ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ (Ա .)

Չորրորդ Աւետարանը՝ ինչպէս նաեւ համատեսական աւետարանները, անանուն են, այսինքն, աւետարանիչը իր անունը չէ արձանագրած գրութեանը մէջ։ «Ըստ Յովհաննէսի»ն, յետագային տրուած անուն մըն է՝ երբ աւետարանները սկսան շրջաբերիլ որպէս մէկ ամբողջութիւն՝ զատորոշելու համար միւս աւետարաններէն։ Աստուածաբան Ֆ. Ժրուս կ՚ըսէ. «Նկատելի է որ չորս կանոնական աւետարանները իրենց հեղինակին անունը չեն կրեր, մինչ անվաւեր եւ յետսամուտ աւետարանները որոնք սկսան յայտնուիլ երկրորդ դարու կէսին, անոնց մէջ արձանագրուած կը գտնենք կեղծ հեղինակներու անուններ, որոնք նպատակ ունին որպէս առաքելական հեղինակութիւն յայտնուիլ հանրութեան»։

Ո՞Վ Է ՀԵՂԻՆԱԿԸ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

Գիրքին հեղինկակութիւնը մասնագէտներու եւ սուրբ գրոց բանասէրներու միջեւ վէճեր յարուցած է, որոնք կը բաժնուին գլխաւորաբար երեք մասերու,

1) Անոնք, որոնք կ՚ընդունին Եկեղեցւոյ ամենահին տեսակէտը, ներառեալ Հայ Եկեղեցին՝ կը հաստատեն, թէ չորրորդ Աւետարանին գրութիւնը կատարուած է Յովհաննէս առաքեալի ձեռքով, Զեբեդէոսի եւ Սողոմէի որդին եւ եղբայրը՝ Յակոբոս առաքեալին։ Այս աւետարանին մէջ Յովհաննէս ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս «Այն աշակերտը զոր Յիսուս կը սիրէր»։ Օրինակ. «Աշակերտներէն մէկը, զոր Յիսուս կը սիրէր, բազմած էր Յիսուսի կողքին» (Յհ 13.23), կամ «Պետրոս ետեւ դարձաւ եւ տեսաւ որ իրեն կը հետեւէր այն աշակերտը, զոր Յիսուս կը սիրէր» (Յհ 21.20), եւ այլուր (Տե՛ս Յհ 21.7)։

2) Երկրորդ խումբը իր տեսակէտը կը հիմնէ վկայութեան մը վրայ, որ կատարուած է երկրորդ դարու հայրապետներէն՝ Պապիասի կողմէ։ Այդ վկայութիւնը արձանագրուած է Եւսեբիոսի երկին մէջ, որուն համաձայն Եփեսոսի մէջ կային երկու անձեր, որոնք կը կրէին Յովհաննէս անունը՝ Յովհաննէս առաքեալ եւ Յովհաննէս երէց։ Ըստ տուեալ խումբի մասնագէտներուն՝ չորրորդ Աւետարանին հեղինակը Յովհաննէս երէցն է, եւ ոչ թէ Յովհաննէս առաքեալը։ Պապիասի վկայութիւնը մեզի հասած է չորրորդ դարու պատմագիր Եւսեբիոսի կողմէ։ Ահաւասիկ Եւսեբիոսի կողմէ տրուած Պապիասի վկայութիւնը.

