ԱՂՕԹՔ

(ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ)

«Ամենօրեայ մեր հացը այսօր եւս մեզի տուր»:

Որոշ մեկնիչներ այս խնդրանքը բացատրած են, որպէս ֆիզիքական՝ նիւթական հացի խնդրանք, սակայն անոնք չարաչար կը սխալին, որովհետեւ Ան, որ սորվեցուց մեզի չմտահոգուիլ մեր ուտելիքին, խմելիքին ու հագուելիքին մասին՝ ըսելով, թէ՝ «Մի՛ մտահոգուիք ձեր կեանքին համար, թէ ի՛նչ պիտի ուտէք կամ խմէք, ո՛չ ալ մտահոգուեցէք ձեր մարմինին համար, թէ ի՛նչ պիտի հագնիք։ Չէ՞ որ կեանքը աւելի կարեւոր է քան կերակուրը, եւ մարմինը աւելի կարեւոր է քան հագուստը։

«Դիտեցէ՛ք երկինքի թռչունները. ո՛չ կը սերմանեն, ո՛չ կը հնձեն եւ ոչ ալ շտեմարաններու մէջ կ՚ամբարեն, եւ սակայն ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք։ Չէ՞ որ դուք Աստուծոյ աչքին թռչուններէն գերազանց էք։ Մտահոգուիլը կանգունով մը կ՚երկարէ՞ ձեր հասակը։ Կամ, ինչո՞ւ կը մտահոգուիք հագուստի համար։ Օրինակ՝ առէք վայրի շուշաններէն եւ տեսէք, թէ ի՛նչպէս կ՚աճին. ո՛չ կ՚աշխատին, ո՛չ կը հիւսեն։ Հաւատացէ՛ք, որ նոյնիսկ Սողոմոն իր ամբողջ փառքին մէջ անոնցմէ մէկուն պէս գեղեցիկ չկրցաւ հագնիլ։ Եթէ, ուրեմն, Աստուած այդպէս աղուոր կը հագցնէ դաշտի խոտը, որ այսօր կայ եւ վաղը կրակ կը նետուի, շատ աւելի լաւ պիտի չհագցնէ՞ ձեզ, թերահաւատնե՛ր։ Հետեւաբար, մի՛ մտահոգուիք եւ ըսէք. «Ի՞նչ պիտի ուտենք, ի՞նչ պիտի խմենք, կամ ի՞նչ պիտի հագնինք»։ Այդ մտահոգութիւնները հեթանոսներուն յատուկ են։ որովհետեւ ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ արդէն թէ այդ բոլորին պէտք ունիք։ Դուք նախ խնդրեցէք որ Աստուծոյ արքայութիւնը գայ եւ աշխատեցէք իր կամքը կատարել, եւ Աստուած այդ բոլորը աւելիով պիտի տայ ձեզի» (Մտ 6.25-33)։ Այստեղ, մեզի պիտի չսորվեցնէր նիւթական հաց խնդրել, որովհետեւ մեր Տիրոջ իսկ բացատրութեամբ նման բան խնդրելը կամ նման բանի մտահոգութիւն ունենալը հեթանոսութիւն է եւ ո՛չ աւելին: Աւելի՛ն, այլ առիթով մը, երբ հրաշքով հինգ հազար հոգի կերակրեց մեր Տէրը, այդ հրաշքէն ետք ժողովուրդը երբ կրկին Իրեն հանդիպեցաւ, Ան այսպէս թելադրեց անոնց. «Փոխանակ կորստական ուտելիքը փնտռելու, ջանացէք ապահովել այն կերակուրը որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ։ Այդ կերակուրը Մարդու Որդին պիտի տայ ձեզի, որովհետեւ Հայրն Աստուած իր հաւանութեան կնիքը դրաւ անոր վրայ» (Յհ 6.27), հետեւաբար, Քրիստոսի սորվեցուցած ամենօրեայ հաց խնդրելը, չի՛ կրնար նիւթական իմաստ ունենայ:

Հետեւաբար, այստեղ ի՞նչ հացի մասին է խնդրանքը: Այստեղ, մեր Տէրը «ամենօրեայ մեր հաց»ը խնդրել սորվեցնելով մեզի, իրականին մէջ կը սորվեցնէ մեզի խնդրել հոգեւոր հացը:

