Ատրպէյճան Կը Կազմակերպէ Իր Սեփական Սփիւռքը՝ Հայկական Սփիւռքին Հետ Մրցելու Համար
Տասնամեակներ շարունակ թրքական կառավարութիւնը չափազանցուած պատկերացում ունեցած է հայկական սփիւռքին մասին՝ զայն ներկայացնելով իբրեւ համաշխարհային հսկայական ուժ: Վերջին տարիներուն Ատրպէյճան վարակուած է հայկական սփիւռքին նկատմամբ նոյն վախով: Նախագահ Ալիեւ «հայկական սփիւռք»ը ներկայացուցած է իբրեւ Ատրպէյճանի ամենէն մեծ թշնամին: Հետեւաբար Ատրպէյճանի ղեկավարները սկսած են հսկայական միջոցներ վատնելու՝ զանազան երկիրներու մէջ իրենց սեփական սփիւռքը ձեւաւորելու նպատակով՝ իբրեւ «հայկական հզօր լոպի»ի հակառակորդ:
Զարմանալիօրէն, մինչ Հայաստանի կառավարութիւնը ծրագիրներ կը մշակէ երկրէն դուրս գտնուող հայերու հայրենադարձութեան համար, Ատրպէյճան կը փորձէ ճիշդ հակառակը ընել՝ խրախուսելով ատրպէյճանցիներու տեղափոխութիւնը նախկին խորհրդային երկիրներ, Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ՝ իր սփիւռքը ընդլայնելու համար…
Ատրպէյճանի Սփիւռքի հետ աշխատանքի պետական կոմիտէի նախագահ Նազիմ Իպրահիմով վերջերս յայտարարեց. «Համակարգող կեդրոններու ստեղծումը աշխարհի ատրպէյճանցիներու համար կը շարունակուի, եւ այդ մէկը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի առաջնահերթութիւններէն է… Ատրպէյճանի պետութիւնը նիւթական հսկայական պայմաններ ստեղծած է այս մէկը գործադրելու համար: Նախագահին հրահանգով մենք կ՚աջակցինք մեր սփիւռքեան կազմակերպութիւններուն, ամբողջ աշխարհի տարածքին: Այս գործունէութեան շնորհիւ՝ ատրպէյճանական սփիւռքը ոչ միայն պատշաճ կերպով կը պատասխանէ հայկական լոպիին, այլեւ երբեմն կը յաղթէ անոր»:
Անցեալ տարի Պաքուի պետական համալսարանի շրջանաւարտ Սերկէյ Ռումեանցեւ յօդուած մը հրապարակեց OpenDemocracy.net կայքին վրայ՝ «Կեցցէ ատրպէյճանական սփիւռքը» վերնագիրով, նշելով, որ՝ «Պաքուն ամէն բան կ՚ընէ, որպէսզի զօրաշարժի ենթարկէ կամ նոյնիսկ ստեղծէ համաշխարհային ատրպէյճանական սփիւռք»: Ատրպէյճանական սփիւռքին հիմնական նպատակն է՝ հակազդել հայերուն արցախեան հակամարտութեան մէջ: Ատըրպէյճանի ղեկավարները հայկական սփիւռքը կը դիտեն «որպէս չափազանց ազդեցիկ եւ խիստ համախմբուած», ուրեմն՝ «Ատրպէյճանի մէջ Իլհամ Ալիեւի իշխող վարչակարգին համար արտասահմանի մէջ սփիւռքը կը հանդիսանայ քաղաքական լոպիի հոմանիշ»:
Ատրպէյճանցիները հայկական սփիւռքի մասին այնպիսի չափազանցուած տեսակէտ ունին, որ երբ անցեալ տարի Ռուսաստանի Գերագոյն դատարանը որոշեց չեղեալ համարել համառուսական ատրպէյճանական համագումարի արձանագրութիւնը, «շատ մը (ատրպէյճանցի) մեկնաբաններ շտապեցին եզրակացութիւններ կատարել հայկական դաւադրութիւններու եւ խարդաւանանքներու մասին», կը գրէ Ռումեանցեւ: Ճշմարտութիւնը այն է, որ ատրպէյճանական կազմակերպութիւնը խախտած էր ռուսական օրէնքները: Հայերը ոչ մէկ կապ ունէին անոր փակման հետ:
Ատրպէյճանի իշխանութիւնները այնքան տպաւորուած էին հայկական սփիւռքի քաղաքական ազդեցութեամբ, որ 2000-ականներու սկիզբը անոնք «այս նախագիծին մէջ ներդրած էին մեծ թիւով նիւթական եւ խորհրդանշական դրամագլուխ: Անոնք փորձած էին կարելի եղածին չափ արագ հնարել իրենց երեւակայած սփիւռքը», կ՚ըսէ Ռումեանցեւ:
Ամէն բան սկսաւ, երբ 1970-80-ականներուն Հայտար Ալիեւ՝ ներկայ նախագահին հայրը, Խորհրդային Ատրպէյճանի ղեկավարն էր: Ան կազմակերպեց ատրպէյճանցի բազմաթիւ ուսանողներու կրթութիւնը Խորհրդային Միութեան զանազան համալսարաններուն մէջ եւ խրախուսեց ատրպէյճանցիներու տեղափոխութիւնը դէպի խորհրդային զանազան հանրապետութիւններ…
