ԹՈՒՐՔԻԱ-ՍՈՒՐԻԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԼՈՒՍԱՐՁԱԿԻ ՏԱ՞Կ

Սուրիահայ վերլուծաբան Սարգիս Պուռունսուզեանի հետ ունեցանք հեռավար զրոյց մը, որուն սղագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

-Գիտենք, որ Սուրիան մասամբ կարողացաւ վերատիրանալ այն շրջաններուն, որոնք պատերազմի զանազան փուլերուն անցած էին ընդդիմադիր կոչուած կամ յաճախ հրոսակախումբերու պատկերով ներկայացուած ծայրայեղականներու ձեռքը, սակայն պատերազմը տակաւին աւարտած չէ, ի՞նչ կրնաք ըսել այս մասին: Այսօր որո՞նք են տաք գօտիները Սուրիոյ մէջ, իսկ ձեր տեսակէտով՝ այս պատերազմը ե՞րբ կը հասնի իր աւարտին։

-Սուրիոյ կառավարութիւնը եւ բանակը կարողացաւ տիրանալ երկրի գրեթէ 65 առ հարիւրին: Կը մնան երեք «տաք շրջաններ», որոնց մասին կարճ տուեալներ կ՚ուզեմ ներկայացնել մեր ընթերցողին։ Առաջին ամենէն վտանգաւոր շրջանը՝ Իտլիպն է, որ կը գտնուի Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան կողմը, այդ շրջանը, կարելի է ըսել, դարձած է ահաբեկիչներու եւ ծայրայեղականներու «շտեմարան», ուր կը գտնուին աշխարհի բոլոր կողմերէն ժամանած ահաբեկիչներ՝ ի մասնաւորի թիւրքմեններ, ույղուրներ, կան արաբ ահաբեկիչներ՝ եգիպտացի, թունուզցի, լիպիացի եւ սէուտցի, նաեւ կան տեղացի ահաբեկիչներ: Ճիշդ է, որ աշխարհի բոլոր ոճրագործներն ու ահաբեկիչները հաւաքուած են այնտեղ, բայց Սուրիոյ բանակը անմիջական ձեւով պաշարած է զիրենք, մերթ ընդ մերթ հարուածներ կը հասցնէ անոնց, ներկայիս սակայն տեղքայլի մէջ է վիճակը: Պէտք չէ մոռնալ, որ իւրաքանչիւր տաք շրջանի կռնակը կանգնած է շրջանային ուժ մը, որ կը մատակարարէ ու թիկունք կը կանգնի անոնց, իսկ Իտլիպի շրջանը կատարելապէս թրքական վերահսկողութեան տակ է եւ կը գործէ անոնց ցուցմունքներով:

Երկրորդ վտանգաւոր շրջանը՝ հիւսիսային կողմն է, ուր կը տիրապետեն  քրդական ուժեր, որոնց նեցուկ կը կենայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բանակը, նոյնիսկ կան մէկ-երկու փոքր ամերիկեան խարիսխներ: Այդ շրջանը Թուրքիոյ համար ալ վտանգաւոր է, հետեւաբար թուրք բանակը յաճախ գործողութիւններ կ՚իրագործէ։ Մինչեւ հիմա երեք գործողութիւններ իրագործած են. առաջինը՝ մեծամասնութեամբ քիւրտերով բնակեցուած Աֆրինը գրաւած է, երկրորդ քաղաքը, որ դարձեալ գրաւուած է թուրք բանակին կողմէ Ճերապլուսն է, իսկ երորրդը՝ Արաբունարի (Քոպանի, կամ Այն Արապ) շրջանն է, ուր տեղակայուած են թրքական հովանաւորութեամբ տեղական ուժեր:

Երրորդ տաք շրջանը, որ աւելի նուազ վտանգաւոր կը համարուի, Սուրիոյ հարաւային հատուածն է, ուր կեդրոնացած են տեղացի ծայրայեղականներ, որոնց նեցուկ կը կանգնի Իսրայէլը:

Իմ կարծիքով՝ Ռուսաստան իր քաղաքական ամբողջ կշիռը դրած է, որպէսզի լուծում մը գտնուի այս երեք շրջաններուն մէջ, բայց եթէ քաղաքական լուծում չգտնուի եւ եթէ ռուսական կողմի ջանքերը յաջողութիւն չգտնեն՝ կը կարծեմ, որ գոնէ առաջին եւ ամենէն վտանգաւոր շրջանին՝ Իտլիպի մէջ, պատերազմական լուրջ գործողութիւն մը պիտի իրականացուի։

-Այս օրերուն կը լրանայ Սուրիոյ պատերազմին 10-րդ տարելիցը։ Ի՞նչ զգացումներով կը դիմաւորէք ցաւի, արիւնի, կորուստի, դժուարութիւններու եւ տագնապի այս 10-րդ տարելիցը:

-Սուրիոյ մէջ տասն տարուան պայքարէ ետք կրնամ ըսել, որ իմ անձնական ներքնաշխարհը այնքան ալ ուրախ չէ, երբեմն բարոյալքուած կը զգամ ինքզինքս երկու պատճառներով: Առաջինը՝ որ ես Սուրիոյ բարգաւաճ շրջանը ապրած եմ, տեղւոյն համալսարաններուն մէջ ուսումս ստացած եմ, տեսած եմ երկրին փայլուն շրջանը իր բոլոր կարելիութիւններով՝ ենթակառոցները, հանրային հիւանդանոցները, դպրոցները, մշակութային ու մարզական հաստատութիւնները, այդ բոլորը վայելելէ ետք, ցաւօք սրտի, անոնց քանդումին ալ ականատես եղայ։ Այդ բոլորը այսօր գետնին հաւասարած են: Այսօր, տասն տարի ետք, տարածքաշրջանին մէջ տնտեսապէս հզօր Սուրիան, որ արտաքին աշխարհին որեւէ պարտք չունէր, գրեթէ սնանկացած վիճակի մէջ է: Իսկ երկրորդ ցաւը, որ իբրեւ հայ կը զգամ, երբ, դժբախտաբար 2020-2021-ին իմ մայր հայրենիքիս աղէտը տեսայ, հայոց պատմութեան մէջ չորս աղէտ ունեցած ենք, անոնցմէ մէկը այս վերջին պատերազմի ամօթալի պարտութիւնն էր: Մեր զաւակներուն ի՞նչ պիտի ըսենք, ինչպէ՞ս պիտի դաստիարակենք այլեւս զանոնք, երբ մենք այսօր պարտուած ժողովուրդի մը կը պատկանինք: Այս երկու ցաւալի զգացումները կը պատեն զիս այս վայրկեանիս:

-Շատ հետաքրքրական եւ կարեւոր է իմանալ, թէ ի՞նչ կ՚ընթանայ Սուրիոյ հիւսիսային հատուածներուն մէջ, ուր միախառնուած են Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, նաեւ Սուրիոյ պետութեան կողմէ անջատողական համարուող քիւրտերու շահերը եւ ներկայութիւնը։ Միւս կողմէ, յաճախ ամերիկեան կամ արեւմտեան դաշնակից ուժերու թիրախ կը դառնան այդ տարբեր շրջաններու տարբեր կողմերու դիրքերը: Այսօր ի՞նչ քաղաքական կամ զինուորական գործընթացներ կ՚ընթանան՝ յատկապէս Սուրիոյ հիւսիսային հատուածներէն ներս:

-Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի գործընթացներուն, այսօր քրդական քաղաքական ուժերուն մէջ երկու հոսանքներ կան: Առաջին հոսանքը կատարելապէս ենթակայ է ԱՄՆ-ի ու անոր հրահանգներուն, իսկ երկրորդ հոսանքը՝ այդքան ալ չ՚ազդուիր Ամերիկայի ցուցմունքներէն եւ կը ջանայ քաղաքական լուծում մը հաստատել Սուրիոյ կառավարութեան հետ: Ի դէպ, այստեղ երկու ըս-պառնալիք կայ։ Իմ կարծիքով՝ միակ լուծումը այս շրջանը արտաքին որեւէ սպառնալիքէ ազատելն է։ Դամասկոսի հետ քաղաքական լուծում մը գտնելն է, իսկ զինուորական գետնի վրայ Սուրիոյ բանակն ու կառավարութիւնն է, որ յենարանը պիտի ըլլայ շրջանի խաղաղութեան եւ ապահովութեան, հասնելով մինչեւ հիւսիսային սահմանը:

-Սուրիան մաս կազմեց եւ կը կազմէ շրջանային դաշինքին, որուն մէջ անշուշտ գլխաւորաբար կան Իրանը, Ռուսաստանը եւ հեռաւոր Չինաստանը: Այս բոլորին մէջ Թուրքիան ալ ինչ-որ դեր ունի: Ի՞նչ կը մտածէք, այս բոլորը ինչպէ՞ս կը համարկուին Սուրիոյ մէջ եւ ապագային Թուրքիոյ հետ ինչպիսի՞ քաղաքականութեան կը սպասուի:

-Ճիշդ է, որ Սուրիան մաս կը կազմէ նախ եւ առաջ «Դիմադրողական ճակատ»ին, ուր հիմնական դեր ունին Իրանը եւ կարգ մը քաղաքական ուժեր՝ Լիբանանէն եւ Պաղեստինէն: Այս ճակատին դաշնակիցներն են, բնականաբար, Ռուսաստանն ու Չինաստանը: Թուրքիոյ դերը հիմնական է Սուրիոյ մէջ։ Ան ամենէն մեծ արեւմտեան գործիքն է, ճնշում բանեցնելու Սուրիոյ վրայ, նաեւ պէտք չէ մոռնալ, որ Թուրքիան անդամ է ՆԱԹՕ-ի, որու հետ համագործակցաբար կը շարժի։ Այս պարագային՝ հիմնական ուժը ԱՄՆ է, որ կը թելադրէ Թուրքիոյ անոր խաղալիք որոշ դերը Սուրիոյ մէջ: Բայց հետաքրքրականը հետեւեալն է. Սուրիոյ ցամաքային ելքը դէպի Եւրոպա՝ Թուրքիոյ տարածքով կ՚անցնի, իսկ Թուրքիոյ ցամաքային ելքն ալ կ՚անցնի Սուրիոյ միջով, հետեւաբար փոխադարձաբար երկու կողմերը պէտք ունին միջին ելքի մը՝ համաձայնութեան մը: Այս առընչութեամբ հիմնական կը տեսնեմ Ռուսաստանի արտաքին քաղաքականութեան շատ մեծ դերը, գտնելու այդ միջին ելքը: Այստեղ կ՚ուզեմ յիշել բարեյիշատակ Սուրիոյ նախկին նախագահ՝ Հաֆըզ Էսատին խօսքը, որ Սուրիան պէտք չէ մնայուն թշնամութիւն ունենայ Թուրքիոյ հետ, միեւնոյն ատեն պէտք չէ մնայուն բարեկամութիւն ունենայ անոր հետ, այսինքն միջին լուծում մը պէտք է, որպէսզի յարաբերութիւնները շարունակուին երկու պետութիւններուն մէջ:

-Սուրիան այսօր ունի նաեւ տնտեսական բարդ ու դժուար օրակարգ, երկիրը պաշարուած է զանազան ուղղութիւններով, նաւթի, կազի, ջուրի, դեղօրայքի եւ այլ հարցեր կան: Ձեր կարծիքով՝ այդ բոլորը քաղաքական նպատակներո՞վ կը կատարուին եւ հանգուցալուծումը ո՞ւր կը տեսնէք:

-Այսօր Սուրիան պատերազմի ամենէն լուրջ եւ վտանգաւոր հանգրուանը կ՚ապրի, որովհետեւ ճիշդ է, որ պատերազմը զինուորական գետնի վրայ թերեւս մօտեցած է իր աւարտին, նկատի առնելով բանակի յաղթանակները, բայց այսօր սկսած է աւելի վտանգաւոր պատերազմ մը, որ տնտեսականն է, ինչ որ շատ վատ ազդեցութիւններ կը թողու ժողովուրդին վրայ։ Վերջին շրջանին Սուրիոյ տնտեսութիւնը կողմնակի լուծում մը գտած էր իր հարցերուն՝ մանաւանդ Լիբանանի միջոցաւ դրամատնային հարցերուն, սակայն երկար չտեւեց։ Դժբախտաբար այսօր Լիբանանի տնտեսական տագնապը իր շատ վատ անդրադարձը ունեցաւ Սուրիոյ տնտեսութեան վրայ եւ ժողովուրդը ներկայիս բառին բուն իմաստով կը տառապի: Արեւմուտքը կը կարծէ, թէ այս ճնշումներու ճամբով Սուրիոյ պետութիւնը նեղ կացութեան կը մատնէ ու կը պատժէ, բայց իրականութեան մէջ պատժուողը ժողովուրդն է, որ այս դաժան սահմանափակումներու հետեւանքով դժուար օրեր կ՚ապրի, այսինքն ինչպէս միշտ, տուժողը ժողովուրդն է:

-Որպէս վերլուծաբան, հայութեան վիճակը ինչպէ՞ս կը գնահատէք: Արդեօք հայութիւնը այլ փոքրամասնութիւններու կողքին ապագայ ունի՞ Սուրիոյ մէջ. ինչպէս՝ ասորիներու, յոյներու, քիւրտերու կամ միւս բոլոր բաղկացուցիչ տարրերու կողքին:

-Հայութիւնը միշտ Սուրիոյ մէջ եղած է հիմնական բաղկացուցիչը ժողովուրդին։ Կարելի է ըսել, որ հայերը Սուրիոյ մէջ կրնան լաւ ապագայ ունենալ, երբ տեղացի ժողովուրդի պայմանները լաւանան: Այսօր որեւէ արգելք կամ հալածանք չի սպառնար հայերուն իբրեւ հայ, ինչ որ դժուարութիւններ կան, բոլորին համար են, ներառեալ հայերը: Սուրիահայերը ինչպէս հարիւրաւոր տարիներ ներկայութիւն ունեցած են Սուրիոյ մէջ, վստահ եմ, որ այդ ներկայութիւնը պիտի շարունակուի։ Մենք որպէս հայութիւն Սուրիոյ մէջ կը վայելենք համայն սուրիացի ժողովուրդի յարգանքն ու սէրը, երբեք հարց չենք ունեցած սուրիացի որեւէ ցեղախումբի կամ համայնքի եւ կամ ուրիշ բաղադրիչի հետ: Հայերու ապագան Սուրիոյ մէջ ես կը տեսնեմ լաւ, եթէ անշուշտ Սուրիոյ տագնապը փարատի եւ երկիրը վերադառնայ իր անցեալի բարւոք օրերուն։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մայիս 3, 2021