Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց
Յարգելի ու սիրելի ընթերցողներ, կը շնորհաւորեմ ձեր Ս. Յարութեան տօնը ու կը մաղթեմ աստուածային օրհնութեամբ լեցուն շրջան մը։ Այո՛, նոր շրջան մը եւս կը սկսի եկեղեցական կեանքէ ներս, մանաւանդ երբ կու գանք դուրս երկարաշունչ Մեծ պահքէ մը՝ զոր ամէն մէկ եկեղեցւոյ անդամ, կը կարծեմ, որ իր կարելիութեան չափով արժեւորեց այս օրերը՝ իր անձին հոգեւոր շինութեան համար։
Մեծ պահոց ամէն մէկ Կիրակի՝ սուրբ պատարագներու աւարտին, քարոզներու նիւթ դարձան Տէր Յիսուսի պատմած առակները, որոնց մէջի հերոսներով անուանուեցան Մեծ պահոց կիրակիները. Անառակի, Տնտեսի, Դատաւորի եւ այլն։
Մեծ պահոց ընթացքին գրեթէ բոլոր եկեղեցիներէ ներս կատարուեցան յատուկ Արեւագալի արարողութիւններ ու կիրակնօրեայ հսկումներ, որոնց ներկայ եղան մեծ թիւով հաւատացեալներ, նաեւ ուխտագնացութեան այցելութիւններ տրուեցան հեռաւոր քաղաքներ գտնուող եկեղեցիներ։
Տուներէ ներս Սուրբ Գիրքի սերտողութիւններ ու ընթերցումներ տեղի ունեցան, ոմանք իրենց առողջութեան ներած չափով ծոմ ու պահք պահեցին, ոմանք նուիրատուութիւններ ու բարեգործութիւններ կատարեցին՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի փրկութիւն իրենց անձանց։
Այսօր բոլոր այս բաներու հոգեւոր պտուղը կը քաղենք Քրիստոսի յարութեան աւետիսով. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»։
Այս նախադասութիւնը տօնական օրուան յատուկ պարզ բարեւուելու միջոց մը չէ, այլ՝ քրիստոնեային ամէն մէկ օր իր միտքին քանդակուելիք աւետիս մըն է։
Վերեւ յիշուած ամէն մէկ եկեղեցական աղօթք ու վարժութիւն իմաստ պիտի չունենար, եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չըլլար։
Յարութեան աւետիսով է, որ կը պայմանաւորուի քրիստոնեային կեանքը։ Յարութեան աւետիսը պէտք եղածին պէս հասկնալու համար նախ պէտք է գիտնանք, թէ ի՞նչ է կեանքը եւ ի՞նչ է մահը։
Ս. Գիրքէն կը սորվինք, թէ երբ Աստուած հողէն ստեղծեց մարդը, կենդանութիւն չունէր, բայց այն ատեն, երբ ռունգերուն կենդանութեան շունչ փչեց՝ ան կենդանի հոգի եղաւ։
Աստուած մարդը ստեղծելէ յետոյ դրաւ զինք նախապէս պատրաստած դրախտի պարտէզին մէջ, ուր ամէն բան իրեն համար հայթայթած էր։ Պատուիրեց իրեն, որ հոն գտնուող ամէն ծառի պտուղէն կրնար ուտել, բացի բարին ու չարը գիտնալու ծառէն, որմէ այն օրը որ ուտէր, անշուշտ պիտի մեռնէր։ Բացի այս ծառէն զանազան ծառեր ալ կային մարդուն պէտքին համար, իսկ պարտէզի մէջտեղն ալ կը գտնուէր կեանքի ծառը։
