէորգ Հաճեանի հայրենապաշտութեան:
Ձայնասկաւառակը կը բովանդակէ աւելի քան քսան երգ, տարբեր թեմաներ ընդգրկող, որոնք Գէորգ Հաճեան արուեստագէտի շունչին ու հաւատամքին շնորհիւ կը գեղգեղեն, կը վերակենդանանան ու կ՚արժեւոր-ւին:
Այսուհանդերձ, երկու երեւոյթ եւս մեր ուշադրութեան կիզակէտը գրաւեց, նախ՝ ձայնասկաւառակի որակաւոր պատրաստութիւնը հայրենիքի մէջ, ապա՝ անոր լոյսին գալը, հրատարակութիւնը՝ գաղափարակից ընկերներու ազնիւ մեկենասութեամբ:
Երախտագիտութեան խօսք ու բարի երթ բոլորին:
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