Մի­ջազ­գա­յին եր­կօ­րեայ գի­տա­ժո­ղով՝ նուի­րուած ա­րեւմ­տա­հայ նշա­նաւոր ման­կա­վարժ Յով­հան­նէս Հինդ­լեա­նի 150-ա­մեա­կին

Ժո­ղովր­դա­կան ի­մաս­տուն խօսք մը կայ. մար­դը կ՚ապ­րի այն­քան, որ­քան զայն կը յի­շեն: Այս ի­մաս­տով պոլ­սա­հայ մեծ ման­կա­վարժ ու դաս­տիա­րակ Յով­հան­նէս Հինդ­լեա­ն (1866-1950) իր մահ­կա­նա­ցուն կնքե­լէ յե­տոյ եւս կը շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ, ապ­րիլ իր սա­նե­րու մտա­ծում­նե­րուն ու ձեռ­նար­կում­նե­րուն, ա­նոնց մէջ ու ա­նոր հե­տե­ւորդ­նե­րու մի­ջո­ցով: Հինդ­լեան ու­սուց­ի­չի հա­զա­րա­ւոր ա­շա­կերտ­նե­րն ու հա­մա­կիր­նե­րը, ցրուած ի սփիւռս աշ­խար­հի, մշտա­պէս ու­ղեկ­ցած են մեծ Ու­սուց­չա­պե­տի բա­րի խրատ­նե­րուն, ի շարս ո­րոնց նաեւ այս մէ­կը. «Մի՛ մոռ­նար եր­բեք ազգդ, ըն­տա­նիքդ եւ մայ­րե­նի լե­զուդ: Մի՛ մոռ­նար նաեւ քու սի­րե­լի «Նոր Դպրոց»ը եւ բա­րո­յա­կան այն վսեմ սկզբունք­նե­րը, զորս ան ջա­նաց հե­ղուլ քու ման­կու­նակ հոգ­ւոյդ մէջ»:

Ան­ցեալ դա­րաս­կիզ­բին՝ 1909-ին, Յով­հան­նէս Հինդ­լեա­ն իր ըն­կե­րոջ՝ Գա­լուստ Մա­լա­թեա­նի հետ հիմ­նեց եւ մին­չեւ իր մա­հը վա­րեց «Նոր Դպրոց»ը, ո­ր նոր ու ար­դիւ­նա­շատ շրջան բա­ցաւ Թուր­քիոյ հա­յոց կրթա­կան շարժ­ման մէջ: Ու­սում­նա­սի­րե­լով եւ իւ­րաց­նե­լով ժա­մա­նա­կի եւ­րո­պա­կան ման­կա­վար­ժու­թեան յա­ռա­ջա­դի­մա­կան լա­ւա­գոյն սկզբունք­ներն ու մե­թոտ­նե­րը՝ վեր­ջին­ներս ան ներ­բե­րաւ հայ կեանք: Հինդ­լեա­ն 20-րդ դա­րու ա­ռա­ջին կէ­սի ա­րեւմ­տա­հայ ման­կա­վար­ժա­կան մտքի ու դպրո­ցա­կան գոր­ծի այն ա­կա­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչն էր, որ հայ ու օ­տար մեծ լու­սա­ւո­րիչ­նե­րու նման բարձր կը գնա­հա­տէր դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը եւ ան­կեղ­ծօ­րէն կը հա­ւա­տար ա­նոր ու­ժին ու վե­րա­փո­խիչ դե­րին:

Թէ՛ որ­պէս նա­խակր­թա­րան եւ թէ՛ երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նի աս­տի­ճա­նով «Նոր Դպրոց»ը հաս­ցու­ցած է հա­զա­րա­ւոր ա­շա­կերտ­ներ, ո­րոնց մեծ մա­սը Թուր­քիո­յ եւ ար­տերկ­րի մէջ հա­սած են տպա­ւո­րիչ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու եւ տի­րա­ցած են նա­խան­ձե­լի դիր­քի՝ կեան­քի զա­նա­զան աս­պա­րէզ­նե­րու մէջ: Ի հար­կէ, շատ դժուա­րու­թիւն­ներ դի­մագ­րա­ւած է ան տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին: Հրդեհ, շէն­քի չգո­յու­թիւն, պա­տե­րազ­մի տխուր տա­րի­ներ, նիւ­թա­կան ծայ­րա­յեղ անձ­կու­թիւն, ան­վերջ տե­ղա­փո­խու­թիւն­ներ եւ այլն: Այս ա­մէ­նը, սա­կայն, չեն կա­րո­ղա­ցած խա­փա­նել կրթա­կան այդ հաս­տա­տու­թեան գնաց­քը: Ան յա­ռա­ջա­ցել է միշտ յաղ­թա­կան ու հպարտ՝ իր շուր­ջը սփռե­լով «Լոյս»ը, «Սէր»ը եւ «Կեանք»ը:

