ՀՐԱՇԱԼԻ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ

Միջազգային լրատուամիջոցներ վերջերս անդրադարձան մարդոց կեանքերը փրկած 10-ամեայ, 16-ամեայ եւ օդանաւով թռիչքի համաշխարհային մրցանակ հաստատած 17-ամեայ երեք պատանիներու, որոնք դրական գործունէութեամբ օրինակ կը ծառայեն իրենց տարեկիցներուն եւ յոյս կը ներշնչեն չափահասներուն:

*

«ՀԵՏԵՒԵՑԷ՛Ք ՁԵՐ ԵՐԱԶՆԵՐՈՒՆ»

17-ամեայ Մաք Ռատերֆորտ դարձաւ ամենէն երիտասարդ օդաչուն, որ առանձին թռիչք կատարած է ամբողջ աշխարհի շուրջ, փոքր օդանաւով մը անցեալ շաբաթ իջաւ Պուլկարիա, ուրկէ անոր ճամբորդութիւնը սկսած էր հինգ ամիս առաջ:

Պելժիացի-բրիտանացի երկքաղաքացի Մաք Ռատերֆորտ էջք կատարած է Պուլկարիոյ մայրաքաղաքը՝ Սոֆիայէն արեւմուտք գտնուող օդանաւակայանի ուղիներէն մէկուն վրայ, որպէսզի աւարտէ իր առաջադրանքը եւ արձանագրէ «Կինես»ի երկու մրցանիշ:

Մաք դառնալով ամենէն երիտասարդ անձը, որ առանձին թռիչք կատարած է ամբողջ աշխարհի շուրջ, ամենէն երիտասարդ անձն է, որ շատ փոքր օդանաւով մը շրջագայած է ամբողջ աշխարհը:

Անվտանգ էջքէն ետք հրապարակուած դիմատետրեան տեսանիւթի մը մէջ Ռատերֆորտ կ՚ըսէ. «Կը փորձեմ ցոյց տալ, որ երիտասարդները կրնան առանձինն յաջողիլ եւ բան մը փոխել»:

«Պարզապէս հետեւեցէ՛ք ձեր երազներուն՝ անկախ անկէ, թէ քանի՛ տարեկան էք, աշխատեցէ՛ք եւ յառաջացէ՛ք ձեր նպատակներուն հասնելու համար», ըսաւ ան օդանաւէն դուրս գալէ ետք:

Անոր քոյրը՝ Զարան, որ աւարտեց իր սեփական համաշխարհային թռիչքը յունուարին, 19 տարեկանին, նախապէս հաստատած էր գերթեթեւ թռիչքի մրցանիշ:

Մաք Ռատերֆորտ տարիքային մրցանիշը խլեց բրիտանացի Թրեւիս Լատլոյէն, որ 18 տարեկան էր, երբ անցեալ տարի առանձին թռիչք կատարեց ամբոշջ աշխարհի շուրջ:

Ճամբորդութիւնը, որ սկսած էր 23 մարտին, Ռատերֆորտը տարաւ հինգ ցամաքամաս՝ 52 երկիր:

Ուղեւորութեան ընթացքին ան դարձաւ 17 տարեկան:

«Կինես»ի գիրքին մէջ արձանագրուելու համար ան երկու անգամ հատեց հասարակածը:

Ըստ անոր դիմատետրեան էջին, թռիչքը տեւած է 142 օր՝ անցնելով 33631 մղոն (54124 քիլօմեթր) եւ օդին մէջ ընդհանուր՝ 221 ժամ: Ռատերֆորտ արձանագրած է 68 թռիչք եւ էջք եւ ամենէն բարձր դիրքին հասած է Մեքսիկայի վրայ՝ շուրջ 4 քիլօմեթր:

Մաք ծնած է օդաչուներու ընտանիքի մէջ: 2020 թուականին ան ստացաւ օդաչուի արտօնագիր, այն ժամանակ դառնալով աշխարհի ամենէն երիտասարդ օդաչուն՝ 15 տարեկանին։

Ամբողջ աշխարհով մէկ թռչելու անոր առանձին ճամբորդութիւնը սկսած է Պուլկարիայէն, քանի որ անոր հովանաւորը՝ ICDSoft ընկերութիւնը, կը գտնուի Սոֆիայի մէջ եւ անոր օդանաւը փոխ առնուած է:

Ինչպէս իր քոյրը, Մաք թռաւ «Շարք»ով, որ աշխարհի ամենէն արագ գերթեթեւ օդանաւերէն մէկն էր, որուն արագութիւնը կը հասնէր ժամական 186 մղոնի:

Օդանաւը սովորաբար ունի երկու նստատեղ, բայց իր օդանաւը փոխուած է անոր երկար ճամբորոդութեան համար՝ փոխարինելով երկրորդ աթոռը վառելանիւթի յաւելեալ տակառով մը:

Սկիզբը ծրագրուած էր, որ ճամբորդութիւնը կրնայ մինչեւ երեք ամիս տեւել, բայց անիկա ծրագրուած երեք ամիսէն աւելի երկար տեւեց՝ քանի մը անսպասելի խոչընդոտներու պատճառով, ներառեալ՝ անձրեւները, աւազային փոթորիկները եւ ծայրայեղ տաքը:

Սակայն ուշացումներուն մեծ մասը պայմանաւորուած էր յետագայ թռիչքի համար անհրաժեշտ արտօնութիւններ եւ այլ փաստաթուղթեր ձեռք բերելու սպասումներով կամ, մերժուելու պարագային, ծրագրուած երթուղին փոխելու համար:

Թռիչքը զայն տեղափոխեց Ափրիկէի եւ Ծոցի շրջանի տարածքով դէպի Հնդկաստան, Չինաստան, Հարաւային Քորէա եւ Ճաբոն: Ան հատեց Խաղաղական ովկիանոսի հիւսիսային շրջանը եւ 10 ժամ թռիչքէ ետք էջք կատարեց Պերինկի նեղուցին մօտ գտնուող հրաբխային կղզիին մէջ:

Այնտեղէն ան ուղղուեցաւ դէպի Ալասքա եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափով դէպի Մեքսիկա: Այնուհետեւ Ռատերֆորտ կրկին ուղղուեցաւ դէպի հիւսիս՝ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափով դէպի Գանատա եւ Ատլանտեան ովկիանոսով դէպի Եւրոպա:

24 օգոստոսին մարդոց հսկայական բազմութիւն մը ժամանած էր օդակայան՝ ողջունելու Ռատերֆորտը եւ նշելու անոր նուաճումը: Անոնց շարքին էին Մաքի անմիջական ընտանիքի երեք անդամները:

Անոր հայրը՝ Սեմ Ռատերֆորտ, ըսաւ, որ շատ ուրախ է եւ հպարտ՝ իր զաւակներու ձեռքբերումներով: Ան լրագրողներուն հաստատեց, որ նման նախաձեռնութիւնը յատկապէս կը քաջալերէ երեխաները՝ հետեւելու իրենց երազներուն, իսկ ծնողները՝ աջակցելու անոնց ջանքերուն:

Քոյրը՝ Զարա Ռատերֆորտ, պատմեց, որ Մաքի ճամբորդութեան ընթացքին սերտ կապի մէջ եղած էր կրտսեր եղբօր հետ: «Երբ ան կը թռէր, ես անընդհատ կը փորձէի կապի մէջ ըլլալ, օգնել անոր, մեր ծնողները ամէն օր կը հեռաձայնէին Մաքին, եւ ես կը միանայի այդ խօսակցութիւններուն, խորհուրդներ կու տայի երթուղիին, թռիչքի մասին, որպէսզի օգտակար ըլլամ», ըսաւ ան:

Մաք Ռատերֆորտ ըսաւ, որ այժմ պիտի կեդրոնանայ իր ուսման վրայ: «Յաջորդ բանը, որ ես կը պատրաստուիմ ընել, այդ այն է, որ վերադառնամ դպրոց եւ ուսանիմ այնքան, որքան կրնամ», ըսաւ ան:

ՊԱՏԱՆԻ ՀԵՐՈՍԸ

Պատանին հերոսացուցին, երբ ան փրկեց ոստիկան մը եւ երեք այլ անձեր, որոնք Միսիսիփիի մէջ գետը ինկած էին ինքնաշարժով:

Միսիսիփիի քաղաքային իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ անցեալ շաբաթավերջին պատանի մը փրկած է երեք անձեր եւ ոստիկան մը, երբ ինքնաշարժը գետը ինկած է:

16-ամեայ Քորիոն Էվանս օգնութեան հասած է երեք կիներու, երբ տեսած է, թէ ինչպէ՛ս ինքնաշարժը կ՚ուղղուի դէպի Փասքակուլա գետը, կը յայտնէ Մոս Փոյնթի ոստիկանութեան վարչութիւնը:

Ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ արկածը պատահած է կիրակի: Մոս Փոյնթը փոքր քաղաք է Ճեքսընի մէջ, Փիլոքսիէն 30 մղոն արեւելք, Ալապամայի սահմանին մօտ:

Ինքնաշարժը նախ ծփացած է ջուրին վրայ, ապա սկսած է սուզուիլ, մինչ այդ երեք ուղեւորները յաջողած են դուրս գալ ինքնաշարժէն եւ բարձրանալ անոր տանիքը:

Փասքակուլա երկրորդական վարժարանի աշակերտ 16-ամեայ Քորիոն Էվանս կ՚ըսէ. «Երբ այդ տեսայ, մտածեցի, որ չեմ կրնար թոյլ տալ, որ այս մարդիկը մեռնին: Անոնք պէտք է դուրս գան ջուրէն: Այսպիսով, ես սկսայ զանոնք դուրս բերել: Ես նոյնիսկ չէի մտածեր այլ բանի մասին»:

Պատանին նոյնպէս փրկած է ոստիկան Կարրի Մերսերը, որ օգնութեան հասած էր դէպքի վայրը:

Մերսեր դժուարացած է լողալ ջուրը կլլելէ ետք, երբ ինքնաշարժի ուղեւորներէն մէկը, որուն ան կ՚օգնէր ափ դուրս գալու, սկսած է խուճապի մատնուիլ:

«Ես դարձայ եւ տեսայ ոստիկանը: Ան կը խեղդուէր: Ան կ՚երթար ջուրին տակ, կը խեղդուէր: Օգնութիւն կը խնդրէր: Ուրեմն ես գացի այնտեղ, գացի եւ բռնեցի ոստիկանը», կ՚ըսէ պատանին:

Ինքնաշարժին վարորդը ոստիկաններուն ըսած է, որ կը հետեւէր իր GPS-ին եւ չէ հասկցած, որ կը մօտենայ ջուրին:

ՈՉ ՈՔ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԱԾ Է

Մոս Փոյնթի ոստիկանապետը՝ Պրենտոն Էշլի, դրուատած է Էվանսը «քաջութեան եւ անձնուրացութեան համար, որ ան դրսեւորեց՝ վտանգի ենթարկելով ինքզինք եւ օգնելով վտանգի մէջ գտնուող մարդոց», գրած է ան հաղորդագրութեան մէջ:

«Եթէ պարոն Էվանս չ՚օգներ, իրավիճակը այլ կերպ կրնար ընթանալ»:

Երեքշաբթի պատանին եւ ոստիկանը Քաղաքապետական խորհուրդէն ստացան գովասանագրեր:

«Մենք հպարտ ենք երիտասարդով, որ քաջութիւնը ունեցած է մոռնալ իր մասին եւ ցատկել ջուրը: Յաճախ չէ, որ կը տեսնես՝ մարդիկ ուրիշները իրենցմէ վեր կը դասեն», ըսաւ քաղաքապետ Պիլլի Նայթ։

10-ԱՄԵԱՅ ՏՂԱՆ ՓՐԿԱԾ Է ԽԵՂԴՈՒՈՂ ՄԱՅՐԸ

Ամերիկայի Օքլահոմա նահանգէն 10-ամեայ Քեւըն Քինի լողարանէն հանած է խեղ-դըւող մայրը եւ փրկած է զայն:

Տղուն մայրը՝ Լորա Քինի, պատմած է, որ բակի լողարանին մէջ լողալու ժամանակ սկսած է անհանգստանալ: Տղան այդ ժամանակ եղած է տան մուտքին մօտ: Ան ձայներ լսած է եւ տեսնելով մայրը՝ հասկցած է, որ ան կը խեղդուի: Քեւըն անմիջապէս ցատկած է լողաւազան եւ ջուրէն հանած՝ մայրը: Յետոյ անոր օգնութեան հասած է մեծ հայրը:

Մայրը շատ շնորհակալ է իր տղուն՝ փրկութեան համար: «Քեւընը իմ հերոսս է: Եւ ես նաեւ վստահ եմ, որ ան իմ պահապան հրեշտակս է», լրագրողներուն ըսաւ կինը:

Աւելի ուշ տեղւոյն ոստիկանութեան աշխատակիցները տղուն հանդիսաւոր կերպով վկայական յանձնեցին մայրը փրկած ըլլալուն համար:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2022