ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՍԻՒՆԻՔԻ ՄԷՋ

Պատերազմը դարձեալ իր չարաբաստիկ գրոհով արշաւեց մեր տագնապալի առօրեային վրայ: Չսպիացած վէրքերուն կողքին նորերը բացուեցան: Մահուան սեւ մանգաղը անողոքաբար հնձեց նորափթիթ եւ խոստմնալից կեանքեր:

Պիտի չանդրադառնամ միջազգային ու ազգամիջեան հարցերուն: Ոչ ալ կը յաւակնիմ քաղաքական վերլուծումներ կատարել եւ պատասխանատուութեանց հեղինակներ փնտռել: Պարզապէս կ՚ուզեմ պատերազմը դիտարկել իբրեւ մարդկային դարաւոր գնացքին ամենատխեղծ եւ քստմնելի երեւոյթներէն մին: Անհատական կեանքէն սկսեալ մինչեւ հաւաքական գոյութիւն, պատերազմը կը սեպուի անոնց ուղղուած ամենալուրջ սպառնալիք: Մոլորակային մեր քաղքենիացած տասը հազար տարուայ մօտաւոր լինելութեան ընթացքին՝ ամենատեւ գեհեն:

Ընտանեկան մակարդակով ի ծնէ ժառանգած եմ պատերազմի չարաղէտ վախի բարդոյթը: Մեծ հօրս ու մեծ մօրս որբի աչքերուն մէջ զմռսուած ու քարացած սարսափի զգացումը անուղղակիօրէն ժառանգուած էր մեզի սերունդէ-սերունդ: Վախի զգացում չէր այդ մէկը, այլ նողկանքի, մերժումի եւ դատապարտումի ապրումներ: Ծնողքս միջինարեւելեան շրջանային պատերազմներուն ժամանակակից սերունդ էին վերաճաշակելով այդ թաքնուած զգացումը:

Ես, իմ կարգիս, անմասն չմնացի անոր մշտագոյ, արիւնոտ ներկայութեան առթած սարսափէն:

Կարելի չէ շրջանցել պատերազմի ողբերգական հետեւանքները: Մարդկային կեանքերու ընդհատում, քաղաքներու աւերում, տնտեսական տագնապներ, հոգեբանական հիւանդագին վիճակներ, եւ այլն… եւ այլն: Միթէ՞ այսպիսին պէտք է ըլլար մարդկային նուաճումներուն որակական բնոյթը: Զարմանալիօրէն հակադիր ուղղութիւններով, մարդկային յառաջխաղացը կ՚ընթանայ զիրար վանող ներգործութեամբ: Գիտական, արհեստագիտական եւ մշակութային բնագաւառներու դրական զարգացման կողքին, կը համենայ ու կը գործէ ամենայն ուժականութեամբ պատերազմի անյաղթահարելի մահուն մեքենան:

«Մարդը կը սպաննէ իր նմանը՝ մարդը» եւ այս մէկը կը կատարուի իրաւունքի, արդարութեան եւ քաղաքական շահերու անուններով: Պարզապէս մարդկութիւնը իր պատմական կտրած երկար ճանապարհի ընթացքին չկրցաւ որոնել ու գտնել առանց արիւնահեղութեան գոյակցնելու փրկակար ուղի մը:

Վերադառնալով մեր հայրենիքին պատուհասած չարաղէտ պատերազմին, պիտի ուզէի նախորդ յօդուածիս մէջ թոռներուս յիշած կարգախօսս աւելի հաստատակամօրէն կրկնել՝

-Կեանք իմացեալ՝ անմահութիւն է:

Կ՚ուզեմ համեստօրէն իւրաքանչիւր հայու հաղորդել, որ «իմացեալ կեանքի» որակով միայն, գոյութեան տարբեր ոլորտներուն մէջ կը նուաճուի անմահութիւնը: Դիւանագիտական հմտութեանց, անկաշառ եւ անշահախնդիր ղեկավարութեան, ինքնապաշտպանական անկոտրում համակարգի, համախոհութեան եւ փոխադարձ հանդուրժողութեան ոգիով՝ կը պատրաստուին պատերազմներու գերեզմաննոցները: Մենք՝ հայու կեանքն է որ պիտի զրահապատենք եւ ոչ թէ այլոց նման ուրիշներու կեանքերը խլենք: Մեր բնատուր խաղաղասիրութեամբ պիտի յաւերժացնենք կեանքը իր հրաշածին առաքելութեամբ եւ ի վերջոյ, որպէսզի մեր նորովի մայրերը անգամ մըն ալ չսգան Վարուժանեան տողերով՝

-Հարս հանգցրու կրակը ճրագին:

ՆՈՐԱ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2022