Հալէպիս

Հա­լէ՜պ…: Ո՛չ միայն ա­նուն, այլ ան­ցեալ, կեանք, կազ­մա­ւո­րում ու ե­րազ:

Հա­լէ՜պ…: Մի­թէ՞ կա­րե­լի է քեզ մոռ­նալ: Ա­հա­ւա­սիկ, մեր բա­ժա­նու­մը իր եօթ­նե­րորդ տա­րին թե­ւա­կո­խեց, բայց ա­նընդ­հատ քու մա­սիդ կը մտա­ծեմ: Տա­րի­նե­րէ ի վեր սո­վո­րու­թիւն է Աս­տու­ծոյ պար­գե­ւած ա­մէն օր Դի­մա­տետր բա­նալ, լու­րերդ կար­դալ, քան­դուած շէն­քերդ ու թա­ղերդ դի­տել եր­կա՜ր, զսպել ար­ցուն­քը որ պատ­րաստ է հո­սե­լու կայ­լակ առ կայ­լակ:

Ինչ որ ապ­րե­ցար ու տե­սար՝ ան­հա­ւա­տա­լի: Ճիշդ է, ես քու լաւ օ­րերդ վա­յե­լե­ցի, քու ե­րի­տա­սար­դու­թիւնդ, խանդդ, մեր սիր­տե­րը տաքց­նող ճա­ռա­գայթդ, ա­մառ թէ ձմեռ: Այս պատ­ճա­ռով ա­մէն օր իմ ան­ձիս հետ կռի­ւի մէջ եմ. կ՚ը­սեմ, թէ քու ներ­կայ ճա­կա­տա­գիրդ եր­կար ու գէշ ե­րազ է, որ­մէ օր մը պի­տի արթն­նամ: Ու­րիշ ձայն մը հա­կա­ռա­կը կ՚ը­սէ. ինչ որ ը­սիր՝ սխալ է: Ինչ որ հե­ռա­տե­սի­լի մէջ թէ այ­լուր տե­սար ու լսե­ցիր՝ է ճշմա­րիտ:

Ո՜հ, հինգ տա­րի­նե­րէ ի վեր ես յոգ­նե­ցայ քու հան­դէպ բախ­տին դա­ժան վե­րա­բե­րու­մէն, իսկ դուն տա­կա­ւին ինչ­պէ՞ս կը տո­կաս: Փո­ղոց­ներդ՝ ա­րիւն, չորս կողմդ՝ ա­ւեր, մահ, լաց ու կոծ: Բա­ժա­նում, վէրք, ան­ցեա­լի յա­ւերժ փա­կում: Ո՞րն է ու­ժիդ ու դի­մադ­րա­կա­նու­թեանդ գաղտ­նի­քը: Ան­հա­ւա­տա­լի ո՛չ թէ օ­րեր ու ա­միս­ներ, այլ տա­րի­ներ ապ­րե­ցար, սա­կայն քե­զի քա­շե­լու կա­խար­դա­կան գաղտ­նիքդ եր­բեք չկորսն­ցու­ցիր:

Կ՚ու­զեմ խոս­տո­վա­նու­թիւն մը ը­նել: Այս տա­ռա­պա­լից օ­րե­րուն՝ կար­ծես այս էր պա­կաս: Բայց ալ չեմ կրնար պա­հել, չեմ կրնար չխօ­սիլ ու չար­տա­յայ­տել: Տա­րի­ներ ա­ռաջ, երբ ճա­կա­տա­գի­րի բե­րու­մով կը բաժ­նուէի քեզ­մէ՝ զայ­րա­ցած ու յու­սա­խաբ էի: Սխալ էի հասկցած քեզ. ին­ծի հա­մար դուն տար­բեր նշա­նա­կու­թիւն ու­նէիր: Կը մտա­ծէի, թէ կա­րե­լի չէ ապ­րիլ քու նուի­րա­կան յար­կե­րուդ տակ - ինչ­պէս հա­ւա­նա­բար բա­նաս­տեղծ մը պի­տի ը­սէր - ու յա­ռաջ­դի­մա­կան գա­ղա­փար­ներ ար­ծար­ծել, տար­բեր տե­սա­կի կարծ­րա­տի­պեր փշրել: Կը խոր­հէի, որ պահ­պա­նո­ղա­կան մի­ջա­վայրդ կրնայ շղթա­յել ա­մե­նէն հա­մեստ եւ ա­զա­տա­միտ մարդն իսկ: Բայց ես տե­սայ յա­ռա­ջա­դէմ ու ա­զատ աշ­խար­հը: Ես տե­սայ ա­նոր ար­ժէք­նե­րը, ա­ռօ­րեայ կեանքն ու մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը: Հի­մա կը փնտռեմ քու մթնո­լորտդ ու մի­ջա­վայրդ: Հի­մա կը փնտռեմ այդ «կաշ­կան­դում»ը, ո­րով­հե­տեւ կը հասկ­նամ, որ ա­նի­կա սեղ­մում չէր, այլ իս­կա­կան ա­զա­տու­թիւն: Ա­զա­տու­թիւ­նը իր ար­ժէ­քը ու­նի, երբ ո­րոշ սահ­ման­ներ կը ճանչ­նայ: Երբ ա­ւան­դու­թիւն ու պատ­մու­թիւն կը յար­գէ: Այ­լա­պէս, ա­նոր ա­նիշ­խան տար­բե­րա­կը մար­դուս հո­գիին մէջ կրնայ զզուե­լի դարձ­նել ա­զա­տու­թիւն յղացքն իսկ:

Ար­դէն կը փի­լի­սո­փա­յեմ: Քու ան­սե­թե­ւու­թեանդ առ­ջեւ՝ այս մէկն ալ ա­ւե­լորդ է: Դուն մայր մըն էիր բո­լո­րիս հա­մար: Քու մայ­րա­կան տա­քուկ թե­ւե­րուդ տակ հա­սակ առ­նել, աշ­խար­հի բա­րին ու չա­րը ճանչ­նալ եւ տար­բեր մշա­կոյթ­նե­րու ու լե­զու­նե­րու մեր­ձա­ւո­րու­թեամբ ա­ճիլ ո՛չ միայն ան­ցեալ, ու­րա­խու­թիւն կամ նոյ­նիսկ բախ­տա­ւո­րու­թիւն է, այլ նոյ­նիսկ պա­տիւ: Ի՞նչ տե­սակ հայ մը պի­տի ըլ­լա­յի, ե­թէ հայ­կա­կան բնա­կան մթնո­լորտդ ան­դա­դար չի հա­րուա­ծեր շի­կա­ցած եր­կա­թի պէս կազ­մա­ւո­րուող հո­գիս: Ըն­տա­նե­կան սրբու­թեան նկատ­մամբ բնա­կան նա­խան­ձախնդ­րու­թիւնս, ըն­տա­նե­կան ար­ժէք­նե­րու նկատ­մամբ յա­տուկ սէրս, հայ­կա­կան իւ­րա­քան­չիւր ձեռ­նարկ տիւ ու գի­շեր փնտռելս ո­րո՞ւ կը պար­տիմ, ե­թէ ոչ քե­զի՛, սի­րե­լի Հա­լէպ: Այս բո­լո­րը չսոր­վե­ցայ գիր­քե­րու մի­ջո­ցաւ, ոչ ալ դպրո­ցի մէջ յա­տուկ ծրա­գիր ու­նէինք այս ուղ­ղու­թեամբ: «Նա­հա­պե­տա­կան» ու գե­րա­գոյն նկա­տուող ար­ժէք­ներ գի­րով չեն փո­խան­ցուիր: Ա­նոնք կեան­քէ՛ կու գան: Քու մէջդ, Հա­լէպ, այս բո­լո­րը մեր ա­ռօ­րեա­յին մաս կը կազ­մէին: Ներ­կա­յիս՝ ուր որ կը գտնուիմ, ա­նոնք բա­ցա­ռու­թիւն կը կազ­մեն:

Ա­ւերն ու մա­հը քուկդ ե­ղան, դուն՝ ա­նոնց: Սա­կայն չընկ­ճուե­ցար: Չյանձ­նուե­ցար: Կեանք ու ե­ռու­զեռ խորհր­դան­շող ա­րե­գակդ եր­բեք չխա­ւա­րե­ցաւ, հա­կա­ռակ որ օ­րե­րով կամ նոյ­նիսկ ա­միս­նե­րով ամ­պե­րուն ե­տին մնաց: Քու պատ­գամդ ե­ղաւ ըլ­լալ կաղ­նի, ըլ­լալ ե­ղէգ ու գլուխ չծռել ա­մէն կող­մէ հա­րուա­ծող հո­վե­րու: Ի՜նչ քան­դիչ հո­վեր տե­սար: Ա­նոնք ե­կան ու գա­ցին, բայց դուն տա­կա­ւին կաս ու կը մնաս:

Սի­րե­լի՛ Հա­լէպ, կը հա­ւա­տամ որ նա­խախ­նա­մա­կան է այն ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, որ տա­ռա­պան­քի ու մա­հուան բա­ժա­կէն խմե­լէդ ետք տա­կա­ւին կը փոր­ձես վե­րա­կանգ­նիլ ու լաւ ա­պա­գա­յի յոյս ներշն­չել: Հե­ռուէն նա­յե­լով ես ին­ծի հարց կու տամ. զօ­րու­թեանդ ու լա­ւա­տե­սու­թեանդ աղ­բիւ­րը ո՞ւր կը գտնուի: Կրնամ ան­վա­րան ը­սել, որ ա­տի­կա գտած եմ քու փոր­ձա­ռու­թեանդ ու պատ­մու­թեանդ մէջ: Մենք մեր նեղ հո­րի­զոն­նե­րով սո­վոր ենք պա­տա­հար­նե­րու մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ տալ: Ու­նինք նուազ քան հա­րիւր տա­րի­նե­րու կեանք եւ հե­տե­ւա­բար կը փոր­ձենք այս լոյ­սին տակ մեր դա­տում­նե­րը ը­նել: Դուն հնա­մե­նի ես: Դուն պատ­մու­թիւն կը դա­սա­ւան­դես ա­նոնց, ո­րոնք կը յա­ւակ­նին յայ­տա­րա­րել, թէ ի­րենք են քա­ղա­քակր­թու­թեան կեդ­րո­նը, մինչ հա­զիւ վաթ­սուն տա­րի­ներ ա­ռաջ ի­րենց­մէ տար­բեր ու մա­նա­ւանդ մութ գոյն ու­նե­ցող­նե­րը երկ­րորդ դա­սա­կար­գի մար­դիկ կը հա­մա­րէին (չը­սե­լու հա­մար որ նոյնն է պա­րա­գան այ­սօր, պար­զա­պէս քիչ մը տար­բեր): Քու ու­ժիդ ու ան­դա­դար մա­քա­ռու­միդ գաղտ­նի­քը քու ան­ցեա­լէն քա­ղած դա­սերն են: Դուն լաւ գի­տես, որ փո­թո­րի­կը կրնայ քան­դել ա­մէն ինչ, սա­կայն այդ մէ­կը կ՚ըլ­լայ միայն ո­րոշ ժա­մա­նա­կի մը հա­մար: Չկայ մնա­յուն փո­թո­րիկ: Չկայ ան­վերջ սպա­նու­թիւն ու խժդժու­թիւն: Ամ­պե­րը միշտ շար­ժու­մի մէջ են: Մենք այս բո­լո­րը հասկ­նա­լու մեծ դժուա­րու­թիւն ու­նե­ցանք եւ ու­նինք, ո­րով­հե­տեւ այն­քան ան­սահ­ման էր ու է մեր սէ­րը քե­զի հան­դէպ, սի­րե­լի քա­ղաքս ու ծննդա­վայրս, որ պարզ սիւ­նի մը փլու­զումն իսկ մեզ սար­սա­փի կը մատ­նէ:

Իմ խնդրանքս է, որ քեզ տես­նեմ ճեր­մակ հա­գած, հար­սա­նե­կան տա­րա­զով, կրկին սկիզ­բի մը հիմ­քը դնե­լու հա­մար: Իմ խոր բաղ­ձանքս է, որ տօ­նա­կան օ­րերդ վա­յե­լենք ան­վախ­ճան հրճուան­քով ու ե­րա­խա­յի ան­մե­ղու­նակ հա­ւատ­քով:

Հա­լէպ, դուն չես կրնար մեկ­նիլ ու թո­ղուլ քու ի­րա­կա­նու­թեամբդ ու յի­շա­տա­կովդ շնչող­ներս, ո­րով­հե­տեւ այս բո­լո­րը քու բա­ռա­րա­նիդ մէջ տեղ չու­նին: Ե­կուր, ան­գամ մը եւս սոր­վե­ցուր տհաս­նե­րուս, որ բազ­մա­դա­րեայ փո­ղոց­ներդ, շքեղ հրա­պա­րակ­ներդ, տա­քուկ բնա­կա­րան­ներդ, ճա­ռա­գայ­թող դպրոց­ներդ ու այլ հաս­տա­տու­թիւն­ներդ կա­րող են մա­հուան ը­սել «ո՛չ» ու կեանքն ընդգր­կել լայն թե­ւե­րով: Այս հա­տա­տու­մին յոյժ կա­րի­քը ու­նինք: Այս­պէ­սով մեր հո­գին ծանր կշռած քա­րը քիչ մը կը թե­թեւ­նայ ու մենք ալ քե­զի նման կ՚ա­ռաջ­նոր­դուինք լու­սա­բաղձ ա­ռա­ւօտ:

ԹՈՐԳՈՄ ՔՀՆՅ. ՉՈՐՊԱՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունուար 3, 2017