Ի՞ՆՉ «ՊԱՏԳԱՄԵՑ» ՆԱԽԱԳԱՀ ԹՐԱՄՓ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ
Արսէլ աւանի լեռնային հատուածներուն ուղղութեամբ, Լիբանանի Վարչապետ Սաատ Հարիրի Սպիտակ տան մէջ (25 Յուլիս) կը հանդիպէր ԱՄՆ-ի Նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ:
ԱՄՆ-ի նախագահը, որ բաւական սիրալիր մօտեցումով կ՚ընդունէր սիւննի վարչապետը, պարզ չէ՝ թէ լեզուի՞ սայթաքումով կամ դիտումնաւոր կը յայտարարէր, որ «Լիբանանը այն երկիրն է, որ այսօր կը պայքարի ԻՇԻՊ-ի, «Էլ Նուսրա»ի, նաեւ... «Հիզպուլլահ»ի դէմ»: Այո՛, ինչքան ալ զարմանալի թուի, Թրամփ յականէ անունէ «Հիզպուլլահ»ը կը համարէր Լիբանանի կառավարութեան (շատ հաւանաբար, ոչ միայն կառավարութեան) գլխաւոր թիրախներէն (նաեւ թշնամի՞ն) մին եւ գուցէ ամենակարեւորը:
Թրամփի կողմէ կատարուած այդ յայտարարութիւնը կ՚ակնալուէր, որ աւելի «դաժան» արձագանգներու արժանի դառնար, բայց եւ այնպէս տրուած ըլլալով, որ «Հիզպուլլահ» եւ անոր համախոհները զբաղուած են գրեթէ երեք տարիէի ի վեր «սպասուած» ճակատամարտով՝ կը նախընտրէին պահպանել իրենց լռութիւնը:
Լիբանանի քաղաքական անցուդարձերուն մօտէն հետեւող մարդոց համար աւելի քան սպասելի էր, որ «Հիզպուլլահ»ի շղթայազերծած զինուորական գործողութիւնները «ոտքի կը հանեն» երկրի սիւննի հատուածը: Խօսքը անշուշտ Արսէլ շրջանին մէջ ընթացած պատերազմին մասին է, որ կ՚աւարտէր «Հիզպուլլահ»ի յաղթանակով:
Այս դէպքերուն զուգահեռ պէտք է արձանագրել, որ Լիբանանի մէջ այսօր «Հիզպուլլահ»ի հանդէպ ներքին միասնութեան բացակայութիւն մը կայ, պարզ այն պատճառով, որ լիբանանցիներու կարեւոր մէկ տոկոսը դէմ է «Հիզպուլլահ»ի մօտեցումներուն:
Յետոյ կար նաեւ Լիբանանի արեւելեան սահմաններուն տիրապետելու հարցը, որուն շնորհիւ «Հիզպուլլահ» կը դառնար Սուրիա-Լիբանան այդ հատուածին իրաւական տէրը:
Խնդիրը միայն սահմաններու ապահովութեան կամ այդ սահմաններու վերահսկողութեան հարցը չէր՝ այլ աւելին: Բացատրենք: Իմ ընթերցողներս լաւ կը յիշեն, որ համայնքային դրութեամբ «կառավարուող» Լիբանանի մէջ իսլամական գլխաւոր ուժն են սիւննիները, որոնց համար անվիճելի իրականութիւն է, որ «Հիզպուլլահ»ի սուրիական պատերազմին բացայայտ մասնակցութիւնը անընդունելի է:
Այդ անընդունելիութիւնը պայմանաւորուած է շարք մը կարեւոր փաստարկներով, որոնցմէ պարտիմ նշել հետեւեալները.
ա- Լիբանանի սիւննիներու (խօսքը անշուշտ անոնց մեծամասնութեան մասին է) կեցուածքները անմիջականօրէն կապուած են Ռիատի կեցուածքներուն հետ: Մէկ խօսքով Լիբանանի սիւննիներու քաղաքական արեւելումը կապուած է Ռիատին:
բ- Լիբանանի սիւննիներուն համար բացայայտ հակառակորդ է Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատն ու իր վարչակարգը, որովհետեւ անոնք՝ սիւննիները Էսատը կը համարեն Լիբանանի գործող վարչապետի հօր՝ Ռաֆիք Հարիրին հաշուեյարդարի ենթարկած գլխաւոր պատասխանատուն՝ հակառակ անոր, որ մինչեւ այս պահը այդ քաղաքական սպանութիւնը չէ քօղազերծուած:
գ- Սիւննիները ներքին «թշնամութիւն» մը ունին «Հիզպուլլահ»ին դէմ, որովհետեւ այդ շիի կուսակցութիւնը 2008-ին ուժային ճնշումներու ճանապարհով կը շրջէր երկրի ընդհանուր քաղաքական պատկերը: Մոռցողներուն համար յիշեցնեմ, որ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութենէն (2005) ամիսներ ետք սուրիական ուժեր ստիպուած կ՚ըլլային երկրէն հեռանալ ու քաղաքական գետինը իր ձեռքերուն առած կառավարութիւնը կը պատրաստուէր նաեւ իր ձեռքերուն մէջ առնել «Հիզպուլլահ»ի ունեցած ապահովական հիմնական լծակները: Հոն էր նաեւ, որ «Հիզպուլլահ» նախազգալով գալիք իր դէմ վտանգը բաւական արագ քայլով մը «շուռ կու տար» սեղանը եւ մայրաքաղաք Պէյրութի հիմնական թաղամասերուն մէջ զինուորական ուժ ցուցադրելով կը ստեղծէր նոր իրավիճակ մը: 2008-ին պատահած դէպքերը կոչուեցան «7 Մայիսի դէպքեր» ու անկէ ետք էր նաեւ, որ «Հիզպուլլահ»ի կատարած քայլը կը ստանար քաղաքական տարողութիւն, որուն արդիւնքով լիբանանեան բոլոր կողմերը կը մեկնէին Տոհա եւ եռօրեայ ժողովի աւարտին կը յանգէին համաձայնութեան, որուն հիման վրայ երկիրը կ՚ունենար նոր նախագահ (այդ համաձայնութեամբ երկրի նախագահ կ՚ընտրուէր զօր. Միշէլ Սըլէյման):
Այս քաղաքական «քոնսէնսիւս»ը կը շարունակուէր բաւական երկար ժամանակով: Ու այդ դէպքերէն ետք ալ, հակառակ առկայ համաձայնութեան, վարչապետ Հարիրի դարձեալ կը լքէր կառավարութիւնը մինչեւ 2016 թուականը, երբ այս անգամ քաղաքական ընդհանուր համաձայնութիւններու հիմքով դարձեալ կը հասնէր Պէյրութի վարչապետարան՝ այս անգամ համաձայնութեան ընդհանուր ծրարով մը, որուն շնորհիւ էր նաեւ, որ Հարիրիի երկար տարիներու քաղաքական հակառակորդ զօր. Միշէլ Աուն կ՚ընտրուէր երկրի 17-րդ նախագահը, իսկ ինք՝ Սաատ Հարիրի կը դառնար երկրի վարչապետը:
Այս բոլորէն անդին երթալով այսօր յստակ կը դառնայ, որ ամերիկեան նոր վարչակարգը՝ «ղեկավարութեամբ» Պրն. Թրամփի, նպատակայարմար կը համարէ վերատեսութեան ենթարկել Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը եւ փորձել հասնիլ նոր եզրակացութիւններու:
Այստեղ պէտք չէ մոռնալ, որ ԱՄՆ-ի համար ամենէն առաջնային օրակարգը՝ կապուած Միջին Արեւելքի ընդհանուր տեսարանին, ո՛չ թէ ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարն է կամ Քաթարի տագնապին հանգուցալուծումը, այլ՝ ինչպէս անցնող տասն-քսան տարիներուն, Իսրայէլի ընդհանուր անվտանգութիւնը: Ու երբ Իսրայէլի անվտանգութեան մասին կը խօսինք, հարկ է հաշուի առնել Թել Աւիւի ապրած բաւական լուրջ մտավախութիւնները՝ կապուած «Հիզպուլլահ»ի հզօրացման հետ։ Վերջին տուեալներով ու յատկապէս Սուրիոյ մէջ իր կուտակած միաւորներով եւ հոն ստացած «արեան մկրտութեամբ», «Հիզպուլլահ» իրաւացիօրէն դարձած է ո՛չ միայն կուռ կառոյց ունեցող միլիս, այլ՝ ընդհանրապէս շրջանային կարեւոր խաղացող մը, որուն հետ քաղաքական ազդեցիկ կողմեր «պարտաւոր» են հաշուի նստելու կամ առնուազն «համագործակցութեան» եզրեր գտնելու:
Այս բոլոր տուեալներու լոյսին տակ բաւական լուրջ մօտեցումով պէտք է ընկալել նախագահ Թրամփի խօսքը, թէ՝ ««Հիզպուլլահ»ը նաեւ Լիբանանի եւ լիբանանցիներու թիրախներէն մին է»:
Կը հաւատամ, թէ ամերիկեան պե-տական ներկայացուցիչները պատահական բառեր չեն գլտորեր, տակաւին ուր մնաց՝ երբ խօսքը կը վերաբերի ԱՄՆ-ի նախագահին, որու արտայայտած իւրաքանչիւր միտք խարսխուած կ՚ըլլայ Սպիտակ տան մէջ աշխատող բարձր պաշտօնեաներու հիմնաւորումներուն վրայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/30/2024