ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

ԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ՄԵՂՔԸ

Հարցում.- Ինչպէ՞ս կրնամ ձերբազատիլ ագահութեան մեղքէն։

Պատասխան.- Ագահութեան մեղքին կը նախորդէ ուրիշ մեղք մը՝ դրամասիրութիւն, կամ ալ ուրիշները չսիրելու մեղքը, եւ այլն։ Խրատս է քեզի, որ մարդիկը սիրես, եւ ոչ թէ աշխարհը եւ անոր մէջը եղածները սիրես (Ա.Յհ 2.15)։ Եւ վստահ եղիր, որ այս մէկը ագահութիւնը սիրտէդ պիտի վռնտէ։ Իսկ եթէ ագահութիւնը մնաց մօտդ, դուն քեզ պարտադրէ տալու եւ դուն քեզի ըսէ. «Եթէ դրամը չձգեմ, ան զիս պիտի ձգէ, եւ երբ աշխարհէն բաժնուիմ, հետս պիտի չտանիմ զայն»:

ԱՆՁՆԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ՄՏԱԾԵՄ…

Հարցում.- Թէեւ 24 տարեկան եմ, սակայն անձնասպանութեան մասին կը մտածեմ եւ կը տառապիմ յանցանքի զգացողութենէն։ Ի՞նչ է ձեր խրատը։

Պատասխան.- Տարօրինակ, որ այս տարիքիդ մտածես անձնասպանութեան մասին։ Չէ՛ զաւակս, մի՛ մտածեր հոգիդ սպաննելու մասին, ձգէ՛ որ մահը յարմար ժամանակին գայ քեզի (եթէ Տէրը կամենայ երկար տարիներէ ետք)։ Դուն մի՛ ցանկար անոր, այլ ձգէ որ ան քեզ ցանկայ։ Կը յուսամ, որ այն ատեն, հոգեկան պատրաստ վիճակի մէջ կ՚ըլլաս ընդունելու համար յաւիտենականութիւնը։

Ըսէ՛ դուն քեզի, ես անձնասպան չե՛մ ըլլար, որովհետեւ եթէ անձնասպան եղայ՝ հոգիս սպաննողը ե՛ս կ՚ըլլամ եւ մահը կը դիմաւորեմ՝ որպէս որճրագործ, եւ յաւիտենականութեան մէջ բաժինս ոճրագործներուն նման կ՚ըլլայ՝ դժոխքին մէջ։

Մի՛ կարծեր, թէ անձնասպանութիւնը կ՚ազատէ քեզ կեանքէն եւ ինչ որ ցաւ կայ անոր մէջ. ընդհակառակը, ուրիշ կեանքի մը սկիզբը պիտի ըլլայ, որ լեցուն է գունաւոր անտանելի ցաւերով եւ ժամանակին մէջ սահման չկայ անոնց համար։

Անձնասպանութիւնը անկարողութեան եւ յուսահատութեան նշան է, եւ որպէս այդպիսին՝ յոյսին ու հաւատքին դէմ է, որոնք մեծագոյն առաքինութիւններն են (Ա.Կր 13.13)։

Իսկ յանցանքի զգացողութեան լուծումը՝ ապաշխարութիւնն է։ Եթէ ոեւէ մէկուն հետ վատ վարուած ես, կրնաս հաշտուիլ անոր հետ եւ յանցանքիդ արդիւնքները սրբագրել։ Իսկ մեռնիլդ, ո՛չ իրեն կ՚օգտէ եւ ոչ ալ՝ քեզի…

ՆԵՂ ԴՈՒՌԸ ԵՒ ԹԵԹԵՒ ԲԵՌԸ

Հարցում.- Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կ՚ըսէ. «Դէպի կեանք տանող դուռը նեղ է եւ ճամբան դժուարին» (Մտ 7.14)։ Իսկ ուրիշ տեղ մը. «Իմ լուծս դիւրաւ տանելի է եւ բեռս՝ թեթեւ» (Մտ 11.30). արդեօք հակասութիւն կա՞յ այս երկու նախադասութիւններուն մէջ։