Այս տա­րի կը լրա­նայ ա­րեւմ­տա­հայ մեծ ման­կա­վար­ժի ծննդեան 150-ա­մեա­կը: Իբր այդ, Խա­չա­տուր Ա­բո­վեա­նի ա­նուան հայ­կա­կան ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նը (ՀՊՄՀ), ի մաս­նա­ւո­րի՝ «Սփիւռք» գի­տաու­սում­նա­կան կեդ­րո­նը, Հայ նոր ու նո­րա­գոյն գրա­կա­նու­թեան եւ ա­նոր դա­սա­ւանդ­ման մե­թո­տի, Մաս­նա­գի­տա­կան կրթու­թեան եւ կի­րա­ռա­կան ման­կա­վար­ժու­թեան ամ­պիոն­նե­րը, ձեռ­նար­կե­ցին մի­ջազ­գա­յին եր­կօ­րեայ գի­տա­ժո­ղո­վի ի­րա­կա­նա­ցու­մը Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ մաս­նակ­ցու­թեամբ ե­րե­ւան­ցի գիտ­նա­կան­նե­րու եւ ար­տերկ­րի շուրջ տասն եր­կիր­նե­րէ (Թուր­քիա, Սու­րիա, Լի­բա­նան, Կիպ­րոս, Ֆրան­սա, Անգ­լիա, Գա­նա­տա եւ այլն) ժա­մա­նած կրթա­կան ո­լոր­տի մշակ­նե­րու ու հա­յա­պահ­պա­նու­թեան խնդրով մտա­հոգ ան­ձե­րու:

Գի­տա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը Մա­յի­սի 26-ին նախ ըն­դու­նեց ՀՊՄՀ­-ի վե­րա­տե­սուչ Ռու­բէն Միր­զա­խա­նեա­ն, ա­պա ներ­կա­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ հա­մալ­սա­րա­նի թան­գա­րա­նի նա­խաս­րա­հին մէջ բա­ցուե­ցաւ գե­ղա­գէտ ու գծան­կա­րիչ Լե­ւոն Լա­ճի­կեա­նի «Պո­լի­սը՝ մօտ ու հե­ռու» կրա­ֆի­քա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սը: Այ­նու­հե­տեւ գի­տա­ժո­ղո­վը ող­ջու­նե­ցին Հա­յաս­տա­նի Ս­­փիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար Ֆիր­տուս Զա­քա­րեա­ն, ՀՊՄՀ­-ի տե­սուչ Սրբու­հի Գէորգ­եա­ն, ո­րոնք բարձր գնա­հա­տե­ցին Յով­հան­նէս Հինդ­լեա­նի բեղմ­նա­ւոր գոր­ծու­նէու­թիւնն ու ա­նոր ան­կորն­չե­լի վաս­տա­կը:

Ըստ «Սփիւռք» գի­տաու­սում­նա­կան կեդ­րո­նի տնօ­րէն Սու­րէն Դա­նիէ­լեա­նի՝ «Մեր կեն­սագ­րու­թիւ­նը մեր ան­ցեա­լի մէջ է: Հինդ­լեան Պոլ­սոյ մէջ պա­տու­հան բա­ցաւ դէ­պի եւ­րո­պա­կան կրթա­կան մշա­կոյթն ու ման­կա­վար­ժու­թիւ­նը: Կեն­սագ­րու­թեան ճա­նա­պար­հով ըն­թա­նա­լով մենք վա­ղուան ու­րուա­գի­ծը կը բե­րենք: Բո­լորս զո­հա­բե­րու­թեան ճա­նա­պար­հով է, որ կ՚ըն­թա­նանք ար­մա­տա­ւո­րե­լու կրթու­թեան լու­սա­ւո­րու­թեան ծի­լը»:

