ՊԱՏԻՆ ԳԻՆԸ ՈՐՔԱ՞Ն ՊԻՏԻ ԲԱՐՁՐԱՆԱՅ…

Ամերիկացիք կէս շունչ մը քաշեցին անցեալ շաբաթավերջին, երբ նախագահ Թրամփ համաձայնեցաւ «վերաբանալ կառավարութիւնը»՝ սպասելով, որ յառաջիկայ երեք շաբաթներուն կարելի ըլլայ լիարժէք համաձայնութիւն մը գոյացնել շոգեկառքը բնական ընթացքի մէջ դնելու համար:

Թրամփ այլանդակութեանց նոր մրցանիշ հաստատեց, երբ ամբողջ 33 օր մասնակի անդամալուծութեան ենթարկեց ամերիկեան կառավարութիւնը, անվճար թողուց շուրջ 800 հազար պետական պաշտօնեաներ ու մեծ վնասներու ենթարկեց երկիրը: Տագնապին շարժառիթը ծանօթ է. Թրամփ ոտքերը գետին զարնելով՝ կը պահանջէր, որ խորհրդարանը վաւերացնէ Մեքսիկայի սահմանին վրայ պատ կառուցելու իր ծրագիրին ի նպաստ 5.7 միլիառ տոլարի պիւտճէ մը, իսկ աւելի քան երկու ամիս առաջ Ներկայացուցչական տան աթոռներուն մեծ մասին վերատիրացած դեմոկրատները կը յամառէին տեղի չտալ անիմաստ պատին դրամ տրամադրելու նախագահին պահանջին առջեւ: Անիմաստ, որովհետեւ անիկա անխոցելի կամ անխզելի չէ, պիտի չմնայ թափանցել ուզողներուն դիմաց:

Թրամփի տեղատուութիւնը դուռ բացաւ հակասական մեկնաբանութիւններու: Ոմանք ըսին, որ ան ծանր պարտութիւն մը կրած է, որովհետեւ նկատած է, որ պատին համար պիւտճէի իր պահանջին դէմ խմբակցութիւնը ներգրաւած է իր կարգ մը համախոհները, եւ ծրագիրը կրնայ պարտութեան մատնուիլ նաե՛ւ ծերակոյտին մէջ, ուր հանրապետականները կը պահեն քանի մը աթոռի առաւելութիւն: Յետոյ, գործադուլի սպառնալիքները սկսած են լրջանալ, իսկ շահատուրքերու գանձումը կրնայ վտանգուիլ…

Փաստօրէն կառավարութիւնը կը վերաբացուի՝ առանց Թրամփի պահանջած պիւտճէն տրամադրելու: Նախագահին մօտիկ շրջանակներ ու քարոզչական մեքենան ըսին, որ նախագահն է յաղթանակողը, որովհետեւ ժամանակաւորապէս համաձայնելով կառավարութիւնը վերաբանալու քայլին՝ թակարդի մէջ ձգած է Ներկայացուցչական տան նախագահ Նենսի Փելոզին ու կողմնակիցները, որովհետեւ ձեռքէ չէ հանած խաղաթուղթերը, 15 փետրուարին կրնայ դարձեալ յետդեկտեմբերեան կացութիւնը ստեղծել, իսկ դեմոկրատներուն ու հանրապետականներուն միջեւ ուրբաթ, 23 փետրուարի «միջին եզրի համաձայնութիւնը», որ հիմք ծառայեց նախագահին տեղատուութեան, կը բովանդակէ երկու խոստում. նախագահը մինչեւ 15 փետրուար կանխավճար մը պիտի ապահովէ պատին համար, յետոյ Փելոզին պիտի վերցնէ նախագահին դէմ դրուած այն արգելքը, որուն պատճառով ցնոր տնօրինութիւն յետաձգուեցաւ պետութեան վիճակին մասին նախագահական տարեկան ծանօթ զեկուցական ճառը:

Նորագոյն այս մեկնաբանութիւններն ու բանավէճերը պահ մը մոռացութեան մատնեցին 22 դեկտեմբեր 2018-էն ասդին ծաւալած այն հակաճառութիւնը, որուն առանցքներէն մէկն էր բազմահազար պաշտօնեաներու անվճար թողուլն ու անկէ ծնած՝ տնտեսական ու ընկերային սպառնալիքները: Թրամփ կը փորձէր իր յամառութիւնը արդարացնել՝ պնդելով, որ դեմոկրատներն են համաձայնութիւնը արգելակողը ու պաշտօնեաներուն թշնամիները, դեմոկրատները ամբաստանողի մատները կ՚ուղղէին Թրամփի դէմ՝ համեմատաբար աւելի արդար հիմնաւորումներով:

Աւելորդ կը նկատենք հոս աւելի երկար խօսիլ հակադրութեանց ու բանավէճին մասին, որուն արարներուն ականջալուր եղանք ամէն օր, եւ գինը վճարողներուն յառաջապահները եղան պետական պաշտօնեաները, որոնցմէ մաս մը շարունակեց աշխատիլ անվճար: Ժողովուրդին ընդհանուր վնասներուն մասին հաշիւ պահող չկայ անշուշտ:

***

Աւելի քան ամիս մը տեւած ճակատումը այնքա՛ն փոշի բարձրացուց, որ կարգ մը իրականութիւններ մնացին այդ փոշիի ամպին ետին: Թուենք մէկ քանին.

Բանավէճին սկսման օրերուն պատին համար պիւտճէի նախահաշիւը 5-5.2 միլիառ տոլար էր, հիմա արդէն կը խօսուի 5.7 միլիառի մասին: Սա արդեօք պարզապէս այս ժամանակամիջոցին տեղի ունեցած ապրուստի սղութեա՞ն հետեւանքն է, թէ՞ համաձայնութիւն գոյացնելու համար «վճարումներու» յաւելումի մը: Վաղը, երբ բանակցութիւնները վերսկսին, պատին գինը աւելի պիտի բարձրանա՞յ, եւ իրական պատճառները յայտնի պիտի ըլլա՞ն…

Շատ քիչ կը խօսուի այն իրականութեան մասին, որ սահմանին վրայ պատի ծրագիրը շատո՜նց իրականցման ճամբու մէջ մտած է, կարգ մը շրջաններու մէջ արդէն պատ գոյութիւն ունի, այլուր հաստատուած են հսկողութեան արդիական սարքեր, որոնք արժած են հսկայական գումարներ: Այդ բոլորը կ՚ըլլան ամերիկացի ժողովուրդին գրպանէն, ընդհանրապէս մոռցուած է Թրամփի այն սին յոխորտանքը, թէ պատին գինը Մեքսիկայի «քիթէն պիտի հանէր», որովհետեւ Մեքսիկայէն «ոճրագորներ, աւազակներ, թմրամոլներ ու մաքասանենգներ» կը հոսին դէպի Միացեալ Նահանգներ: (Անշուշտ տկարամտութիւն կամ մանկամտութիւն պիտի ըլլայ հարց տալը, թէ անիմաստ պատին տրամադրուած գումարները արդեօք աւելի կենսական ու կարեւոր ծրագիրներու համար կարելի չէ՞ գործածել):

Ո՛չ պատին կառուցուած մասերը, ո՛չ ալ միւս սարքերը յաջողած են կասեցնել գաղթականներու հոսքը: Հսկայական գումարներու դէմ, շրջանցողները կը գործածեն ամենէն նախնական միջոցները, եւ մեծ մասամբ կը յաջողին, իսկ հաստատուած արգելքներու մասին ցուցադրուած տեղեկութիւններն ու տրուած հաւաստիքները հազիւ թէ կ՚անցնին քարոզչական-ցուցադրականէն անդին: Կէս բերան կը տեղեկագրուի, որ սահմանին երկայնքին բազմացած են փապուղիներու բացումը, իսկ գրեթէ ոչինչ կ՚ըսուի ճամբորդական այլ միջոցներով հոսանքը շարունակողներուն (եւ այս «ճարտարարուեստ»էն շահեր ապահովողներուն) մասին:

Անվճար ձգուած զանգուածին դատն ալ լուսանցքային տեղ ունեցաւ իրական ու զանգուածային մամուլի հրապարակներուն վրայ: Նախագահին իբր թէ հակադրուած քանի մը «ընդդիմադիր» աղբիւրներ հազիւ քանի մը երկվայրկեան ցուցադրեցին պարտադիր գործադուլի մատնուածներուն բողոքի ցոյցերը, մինչդեռ Ֆրանսայի կամ Վենեզուելայի մէջ տեղի ունեցող ցոյցերուն աւելի լայն պատուհաններ տրամադրուեցան… Ի դէպ, անպատասխան մնաց այն սպասումը, որ անարդարօրէն եկամուտէ զրկուած պաշտօնեաները գոնէ Ֆրանսայի «Դեղին բաճկոնաւոր»ներուն կիսաքայլերուն դիմէին՝ իրենց իրաւունքը պաշտպանելու համար: Ի՜նչ խօսք, ամերիկացի ժողովուրդը կա՛մ ինքզինք զրկած է իրաւունք պաշտպանելու զգայարանքէն, մինչեւ իսկ եթէ տնազուրկ դառնայ, կամ ալ… չ՚ուզեր ֆրանսացիներու եւ ուրիշ արդարատենչներու պէս «վայրագ» որակուիլ:

(Փակագիծի մէջ արձանագրենք այլ տեղեկութիւն մըն ալ, որուն մասին բնականաբար լուռ կը մնայ ամերիկեան զան-գըւածային մամուլը. Մեքսիկայի սահմանակից ամերիկեան նահանգի մը սահմանագլուխի մէկ աւանին մէջ նկատուած է, որ վերջին տարիներուն կայ այլ հոսանք մը. ամէն օր հազարաւոր ամերիկացիներ Մեքսիկա «կը հոսին» բժշկական դարմանումի ենթարկուելու համար, որովհետեւ կա՛մ ապահովագրութիւն չեն կրնար գնել, կա՛մ ալ ամերիկեան դարմանատուներու մէջ սպասարկութիւնը ծանր կը նստի գրպաններուն՝ ապահովագրութեան բաժանորդագրութեանց ու անոնց «պոչիկներուն» սակերու յարատեւ բարձրացման պատճառով: Մեքսիկա արդեօք կը մտածէ՞ իր կողմէ պատ քաշելու նման հոսանքի դէմ…):

Իրականութիւններ, որոնք շատ աւելի կ՚արժեն, քան՝ ցուցափեղկին յառաջամասին դրուած վէճերն ու ճակատումները:

***

… Չխօսուեցաւ ու երբեք ալ պիտի չխօսուի այն մասին, որ այս թղթածրարը ժամանակաւորապէս փակելու քայլին ետին կայ այլ իրականութիւն մը. մարդիկ հիմա աւելի՛ զբաղած են Վենեզուելայի մէջ յեղաշրջումի փորձով, որ նորագոյն արարները կը բեմադրէ Իւկօ Չաւեզի օրերէն սկիզբ առած «քաղաքականութեան», իբրեւ լրացուցիչ՝ լատին-ամերիկեան երկիրներու ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալու եւ զանոնք մեծապետական կամքի ենթարկելու վաղեմի ծրագիրներուն: Նման աշխարհակալական ձգտումներու կիրարկումներուն այլապէս ականատես ենք Միջին Արեւելքի, Ափրիկէի, Կովկասի ու աշխարհի այլ շրջաններու մէջ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 4, 2019