Մինչեւ 16 մարտ 2016-ը՝ Ատրպէյճանցիներու Բ. համաշխարհային քոնկրէսի կայացումը. «Արտասահմանի ատրպէյճանցիներու հետ աշխատանքի պետական կոմիտէն պատրաստած էր վաւերագրական ժապաւէն մը՝ «Մենք 50 միլիոննոց ազգ ենք» վերնագիրով», կը գրէ Ռումեանցեւ: Կոմիտէն յայտարարած է, որ 10 միլիոն ատրպէյճանցիներ կ՚ապրին աշխարհի մօտաւորապէս 70 երկիրներու մէջ:
Ռումեանցեւ համոզուած է, որ երկրէն դուրս ապրող ատրպէյճանցիները ամրակուռ խումբ չեն. զգալի տարբերութիւն կայ ատրպէյճանցի գաղթականներու գտնուած շրջաններուն մէջ. «Ատրպէյճանական սփիւռքի աշխուժութիւնը հիմնականին մէջ կը սահմանափակուի ատրպէյճանցի գործարարներու եւ անոնց ընտանիքի անդամներով կազմուած նեղ շրջանակով»:
Ռումեանցեւ կը պատմէ արտերկրի մէջ ատրպէյճանցիներու կազմակերպչական ջանքերու սկզբնաւորման մասին. «Նոյեմբեր 2001-ին, Պաքուի մէջ, Հայտար Ալիեւի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանցիներու համաշխարհային հիմնադիր համագումարը: Յաջորդ տարի ստեղծուեցաւ Արտասահմանի մէջ ատրպէյճանցիներու հետ աշխատանքի պետական կոմիտէն, որուն մնայուն ղեկավար նշանակուեցաւ Նազիմ Իպրահիմով: Անոր գլխաւորած առաջին ժողովը յանգեցաւ յաւելեալ մարմինի մը ստեղծման՝ «Աշխարհի ազրպէյճանցիները համակարգող խորհուրդ» անունով, անշուշտ՝ համաատրպէյճանական նախագահ Հայտար Ալիեւի գլխաւորութեամբ: Յետագային սփիւռքի կառուցման յաջողութիւնը կը չափուէր անով, թէ քանի՛ կազմակերպութիւն գոյութիւն ունի, եւ թէ ինչպէ՛ս միացնել այդ բոլորը մէկ կառոյցի մէջ»:
Ատրպէյճանցիներու համաշխարհային քոնկրէսը բաղկացած է տեղական-տարածքաշրջանային մարմիններէ, այնուհետեւ ատրպէյճանական կազմակերպութիւնները տարբեր երկիրներու մէջ եւ, վերջապէս, Համաշխարհային քոնկրէսը, որ իր հրամանները անմիջականօրէն կը ստանայ Ատրպէյճանի կառավարութենէն:
«Եթէ հինգ տարի առաջ մենք ունէինք 336 սփիւռքեան կազմակերպութիւններ, ապա այժմ անոնց թիւը կը հասնի 416-ի», հպարտութեամբ յայտարարած է նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ Ատրպէյճանցիներու համաշխարհային քոնկրէսի վերջին համաժողովի մասնակիցներուն:
2015-ին կայացած Դ. համաշխարհային քոնկրէսին ընթացքին պատուիրակները յայտարարեցին, որ գոյութիւն ունին նման 462 կազմակերպութիւններ:
Ատրպէյճանի պաշտօնական լրատուական միջոցները ատրպէյճանցիներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած թիւով քանի մը ձեռնարկներ ամբողջ աշխարհին կը ներկայացնեն չափազանցուած ձեւով, կարծես թէ մեծ թիւով ատրպէյճանցիներ ընդգրկուած են ատրպէյճանամէտ գործունէութեան մէջ, Եւրոպայի կամ Միացեալ Նահանգներու մէջ, իբրեւ աջակցութիւն Ալիեւի վարչակարգին: Օրինակ, երբ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը 2006-ին այցելեց Պերլին, փոքր թիւով ատրպէյճանցիներ բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին եւ հետեւեալ ուղերձը յղեցին նախագահ Ալիեւին. «Պարո՛ն նախագահ, դուք կը վայելէք ամբողջ աշխարհի ատրպէյճանցիներուն աջակցութիւնը…»:
Ռումեանցեւ իր յօդուածը կ՚աւարտէ՝ նշելով, որ ատրպէյճանական սփիւռքը չի կրնար համեմատուիլ հայերու, հրեաներու եւ յոյներու դասական սփիւռքներուն հետ: Երկրէն դուրս գտնուող ատրպէյճանական կազմակերպութիւններուն մեծ մասը «գոյութիւն ունի միայն թուղթի վրայ»:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