Պատասխան.- Վստահաբար հոգեւոր ճամբան նեղ է, որու ընդմէջէն մարդ արարածը կը փորձէ յաղթել այս աշխարհին, նիւթին, մեղքին, մարմինին եւ սատանային։ Եւ ինչպէս Առաքեալը կ՚ըսէ. «Դուք տակաւին ձեր արիւնը թափելու չափ դիմադրութիւն ցոյց չտուիք մեղքի դէմ պայքարին մէջ» (Եբր 12.4)։ Սակայն, այս նեղ ըլլալը սկզբնական շրջանին, որովհետեւ երբ որ հաւատցեալը հոգեւոր ապրումներուն հաճոյքը ստանայ, նոյնիսկ ցաւին մէջ, իր բեռը թեթեւ կ՚ըլլայ։ Ու պէտք չէ Աստուծոյ օգնականութիւնը մոռնանք, որ ըսաւ. «Ինծի՛ եկէք դուք բոլորդ, յոգնածներ ու բեռնաւորուածներ եւ Ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի» (Մտ 11.28)։ Եւ եթէ կը հանգստացնէ, լուծը դիւրաւ տանելի կ՚ըլլայ եւ բեռն ալ թեթեւ… եւ հետեւաբար հակասութիւն չկայ…

ՎԻԺՈՒՄԻ ՄԵՂՔԻ ՔԱՒՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Հարցում.- Ամուսնացած կին մըն եմ եւ վիժումի գործողութիւն ըրի, եւ վիժեցուցի երեխան առաջին ամիսը՝ ամուսինիս համաձայնութենէն ետք։ Սակայն, յանցաւոր կը զգամ կատարած արարքիս համար։ Ի՞նչ է լուծումը, որ Տէրը ներէ զիս։

Պատասխան.- Անուշ խօսքեր պիտի չըսե՛մ քեզի, աղջիկս։ Դուն ոճրագործ կին ես։

Արգանդիդ մէջ երեխայ մը սպաննեցիր։ Եթէ առիթ տրուէր անոր, կրնար դուրս գալ արգանդէդ եւ կեանք ունենար։ Եւ ինչ գիտենք, թէ ի՛նչ կը սպասէր անոր ապագային, թերեւս ալ ընտանիքդ կը հպարտանար անով։

Իսկ ամուսինիդ համաձայնութեան համար, ան ալ մասնակից է հետդ ոճիրին մէջ։

Ոեւէ կին, որուն ամուսինը իրմէ կ՚ուզէ, որ իր երեխան վիժեցնէ, պէտք չէ հնազանդի անոր երբե՛ք, բացի այն պարագային՝ երբ (երեխային) ծնունդը իր (կնոջ) մահուան պատճառ ըլլայ…

Սակայն, ի՞նչ պիտի ընես հիմա եւ դուն յանցաւոր կը զգաս։ Ես չեմ ուզեր աւելցնել յանցանքդ։ Բայց ասոնք կ՚ըսեմ, որպէսզի ուրիշներուն համար օրինակ ըլլաս։

Նախ եւ առաջ պատիժ պէտք է քեզի, սակայն հիմա չեմ ուզեր որոշել պատիժդ, որպէսզի ուրիշ կին մը չըսէ. «Գիտցայ լուծումը։ Արգելք չկայ, որ երեխաս վիժեցնեմ եւ ապա այդպիսի պատիժ մը ստանամ»։

Կը յիշեմ նման դէպք մը, որ սփիւռքին մէջ պատահած է ինծի։ Զոյգին համաձայնութեամբ երեխան վիժեցուցած են եւ ինձմէ պատիժ խնդրեցին, որպէսզի իրենց խիղճը հանգստացնեն…

Արգիլեցի զիրենք Սուրբ Հաղորդութիւն ստանալէ՝ մինչեւ կորսնցուցածի փոխարէն ուրիշ զաւակ մը բերելը։ Այսպիսով, կը սորվին թէ չե՛ն կրնար ազատիլ զաւակ բերելէ, այլ՝ իրենց Աստուծոյ հակառակիլը կը դադրի։

Թելադրութիւնս է, որ խոստովանահայրէդ խնդրես, որպէսզի քեզ յոգնեցնող պատիժ մը սահմանէ, որով յիշեցնէ քեզի մեղքիդ խորութիւնը եւ օգնէ քեզի, որ ազատիս յանցանքի հանգոյցէն։ Ամուսինդ ալ պէտք է ծանր պատիժ կրէ։

Գիտցիր, որ վիժեցնելով՝ ոչ թէ ձեր զաւակը սպաննած եղաք, այլ՝ սպանութիւն մըն է զաւկի մը, որ կրնար Աստուծոյ զաւակ ըլլալ։

Դուք սպաննեցիք փոքրիկ մը, որ իր ծնունդէն ետք պիտի մկրտուէր եւ Աստուծոյ ու եկեղեցիին զաւակ պիտի ըլլար. իսկ անոր այդ որդիութենէն զրկելը՝ կանխամտածուած մեղքի նման է։

ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՁՈՒԿ ՈՒՏԵԼԸ

Հարցում.- Ինչո՞ւ համար չորեքշաբթի եւ ուրբաթ, ինչպէս նաեւ կարգ մը պահքերու ձուկ չենք ուտեր: Հակառակ որ լսած եմ, թէ անցեալին ձուկ կ՚ուտէին չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը:

Պատասխան.- Եթէ ոմանք անցեալին ձուկ կ՚ուտէին չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, կասկած չկայ թէ այդ մէկը իրենց կողմէ եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը սխալ հասկնալուն մէջ է, կամ ալ վատ սովորութիւն մըն է, որ ժառանգած կամ առած են: Միասին սերտենք.

Մեր պահեցողութիւնը բուսական պահք է, ինչպէս բոլորդ ալ գիտէք: Ատոր ընթացքին միս չենք գործածեր եւ ոչ ալ որեւէ բան, որ կենդանական ծագում ունի: Կասկած ալ չկայ, թէ ձուկը միս է: Հետեւաբար, ձուկ ուտելը երբեք չի՛ համաձայնիր պահքին հետ: Այս պատճառով, պէտք չէ զարմանաս ձուկ չուտելու երեւոյթէն չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը: Ընդհակառակն, պէտք է զարմանաս այն երեւոյթին, որ բուսական կոչուած պահքի ընթացքին ձուկ կ՚ուտեն:

Ընդհանուր օրէնքը հետեւաբար այն է, պահքերու ընթացքին ձուկ չուտել:

Սակայն, որովհետեւ Ղպտի Եկեղեցւոյ մէջ պահքերը բազմաթիւ են, տարուան մէջ մօտաւորապէս 200 օր, այսինքն՝ կէս տարիէ աւելի, այդ պատճառով արտօնուած է ձուկ ուտել որոշ պահքերու, որոնք երկրորդական պահքեր են, որպէսզի ատով թեթեւցնեն մարդոց վիճակը: Սակայն, չ՚արտօնուիր ձուկ ուտել Մեծ պահքին, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, որովհետեւ առաջին կարգի պահքեր են եւ միաժամանակ Տէրունի պահքեր են: Սուրբ քառասնորդացը մեր Տէրը Քրիստոս պահեց, փառք Անոր: Աւագ շաբաթը՝ իր չարչարանքներու շաբաթն է: Չորեքշաբթի օրը Անոր մատնութիւնը կը յիշենք, իսկ ուրբաթ օր՝ Անոր խաչելութիւնը:

Մարդիկ կրնան շաբթուան իւրաքանչիւր օր միս ուտել բացի չորեքշաբթիէն եւ ուրբաթէն: Եթէ այդ օրերուն ձուկ ուտեն, կը նշանակէ, թէ միս կերած են, որովհետեւ ձուկը միս է: Կարելի չէ այդքան անտարբեր ըլլալ այս կապակցութեամբ:

Տրամաբանական չէ, թէ երբ կը յիշենք մեր Տիրոջ մատնութիւնն ու խաչելութիւնը, միաժամանակ ձուկ կ՚ուտենք, հաճոյք կը պատճառենք մենք մեզի: Այս յիշատակութիւնները աւելի լրջութիւն կը պահանջեն:

***

Անգամ մը ոմանք հարցուցին.

Աւետման տօնին, որ Տէրունի տօն մըն է, կարելի՞ է ձուկ ուտել:

Աւետման տօնը ընդհանրապէս միշտ Մեծ պահքին կը համընկնի: Պատասխանը հարցումին հետեւեալն է. Մեծ պահքը կարելի չէ կտրել որեւէ մէկ պատճառով, նոյնիսկ եթէ Տէրունի տօն ըլլայ:

Տակաւին, այս առիթին պահքը կտրելը նշան է, թէ մեր անձը չենք զսպած պէտք եղածին պէս: Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ մէկը մէկ ամիս պահք պահէ Մեծ Պահքի ժամանակ, ապա սիրտը ձուկ ուզէ պահքի ժամանակ համընկած Աւետման տօնին:

Ո՞ւր է նիւթէն եւ համեղ ուտելիքէն բարձրացումը, վսեմացումը:

ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յունուար 31, 2019