Մարդը երբ սատանային խաբուելով անհնազանդ գտնուեցաւ ու պտուղէն կերաւ, կը կարծէր, որ բան մը պիտի չպատահէր ու չմեռնէր, այլ ընդհակառակը Աստուծոյ պէս պիտի ըլլար, բայց իր կարծածին պէս չեղաւ ու մահուան դատապարտուեցաւ, ապա մեռաւ։
Մահը անշուշտ որ նոյն պահուն չեկաւ ու գետին չինկաւ. բայց ինք յաւիտեան ապրելու միջոցը եղող, կեանքի ծառէն ուտելու իրաւունքէն զրկուեցաւ, երբ դրախտէն արտաքսուեցաւ։
Շատ անգամ երբ սխալ մը կը գործուի, կը կարծուի, որ նոյն պահուն կը պատահի անխուսափելին, եւ երբ կը տեսնէ, որ իր կեանքը չէ վնասուած հակառակ իր մտահոգութիւններուն՝ աւելի կը խորանայ իր սխալին մէջ. ճիշդ սարդի ճիրաններուն մէջ ինկած ճանճի մը նման, որուն համար փրկուիլը հրաշք կ՚ըլլայ։
Այսօր ալ երբ մարդ կը ծնի, կ՚ապրի. բայց հետզհետէ բաներ մը կը սկսին հակառակ երթալ ու կը մահանայ. թէեւ ողջ է իր կեանքի օրերուն, բայց յաւիտեան ապրելու իրաւունքը ձեռքէն առնուած ըլլալուն ողջ մեռեալ մըն է, ինչպէս Ադամի կեանքը 930 տարի եղաւ, բայց մեռաւ։
Ուրեմն, ամէն մարդ երբ աշխարհ կու գայ, նոյն դատապարտութեան տակ է. մենք կը կարծենք, որ կ՚ապրինք ու կը շարունակենք մեր կեանքերը նորանոր սխալներով լեցնել, ինչպէս որ Ադամ կարծեց, թէ կ՚ապրէր։ Աստուծոյ եւ իր տուած կեանքի ծառի պտուղէն դուրս կեանքի միջոց չկայ, սակայն դժբախտաբար կորսնցուցած ենք զայն՝ մեր անհնազանդութեան հետեւանքով։
Ինչպէս զանազան առիթներով պատմեցինք, Աստուած մարդուն խոստացած էր փրկութիւն, զոր պիտի գար կնոջ սերունդէն ու մահուան պատճառ սատանային գլուխը իր մահով պիտի ճզմէր եւ վերստին կեանք պիտի շնորհէր մարդկանց։
«Մահուամբ զմահ կոխեաց, եւ յարութեամբն իւրով, մեզ զկեանս պարգեւեաց»։
Քրիստոս իր կեանքի ու վարդապետութեան օրերուն Մովսէսի ժամանակ անապատի մէջ օձերէ խայթուելով մահացող իսրայէլացիներուն ինչպէ՞ս օձաձեւ գաւազանի մը նայելով փրկուած ըլլալնուն օրինակը տուաւ։ Եւ աւելցուց ըսելով, թէ նոյնպէս մարդու որդին ալ պէտք է բարձրանայ, որպէսզի մարդիկ նայելով իրեն փրկուին։ Այսինքն պէտք է խաչ բարձրանայ։
Քրիստոս Վերջին ընթրիքի պահուն իր մարմինին ու արիւնին օրինակը ըլլալով հացը ու գինին ներկայացուց եւ մարդոց հետ կնքեց նոր ուխտ մը, որուն միջոցով մարդու եւ Աստուծոյ միջեւ խանգարուած յարաբերութիւնը Աստուծոյ ողորմութեան շնորհիւ պիտի նորոգուէր։ Քրիստոս խոստացաւ. «…ով որ հաւատայ իրեն թէեւ մեռնի պիտի ապրի»։
Պօղոս առաքեալ Թեսաղոնիկեցիներուն գրած նամակին մէջ նոյնը կ՚ըսէ, որ յուղարկաւորութեան պահուն կը կարդացուի իբրեւ մխիթարութիւն սգակիր ժողովուրդի. «Չեմ ուզեր որ անգէտ ըլլաք ննջեցեալներու մասին որպէսզի չտխրիք ուրիշներու նման որոնք յոյս չունին, եթէ կը հաւատանք թէ Յիսուս մեռաւ եւ յարութիւն առաւ նոյնպէս ալ Աստուած ետ պիտի բերէ ննջեցեալները Յիսուսի միջոցով անոր հետ»։
