ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՀՐԱՇՔԸ

Ամէն տարուայ աւարտին աշխարհ իր բոլոր շերտերով ու մակարդակներով վերաքաղ կ՚ընէ կատարուածը եւ նոր յոյսերով կը լիցքաւորուի: Մշտապէս ժամանակային հասկացողութիւնը իր անմիջական ու պարզագոյն գալստեամբ ու ապրումով տարիներու թիւերով կը գալարուի: Այո՛, մարդկութեան տարեկան տոմարը ունի զանազան պատմութիւններ, բայց մեզի հասածն ու բնականաբար սիրելին․ մեր ներկայիս ապրած թուագրութիւնն է: Ան սկսած է Քրիստոսի ծնունդով՝ յատուկ ծիսականութիւն մը տալով ծննդեան իտէալին։ Առանց խորանալու քրիստոնէական հաւատամքային բովանդակութեան մէջ մարդկութեան տարբեր ձեւափոխումներուն, եղափոխութիւններուն ու ներկայ դարուս արհեստագիտական մեծ զարգացման ալ կողքին, մեր հետ մնաց Ամանորը եւ Սուրբ Ծնունդի հրաշագործութիւնը, անոր անգերազանցելի քաղցրութեամբ ու տաքութեամբ: Այդ տօներու մեր թագուհին է, զուարճանքի ու ըմբոշխման մեր ամենաբաղձալին, սկսելու տենչի եւ ուրախութեան մեր Պառնասը։ Մեր յոյսերը տեւաբար փոխուած են, բայց այսքան ազնուականութիւն ու սէր, կարօտ ու հաւատք, վեհութիւն ու վերամբարձում ունենալով Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդին մէջ, մեզ մարդավայել կը դարձնէ, անկախ չարդարացուած մեր վարքերէն աւելի լաւ աշխարհ կերտելու:

Պառկած էի տօնածառի լոյսին տակ եւ առանց գերաստուածայնացման մեր առաքելութեան, առանց պայծառագոյն սպասումներով մեր յաջորդ տարուայ ընելիք գործերէն, առանց սրբացնելու անցեալի մեր առասպելացումը (որ, այո, շտեմարանն է մեր բոլորիս, բայց ոչ փրկիչը), պարզապէս կ՚ապրէի ուրախութիւնը մարդկութեան ու մարդկայնութեան տեսականացումին, համաձայնեցումին ու ըլլալուն: Բոլորը ուրախ են, բոլորը լաւատես են, բոլորը կը զգան, բոլորը տեղ մը վայելքի մէջ են, առանձին չեն ու այս պահերուն ամենաշատը հասանելի է, որ ամէն մարդ իրեն հասած եռուզեռը, տնտեսութիւնն ու շահը ձեւով մը նուաճուած կը զգայ: Մեր ամենահին երազն է ըլլանք ամենակերտ ու ապրինք այդ ամենակերտութիւնը եւ, ահա, Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդն են պարգեւողը այդ սլացքին:

Քրիստոնէութեան մէջ Քրիստոսի ծնունդը մեծ խորհուրդ ունի (մենք հրաշալի շարական մը ունինք «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» անունով): «Աստուած մարդկութեան այնքան ներեց ու սիրեց, որ ղրկեց իր Միածին Որդին փրկելու մարդոց առաջին մեղքէն». հաւանաբար, սա ամենամեծ միտքն է, որ ինքնաընկալուած է մարդկութեան կողմէ եւ որ կատարելապէս միաձուլած է մարդկային-աստուածային կապը: Քրիստոսի Ծնունդի խորհուրդը ինքնին սիրոյ բացարձակ մարմնաւորումն է (անկախ ծիսակատարումին կամ հաւատամքին): Սիրուած ըլլալը մարդկութեան ամենաբարձր ձգտումներէն է, իսկ երբ մարդը Սուրբ Ծնունդով սիրուած է ու զոհաբերուած՝ երկնաւորէն այդ սիրոյ վայելքն ու ցնծութիւնը աներեւակայելի են: Անոր համար Սուրբ Ծնունդի գեղեցկութիւնն ու վեհութիւնը, պայծառութիւնն ու հրաշագործութիւնը ո՛չ միայն անգերազանցելի են, այլ կը նուաճեն գոյութեան հիմքը․ ծնունդի-ապրելու առաքելութեան, կեանքի գեղեցկացման ու վեհացման:

Սուրբ Ծնունդը տօնակատարութեան, ձեւաւորման-գեղեցկագիտութեան ու բարձրագոյն ներկայացման ամենասուրբ խտացումն է։ Եւ երբ կը նշուի ազնիւ ու համեստ, բայց միեւնոյն ժամանակ գոյութենական ամենախոր հարցի սկիզբ մը, որ կը տանի փրկութեան ու փրկութեան ըմբոշխման, ինքնաբերաբար մենք աւելի մեծ երջանկութեան չենք կրնար հասնիլ: Ամանորը նոր յոյսեր պարգեւելու իր կոչման, իր նուէրաբաշխման կողքին, այո, չի կրնար շրջանցնել կրկնուածութիւնը, նոյն ժամանակի մարդկային դասակարգման ու ընկալման, բայց արդէն իսկ իր դերը հոն է: Միայն Սուրբ Ծնունդն է, որ կու գայ նոր տարուայ օրը վեհացնելու ժամանակայինէն ու միասին (երկնայինն ու երկրայինը) կատարելապէս համադրելու: Տօնածառը, մսուրը, զանգակներն ու բոլոր խորհրդանիշները Սուրբ Ծնունդին ժամային ու յաւերժական գիրկընդխառնումն են տարեցին, մանուկին եւ բոլոր մարդկութեան, որ իրապէս հրաշք է:

Եւ մեր ոսկեղնիկ հայերէնով ի՜նչ գեղեցիկ կը հնչէ՝
Շնորհաւոր Ամանոր եւ Սուրբ Ծնունդ:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունուար 4, 2025