«Լոյս, Սէր, Կեանք» նշա­նա­բա­նը ու­նե­նա­լով ու­ղե­ցոյց՝ Յով­հան­նէս Հինդ­լեա­ն 20-րդ դա­րու ա­ռա­ջին կէ­սին նպաս­տեց Պոլ­սոյ հայ հա­մայն­քի ազ­գա­յին ինք­նա­գի­տակ­ցու­թեան զար­գաց­ման՝ ար­ձա­նագ­րե­լով մեծ ար­դիւնք­ներ հա­յա­կեր­տու­մի ու մար­դա­կեր­տու­մի ճա­նա­պար­հին: Իր ե­լոյ­թին մէջ Իս­թան­պու­լի Կեդ­րոն­կան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէն Սիլ­վա Գու­յում­ճեա­ն մաս­նա­ւո­րա­պէս նշեց. «Հինդ­լեան հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին զար­թօն­քին կը նպաս­տէ՝ նուի­րուե­լով սե­րունդ­նե­րու դաս­տիա­րա­կու­թեան, գիր­քե­րով եւ հրա­պա­րա­կագ­րու­թիւն­նե­րով»:

Շուրջ եր­կու տաս­նեակ զե­կոյց­նե­րու մէջ Յով­հան­նէս Հինդ­լեա­նի ման­կա­վար­ժա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ ա­նոր թո­ղած գրա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը քննուե­ցաւ բազ­մա­կող­մա­նիօ­րէն եւ տար­բեր դի­տան­կիւն­նե­րէ՝ մե­թո­տա­բա­նա­կան, բա­րո­յա­կան, աս­տուա­ծա­բա­նա­կան, գե­ղա­րուես­տա­-վա­ւե­րագ­րա­կան եւ այլն: Բո­լո­րի քննու­թիւն­նե­րուն մէջ կար­միր թե­լի պէս կ՚անց­նէր այն միտ­քը, թէ շուրջ մէկ դար ա­ռաջ Յով­հան­նէս Հինդ­լեա­նի իւ­րաց­ու­ցած ու կի­րա­ռած միտ­քե­րը ու­նին այժ­մէա­կան մեծ հնչե­ղու­թիւն եւ կար­ծես գրուած ըլ­լան այ­սօ­րուան հա­մար: Այս մէ­կը հաս­տա­տեց նաեւ Մաս­նա­գի­տա­կան կրթու­թեան եւ կի­րա­ռա­կան ման­կա­վար­ժու­թեան ամ­պիո­նի վա­րիչ Աի­տա Թո­փու­զեա­ն, ո­րու հա­մա­ձայն «Հինդ­լեա­նի ման­կա­վար­ժա­կան հա­յեացք­ներն ու գա­ղա­փար­նե­րը այ­սօր ալ ար­դիա­կան են եւ կրնան օգ­տա­կար ըլ­լալ ման­կա­վարժ-գիտ­նա­կան­նե­րու, դպրո­ցա­կան գոր­ծի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րու, ու­սուց­չու­թեան եւ ծնո­ղա­կան հա­մայն­քի հա­մար»:

Ու­շագ­րա­ւը այն էր, որ մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղո­վի յա­ջորդ օ­րը բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը Ե­րե­ւա­նէն մեկ­նե­ցան Տա­ւու­շի մար­զի սահ­մա­նա­մերձ Կա­յան ա­ւան: Պատ­ճա­ռը այն է, որ 1989-ին «Նոր Դպրոց»ի գո­ցուե­լէն յե­տոյ նորդպ­րո­ցեան­նե­րուն հան­գիստ չէր տա­ր զայն ո­րե­ւէ տեղ վե­րա­բա­նա­լու միտ­քը: Ա­մէն ան­գամ ա­նոնք կը յի­շէին Հինդ­լեա­նի հայ­րա­կան յոր­դոր­ներն ու թե­լադ­րու­թիւն­նե­րը եւ կը բո­լո­րուէին ա­նոր բա­րո­յա­կան ներ­կա­յու­թեան շուրջ: 2002-ի Օ­գոս­տո­սին 1947-1948 տա­րեշր­ջա­նի շրջա­նա­ւարտ­ներ Ար­մանտ ու Ա­նա­յիս Սուա­ճեան-Ա­յալ­թըն ա­մո­լի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ տասն­մէկ նախ­կին սա­ներ ու սա­նու­հի­ներ ի­րենց կո­ղա­կից­նե­րով մէկ­տե­ղուե­ցան Գա­նա­տա­յի Վան­քու­վըր քա­ղա­քի մէջ եւ գա­ղա­փար յղա­ցան վե­րա­բա­նա­լու Հինդ­լեան դպրո­ցը: Հա­յաս­տան լա­ւա­գոյն վայ­րը նկա­տուե­ցաւ՝ թէ՛ ա­շա­կերտ­նե­րու եւ թէ՛ ու­սուց­չաց կազ­մի գո­յու­թեան ի­մաս­տով: Պո­լիս ծնած եւ շատ տա­րի­ներ վերջ Ա­մե­րի­կա՝ Նիւ Ճըր­զի բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած Պերճ Ա­րա­զի հե­տե­ւո­ղա­կան ջան­քե­րու շնոր­հիւ, Հա­մաշ­խար­հա­յին դրա­մա­տան մի­ջոց­նե­րով եւ Պոլ­սա­հայ օգ­նու­թեան միու­թեան նիւ­թա­կան սա­տա­րով 2005-ին յա­ջո­ղուե­ցաւ նոր դպրոց կա­ռու­ցել Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Տա­ւու­շի մար­զի սահ­մա­նա­մերձ Կա­յան ա­ւան բնա­կա­վայ­րին մէջ, ո­ր եր­կու տա­րի անց՝ 2007-ի Սեպ­տեմ­բե­րի 5-ին ա­նուա­նա­կո­չուե­ցաւ Յով­հան­նէս Հինդ­լեա­նի ա­նու­նով:

Ի դէպ, այս տա­րի իր 90-ա­մեա­կը կը բո­լո­րէ Պոլ­սա­հայ օգ­նու­թեան միու­թիւ­նը (CARS - Constantinole Armenian Relief Society): Ստեղ­ծուած ըլ­լա­լով 1926-ին՝ ան սկզբնա­պէս նպա­տակ ու­նէր օգ­նե­լու Պոլ­սոյ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցին, Գալ­ֆա­եան որ­բա­նո­ցին, Թրքա­հայ ու­սուց­չաց հիմ­նար­կին եւ ազ­գա­յին միւս հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն: 1988-ի կոր­ծա­նա­րար երկ­րա­շար­ժէն յե­տոյ, սա­կայն, ան ստանձ­նեց նաեւ մայր Հա­յաս­տա­նին սա­տար կանգ­նե­լու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը: 2004-ին ստեղ­ծուած Հինդ­լեան սա­նուց միու­թիւ­նը, որ 2006-էն սկսեալ մաս կը կազ­մէ յի­շեալ միու­թեան, սկիզ­բէն ի վեր կո­չուած էր հա­մախմ­բե­լու աշ­խար­հաց­րիւ հինդ­լեան­ցի­նե­րը եւ ա­ջակ­ցիլ մեծ ու­սուց­ի­չի ա­նու­նը կրող նոր կրթօ­ճա­խի հե­տա­գայ զար­գաց­մա­ն:

Մա­յի­սի 27-ին Կա­յան ա­ւա­նին մէջ եր­գ ու պա­րով դի­մա­ւո­րե­ցին գի­տա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը: Այդ օ­րը կար­դա­ցուած զե­կու­ցում­նե­րուն մեծ ու­շադ­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան Հինդ­լեան դպրո­ցի ու­սու­ցիչ­ներն ու ա­շա­կերտ­նե­րը: Յով­հան­նէս Հինդ­լեա­նի սան, «Նոր Դպրոց»ի 1948 տա­րեշր­ջա­նի շրջա­նա­ւարտ, Գա­նա­տա­յի Թո­րոն­թօ քա­ղա­քէն ժա­մա­նած Ար­մէն Քիւրք­ճեա­ն նախ՝ շնոր­հա­ւո­րեց այս ու­սում­նա­կան տա­րուան տաս­նե­րեք շրջա­նա­ւարտ պար­ման-պար­մա­նու­հի­նե­րը, ա­պա յու­շեր պատ­մեց Ու­սուց­չա­պե­տէն եւ իր ա­շա­կեր­տա­կան կեան­քէն: Ան նաեւ իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց մեծ ման­կա­վար­ժին նուի­րուած գի­տա­ժո­ղո­վի կազ­մա­կերպ­ման ա­ռի­թով եւ ի­րա­ւունք վե­րա­պա­հեց բո­լոր ե­լոյթ ու­նե­ցող­նե­րուն զի­րենք հա­մա­րե­լու Հինդ­լեա­նի ա­շա­կերտ­ներ:

Յա­ւարտ գի­տա­ժո­ղո­վի՝ բո­լոր հիւ­րե­րը այ­ցե­լե­ցին Հա­ղար­ծին վա­նա­կան հա­մա­լիր, ա­պայ վե­րա­դար­ձան Ե­րե­ւան:

ԼԵ­ՒՈՆ ԼԱ­ՃԻ­ԿԵԱՆ

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2016