Է՜Հ, ՎԵՐՋԸ…

-Ո՞ւր էք…, ի՞նչ կ՚ընէք…, ձայներնիդ չկայ…, ելէ՛ք, եկէ՛ք…, հայտէ՛…, կը սպասենք…, դիմակ-միմակ պէտք չկայ… օտար չենք…, բան մը չկայ…, վախկոտներ…, նայեցէ՛ք, նոյնիսկ նախագահը առանց դիմակի կը պտտի…:

Եւ որպէսզի այս անսովոր եւ հետզհետէ ճապաղող խրատականը կարճի կապեմ, կ՚որոշեմ ընդառաջել: Երթալ: Հանդիպիլ: Ուստի, տէր եւ տիկին արագ մը կը պատրաստուինք: Դիմակ-ձեռնոց, արդէն ինչպէս միշտ պատրաստ են եւ սեղանին վրայ մեզի կը սպասեն:

Ու նորութիւն մը չէ, եթէ ըսեմ որ «շնորհիւ» քորոնային, մեր կեանքի ընթացիկ սայլը երկար շաբաթներէ ի վեր արդէն իր ճամբան շեղած է: Անոր համար է, որ օրերու մշտական ալիքներով, մեր այս կեանքն ալ, հիմա նոր եւ անօրինակ բովանդակութիւն մը ունի:

Այս մէկը զգալի է: Ու տաժանելի է այս զգացումը:

Աշխարհով մէկ անհամբեր կը սպասենք, թէ երբ պիտի վերջանայ «ժահրային» այս առեղծուածը, որուն ձայնը անստոյգ ու զզուելի երգի նման կը լսուի ամէն վայրկեան եւ ամէն կողմէ: Միւս կողմէ սակայն, նոյնպէս տեսանելի է, թէ աշխարհը նոր հունի մը մէջ մտնելով, կարծես աւելի արագացած է եւ իր պատմութեան համար նոր էջեր ալ բացած:

Իսկապէս, որ դժուար է բացատրել ներկայ մեր կեանքի դաշտանկարը: Անոր համար բոլորս ալ անհամբեր կապուած ենք լուրերուն, յուսալով եւ աղօթելով, որ օր մը, իբրեւ աւետիս պիտի լսենք «փրկարար» գալուստին ծնունդը, ձայնը:

Անկեղծօրէն աւելցնեմ, այս անկոչ «հիւրին» պատճառով բոլորին նման, մենք ալ երեք եւ աւելի ամիսներէ ի վեր տունէն դուրս ելած չունէինք: Միայն՝ «մարքէթ»-դեղարան-տուն: Այս եղած է մեր շաբաթական ժամերու ճամբուն քարտէսը: Ոչ աւելի եւ ոչ ալ պակաս: Հա՛, մոռցայ ըսելու որ միւս ժամերուն ալ՝ գիրք, համակարգիչ եւ հեռատեսիլի կողքին, միայն մեր երկուքիս հեռաձայններն էին, իբրեւ կենսական կամուրջ եւ միջոց, դուրսի աշխարհի հետ մեզ կապող:

Այս եւ նման խորհրդածութիւններ մտովի վերաքաղելէ ետք, երկուքով դիմակ-ձեռնոց դրած, ինքնաշարժ կը «նետուինք», ամիսներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով անդրանիկ այցելութիւն մը տուողի իրավիճակով եւ միաժամանակ՝ զգուշաւորի մը հոգեվիճակով:

Ու թէեւ մեր նահանգապետը կեանքին բացուելու որոշ թելադրանք-արտօնութիւններ տուած եւ մանաւանդ սահմանած էր, սակայն տակաւին փողոցները յոգնած բանակին նման պառկած էին տուներու լռութեան առջեւ:

Կէս ժամ ետք՝ արդէն մեր բարեկամին տունն ենք: Մեզմէ զատ ուրիշներ ալ, հաւանաբար նոյն հրաւէրը ստանալով, արդէն տան աղմուկը բազմապատկած էին: Ու հազիւ ոտքերնիս ներս կոխած, այս հաւաք-հրաւէրի գաղտնիքը արագ մը բացուեցաւ, ինչպէս որ ծնած էր: Տանտիրուհիին տարեդարձն էր: Ու անկէ ետք՝ ամէն ինչ տեսարան:

Հակառակ անոր որ բոլորս ալ մեր ամէնօրեայ սովորութիւններու գերին դարձած էինք, չմոռցանք իրարու օդային համբոյրներ ղրկել, արմուկներով «բարեւել» եւ ամենէն հետաքրքրականը՝ դիմակները մէկ կողմ դնելով, մէկիկ-մէկիկ իրարու «հալ-քէֆ» հարցնել: Հաստատապէս քորոնան եւ իր վախազդու պատմութիւնները, այս տան պատերէն դուրս ձգած էինք: Անոր համար բոլորս ալ ուրախ էինք: Ու այսպէս, կեանքի քիչ մը թարմութիւն եւ քիչ մըն ալ կարօտ իրար խառնելով, իրարու ետեւ ագահօրէն ե՛ւ անկարգ ե՛ւ բարձրաձայն «բարի եկաք»ի սուրճին հետ միատեղ, սկսած էինք  խօսիլ ու պատմել, առանց նախաբաններու եւ անկանոն:

Իսկապէս՝ բազմաշերտ միտքերու պատկերաւոր ժխոռ: Բոլորին բերանները կը հրաժարէին կանգ առնելէ: Կարծես պատմելու վազք-մրցում մը կար սենեակէն ներս: Մեր տուներէն ներս ամիսներէ ի վեր քորոնայի բեռը կրած, գրեթէ նոյն «տեսակի» բաները սկսած էինք պատմել՝ անգիտակցաբար եւ առատօրէն:

Յայտնի էր եւ զգալի, թէ այս բոլորը մենակութեան «հմայքէն» ծնունդ առած էին:

-Քա՛ տեսնես մեր պարտէզի լոլիկներս…, հապա՞ մեր լեմոնի ծառը…, մեր պարտիզպանը երեք շաբաթէ ի վեր հիւանդ է…, ո՞ւր ես, մէջտեղ չկաս…, խոհանոցիս պահարանները ներկեցի…, բաց գոյնը լաւ է ըսին…, պարտէզը լուսաւորեցինք…, տեսնելու բան է բանջարանոցս…, տանիքնիս «բանի» չի գար…, հեծիկիս անիւը նորոգեցի…, քա, որ մէ՞կը մտածենք…, միայն հիւանդութիւն…, թու-թու.., հապա մեր խնձորենին…, հէլէ՛ քիչ մըն ալ դո՛ւք պատմեցէք տեսնենք…:

Ահա պաշտօնական հրաւէրը: Խօսելու կարգը մեզի հասած էր՝ վերջապէս:

Ու այսպէս համոզիչ դարձնող ներշնչանքի պահերու նման, էրիկ-կնիկ, մենք ալ խօսեցանք մեր հարցերուն մասին: Թէեւ դուրսը, աշխարհը բացած էր իր սիրտը եւ կարծես երկար կը մտածէր, բայց մենք, այդ օր իրարու մօտ եկած էինք, մեր ներքին հարցերը «դուրս» թափելու: Հաւաքուած էինք միայն մեր անձնական հարցերով «յոխորտալու»: Միայն մեզ հետաքրքրող: Մեզի յատուկ: Ու թերեւս այս բոլորը անոր համար, որ շաբաթներէ ի վեր մեր «ներսը» պահած ու կամաց-կամաց եռալ սկսած այս լուրերը, հոս բոլորի ներկայութեան պարպելով, կ՚ուզէինք հոգեպէս հանգստանալ եւ ապա մեր տուները վերադառնալ:

Զարմանալի է չէ.՞ երբե՛ք չխօսեցանք մեր ծննդավայրերու եւ կամ նոյնիսկ հայաշատ երկիրներու եւ կամ հայրենիքի մեր հայրենակիցներու իրավիճակներուն եւ կամ մեր վարժարաններու եւ աշակերտներու ներկայ կացութեան մասին: Այդ օր, այդ սենեակէն ներս որդերու նման միջուկը կրծող հարցեր չկային: Մեր ամբողջ խօսկացութեան ընթացքին, մաղթանքներու եւ կարօտագին խօսքերուն հետ պտտեցանք ու ման եկանք, հորիզոնին վրայ անստոյգ եւ իր առագաստը պատռած նաւակին նման: Կրկէսի մը պատերէն դուրս խոյս տուող վայրի կենդանիներու նման, վերադարձած էինք մեր «անտառը», տեսակ մը նոր, անօրինակ, անժամանակ եւ աննախանձելի անձնասիրութեամբ: Բայց մենք ասանկ չէինք…:

Իսկ հիմա մոռցած էինք սովորականն ու էականը: Անոր համար երբեք չխօսեցանք մեր նոր սերունդի լեզուափոխութեան մասին: Նման հարց, մեր իւրաքանչիւր հաւաքին ընդհանրապէս կը դառնար կիզակէտը մեր խորհրդակցութիւններուն, մտածումներուն, վէճերուն: Նոյնիսկ չխօսեցանք մայրենիի գիտութեան նուազումին, մեր ծնողներու անտարբերութեան եւ անհոգութեան եւ աւելին՝ մեր լեզուական ժառանգութեան կարեւորութեան, որոնք բոլորն ալ կը կարօտէին ազգային, տեղական, հաւաքական եւ ընտանեկան կամքի եւ առաջնորդութեան:

Մէկ խօսքով՝ իւրաքանչիւրիս յանձնառութեան: Ու այսպէս պարզ եւ տափակ եւ անձնական, միայն ու միայն անձնական սին մտածումներու եւ տեղեկութիւններու անթիւ փշրանքներով, լեցուցինք տարեդարձի այդ օրուան մթնոլորտը: Ու բոլորս ալ ուրախ էինք: Բայց… աւա՜ղ:

Միւս կողմէ սակայն չմոռցանք ուտել: Ու կերանք եւ դարձեալ սուրճ խմեցինք, մաղթանքներ փոխանակեցինք ու կրկին դիմակները վերցնելով, հրաժեշտ տուինք, ու ինքնաշարժները նստելով՝ բաժնուեցանք, երբ արդէն մեր իւրաքանչիւրի բնակած քաղաքը, լուսաւոր ձայներու երգերով լեցուած էր:

Ապա վերջը, ա՜խ այդ վերջը…: Մեր տան մէջ, յոգնած ու «ջարդուած», երբ թիկնաթոռիս վրայ տեղաւորուած էի, մտածումներու անթիւ շարքեր, որոնց ալիքները աւելի մշտական էին, քան աշխարհը, արդէն սկսած էին նեղել զիս:

Ա՜հ, Աստուած իմ, ինչպէս փոխուած էինք: Բոլորս ալ՝ անխտիր: Մեր ընկերային ու ազգային կեանքի բանալին իրապէս, որ կորսնցուցած էինք: Այս անիծեալ քորոնան, որ հազիւ երեք ամիսներէ ի վեր իր ներկայութիւնը մեզի պարտադրած էր, ահա արդէն մեզ նոր մտածումի եւ խորհրդածութիւններու տարբեր աշխարհ մը փոխադրած էր՝ հաստատապէս:

Մոռցած էինք՝ կարեւորները: Յատկապէս՝ ազգայինը:

Հապա՞ եթէ այս «անիծեալը», իր կեցութիւնը քիչ մըն ալ երկարէ… արդեօք վերջը ո՞ւր պիտի հասնէինք: Ո՞ւր…:

Ու յանկարծ ճակտէս հոսող պաղ քրտինքին հետ, արագ մը ոտքի ելլելով, ուղղուեցայ դէպի սենեակս, դէպի գրասեղանս, դէպի առանձնութիւնս: Այլ խօսքով կամովին դուրս եկայ այդ օրուայ մթնոլորտէն, իջնելու համար իրական աշխարհս, հեռու քորոնայական այս անտանելի ուրուականներէն:

Գրեթէ հանդարտած էի։

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020