ՕՐԱԳԻՐ ԱՆԿԱԽ ՀԱՅՐԵՆԻԷՔԷՆ

Քսան­հին­գա­մեայ ան­կախ հայ­րե­նի­քը կը թնդայ իր ար­ծա­թեայ տա­րե­դար­ձը տօ­նե­լով: Ա­մէն տեղ կը ծա­ծա­նի ե­ռա­գոյ­նը, ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դը՝ մե­ծերն ու փոք­րե­րը փո­ղոցն են ու կ՚ուղ­ղուին Ե­րե­ւա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րակ: Ար­ծա­թեայ յո­բե­լեա­նը պի­տի տօ­նուի նախ զօ­րա­հան­դէ­սով, ո­րուն նա­խա­պատ­րաս­տա­կան փոր­ձե­րը տե­ղի ու­նե­ցան ամ­բողջ ան­ցեալ շաբ­թուան ըն­թաց­քին:

Դէ­պի հրա­պա­րակ տա­նող Ա­մի­րեան պո­ղո­տա­յէն ար­դէն կը սկսի խճո­ղուա­ծու­թիւ­նը: Դպրո­ցա­կան ա­շա­կերտ­ներ ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րուն հետ կար­գա­պահ ու միա­ձեւ ե­ռա­գոյն տա­րազ­նե­րով ու ե­ռա­գոյն փու­չիկ­նե­րով կանգ­նած են մայ­թե­րուն վրայ, ան­դին բազ­մու­թիւ­նը հեւ ի հեւ կը սպա­սէ տե­ղի ու­նե­նա­լիք տո­ղանց­քին. ա­րե­ւուն տաք ճա­ռա­գայ­թին ազ­դե­ցու­թիւ­նը նկա­տե­լի է ա­նոնց կարմ­րած դէմ­քե­րուն: Հայ­րեր ի­րենց մա­նուկ­նե­րը գրկած, ո­մանք ալ ու­սե­րուն վրայ տե­ղա­ւո­րած են. հոն մա­նուկ մը ե­ռա­գոյն փու­չիկ­նե­րը ձեռ­քին եր­բեմն յոգ­նու­թե­նէն վար կ­­՚առ­նէ ու կը թմրի հօ­րը ու­սե­րուն վրայ:

Շատ գե­ղե­ցիկ է մա­նուկ­նե­րուն ժպի­տը, ու ա­նոնց այ­տե­րուն վրայ գծուած ե­ռա­գոյն դրօ­շը ա­ռա­ւել կը գե­ղեց­կաց­նէ ա­նոնց ան­մեղ դէմ­քե­րը: Տա­րեց­ներ մայ­թե­րուն եզ­րին կե­ցած կը սպա­սեն, ի­րենց մարմ­նի ծան­րու­թիւ­նը մէկ ոտ­քէն միւ­սը փո­խադ­րե­լով:

Ի՜նչ հիաս­քանչ տե­սա­րան. հայ զի­նուոր­ներ միա­տե­սակ տա­րազ­նե­րով մայ­թե­րուն եզ­րե­րուն անդր­դուե­լի կե­ցուած­քով ու վա­յե­լուչ ար­տա­քի­նով, ժպտա­դէմ կանգ­նած են կողք-կող­քի ու կազմ, պատ­րաստ, բարձ­րաս­տի­ճան զի­նուո­րա­կան­նե­րուն հրա­հան­գին կը սպա­սեն: Ա­մի­րեան պո­ղո­տա­յի ամ­բողջ հա­սա­կին կանգ­նած են նոր ո­ճի հրա­սայ­լեր, թնդա­նօթ­ներ, հրե­տա­նի­ներ, զի­նուո­րա­կան հրթի­ռա­տար մե­քե­նա­ներ, ու այլ ար­դիա­կան մե­քե­նա­ներ: Մինչ մա­նուկ­նե­րը կը կանգ­նեց­նեն զի­նուոր­նե­րուն կող­քին ու լու­սան­կա­րով մը կ­­՚ու­զեն յա­ւեր­ժաց­նել այս ան­մո­ռա­նա­լի պա­հը, իսկ մա­նուկ­ներ ալ կան, ո­րոնք զի­նուո­րա­կան զգեստ հա­գած ու խրոխտ ե­րի­տա­սարդ զի­նուոր­նե­րու պէս հպար­տօ­րէն կը քա­լեն:

Ա­հա զօ­րա­հան­դէ­սին սկիզ­բը կը յայ­տա­րա­րուի թնդա­նօ­թէն ար­ձա­կուած գնդա­կով մը: Կող­քիս կանգ­նած մա­նուկ մը սոս­կու­մէն կը ցնցուի ու կը փաթ­թուի մօր, մայ­րը կը հանգս­տաց­նէ զինք, կ՚ե­րե­ւի բա­ցատ­րե­լով ին­չի՞ ձայն ըլ­լա­լը, մօտ ըլ­լա­լուս՝ կը լսեմ ու կը փոր­ձեմ բան մը հասկ­նալ ը­սա­ծէն, սա­կայն ռու­սե­րէն չգիտ­նա­լուս պատ­ճա­ռով չեմ հասկ­նար:

Ու կ­­՚եր­թամ շա՜տ հե­ռու­նե­րը, աս ձայ­նը շատ հա­րա­զատ է, բայց եր­բեք՝ կա­րօ­տա­լի. կու գայ երկ­րոր­դը, ա­պա եր­րոր­դը՝ պո՛ւմ-պո՛ւմ, օ­դա­նա­ւեր, ուղ­ղա­թիռ­ներ կը սա­ւառ­նին տո­ղան­ցե­լով հայ­րե­նի երկն­քի մէջ ու ե­ռա­գոյն կը գծեն նաեւ երկ­նա­կա­մա­րին հայ­րե­նի: Չեմ իսկ նկա­տեր գծուած ե­ռա­գոյ­նը ու մա­նու­կին հետ ես ալ կը սոս­կամ ու աչ­քե­րուս դէ­մէն տո­ղան­ցող հրթի­ռա­տար մե­քե­նա­նե­րը տես­նե­լով սոս­կումս կը կրկնա­պատ­կուի. մեր մօտ ձե­ռա­կերտ կա­զի տա­կառ­նե­րով հրթիռ­նե­րը յար­կեր փուլ կու տա­յին, ան­մեղ հո­գի­ներ կը խլէին, հա­պա ե­թէ աս հրթիռ­նե­րը տեղ մը հա­րուա­ծեն, ով գի­տէ ինչ­պի­սի՞ ա­ւեր­ներ կրնան գոր­ծել: Իսկ աս զի­նամ­թեր­քը ո՞ւր էր, երբ վեր­ջին ապ­րի­լեան դէպ­քե­րուն հա­րիւ­րա­ւոր հայ ե­րի­տա­սարդ զի­նուոր­ներ զո­հուե­ցան, ո­րոնց փո­խա­րէ­նը դժուար թէ ըլ­լայ, օր ըստ օ­րէ նօս­րա­ցող հայ­րե­նի­քի բնակ­չու­թեան մէջ:

Ձեռ­նարկ­նե­րը մին­չեւ ուշ ե­րե­կոյ կը շա­րու­նա­կուին: Ե­րե­ւա­նի բո­լոր շրջան­նե­րուն մէջ եր­գիչ­ներ ու պա­րա­խում­բեր հա­մերգ­նե­րով կը թնդաց­նեն բե­մեր, այ­գի­ներ ու հրա­պա­րակ­ներ: Ու­րա­խու­թիւ­նը ո­ղո­ղած է ամ­բողջ հայ­րե­նի­քը: Մար­դիկ զի­րար կը շնոր­հա­ւո­րեն ար­ծա­թեայ այս ան­կա­խու­թեան առ­թիւ:

Ե­րե­կո­յեան բա­րե­կամս եւս սքայ­փով կը շնոր­հա­ւո­րէ զիս ու նոյն պա­հուն կը սկսի օ­րուան տօ­նա­կան փակ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը: Ե­րե­ւա­նի տար­բեր շրջան­նե­րը նոյն ժա­մուն կ­­՚ար­ձա­կեն հրա­խա­ղեր ու պայ­թու­ցիկ­ներ: Ե­րե­ւա­նի մութ եր­կին­քը գու­նա­ւոր լոյ­սե­րով կ­­՚ո­ղո­ղի. մօտ տաս վայր­կեան գու­նա­գեղ ու լու­սաստղ եր­կին­քը կը վա­յե­լենք ես ու բա­րե­կամս: Ան ան­ցեալ ա­միս ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով այ­ցե­լեց հայ­րե­նիք, ա­նոր տե­սար­ժան վայ­րե­րը, գե­ղե­ցիկ բնու­թիւնն ու հա­մեղ ջու­րը վա­յե­լե­լուն կող­քին նաեւ ապ­րե­ցաւ հիաս­թա­փու­թիւն մը ի տես ծայ­րա­յեղ աղ­քատ­նե­րուն, մու­րա­ցիկ­նե­րուն, հայ­րե­նի­քը լքող­նե­րուն, ու.

-Աս պայ­թու­ցիկ­նե­րուն հա­մար ծախ­սուած գու­մա­րով մի­թէ քա­նի մը աղ­քատ ըն­տա­նիք չէ՞ր կշտա­նար,- ար­տա­յայ­տուե­ցաւ ան:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Սեպ­տեմ­բեր 21, 2016, Ե­րե­ւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2016