ԱԹՈՌԻ ՄԸ ԳԱՆԳԱՏՆԵՐԸ

Սի­րե­լի ու պաշ­տե­լի իր մը ըլ­լա­լու եմ մարդ­կանց կող­մէն...: Այս կր­­քոտ սի­րոյ պատ­ճա­ռը ի՞նչ է, չեմ հասկ­նար: Պա­րոյր Սե­ւա­կի տուած ա­ծա­կա­նը, ըն­դա­մէ­նը չոր­քո­տա­նի մըն եմ՝ մարդ­կանց ծա­ռա­յե­լու ստեղ­ծուած: Բայց մարդ­իկ զ­­իս ուն­ե­նա­լու եւ պահ­ել­ու հա­մար՝ խառ-­նակ­չութ­իւնն­եր կը սարք­են, ստոր­նու­թիւնն­եր կ՚ըն­են, կա­տա­ղի կռիւ ու պայ­քար կ­­ը մղեն, մոռ­նա­լով իր­ենց մարդ­կայ­ին ծա­գում­ը՝ զ­­իս, համ­եստ չորք­ո­տա­նիին ա­կա­մայ կ­­ը ծա­ռա­յեն՝ յան­ուն իմ հան­դէպ ուն­ե­ցած իր­ենց ան­սահ­ման ս­­իր­ոյն:  Բայց ո­չ ոք զի­ս չի հարց­նե­ր, թէ ար­դե­օք ես ո­րո­՞ւն կը սի­րե­մ... երբ հար­ցը զի­ս հաս­նի­, փո­խա­դարձ սի­րո­յ հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը կը կոր­չի­: Այդ իսկ պատ­ճա­ռով, յա­ճախ ի­մ ու կարգ մը մարդ­կանց յա­րա­բե­րու­թի­ւնը եր­կար չի տե­ւե­ր: Վեր­ջա­պէս ոչ սի­րե­լի յե­տո­յքնե­ր կ­րե­լու համ­բե­րու­թիւ­նը սահ­ման մը ու­նի­...: Զի­ս չ­ճանչ­ցող­նե­րուն «ո­րո­նք քիչ չեն», կը ներ­կա­յաց­նեմ իմ հիմ­նա­կան մա­սե­րս: Նախ ը­սե­մ, որ այն փայ­տը, մե­տա­ղը, քա­րը կամ ոս­կի­ն, որ կը տրա­մադ­րուի զի­ս կա­ռու­ցե­լու, ա­նոնց­մէ ա­մէն մէ­կը իր ա­նու­նը ու­նի­՝ Հա­մե­ստու­թի­ւն, Խո­հե­մու­թի­ւն, Ազ­նուու­թի­ւն եւ Պար­տա­կա­նու­թի­ւն: Այս չո­րս ոտ­քե­րուս վրայ հար­թակ մը կայ, զո­ր ան­մի­ջա­կա­նօ­րէ­ն կը կրէ մար­դու նստա­տե­ղը­՝ կը կո­չուի Աշ­խա­տանք, որ­մէ կը բարձ­րա­նայ մէ­ջքի յետ­նա­րա­նը­, եւ կը կո­չուի Օ­րէ­նք: Վստահ եմ, որ զի­ս տի­րա­նալ ցան­կա­ցո­ղնե­րէ­ն մէկ մա­սը ծա­նօթ չէ իմ այս բա­ղադ­րեալ­նե­րուս, ուս­տի եւ ա­նոնց նկատ­մամբ ես ան­տար­բեր եմ...:

Ես ու­նի­մ սի­րո­յ ն­կատ­մամբ իմ չա­փա­նի­շե­րս, ո­րո­նք հե­տե­ւե­ալ­ներն են՝

- Կը սի­րե­մ ա­մուր ու աշ­խոյժ ոտ­քե­րո­վ մարդ­կանց, ո­րո­նք պատ­րաստ ե­ն վազ­վ­զու­քի­, ճա­նա­պարհ­նե­ր կտ­րե­լու, բեռ ու պա­տաս­խա­նա­տուու­թի­ւն կ­րե­լու: Ե­կուր տես, որ նստիլ ցան­կա­ցող­նե­րուն ո­րո­շ մա­սը այս դա­սին չեն պատ­կա­նիր, այլ տկար ու յոգ­նած ո­տքե­ր ու­նե­նա­լով՝ ա­թոռ կը տեն­չան հանգս­տա­նա­լու...:

- Հա­ւա­սա­րակշ­ռուած հո­գե­կա­նով, խա­ղաղ մարդ կը սի­րե­մ: Ջղա­յի­ն մար­դը ա­պա­հո­վ տէր մը չի կրնար ըլ­լալ. ան ջղա­յին վի­ճա­կի մը մէջ, ան­տե­սե­լո­վ ա­մէն ինչ, կրնայ շուր­ջի­ննե­րուն քան­դում պատ­ճա­ռել՝ մէջն ըլ­լա­լով ես...:

- Ըն­կե­րնե­րուն կար­ծի­քը մտիկ ը­նո­ղ ու հա­շուի առ­նող մար­դը կը նա­խը­նտ-րե­մ, ո­րո­վհե­տե­ւ ան մարդ­կա­յին գան­ձը հան­դի­սա­ցող՝ ու­ղե­ղը գնա­հա­տող մը կ՚ը­լլայ, կը գի­տակ­ցի, որ քա­նի մը ու­ղե­ղնե­րու գոր­ծու­նէ­ու­թե­ան ար­դի­ւնքը ա­ւե­լի նա­խընտ­րե­լի է մէ­կը­, նոյ­նի­սկ ե­թէ այդ մէ­կը իր սե­փա­կանն է: Մէկ խօս­քո­վ մե­նա­տէր՝ «Տիք­դա­դոր» մարդ չեմ կրնար սի­րե­լ...:

- Սի­րո­վ կը ծա­ռա­յեմ թե­թե­ւ ու մեծ հո­գի­ով մար­մին­նե­րու, ո­րո­նց ներ­կա­յու­թեան շու­քը կը տա­րա­ծուի շուրջ­բո­լո­րը­: Մար­դիկ՝ ո­րո­նց ծան­րու­թե­ան կե­դրո­նը ի­րե­նց գ­լուխն է, եւ ոչ թէ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէ­ն իմ կրած նստա­տե­ղի­ն:

- Ան­մա­քուր յե­տո­յքնե­ր տա­նի­լ չեմ կրնար: Փոր­ձէ ել­լե­լո­վ զանոնք եր­կու կար­գի կը դա­սեմ՝ յե­տո­յքնե­ր, ո­րո­նք ի սկզբա­նէ կեղ­տո­վ լե­ցուն կ՚ը­լլան, վրաս նստե­լո­վ կ­՚ու­զե­ն ծած­կե­լ ի­րե­նց ան­ցան­կա­լի վի­ճա­կը­, եւ յե­տո­յքնե­ր՝ ո­րո­նք վրաս այն­քան եր­կար կը նստին, որ մի­զա­նիւթ պա­րու­նա­կո­ղ քր­տին­քո­վ կը պա­տուի­ն, զո­ր նոյն­պէ­ս ան­ցան­կա­լի է: Չեն ձգեր, որ քիչ մը շունչ քա­շե­մ...:

- Նստած մար­դուն, ոտ­քի կե­ցո­ղի բար­­ձուն­քէ­ն դի­տե­լը անտ­րա­մա­բա­նա­կան է...: Բնու­թեա­ն պար­զա­գոյն օ­րէն­քն ան­գամ, կը ստի­պէ ա­նոր գլու­խը վեր բարձ­րաց­նել­՝ ոտ­քի կե­ցող­ին հետ խօ­սե­լու ժա­մա­նակ եւ ոչ թէ վար: Այս ա­մե­նա­պարզ օ­րէն­քը չհասկ­ցող­ն ու չկի­րա­ռո­ղը՝ նուա­զա­գոյ­նը ան­բան մը ըլ­լա­լու է, ինչ­պէ՞­ս սիր­եմ ես զայն...:

- Նստած մար­դը հա­մեմ­ա­տա­բար ա­ւե­լի հան­գիս­տ կ­՚ըլ­լայ: Ե­թէ ան չմտա­ծէ շուր­ջը՝ ոտ­քի կե­ցող­նե­րու­ն հան­գիս­տին մա­սին­, դուռ կը բա­նայ ա­նոնց, աչք դնե­լու իմ վրաս՝ որ­պէս հան­գիս­տի մի­ջոց­, եւ ա­նոնք խլել կը փոր­ձեն զիս­, վտան­գել­ով կան­գու­ն վիճ­ակս...: Զիս վտան­գող­ը ես չեմ սի­րեր­:

- Կան մար­դիկ, ո­րոն­ք զիս չու­նեն­ա­լու պա­րա­գա­յին կը փոր­ձեն ոչն­չաց­նել՝ «կամ ինձ կամ ոչ ո­քի» ը­սե­լով: Ե­թէ նոյ­նիս­կ ան բռնի նստի վրաս, ա­պա ես միշտ վա­խով պի­տի կրեմ զայն՝ ոտ­քեր­ս պիտ­ի դո­ղան ու ա­նա­պա­հով պի­տի ըլ­լան ա­նոր հա­մար:

- Ան­շուշտ լե­ցու­ն մարդ կը նախըն­տ-րեմ, ոչ միայն գրպան­նե­րով­՝ այ­լեւ գլու­խով, որ­պէս­զի ճիշդ գնա­հա­տէ իմ ծա­ւալ­ներս եւ ըստ այդմ գոր­ծէ, ա­ռանց նսե­մաց­նե­լու եւ խայ­տա­ռա­կել­ու հան­գա­մանքս, կամ գե­րագ­նա­հա­տե­լով հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ­ս՝ ծաղր ու ծա­նակ ըն­ե­լով վտան­գէ ներ­կա­յու­թիւ­նս:

- Կ՚ու­զեմ ար­ժե­ւոր­ուիլ տի­րոջ­ս պատ­ճա­ռով­, ոչ թէ ար­ժե­ւոր­ել զայն ին­ձմով: Վեր­ջա­պէս ես եմ են­թա­կան եւ ոչ թէ ին­քը: Որ­քա՞ն տգեղ կը հնչէ՝ երբ «այս էշ­ը այս մար­դու­նն է» ը­սել­ու փո­խա­րէն՝ «այս մար­դը այս իշ­ուն կը պատ­կա­նի» ը­սու­ի...:

- Հա­ւա­տա­ցէ՛­ք, այս տու­ած չա­փա­նիշ­ներս դժուար մէկ­տե­ղու­ող չեն, ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ մարդ ա­րա­րա­ծին պար­զա­գոյն յատ­կու­թիւն­ներ­էն մի քա­նին են, ար­ժանիք­ներ­՝ ո­րոն­ք մար­դը վեր կը դա­սեն իմ նման չոր­քոտ­ա­նի­ներ­է ու ի­րա­ւուն­քը կու տան բարձ­րա­նալ իմ վրայ:

-Վեր­ջա­պէս կը պա­հան­ջեմ, որ վրաս նստո­ղը մարդ ըլ­լայ, եւ ոչ թէ մար­դու կեր­պա­րան­քով չոր­քոտ­ա­նի մը: Ես ին­քս չոր­քո­տա­նի եմ, չեմ ու­զեր այդ ա­ծա­կանս կրկնա­պատ­կել­...:

ՏՔԹ. ՃՕՐՃ ԲԱՐ­ՍԵ­ՂԵԱՆ

«Զար­թօնք», Լի­բա­նան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2016