Եւ կ՚աւելցնէ. «…մենք որ կենդանի ենք եւ սպասող Տիրոջ գալստեան պիտի չհասնիք ննջեցեալներու վիճակին»։
Ինչո՞ւ պիտի չհասնինք ննջեցեալներու վիճակին. որովհետեւ Քրիստոս մեզի կեանք պիտի շնորհէ։
Թէ ինչպէ՞ս… Ինչպէս Ադամ կեանքի ծառի պտուղէն զրկուեցաւ ու ողջ մեռեալ մը եղաւ ինք իր մեղանչումով, ամէն մէկ Քրիստոսի հաւատացող ալ որ կը ննջէ ի Քրիստոս, կենդանի է՝ Քրիստոսի աստուածութեամբ, որովհետեւ Աստուած աղբիւր է կենդանութեան, եւ ինչ որ Աստուած ունի տուած է իր Միածին Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի։ Որովհետեւ ան բժշկութիւն, մեղքերու թողութիւն, մեռեալներու յարութիւն տուաւ։
Քրիստոս իր մէջ ունի կեանքի զօրութիւնը, աղբիւր է կենդանութեան. «Ես եմ կեանք եւ յարութիւն», ըսաւ ինք իրեն համար։
Մենք կը մեռնինք այն պատճառով, որ մեր մէջ կեանք չկայ առանց Աստուծոյ, այն կեանքը, զոր Աստուած իր շունչով մարդուն տուաւ եւ կենդանի հոգի եղաւ։
Իսկ այժմ մահէ դուրս գալու միակ միջոցը Յարուցեալ Քրիստոսի մարմինն ու արիւնն է, այլ խօսքով անոր աստուածութեան հաղորդ դառնալ է։
Ժամագիրքը հաւատքի դաւանութեան մէջ Քրիստոսի մասին կ՚ըսէ. «Ոչ է սկիզբն աստուածութեան նորա եւ ոչ վախճան մարդկութեան նորա զի Յիսուս Քրիստոս երէկ եւ այսօր նոյն եւ յաւիտեան»։ Այս պատճառով մարմնացաւ ու մարդացաւ եւ ծնաւ կատարելապէս։ Յետոյ կը շարունակէ ըսելով. «Յետոյ եկեալ կամաւ ի չարչարանս. Խաչեալ եւ մեռեալ մարմնովն, եւ կենդանի աստուածութեամբն»։ Ուրեմն կարելի պիտի չըլլար Յիսուսի աստուածութեան յաղթել, զոր կարծեցին, թէ յաղթեցին։
Ինչպէս մենք ողջ կ՚երեւինք, բայց մահկանացու ենք, Քրիստոս ալ մահկանացու կարծուեցաւ ու չտեսան Իր աստուածութիւնը եւ չապաշխարեցին ու փորձեցին զԱյն խաչելով մեռցնել, նաեւ կարծեցին, որ մեռցուցին, բայց ինք իր կենդանի աստուածութեամբ յարութիւն առաւ։ Ինչպէս Քրիստոս մեռաւ ու յարութիւն առաւ, նոյնպէս իրեն հաւատացող ու Իր մարմնին մօտենալով ճաշակող ամէն մարդ պիտի փրկուի ու ապրի։
Աստուած, որ Ադամը դուրս վռնտեց եդեմի պարտէզէն ու կենաց ծառին ճամբան ալ պահեց իրմէ քերովբէներով ու բոցեղէն սուրով, չըլլայ որ կեանքի ծառի պտուղէն ուտէր ու ապրէր յաւիտեան, Քրիստոս եղաւ այն ծառը՝ «Ծառ Կենաց»ը, զոր հաւատքով մօտեցող ամէն մարդ պիտի ճաշակէր իրմէ ու պիտի ապրէր յաւիտեան։
«Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի». Ձեզի մեզի մեծ աւետիս։
ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔԱՀԱՆԱՅ ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