ՍԵՒՑԱՒ - ՀՆԴԿԱԽՏ (ԽՈԼԵՐԱ)

ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՍ

2. Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԸՆԵԼ,  ԵՐԲ ԽՈԼԵՐԱՆ ԴՐԱՑԻ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ԵՒ ԳԻՒՂԵՐՈՒ ՄԷՋ ԵՐԵՒՑԱԾ Է

Երբ քաղաք մը կամ գիւղ մը լուր կ՚առնէ, որ խոլերան կը մօտենայ, բնակիչները պէտք է հաւաքուին եւ միասին իրենց դրութիւնը քննեն: Գրագէտները, օրինակ, ուսուցիչները, քահանաները պէտք է ժողովուրդին մէջ խոլերայի մասին գրքոյկներ կարդան ու բացատրեն, թէ ի՛նչ օգուտ ունին իշխանութեան եւ բժիշկներու առաջարկած միջոցները: Իսկ ժողովուրդը պարտաւոր է այդ բոլոր խորհուրդներն ու պահանջները կատարել, որովհետեւ ամէն ինչ ժողովուրդին օգուտին համար կը կատարուի:

Իւրաքանչիւր ոք պարտաւոր է զգոյշ ըլլալ եւ իր մօտ չընդունիլ կասկածելի տեղերէ եկածներուն, եւ առհասարակ պէտք չէ որեւիցէ յարաբերութիւն ունենայ անոնց հետ:

Փողոցները եւ տուները պէտք է մաքուր պահել. ո՛չ ոք պէտք է փողոցը կամ բակը իր անմաքրութիւնները նետէ, իր աղբն ու կեղտը, այլ՝ պարտաւոր է արկղերու մէջ հաւաքել եւ ամէն օր քաղաքէն կամ գիւղէն դուրս տանիլ ու հողի մէջ թաղել, նշանակուած վայրերուն մէջ:

Բնակիչներուն ունեւոր մասը, իր սեփական օգուտին համար, պէտք է աղքատ մասին օգնէ, թէյարաններ, ձրի կամ աժանագին ճաշարաններ բանալ, հրաւիրելով բժիշկներ կամ ֆելդշէրներ ժողովուրդին ձրի բժշկական օգնութիւն հասցնելու համար: Ես կ՚ըսեմ՝ «իր սեփական օգուտին համար», որովհետեւ աղքատները վարակումէն պաշտպանելով, հարուստները ատով իսկ իրենք զիրենք կ՚ազատեն: Վարակի օճախները ոչնչացնելով, հարուստները ատով իրենց սեփական կեանքը կը պաշտպանեն:

3. Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԸՆԵԼ,  ԵՐԲ ՎԱՐԱԿՈՒՄԸ ՔԱՂԱՔԻ ՄԸ ԿԱՄ ԳԻՒՂԻ ՄԸ ՄԷՋ ԵՐԵՒՑԱԾ Է

Խոլերան երբ տեղ մը կ՚երեւի, բնակիչները պէտք չէ սարսափահար ըլլան ու փախչին, ընդհակառակը, բոլորը պիտի հաւաքուին ընդհանուր թշնամիի մը դէմ կռուելու համար: 

Առաջին գործը պէտք է ըլլայ հիւանդները հեռացնել իրենց տուներէն եւ հիւանդանոցներ տանիլ, ապա անհրաժեշտ է անոնց բնակարանները ախտահանել:

Իսկ եթէ այդ վայրին մէջ հիւանդանոց չկայ եւ հիւանդը պէտք է տան մէջ պահուի, այդ պարագային պէտք է հետեւեալ միջոցները գործադրել.

1. Հիւանդին դուրս գացածն ու փսխածը ո՛չ մէկ պարագայի պէտք է փողոցը կամ բակը թափել, այլ՝ պէտք է առանձին ամաններու մէջ հաւաքել եւ առանձին խորունկ փոսերու մէջ թափել, որոնք բակին մէջ (ջրհորներէն հեռո՛ւ) կը փորուին: Իւրաքանչիւր անգամ ալ այս աղտոտութիւններուն վրայ թարմ հանգցուած կիր եւ չոր հող պէտք է դնել: Աւելի լաւ կ՚ըլլայ անմաքրութիւնները քաղաքէն կամ գիւղէն դուրս տանիլ, թափել յատուկ կերպով փորուած փոսերու մէջ եւ նոյնպէս կիրով ու հողով ծածկել:

2. Կարելի չէ խոլերայով հիւանդին սպիտակեղէնն ու հագուստները լուալ այն գետին մէջ, ուրկէ բնակիչները ջուր կը վերցնեն:

3. Անհրաժեշտ է, որ դրացիները ո՛չ մէկ յարաբերութիւն ունենան վարակուած տուներուն հետ, ո՛չ իրենք երթան այնտեղ, ո՛չ ալ անկէ եկածները ընդունին:

Ծանօթութիւն. Հիւանդատեսութեան կարելի է եւ անվնաս երթալ միայն այն պարագային, երբ զգուշութեան բոլոր անհրաժեշտ միջոցները ձեռք կ՚առնուին:

Այդ միջոցները հետեւեալներն են.

