ԱՂՕՏ ՊԱՏԿԵՐ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
Բաւական արագ, յաճախ անսպասելի յայտարարութիւններ կը հնչեն Հայաստանի քաղաքական թատերաբեմին վրայ:
Խնդիրը այն է, որ երկիրը կը պատրաստուի յառաջիկայ Ապրիլին կայանալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն:
Քաղաքական դաշտին մէջ առկայ բոլոր ուժերը կը պատրաստուին այս խիստ կարեւոր «ռաունտ»ին, որ ըստ երեւոյթին բաւական ճակատագրական պիտի դառնայ ներկայ խորհրդարանէն ներս ընդդիմադիր փոքրամասնութեան մը ներկայացուցիչը եղող կուսակցութիւներուն եւ կարգ մը պարագաներու անդամներուն:
Բացի «Ժառանգութիւն» կուսակցութենէն, կայ անհատ երեսփոխան Նիկոլ Փաշինեանի եւ Էտմոն Մարուքեանի պարագան, որոնք արդէն վճռած են ինքնավստահ դաշինքով մը երթալ յառաջիկայ ընտրութիւններուն: Օրինակ՝ Փաշինեան (անցեալին Հայաստանի առաջին նախագահին ամենավստահելի գործակիցներէն մին) տարբեր առիթներով իրենց կազմած դաշինքին մասին խօսելով (որուն Էտմոն Մարուքեանէն «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւն բացի, կ՚անդամակցի Արամ Զ. Սարգսեան «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւն) յայտարարած է, որ Հայաստանի այս վիճակէն դուրս գալու համար կայ մէկ ելք եւ այդ մէկը, իրենց կազմած «ԵԼՔ» ընտրական-քաղաքական դաշինքն է:
Ընտրական-քաղաքական պիտի ըսեմ, որովհետեւ շատ մը պարագաներու Հայաստանի մէջ այսօր ձեւաւորուող ընտրական դաշինքները քաղաքական հասարակաց գիծերու եւ ընկալումներու վրայ եղած դաշինքներ չեն , այլ խորապէս ընտրական ու քուէ հաւաքելու՝ հետեւաբար Ազգային ժողով մտնելու համար եղած դաշինքներ:
Ու տակաւին յստակ ալ չէ, թէ յառաջիկայ ընտրութիւններէն ետք կազմուած նոր խորհրդարանին մէջ, ինչպիսի պատկերով պիտի կազմուին յետընտրական պլոքները:
Ընդդիմադիր դաշտին մէջ ընթացող խմորումներու առանցքին ամենէն սպասուող նորութիւնը Գագիկ Ծառուկեանի պարագան կրնայ ըլլալ: Ոչ միայն իր նիւթական կարողութիւններով, այլ նաեւ տարբեր մօտեցուներով կողմերը իրեն միացնելով ԲՀԿ-ի կողմէ կազմուելիք դաշինքը կը խոստանայ երկրորդ քաղաքական ուժ դառնալ խորհրդարանին մէջ:
Փաստ է նաեւ, որ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան վերջերս յայտարարութիւն մը կատարելով ըսած էր, թէ ինք շատ խանդավառ չէ Գագիկ Ծառուկեանի քաղաքական ասպարէզ վերադարձով, բայց եւ այնպէս ընտրական բաւական մեծ ցանց եւ դրամական հսկայ կարողութիւններ ունեցող Ծառուկեան, վճռած է ամէն գնով քաղաքական բեմ վերադառնալ:
Այստեղ պէտք է ճիշդ դիտարկումներ ընելով նկատի առնել, որ Ծառուկեանի պարագային հակառակ Հայաստանի նախագահին հետ առերեւոյթ «մտերմութեան», կայ մօտիկ անցեալէն փոխանցուած «վէրք մը», որ կրնայ եւ սպիացած չըլլալ:
Ծառուկեան ծանր վիրաւորանքներու ենթարկուած է Հայաստանի նախագահէն ու այդ պատկերին վրայ բացառուած չէ, որ մօտիկ անցեալին Ռաֆֆի Յովհաննիսեանի եւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի (ու աւելի վաղ ՀՅԴ-ին) ընդդիմադիր «Քառեակ» ու ապա ընդդիմադիր «Եռեակ» «առաջնորդած» Ծառուկեանը յայտնուի Հայաստանի նախագահէն «վրէժ լուծելու» պատրաստ դիրքերու մէջ: Եւ այս, որպէս բոլոր ընդդիմադիր ուժերը իր մէջ պարփակող եւ տարբաղադրող ուժ:
Երբ Ծառուկեանի մասին խօսք կ՚երթայ, ապա պէտք չէ անտես առնել Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանի պարագան: Հայաստանի մէջ այսօր քիչ չեն անոնք, որոնք համոզուած են, որ Ծառուկեանի «քաղաքական միտք»ը եւ ներքին դաշտին մէջ (երեւի շրջանի մը համար) իր բոլոր գործողութիւններու ետին կանգնած է «կարտինալ»ի դեր ստանձնած «կնքահայր»ը՝ Ռոպէրթ Քոչարեանը:
Նոյն այս «կարտինալեան դաւադրութեան» հոտը պէտք է փնտռել նաեւ Հայաստանի նախկին պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի քայլերուն մէջ։ Ան վաղը կրնայ շատ արագ «ցատք» մը կատարելով միանալ ԲՀԿ-ի հովանոցին տակ «ամփոփուող» մեծ դաշինքին:
Բաւական խճճուած երեւոյթ մը ունի Հայաստանի քաղաքական պատկերը այսօր: Գլխաւոր խաղացողները եւ քաղաքական կամք թելադրողները քիչ են: Այս առումով է նաեւ, որ կազմուող, խմորուող, աճող եւ ներկայացող բոլոր ընտրական դաշինքներուն մէջ չէ բացառուած ի մտի ունենալ «դաւադրական» մօտեցում մը, կամ ալ անհասկնա-լի, բայց խորքին մէջ պարզ ու յստակ երեւցող «թատերական» մօտեցումները:
Այսօրուան ընդհանուր տեսարանին առջեւ հնարաւոր չէ աւելի «բաց» խօսիլ, բայց յառաջիկայ քանի մը շաբաթներուն երբ վերջանայ ընտրութիւններուն որպէս դաշինք ներկայանալիք քաղաքական ուժերու ընդհանուր վիճակը, ապա ոեւէ մէկու համար շատ աւելի հեշտ պիտի ըլլայ յստակ եզրակացութիւններու յանգիլ:
Գալով Հայաստանի իշխող «Հանրապետական» կուսակցութեան։ Պէտք է ըսել, որ վերջերս տեղի ունեցող զարգացումները կը յուշեն, որ «Հանրապետական»ը իր «ոսկեայ դարաշրջան»ին մէջ չէ: Խօսքը անշուշտ կը վերաբերի նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի կուսակցութիւնը լքելուն վերաբերեալ որոշումին ու անկէ առաջ ալ նախկին պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանին, որ ոչ միայն լքեց ՀՀԿ-ն, այլ այսօր կը պատրաստուի ընդդիմադիր ճակատի գլխաւոր դրօշակիրներէն մին դառնալ:
Այս առումով կարեւոր շեշտադրումներ կը կատարէր կուսակցութեան եւ երկրի նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Նախագահ Սարգսեան օգտագործելով «առուակի օրինակը» կը վստահեցնէր, որ ՀՀԿ-էն հեռացող որեւէ տարր, որքան ալ ազդեցիկ դեր ունեցած ըլլայ, դատապարտուած է մեկուսացման, հետաւաբար՝ «չորացման»: Ինչ խօսք, երբ այս պարագան կը վերաբերի Յովիկ Աբրահամեանին, որ ոչ միայն ՀՀԿ-ի, այլ նաեւ Հայաստանի մէջ «փնտռուած» գործիչ մը չէ:
Սերժ Սարգսեան իր ելոյթով կը փարատէր բոլոր այն խօսակցութիւնները, ըստ որոնց ՀՀԿ-ը ունի ներքին լուրջ եւ «անլուծելի» տարակարծութիւններ: Նաեւ յստակ է, որ վերոնշեալ երկու քաղաքական գործիչներուն կուսակցութենէն հեռանալէն ետք ալ ՀՀԿ-էն բաժնուիլ ուզողներ չեղան, կամ ինչպէս ընդունուած է ըսել «առնէտավազք» չեղաւ, հակառակ Աբրահամեանի «խիստ փափաք»ին, կուսակցութիւնը լքողներու յատուկ «աստղախումբ» մը ստեղծելու վերաբերեալ: Անշուշտ այդ մօտեցումը սոսկ փափաք մը ունենալու կը վերաբերի, որովհետեւ ըստ Երեւանի մէջ շրջանառող խօսակցութիւններու, Աբրահամեան մեծ ցանկութիւն ունի միանալու իր խնամիին՝ Գագիկ Ծառուկեանին, որ ցարդ այդ առումով յայտնած է լուրջ եւ «հասկնալի» վերապահութիւններ:
ՀՀԿ-ի մասին խօսելով պէտք է ըսել նաեւ, որ Հայաստանի նախագահին համար կարեւոր հիմունք մը դարձած է «մաքրել» կուսակցութիւնը «աւելորդ» եւ «ոչ-մաքուր» կարգ մը տարրերէ, որոնք սկսած են բեռ դառնալ այդ քաղաքական ուժի ուսերուն: Այս մօտեցումը աւելի յստակ կը դառնար Արցախի ապրիլեան քառօրեայէն ետք ու իր զէնիթին կը հասնէր Նախագահ Սարգսեանի «Ներքին բարեփոխման» մասին դիտարկումներով, ինչ որ կը պսակուէր Կարէն Կարապետեանի վարչապետ նշանակումով: Յստակ է նաեւ, որ Կարապետեան վարչապետի պաշտօնէն բացի ունի կուսակցութեան մէջ «բարենորոգչական առաքելութիւն» մը, որ աւելիով պիտի յստականայ Ապրիլին կայանալիք ընտրութիւններէն յետոյ միայն:
Ներկայ պահու դրութեամբ հինգի հասնող քաղաքական ընդհանուր «խումբեր», որոնք կը պատրաստուին մասնակցիլ յառաջիկայ ընտրութիւններուն:
Հիմնական ուժը կը շարունակէ մնալ «Հանրապետական»ը, որմէ ետք եւ ըստ ներկայ պահու տուեալներուն՝ պիտի «հասուննայ» ԲՀԿ-ի ղեկավարին առաջնորդելիք դաշինքը, ապա Նիկոլ Փաշինեանի եւ անոր խմբակիցներուն՝ «ԵԼՔ»ը, Արթուր Պաղտասարեանի ղեկավարած «Հայկական Վերածնունդ» կուսակցութիւնը (անցեալին՝ «Օրինաց Երկիր»), Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի առաջնորդած «ՀԱԿ»ը եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ):
Բացի «Հանրապետական»էն եւ «ԵԼՔ»էն, այս ուժերը պատրաստ են յաւելեալ հնարաւոր գործակցութիւններու եւ մէկը-միւսին հետ նոր դաշինքներ ստեղծելու:
Այս բոլորին մէջ մինչեւ այս պահը աղօտ է կեցուածքը ՀՅԴ-ին, որուն ղեկավար մարմինը տակաւին չէ վճռած ո՛ր կողմին հետ դաշնակցիլ ու երթալ ընտրութիւններու: Չի բացառուիր, որ ՀՅԴ-ը «Հանրապետական»ի հովանոցին տակ մտնէ։ Անշուշտ եթէ յաջողութեամբ պսակուին Հայաստանի նախագահին հետ անոր թեկնածուներու թիւին մասին ընթացող «թէժ» քննարկումները:
Ընթացող բանակցութիւնները պիտի աւարտին Փետրուարի կէսերուն ու անկէ ետք երկիրը պիտի մտնէ ընտրապայքարի աշխոյժ փուլ մը:
Ապրիլին պիտի կայանան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընտրութիւնները, որոնք պիտի ստեղծեն նոր ուժերու յարաբերակցութեամբ գործող խորհրդարան մը եւ այս մէկը հիմնուելով երկրի նոր սահմանադրութեամբ, որ Հայաստանը պիտի բարձրացնէ նոր մակարդակի մը, որն է խորհրդարանական կառավարման համակարգը:
Տակաւին կ՚անդրադառնանք:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան