ԱՆՈՒՆԸ

-Հայաստա՛ն...

Նախադասութենէն լսեց միայն առաջին բառը՝ անունը, երբ կ՚անցնէր Վերնիսաժէն: Ձայնին հետ ընթացաւ նայուածքը՝ որսալու անունին տէրը: Իր ծննդավայրին մէջ այս անունը տարածուած չէր, անհատները չէին կոչուեր այս անունով, բայց կար անկէ յուշ մը բոլորին տան մէջ՝ գիրքի մը տեսքով կամ պատը զարդարող եւ զայն յիշեցնող խորհրդանիշ մը՝ խաչքար, լեռ, նուռ, տուտուկ...

Նայեցաւ, տեսաւ տարեց կնոջ մը դէմքը, որուն աչքերուն մէջ թախիծն ու ժպիտը կը բնակէին. նայուածքը գուրգուրոտ էր, դէմքին կնճիռներուն ծալքերը առատ եւ անհամաչափ խորութիւններ ունէին, մազերը սպիտակախառն գունդ մը կազմած էին գլխուն յետսակողմը, արծաթեայ նուրբ, ձեռակերտ նուռեր կախուած էին ականջներէն, որոնց վրայ կը փայլէին կարմիր հատիկները, հազիւ քայլ կրնար նետէր եւ ուշադիր էր ձեռքի ափսէին, ուր սուրճի բաժակներ կային. ուշադիր էր կ՚երեւի, որ դողացող ձեռքէն յանկարծ չիյնան բաժակները:

-Հայաստան տատը ինչքա՜ն հոգ է տանում մեզ...

Լսեց յանկարծ միտքը ընդհատող նախադասութիւնը, որուն հնչիւնները կրկնուեցան եւ ծանրացան տատիկին ծանր քայլերուն պէս:

Քալեց մրմնջալով նոյն նախադասութիւնը:

Քալեց եւ մայթեզրի նորածիլ բարտիներէն տարածուող թարմութիւնը շնչեց:

Կեցաւ եւ ցայտաղբիւրին սառնորակ ջուրին զովութիւնը ըմպեց: 

«Հայաստանը ինչքա՜ն հոգ է տանում մեզ», կրկնեց մրմունջին ձայնը աստիճան մը բարձրացնելով...

Դարերու ծանրութիւն կար կարծես այդ ակօսուած դէմքին վրայ, ծերունի մայր մը կը յիշեցնէր, որուն համար զաւկին տարիքը ոչ մէկ նշանակութիւն ունի, կը մնայ նոյն ձագուկը, հոգատարութեան արժանի նոյն անձնաւորութիւնը՝ անփոխադարձ նուիրում, անվերջ զոհողութիւն:

Կը ցաւի որդիներէն ոեւէ մէկուն ցաւով, նոյնիսկ եթէ ան ըլլայ թշնամիէն առեւանգուած հովիւ մը:

Կը փորձէ ըլլալ իրաւարար զաւակներուն միջեւ եւ անոնց միութիւնը վերականգնել, յիշեցնել խօսքը հերոս զաւակներէն մէկուն՝ «Աթոռի կռիւ մի՛ ընէք, տղա՛ք, հողի կռիւ ըրէք, որ աթոռը դնելու տեղ ունենաք» (Վազգէն Սարգսեան):

Կը ցաւի անիրաւօրէն իրմէ խլուածներուն համար, խլուածներուն հետ հողը գլխած զաւակներուն ցաւը ժպիտը կը քամէ դէմքէն:

Եւ այս բոլորը ակօս-ակօս կը շարուին դէմքին՝ պատմութեան էջերու պէս, բայց ինք կը ժպտի միշտ, ցաւերը թաղելով կը փորձէ ժպտիլ եւ այդ փորձին վէճը կ՚երեւի դէմքին վրայ:

Կը ժպտի, քանի կ՚ուզէ իր զաւակներուն համերաշխութիւնը տեսնել, բայց զաւակները կը զգա՞ն միթէ կամ ի՞նչ կ՚ընեն այս սիրոյ, հոգատարութեան ու գուրգուրանքին փոխարէն, միայն անոնցմէ ոմանք կ՚երեւի կ՚ըսեն՝ «Հայաստան տատը ինչքա՜ն հոգ է տանում մեզ»...

Քալելով կը հասնի մօտակայ թաղ մը, ուր շէնքի մը մուտքէն կը տարածուի «Մասի՛ս» կանչող իգական ձայն մը, ապա կը յայտնուի ալեհեր, միջահասակ տղամարդ մը, որ ծանրաբեռն ձեռքերով կը մօտենայ շէնքին սեմին:

Անցորդը կը դիտէ եւ Մասիսը տեսնելով յետադարձ հայեացք մը կը նետէ, կը փորձէ տեսնել Հայաստանը, բայց երկու թաղերը հատող հսկայ շէնքը բարձր պարիսպի պէս արգելք կ՚ըլլայ տեսողութեան:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Ապրիլ 30, 2021