- Հիւանդի տեսութեան գացողը ներս մտնելու ընթացքին իր հագուստին վրայէն պէտք է քաթանի երկար շապիկ (խալաթ) հագուի, ինչ որ զինք կը պաշտպանէ հիւանդին վարակիչ արտաթորութիւններէն:

- Դուրս եկած ատեն շապիկը պէտք է հանել: Իսկ եթէ այցելուն շապիկ չէ հագած, պէտք է հագուստները փոխէ:

- Պէտք չէ դպնալ ո՛չ հիւանդին, ո՛չ ալ անոր իրերուն:

- Հիւանդին քովէն դուրս եկած ատեն պէտք է օճառով եւ տաք ջուրով լուացուիլ եւ ապա որեւէ մէկ ախտահանիչ դեղով մը, որու մասին քիչ ետք կը խօսինք:

4. Իւրաքանչիւր ոք պարտաւոր է իր առողջութեան վրայ հսկել. միայն չնչին տկարութիւն մը, փսխում մը կամ փորլուծութիւն մը ունենայ, պէտք է բժիշկի դիմէ:

5. Պէտք չէ թոյլ տալ ո՛չ մէկ չափազանցութիւն՝ ո՛չ ուտելու, ո՛չ խմելու եւ ո՛չ ալ աշխատելու մէջ. իսկ միւս բաներուն մէջ պէտք չէ փոխել ապրելակերպի առաջուան եղանակը, եթէ ան կանոնաւոր եղած է: Կերակուրը պէտք է հեշտ մարսուող ըլլայ ու չափաւոր: Դժուար մարսուող կերակուրները, օրինակ, չափազանց իւղոտները, հում ընդեղէնները (բողկ, կաղամբ, շաղգամ, ստեպղին), խոզի միսը, երշիկը եւ ընդհանրապէս ապխտած (ծուխով չորցուած) մսեղէնները, վատ պանիրը, թթուած կաթն ու մածունը, խմոր հացը խիստ արգիլուած են:

6. Խոլերայի ժամանակ հում միրգերը կարելի է գործածել միայն այն պարագային, երբ մաքուր կը լուացուին, եփ տուած եւ սառեցուած ջուրի մէջ. աւելի լաւ է մէկ թէյի դգալ սալիցիլեան կամ լեմոնի թթւուտ վերցնել, խառնել մէկ շիշ ջուրի մէջ եւ ատով լուալ միրգերը: Իսկ եթէ կարելի չէ այս զգուշութիւնները ի գործ դնել, աւելի լաւ կ՚ըլլայ որոշ ժամանակ մը ընդհանրապէս միրգեր չուտել:

7. Արտօնուած ուտելիքները, օրինակ՝ լաւ պանիրը, կարագը, խոզի ապուխտը, պէտք է ծածկուած ամանի մը կամ փաթթուած մաքուր թուղթի մը մէջ պահուին, որպէսզի ճանճերը վարակի թոյնը անոնց վրայ չնստեցնեն: Խորհուրդ կու տանք ուտելէ առաջ հացը քիչ մը տաք վառարանի մէջ դնել կամ անոր կտորները քիչ մը օճախին կամ սպիրտի լամբարի բոցին վրայ պահել. ծայրայեղ պարագային պէտք է անոր վրայի կեղեւը վերցնել եւ մնացածը ուտել:

8. Ժողովուրդին մէջ խօսք կայ թէ սխտորը խոլերայով վարակուելէն կը պահպանէ, ուստի շատերը սխտոր կը լեցնեն իրենց գրպաններուն մէջ եւ մեծ քանակութեամբ կ՚ուտեն: Այդպէս պէտք չէ ընել: Այդպիսի քանակութեամբ սխտոր ուտելը վնաս է, որովհետեւ սխտորը ստամոքսն ու աղիքները կը գրգռէ, ծարաւ կը յառաջացնէ եւ կը ստիպէ շատ ջուր խմել:

9. Խոլերայի ընթացքին ամեմէն լաւ խմելիքը եռացած եւ յետոյ սառեցուած ջուրն է. ջուրին կարելի է քիչ մը գինի կամ որեւէ թթւուտ (լեմոնի) կամ թթու օշարակ (նուռի, հոնի եւ ուրիշ) աւելցնել: Աղային ջուրերը (սոտայի, սելտէրեան) վնասակար են: Շատ պաղ խմիչքէ, պաղպաղակէ, պաղ բրդոշէ (ակրօշկա), եւ այլն, պէտք է խուսափիլ:

10. Փորն ու ոտքերը պէտք տաք պահել. կարելի չէ քնանալ խոնաւ տեղ, պառկիլ խոնաւ հողի վրայ: Խորհուրդ կու տանք բուրդէ կամ ֆլանէլի փորկապ գործածել:

11. Տաք եղանակին սորված մարդիկ կրնան գետին մէջ լողնալ, եթէ անշուշտ գետը քաղաքին վարակուած թաղերուն մէջէն չ՚անցնիր: Լողնալ կարելի է ուտելէն 3-4 ժամ ետք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 5 

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2022