ԲԱՅՑ... ԱՍԿԷ ԵՏՔ
Երբ կը պատռես օրացոյցին այն թերթը, որմէ ետք եկողը կը ջնջէ անցածին կարօտը, այն ատեն կ՚ունենաս իսկական Ամանոր։ կ՚ունենաս Կաղանդ։
Թուական մը, որ ինչ ալ ըլլայ, քեզի համար 1 է։ Տարբեր կեանք, նոր ըմբռնում, այլ նայուածք։ Նոր մարմին, նոր սիրտ, նոր եռանդ։
Իսկական Նոր տարի՞, թէ նոր մարդ։ Կը ծնիս այն մանուկին պէս, որ անտեսելով անպատեհութիւնները, իրեն բաժին ախոռին դռնակը տիրաբար հրեց, ներս մտաւ ու լոյս աշխարհ եկաւ։ Լոյս ծագեցաւ ախոռէն։
«Լսեր էք որ ըսուեցաւ… ԲԱՅՑ ես կ՚ըսեմ ձեզի …»։
Փոխեց։ Ամանոր չէ, նոր դարաշրջան սկսաւ։
Թաղել. անցեալը. այն յարատեւ ապրող մոմիան, ներկայէն աւելի ներկան. վերացնել։ Չվերադառնալ, ոչ յիշելու, ոչ ափսոսալու, ոչ փառաւորելու։
Կաղանդը այն օրն է, երբ ոչ հրաւէր կ՚ընդունիս, ոչ կու տաս, ոչ պատրաստած ես, ոչ կազմակերպած։ Գլխուդ կ՚իյնայ յանկարծակի, ու քեզ կը բանայ գարնան վարդի պէս, անտեսելով անպատեհութիւնները՝ Դեկտեմբե՞ր է թէ Օգոստոս, ձի՞ւն է թէ արեւ, ցո՞ւրտ է թէ տօթ։
Սիրտդ խնճոյքի յափշտակութեան մէջ եփ կու գայ. լոյս կ՚արձակես։
…մինչեւ երէկ այդպէս էր… ԲԱՅՑ ասկէ ետք…
Այս է Նոր տարին։
Չես քծնիր անոր առջեւ, սիրաշահիր, որ պտիկ մը ջուր կաթեցնէ այրած լեզուիդ, երբ սիրտդ դժոխքի բոց կայ. որ գիշերի մը ընթացքին կարծել տայ թէ անմոռաց ինքնամոռաց պահեր կ՚ապրիս, որ քեզ շրջապատող ընտրեալ մարդիկը, որ այս պահուն այս երգը, այն պահուն այն ըմպելին կու տան քեզի բացառիկ Նոր տարուան մը խաբկանքը։
Նոր տարին չես փնտռեր, չես սպասեր, չես զարդարեր։
Ոչ ալ դուն կը զարդարուիս։ Հոգիիդ մերկութեամբ կ՚ելլես մէջտեղ։ Այդպէս ես ամենագեղեցիկ. այդպէս է վայել Նոր տարուան։
Անբծութիւնը մերկ հոգիի. կ՚ունենանք կամ չենք ունենար։ Ի զուր է զայն հագնիլ հագուստի պէս։ Հագուստ չէ։ Զայն կրնան տեսնել կամ չտեսնել. ի զուր է ցոյց տալը։ Տեսք չէ։
«Ով աչք ունի թող տեսնէ, ով ականջ ունի թող լսէ»։
Չունեցողն ալ… չունի. այդքան։ ԱմենաԱրդարն անգամ չըրաւ անոր հաշիւը։
Դուն կ՚ընես քու հաշիւդ, սակայն, եւ կը պատռես օրացոյցին այն թերթը, որմէ ետք եկողը ինչ թիւ ալ ըլլայ, քեզի համար 1 է, առաջինն է մնացեալին։ Որ այս անգամ քուկդ է ամբողջովին։ Զոր գնահատել գիտես այլեւս։ Քանի որ վերջին փրցուցած թերթէդ առաջ պարապի փրցուած շատ թերթեր եղան։ Եւ դուն մեծցար։ Ու գիտես։ Ոչ միայն։ Կ՚ուզես նաեւ։ Ու չես արտասաներ միայն բառեր. կը փշրես անոնց կեղեւը մատներով, որ միջուկին միջուկը վայելես։ Ահա Նոր տարին։
Միւսներէն կը բաժնուիս թել-թել. կը սպիանան վէրքերը։ Գերեզման մ՚անգամ չես թքներ անոնց։
Կը մտնես խաղաղութեան տարածքը հաշիւի նստելու հպարտութեանդ հետ, որ դաւաճանած էր քեզի։ Հիմա՝ երկչոտ, կամաց-կամաց տեղ կը գրաւէ դիմացդ ու քեզի պատկանելու ցանկութիւնը սիրտէն կը հանէ։ Մեծ է սէրը զոր Նոր տարին պիտի օրհնէ։ Այն բոյսի կամքին պէս, որ կանաչելու համար կուպր կը ճեղքէ ու շուրջի կարծրասրտութեան մէջ միս մինակը կը նրբանայ։ Տեսած ենք անոր սիրտ շարժող կամեցողութիւնը գոյութիւն ունենալու եւ գոյութիւնը պահպանելու հոն՝ ուր կը կարծուէր թէ տեղ չունի. միջավայրին մէջ մինակ է, չորութեան մէջ ինքզինք տնկած բուսականութիւն, որ չար բախտով սխալ տեղ ինկած ապրանքի պէս գութ անգամ չի շարժեր, ո՛ւր մնաց ուշադրութիւն կամ գգուանք։ Բայց ան կը ճեղքէ, կարծուած անելին մէջէն ճամբայ կը բանայ դէպի արեւ ու դուրս կու գայ ըլլալու.
…Կը կարծէիք որ չ՚ըլլար… ԲԱՅՑ ահա…
Նոր Տարին ա՜յս կը խոստանայ։
Շնորհաւոր՝ անոր ողջոյնը ստացողին։
ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