Արդարեւ, ի՞նչ է հոգեւոր հացը: Հոգեւոր հաց ըսելով հիմնականին մէջ կը հասկնանք մեր Փրկիչը՝ Քրիստոս:

Հոգեւոր Հաց - Յիսուս Քրիստոս. այստեղ, մեր Տէրը կը սորվեցնէ մեզի մի՛շտ խնդրել զԻնք, որպէս ամենօրեայ կերակուր, որով մեր հոգիներն ու մարմինները կը սնուին, առողջ ու զերծ մնալով ամէն տեսակի ախտերէ ու հիւանդութիւններէ:

Քրիստոս - Հոգեւոր Հացը նիւթականապէս ստանալու հնարաւորութիւնն ունինք իւրաքանչիւր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ, երբ մեր Տիրոջ Մարմինն ու Արիւնը կը բաշխուին ներկայ հաւատացեալներուն «ի քաւութիւն եւ ի թողութիւն մեղաց»:

Միւս կողմէ, Քրիստոս - Հոգեւոր Հացը մեր ամենօրեայ սնունդը կը դառնայ, երբ հաւատարիմ մնանք Իր պատուիրաններուն, փորձենք գործադրել զանոնք եւ ենթարկուինք Իր Սուրբ Կամքին, քայլենք Անոր շաւիղներէն, հետեւելով Անոր օրինակին:

Աւելի՛ն, Քրիստոս Աստուծմէ շնորհուած Կեանքի Հացն է, որմէ ճաշակողները յաւիտեանս պիտի ապրին: Արդարեւ, հինգ հազարի կերակրումի դրուագին մէջ մեր Տէրը հետեւեալը կ՚ըսէ ժողովուրդին, ակնարկելով Մովսէս մարգարէի կատարած հրաշքին, որով հրեայ ժողովուրդին Սինայի անապատին մէջ մանանայ տուած էր՝ որպէսզի ուտեն. «Ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ինչ որ Մովսէս ձեզի տուաւ՝ երկինքէն իջած հացը չէր։ Հայրս է որ ձեզի կու տայ երկինքէն իջած ճշմարիտ հացը։ Որովհետեւ Աստուծոյ տուած հացը ան է՝ որ երկինքէն կ՚իջնէ եւ կեանք կու տայ աշխարհին» (Յհ 6.32-33): Իսկ ժողովուրդի խնդրանքին, թէ «Տէ՜ր, մի՛շտ տուր մեզի այդ հացը» (Յհ 6.34), Քրիստոս կ՚ընէ իւրայատուկ յայտարարութիւն մը, որով յստակ կերպով կրնանք հասկնալ, որ Տէրունական աղօթքի ամենօրեայ հացի խնդրանքը առաջին հերթին կը վերաբերի նոյնինքն Իրե՛ն՝ Քրիստոսի. արդարեւ, Քրիստոս ժողովուրդին կ՚ըսէ. «Ես եմ կեանքի հացը։ Ան որ Ինծի կու գայ՝ բնաւ պիտի չանօթենայ եւ ան որ Ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չծարաւնայ» (Յհ 6.35): Իսկ աւելի ետք դարձեալ կ՚ըսէ. «Ե՛ս եմ կեանքի հացը։ Ձեր հայրերը մանանան կերան անապատին մէջ, բայց մեռան. մինչդեռ ով որ ուտէ երկինքէն իջած այս հացէն՝ պիտի չմեռնի։ Ես եմ կենդանի հացը, որ երկինքէն իջած է. ով որ այս հացէն ուտէ՝ յաւիտեան պիտի ապրի։ Հացը որ Ես պիտի տամ՝ Իմ մարմինս է, որպէսզի աշխարհը կեանք ունենայ» (Յհ 6.48-51). այս համարները կարդալով կը հասկնանք, որ Քրիստոս ամենօրեայ հաց խնդրել սորվեցնելով մեզի, իրականին մէջ կը սորվեցնէ մեզի խնդրել յաւիտենական կեանքը, որովհետեւ ինչպէս մեր Տէրը կ՚ըսէ, այս հացէն՝ այսինքն Իրմէ ճաշակողները յաւիտեան պիտի ապրին: Այնպէս որ, երբ աղօթած ժամանակ հասնինք այս խնդրանքին, մեր մտածումները նիւթականէն պէտք է բարձրացնենք՝ հոգեւորին, եւ հոգեւոր կերպով հասկնանք այս խնդրանքը, որով հնարաւորութիւն կ՚ունենաք ձեռք բերելու յաւիտենական կեանքը, որ վերապահուած է Աստուծոյ կամքը կատարողներուն եւ կեա՛նք պարգեւող Քրիստոս Ճշմարիտ Հացը ճաշակողներուն:

Նոր կտակարանէն տակաւին կրնանք բազմաթիւ վկայութիւններ բերել, հաստատելու համար, որ մեր Տիրոջ սորվեցուցած այս ամենօրեայ հացի խնդրանքը նիւթական իմաստ չունի, այլ՝ հոգեւոր, աւելի խոր հասկացողութեամբ, ուղղակիօրէն Իրեն կապուած խնդրանք մըն է: Այսպէս, մեր Տիրոջ երկրաւոր առաքելութեան սկզբնաւորութեան, աւետարաններէն կ՚իմանանք, որ սատանան երբ Յիսուսը կը փորձէր, առաջին փորձութիւնը հացի փորձութիւնն էր, ուր սատանան կ՚ըսէ մեր Տիրոջ. «Եթէ Աստուծոյ Որդի ես, ըսէ՛, որ այս քարերը հաց դառնան» (Մտ 4.3): Մեր Տիրոջ պատասխանը կ՚ըլլայ՝ «Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է, «մարդ միայն հացով չ՚ապրիր, այլ բոլոր այն խօսքերով, որ Աստուած խօսած է»» (Մտ 4.4): Այստեղ, մեր Տէրը յստակ կերպով կ՚ըսէ, թէ մարդ Աստուծոյ խօսած խոսքերով ալ կրնայ ապրիլ: Արդարեւ, եթէ փորձենք հասկնալ կամ բացատրել Աստուծոյ խօսքերու հասկացողութիւնը, կու գանք նոյն եզրակացութեան, որ Աստուծոյ խօսքերով ապրիլ կը նշանակէ, Աստուծոյ պատ-ւիրաններն ու ուսուցումները գործադրելով ապրիլ, այլ խօսքով, երբ մարդ հետեւի ու հաւատարիմ մնայ Աստուծոյ պատուիրաններուն, Աստուած կը հոգայ անոր բոլոր կարիքները, եւ մարդ սոված չի՛ մնար: Կարեւորը, հետեւաբար, ո՛չ թէ նիւթական հացն է, այլ՝ հոգեւոր հացը, որու առկայութեան պարագային մարդ բանի կարիք չ՚ունենար, որովհետեւ հոգեպէս լիացած կ՚ըլլայ:

Այստեղ ուշադիր պէտք է ըլլանք սակայն եւ չտարուինք մտածելու, որ մեր Տէրը նիւթական հացը կ՚անտեսէ, ո՛չ, չ՚անտեսեր, այլ՝ պարզապէս մեզի կ՚ուզէ բացատրել, որ հոգեւոր հացը շա՜տ աւելին է, քան նիւթական հացը: Դժբախտաբար, ոմանք սխալ կերպով հասկնալով մեր Տիրոջ խօսքերը, այնպէս կը ներկայացնեն, որ մեր Տէրը անտեսած է նիւթական հացի կարեւորութիւնը: Սակայն, այդպիսիները մոլութեան մէջ յայտնուած են, որովհետեւ Աստուածաշունչին մէջ կան բազմաթիւ համարներ, որորնք հակառակը կը փաստեն: Օրինակի համար, Ծննդոց գիրքի առաջին գլուխներուն մէջ, երբ մարդ իր անհնազանդութեան պատճառով զրկուեցաւ երանական դրախտէն եւ դատապարտութեան սահմանուեցաւ, Աստուած Իր խօսքը Ադամին ուղղելով ըսաւ. «Ճակտի քրտինքովդ ուտես հացդ» (Ծն 3.19). եթէ Քրիստոսի համար կարեւորութիւն չունենար նիւթական հացը, ինչո՛ւ համար հետեւաբար այս կերպով դատապարտեց առաջին մարդը:

Աւելի՛ն, Նոր կտակարանի էջերուն մէջ կը հանդիպինք երկու հրաշքներու, որոնք առընչութիւն ունին հացին հետ՝ հինգ հազարի (տե՛ս 14.13-21) եւ չորս հազարի (տե՛ս Մտ 15.32-39) կերակրումին դրուագները: Աւետարանիչներուն դէպքի ներկայացման ձեւէն կ՚իմանանք, որ առաջինը՝ Քրիստոս Ի՛նքն է, որ հարց կու տայ աշակերտներուն հացի մասին, թէ քանի՞ հատ հաց ունին, որմէ ետք հրաշքով կը բազմացնէ զայն, որպէսզի այն բազմութիւնը, որ հետեւելով Իրեն եկած էր զԻնք լսելու, անօթի չմնայ: Արդարեւ, եթէ նիւթական հացը անտեսած ըլլար Քրիստոս, ինչո՞ւ համար պիտի մտահոգուէր մարդոց հաց ուտելով կամ չուտելով, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք այն պարագան, որ ժողովուրդը եկած էր լսելու Իր ուսուցումները: Այս երկու դէպքերը վառ ապացոյցներ են, որ նիւթական հացը եւս Քրիստոսի համար կարեւորութիւն ունէր, բայց անոր անհրաժեշտութիւնը պէտք չէ գերազանցէ հոգեւորը:

Իսկ ինչո՞ւ համար «ամենօրեայ»: Արդեօք «ամենօրեայ» հաց խնդրելով ի՞նչ կ՚ուզէ սորվեցնել մեզի մեր Տէրը: Ամենօրեայ հացի խնդրանքով մեր Տէրը կ՚ուզէ մեզի յստակ կերպով ըսել, որ քրիստոնեայ անհատը ամէն օր կարիքն ունի Քրիստոսի ներկայութեան իր կեանքին մէջ, առանց Որուն քրիստոնեայ անհատին կեանքը կը դառնայ դժուար եւ անտանելի, այլ խօսքով՝ մեղքով լեցուն եւ Աստուծմէ հեռու կեանք մը:

Մարդ անհատը երբ ամէն օր կը խնդրէ Քրիստոս Հացը իր ամենօրեայ կեանքին համար, ատով ինքզինք է որ կը սպառազինէ ամէն տեսակի չարիքի ու փորձութիւններու դէմ: Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Որովհետեւ մեր պատերազմը մարդոց հետ չէ, այլ՝ երկինքի տակ գտնուող չար ոգիներուն, իշխանութիւններուն եւ պետութիւններուն, այս խաւար աշխարհի տիրակալներուն դէմ» (Եփ 6.12), եւ կը շարունակէ, ըսելով. «Ուստի, Աստուծոյ սպառազինութիւնը առէք, որպէսզի երբ չար օրը գայ՝ կարենաք ետ մղել չարին հարուածները, եւ ամէն ինչ ընէք՝ կանգուն մնալու համար» (Եփ 6.13). այստեղ, կերպով մը Առաքեալը ամենօրեայի բացատրութիւնն է, որ կու տայ կարծէք, որովհետեւ, երբ մենք ամէն օր խնդրենք Քրիստոսի ներկայութիւնը մեր կեանքէն ներս, այդպէսով Աստուծոյ սպառազինութիւնն է, որ մեր վրայ առած կ՚ըլլանք, որով ի զօրու կը դառնանք յաղթահարելու ամէն տեսակի նեղութիւն եւ դժուարութիւն, որովհետեւ մեր Տիպարը՝ Քրիստոս Ի՛նք, յաղթահարեց եւ յաղթահարելու այդ կարողութիւնը մեզի եւս վերագրեց, ըսելով՝ «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ 16.33):

Արդարեւ, բոլոր անոնք՝ որոնք Քրիստոսը կ՚ընդունին որպէս Տէր եւ Փրկիչ, եւ Աստուծմէ կը խնդրեն զԻնք որպէս «ամենօրեայ հաց», ատով խնդրած կ՚ըլլան այս աշխարհի վրայ իրենց յաղթանակելու ճանապարհը եւ յաւիտենական կեանքին հասնելու գրաւականը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 12

Վաղարշապատ, 1 հոկտեմբեր 2018

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2018