«Այն բաները որ լաւ սորված ու պահած եմ մտքիս մէջ, որոնք կը հաստատեն ճշմարտութիւնը, պէտք չէ որ թերանամ տալու ձեզի, իմ մեկնաբանութիւնովս մէկտեղ, ձեր շինութեան համար։ Այս կ՚ըսեմ, որովհետեւ ես գոհացում չգտայ, ինչպէս կ՚ընեն շատեր, անոնցմէ որոնք շատ բաներ կ՚ըսեն, այլ գտայ իմ գոհացումս անոնցմէ, որոնք ճշմարտութիւնը կը սորվեցնեն։ Նաեւ գոհացում չգտայ անոնցմէ, որոնք կը մեկնեն արտասովոր պատուէրներ, այլ՝ անոնցմէ, որոնք Տիրոջ պատուէրները տուին մեր հաւատքին համար, պատուէրներ, որոնք բխեցան նոյնինքն ճշմարտութենէն։ Ուրեմն եթէ մէկը գար ինծի, որ հետեւած էր Երէցներուն, ես պիտի հարցնէի իրեն երէցներուն վկայութեան մասին, ինչ որ ըսին Անդրէաս, Պետրոս, Փիլիպպոս, Թովմաս, Յակոբոս, Յովհաննէս, Մատթէոս, կամ մեր Տիրոջ ոեւէ ուրիշ մէկ աշակերտը, եւ ինչ որ կ՚ըսեն Տիրոջ աշակերտները, Արիստիոն եւ Յովհաննէս Երէցը։ Այս կ՚ըսեմ, որովհետեւ չեմ կարծեր, թէ գիրքէն առնուած բաները կրնան նոյնքան շինիչ ըլլալ՝ որքան կենդանի ու մնայուն ձայնը»։

Եւսեբիոս Պապիասի վկայութիւնը արձանագրելէ ետք, կը լուսաբանէ՝ ըսելով. «Կ՚արժէ նկատի առնել, թէ հոս հեղինակը կը յիշէ Յովհաննէս անունը երկու անգամ։ Առաջին անգամ կը դնէ զայն Պետրոսի, Յակոբոսի, Մատթէոսի եւ միւս առաքեալներուն հետ, ինչ որ կը նշանակէ թէ ան կ՚ակնարկէ աւետարանիչին։ Երկրորդ անգամ ան կը դնէ Յովհաննէսի անունը ուրիշներու հետ, առաքեալներու ցանկէն դուրս, Արիստիոնէն ետք, եւ յստակօրէն կը յորջորջէ զայն որպէս «Երէց»։ Այս վկայութեամբ ան կը հաստատէ այն ճշմարտութիւնը, թէ Ասիոյ մէջ այս անունով կային երկու անձեր։ Արդարեւ, այսօր Եփեսոսի մէջ կան երկու գերեզմաններ, որոնք ծանօթ են որպէս Յովհաննէսի գերեզմանը»։

Այստեղ Յովհաննէս անունը յիշուած է երկու անգամ, առաջինը՝ ինչպէս որ ըսուեցաւ ակնարկութիւն է Յովհաննէս առաքեալին, իսկ երկրորդը՝ ակնարկութիւն է Յովհաննէս Երէցին։ Եւ իրաւամբ պատմութենէն գիտենք, որ երկու Յովհաննէսներ ապրած են Եփեսոսի մէջ, ինչպէս որ Եւսեբիոս վկայեց։ Ժիրայր Պզտիկեան կ՚ըսէ. «Մենք կը խորհինք, թէ առաջին յիշատակութիւնը կ՚ակնարկէ առաքեալներուն վկայութեան, որոնք այդ ժամանակ արդէն մահացած էին, բացի Յովհաննէս առաքեալէն, իսկ երկրորդ անգամ՝ այն անձերուն հետ որոնք տակաւին կենդանի էին ու իրենց վկայութիւնը ունէր մասնաւոր արժէք ու ազդեցութիւն»։ Անհեթեթ ենթադրութիւններ չենք ընդունիր, քանի Եւսեբիոս բացայայտ կերպով կ՚ըսէ. «Արդարեւ այսօր Եփեսոսի մէջ կան երկու գերեզմաններ, որոնք ծանօթ են որպէս Յովհաննէսի գերեզմանը»։ Եթէ Պապիասի յիշած երկու Յովհաննէսները առնենք որպէս մէկ անձ, այն ատեն ինչո՞ւ երկու գերեզման։

