ՃԱ՜Ն, ՀԷՅ ՃԱ՜Ն, ՀԷՅ ՃԱ՜Ն, ՀԷՅ ՃԱ՜Ն…

Ճամբորդութիւնը մեծ իրադարձութիւն մըն էր մեր մանկութեան օրերուն։

Ամերիկա ճամբորդելը՝ այսինքն ովկիանոսը կտրելը… Օհօ՜հօ՜հօ՜, ամէն մարդու վիճակուած բախտ չէր։

Ո՛չ միայն սուղ էր, այլեւ՝ նախ ազգական պիտի ունենայիր, որպէսզի անոր տունը մնաս, որովհետեւ Ամերիկա մէկ շաբաթով չէին երթար, ամենաքիչը երկու ամիս։ Յետոյ «լէսէ փասէ» հանելը դիւրի՞ն էր կը կարծէք։ Վիզա ստանալն ալ ուրիշ մեծ խնդիր, ուղն ու ծուծդ կը ստուգէին, ամէն տեղէ նամակ կ՚ուզէին։ «Լէսէ փասէ»ին համար առաւօտեան չորսին-հինգին, արեւին, անձրեւին՝ քնաթաթախ շարքին մէջ պիտի սպասէիր մինչեւ կարգդ գար։ Հրել, հրմշտկել, հայհոյել, մինչեւ զիրար ծեծել եւ նոյնիսկ ատկէ ետք որդոց-որդի ուխտեալ թշնամիներ դառնալ։ Անոր համար տասնեւչորս-տասնեւհինգ տարեկան ճարպիկ տղաներ «business»ի վերածած էին։ Կանուխ կ՚երթային՝ թիւ կ՚առնէին եւ կը ծախէին մեզի նման «արիսթոքրաթներուն»…

Կամ ալ մեծ, շատ մեծ ծանօթ մը պիտի ունենայիր։

Եւ կամ ալ՝ վերուստ ծրագրուած ԲԱԽՏ…

1991-ին էր, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին եօթներորդ համագումարին պիտի մասնակցէի Էջմիածնի կողմէն իբր պատուիրակ Աւստրալիոյ մէջ։ Ընդամէնը մէկ ամիս ունէի պատրաստուելու համար, եթէ բախտս բերէր եւ «լէսէ փասէ» կոչուածը հասցնէի՝ վիզան դիւրին էր, որովհետեւ պաշտօնական նամակ ունէի, թէ ինչո՞ւ պիտի երթամ։ Թերեւս եթէ խնդրեմ, բացատրեմ, որպէսզի ժողովի պիտի մասնակցիմ եւ պաշտօնեային բարեսրտութիւնը գնահատեմ, մարդու տեսակը փառաբանեմ, քիչ մըն ալ «ճիլվէ» ընեմ, եթէ կոշտ ու կոպիտ տունը հասունցած աղջիկ մը չէ, բախտս կրնայ քալել, կ՚օգնէ եւ առաջ կը տանի թուղթերս։

Բայց… Օգնութիւնը որոշուած էր։

Կարգս մօտ է, հինգ-վեց հոգի կան ինձմէ առաջ, այս անգամ դուռը կեցած պատասխանատուն, որ ներս մտնելու թիւերը կը ստուգէ եւ կը կարծէ իրմով աշխարհը կը դառնայ, պոռաց-կանչեց դրան առջեւ կեցողներուն վրայ, հրեց-հրմշտկեց եւ ներսէն երեք հոգի դուրս եկան, շատ պարզ, հասարակ հագուած։ Ես փետուրի չափ թեթեւ ու ասեղի ծակէն անցնելու չափ նիհար՝ այդ հրմշտուքին մէջ շարքէն դուրս ինկայ…

Եւ… Բախտս բացուեցաւ։

Դուրս ելլող տղամարդոցմէ մէկուն դրամապանակը գրպանէն գետին ինկաւ։ Որպէսզի ոտքի տակ չկորսուի, անմիջապէս վերցուցի եւ վազեցի մարդուն ետեւէն։

-Պարոն, ձեր դրամապանակն է, գետին ինկաւ… Ճիշդ հոն։

Ձեռքը գրպանը տարաւ, գլուխը շարժեց եւ դրամապանակը առաւ ինձմէ.

-Շատ շնորհակալ եմ, ինչո՞վ կրնամ օգնել։

-Ոչ մէկ բան, կը ներէք չեմ կրնար խօսիլ, կարգս չկորսնցնեմ։

-Կարգդ չես կորսնցներ, հետս բարձրացիր։

Բարձրացանք։ Պաշտօնեաները իրար անցան, որ ինչու իրենց պետը ետ դարձաւ։ Մտանք իր գրասենեակը, տուեալներս առաւ, լաւ մը զննեց, մէկու մը կանչեց ու յանձնեց եւ սուրճ պատուիրեց.

-Ինչո՞վ կը զբաղիք։

-Arta Gallery կ՚աշխատիմ եւ տոքթորականի թեզս կը գրեմ։

-Իսկ Աւստրալիա ի՞նչ պիտի ընէք։

-Եկեղեցական ժողովի պիտի մասնակցիմ։

-Բաժնուած էք… Այդ ո՞ր յիմարը ձգեր է, որ երթաք։

Չեմ գիտեր ինչու աչքերս լեցուեցան, չէի մտածած, որ զիս չգնահատողը կրնայ յիմար ըլլալ…

-Էհ, գեղեցիկները բախտ չեն ունենար, կ՚ըսեն։

-Ո՞վ ըսաւ, դուք ունիք։ Ես գործով պիտի երթամ, մինչեւ մէկ ժամ ձեր «լէսէ փթասէ»ն պատրաստ կ՚ըլլայ։

-Իսկապէս ինչ բախտաւոր եմ, որ ձեր դրամապանակին իյնալը տեսայ։

-Ինչ բախտաւոր եմ, որ դուք տեսաք։

Ընդհանուր սրահին մէջ քառասուն վայրկեան սպասելէ ետք «լէսէ փասէ»ս առած դուրս ելայ…

Անհաւատալի՝ բայց իրա՛ւ։

Աստուծոյ գործերը անքննելի են… Ես պիտի երթայի այդ ժողովին, որովհետեւ այդ ժողովէն ետք կեանքս ամբողջովին պիտի փոխուէր…։

Հիմա դառնանք մեր ճամբորդութիւններուն։

1978-ի սեպտեմբերն էր։ Եղբայրս Ամերիկա պիտի մեկնէր ուսումը շարունակելու։ Ուրախ էինք, անշուշտ, ծնողքիս անդրանիկ զաւակը դպրոցը աւարտած էր եւ համալսարանական դառնալու ճամբուն վրայ էր։

Ինչպէս պիտի բաժնուինք, ամբողջ տարի մը պիտի չտեսնուինք, կարօտ, ա՜խ, կարօտ, մեկնելու որոշումը հաստատուելէն ետք ամբողջ ամիս մը «Կարօտ» երգը Լեւոն Գաթրճեանի կատարմամբ մտիկ կ՚ընէինք, կը յուզուէինք…

-Սար, բան մը չեմ ուզեր, միայն տարին շուտ անցնի, արագ մը գաս, շատ պիտի կարօտնամ քեզ։

Եւ վայրկեան մը վերջ կը կռուէինք.

-Եթէ երթա՜ս, ինչ աղուո՜ր սենեակը ինծի կը մնայ։

Տասն վայրկեան ետք.

-Սուտ եմ, սուտ եմ, շատ պիտի կարօտնամ քեզ, մասնաւոր ըսի, որ ջղայնացնեմ։ Չհաւատաս։

1976-ին առաջին անգամ ըլլալով եղբօրմէս բաժնուած էի ամիսով մը։ Յորդանան գացած էինք եւ հօրեղբօրս կինը, որ աղջիկ զաւակ չունէր, շատ ուզած էր, որ քովը մնամ։

-Արփիկ, ըսած էր մօրս, քու աղջիկդ է, բայց ամիս մը ես վայելեմ։

-Նուարդ քոյրիկ, պատասխանէր էր մայրս, եթէ կը դիմանայ՝ թող մնայ։ Գիտես, որ աղջիկս շփացած է, գործ ընել ալ չի գիտեր, շատ յոյսեր չկապես։

-Կը դիմանամ, կը դիմանամ, միջամտած էի ես։

Հօրեղբօրս տղաները շատ կը շփացնէին նուէրներով, անուշեղէններով, ինչո՞ւ չմնամ։ Յետոյ մամաս ըսաւ, որ գործ ընել չեմ գիտեր, ուրեմն ինձմէ բան սպասող չկայ։

Բայց այդ ամիսը ես սորվեցայ տղամարդու շապիկ արդուկել, որ հօրեղբօրս տղաները աւելի սիրեն զիս։ Սխտոր, որ կեանքիս մէջ չէի դպած անգամ, մաքրեցի, որովհետեւ հօրեղբօրս կինը ճաշի ժամանակ պիտի յայտարարէր, որ ճաշը պատրաստելուն օգնած եմ։ Սակայն այդ բոլորին հետ եղբօրս կարօտը սկսաւ տանջել զիս։ Քով-քովի անդադար կը կռուէինք, բայց իրարմէ չէինք կրնար հեռանալ։ Անբաժան էինք, տարբերութիւննիս մէկ տարի էր ճիշդ եւ զոյգի նման մեծցած էինք։ Եղբօրս կոկորդը ցաւէր՝ իմս ալ կը ցաւէր, եղբայրս յոգնած կու գար ոտնագնդակի խաղէն, ես ալ յոգնած կը զգայի։ Եղբայրս անօթենար՝ ես ալ կ՚անօթենայի։

Այդ տարին «Jaws» շարժապատկերը նոր մէջտեղ ելած էր եւ հօրեղբօրս տղուն հետ գացի, դեռ շանաձուկին պատկերը վրան պլուզ մըն ալ առաւ ինծի համար։

Երբ ծնողքս ու եղբայրս եկան զիս առնելու, ես այդ պլուզը ձեռքս վազեցի եղբօրս ու իրեն նուիրեցի։ Շատ սիրեց, անմիջապէս հագուեցաւ։ Կէս ժամ ետք կռուեցանք եւ պլուզս ետ ուզեցի։

Այսպէս շատ նման էինք TOM and JERRY-ին։

Բայց հիմա ուրիշ էր, եղբայրս մէկ տարիով պիտի բացակայէր…

-Հրանդ օդոյին մէջ տեղ կա՞յ, ես ալ կ՚ուզեմ գալ, յայտարարեց հօրաքոյրս։

-Եթէ տեղ կայ՝ ես ալ կու գամ, «ձայն մը հնչեց» ուրիշ անկիւնէ մը։

-Մենք ալ կու գանք, ինչո՞ւ չէ…

-Պապ, ընկերներս ալ կ՚ուզեն գալ։

Ուրեմն հայրս պզտիկ պաս մը վարձեց եւ…

Ճա՜ն, հէյ ճա՜ն, հէյ ճա՜ն, Հէյ ճա՜ն Ամերիկա,

Գացինք օդակայան…

Հայրը, մայրը եւ քոյրը,

Հօրաքոյրն ու մօրաքոյրը,

Հօրեղբայրն ու մօրեղբայրը,

Կնքահայրն ու կնքամայրը,

Զարմիկներն ու զարմուհիները,

Ապագացու խնամիները,

Դուռ դրացին, ընկերները,

Ծանօթն ու անծանօթը…

Ճա՜՜՜՜՜ն, հէյ ճան, հէյ ճան, հէյ ճան…

Հէյ, ճան, Ամերիկա…

Բարի մաղթանքներով, արցունքներով, պաչիկներով ու փաթթուկներով ճամբու դրինք եղբայրս։

-Ե՞րբ կը հասնի…

-Վաղը կէսօրէն ետք։

-Մենք բոլորս կու գանք վաղը, նայինք ինչպէս հասաւ։

Գիշերը այդքան ծանր չէր եղած երբեք։ Աչքերս չգոցուեցան, գացի ծնողքիս ննջասենեակը, անոնք ալ չէին քնացած։ Երկուքին մէջտեղը մտայ.

-Ես այս գիշեր հոս պիտի պառկիմ, ըսի… Այդ սենեակը կը փլիկօր…

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

28 դեկտեմբեր, 2024, Երուսաղէմ

Ուրբաթ, Յունուար 3, 2025