3) Երրորդ խումբը ամբողջապէս կը մերժէ Յովհաննէսի (առաքեալ կամ երէց) հեղինակութիւնը չորրորդ Աւետարանին։ Անոնք կ՚ըսեն, թէ անծանօթ հեղինակ մը գրած է երկրորդ դարու կէսէն ետք։ Ասոնց մասին պարզապէս կը մէջբերենք «Ժիրայր Պզտիկեան»ի հաղորդած հակիրճ տեղեկութիւնը։

«Ասոնք 19-րդ դարու Գերմանիոյ Թիւպինկէն համալսարանի շրջանակներէն ծայրայեղ բանապաշտներ են գլխաւորութեամբ Պաուրի եւ անոր հետեւորդներուն, որոնց խիզախ գաղափարները աւելի ժխտական քան դրական արդիւնք յառաջ բերին Նոր կտակարանի հետազօտութեանց մէջ։ Անոնց միտումն էր հեռացնել Նոր կտակարանի գիրքերուն գրութեան թուականները իրենց ընդունուած ժամանակէն։ Այս ձեւով անոնք տկարացուցին անոնց տրուած պատմական արժէքը, ինչպէս նաեւ անոնց վայելած առաքելական հեղինակութիւնը։ Ասոնք Աւետարանին գրութեան ժամանակ կու տան երկրորդ դարը»։

Վաղեմի Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, այս Աւետարանին հեղինակը Յովհաննէսն է, Քրիստոսի տասներկու առաքեալներէն մէկը։ Սակայն, ինչպէս կանխաւ դիտել տուինք, թէ նոյն դարուն Յովհաննէս անունով տարբեր անձ մը գոյութիւն ունէր, որ դարձեալ Տիրոջ աշակերտ էր, եւ որ ապրած է Հռոմէական Ասիա նահանգին մէջ, ուր Զեբեդէոսի որդին Յովհաննէս գաղթած է առաջին դարու աւարտին։

Հնութեան շրջանին ոչ ոք այս Աւետարանը նկատած է հեղինակութիւնը «Յովհաննէս Երէց»ին, որքան Զեբեդէոսի որդիին Յովհաննէսի։ Երկրորդ դարու երկրորդ կէսէն վկայութիւններ կան, թէ այս Աւետարանին հեղինակը Յովհաննէս առաքեալն է։ «Հակամարկիոնական նախաբաններ», «Իրենէոս», «Կղեմէս Աղեքսանդրացի», «Տէրտուղիանոս», «Մուրատորիան կանոնը», «Իգնատիոս», «Պապիաս», «Պողիկարպոս», «Յուստինոս Վկայ»։

Պ. Ֆ. Ուէսքթօթ հետեւելով աւանդական տեսութեան, աւետարանական ներքին վկայութիւններով փաստած է, որ աւետարանիչը Յովհաննէս առաքեալն է։ Իր փաստարկումները հետեւեալներն են.

Ա) Հեղինակը հրեայ է։ Հեղինակին հրեայ ըլլալը բացայայտօրէն կը տեսնուի անոր արձանագրած դէպքերէն, որ կ’ենթադրէ ականատես վկայի մը ներկայութիւնը, որուն պիտի անդրադառնանք երրորդ կէտին մէջ։

Տակաւին, Յովհաննէս իր մէջբերումները կը թարգմանէ ուղղակի եբրայական բնագիրէն, փոխանակ օգտագործելու Եօթանասնիցը։ Անիկա քաջատեղեակ է հրէական տօներուն եւ զանազան սովորութիւններու՝ մաքրութեան, թաղումի, եւ կարգ մը այլ սովորութիւններու եւ հասկացողութեանց, ինչպէս օրինակ, Հրէութեան կեցուածքը հանդէպ իգական սեռին, Հրեաներուն եւ Սամարացիներուն փոխադարձ լարուածութիւնը, միաժամանակ Պաղեստինի հրեաներուն, արհամարհական կեցուածքը հանդէպ սփիւռքի հրեաներուն, եւ այլ սովորութիւններ ու օրէնքներ։

Բ) Աւետարանիչը պաղեստինցի հրեայ մըն է։ Անիկա կը թուի քաջածանօթ ըլլալ Պաղեստինի եւ անոր շրջակայքի աշխարհագրութեան իր տուած մանրամասնութիւններէն, մանաւանդ երբ յաւելեալ մանրամասն տեղեկութիւններ կ՚արձանագրէ որեւէ շրջանի մասին։ Օրինակ ան կը յիշէ, թէ «Բեթհեզդա աւազանը հինգ սրահ ունէր, ու ան «Ոչխարներու դրան» մօտ կը գտնուէր»։

Գ) Ականատես վկայ։ Արդեօք աւետարանիչը ականատես վկա՞յ է։ Յիսուս Իր առաքելութեան վերջին հանգրուանին հրէական ատեանին մէջ յաճախ կը վիճէր հրեայ ղեկավարներուն հետ։ Այդ դէպքերը որոնք արձանագրուած են Յովհաննէսի Աւետարանին կեդրոնական բաժնին մէջ, անկարելի է այնքան յաջող ըմբռնումով լաւագոյնս արտագրուի հեղինակի մը կողմէ, որ հրեայ ականատես չէ։

Այլուր փոխանակ ըսելու «Քահանայապետները եւ փարիսեցիները», կ՚ըսէ՝ «Սադուկեցիները եւ Փարիսեցիները», որովհետեւ հեղինակը գիտէ, թէ այդ ատեն քահանայութիւնը կը պատկանէր Սադուկեցիներուն։ Ան ծանօթ էր քահանայապետին, ուստի անկէ կը խնդրէ որ գաւիթ մտնէ (Հմմտ. Յհ 18.15), նոյնիսկ կը յիշէ քահանայապետին ծառային անունը՝ Մաղքոս, որու ականջը կտրեց Պետրոս։ Ի վերջոյ հեղինակը անձամբ յաճախակիօրէն կը յիշէ, թէ ինք ականատես վկայ է դէպքերուն։ Օրինակ. Յիսուսի կողին խրումէն ետք, Յովհաննէս կը գրէ. «Ան որ տեսաւ ասիկա՝ ի՛նք վկայեց այս մասին եւ անոր տուած վկայութիւնը վաւերական է» (Յհ 19.35) եւ կամ՝ «Եւ մենք տեսանք անոր փառքը» (Յհ 1. 14)։

21.24-ի մէջ կայ հետեւեալ վկայութիւնը. «Ասիկա նոյն այն աշակերտն է, որ կը վկայէ այս բաներուն մասին եւ որ գրի առաւ ասոնք»։ «Նոյն այն աշկերտը» ըսելով կ՚ակնարկէ քանի մը տող վեր յիշուած աշակերտին, զոր Յիսուս կը սիրէր։ Վստահաբար երբ կ՚ըսէ գրի առաւ, չ՚ակնարկեր միայն 21-րդ գլխուն, այլ՝ ամբողջ Աւետարանին։ Ինչո՞ւ համար ասիկա յիշեցինք։ Որովհետեւ աւետարաններուն հեղինակութեան հարցին միջին եզր գտնողները կ՚ըսեն, թէ աւետարանը գրուած է միանգամայն երկու տարբեր հեղինակներու կողմէ, այսինքն երկրորդ հեղինակը՝ Պապիաս, եկած է ամբողջացնելու առաջին մասը։ Ամենէն պարզ քննութեան դիմացն անգամ չի դիմանար այս տեսութիւնը։ Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ երկու տարբեր հեղինակներու կողմէ գրուած աւետարան մը, ոճի, պատմելաձեւի, բառամթերքի եւ նպատակի մէջ այնքան նոյնութիւն կրէ, եւ երեւան գայ իբրեւ մէկ հեղինակի գործ։

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018