ԻՆՉՈ՛Ւ ՉՍԻՐԵՑԻ ՔԻՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՆ…
Մասնաւոր հակակրանք չեմ ունեցած դպրոցական տարիներուս դասաւանդուող որեւէ առարկայի հանդէպ, սակայն առաջին դասաժամէն ոչ թէ չսիրեցի այլ ատեցի քիմիաբանութեան թէ՛ դասը եւ թէ մանաւանդ չեմ գիտեր ինչ հակասական նիւթերէ բաղկացած՝ անոր ուսուցիչը…
Որքան կարեւոր է ուսուցիչին դերը, որպէսզի աշակերտը սիրէ անոր դասաւանդած առարկան։ Բայց մեր հայկական դպրոցներուն մէջ միշտ բարձր գնահատուած են օտարները եւ օտար նիւթերը… Հազար զոհողութիւններով հայկական վարժարան կը պահենք, սակայն կ՚ուրախանանք երբ մեր զաւակը օտար լեզու մը աւելի լաւ կը խօսի քան հայերէնը։ Այսօր նորոյթ է, որ մեր մատղաշ սերունդը Երուսաղէմ՝ Հայոց վանքին ծոցին մէջ անգլերէն խօսի թէ՛ հայկական վարժարանէն ներս եւ թէ տունը եւ մեր նշանաւոր Մեծ բակին մէջ, որուն քարերը միայն հայերէն կը խօսին… Նաեւ իր հայերէն չխօսելու յամառութեամբ անգլերէն սորվեցնէ իր մեծ հօրը կամ մեծ մօրը…
Այո՛, հպարտ ենք, որ մեր զաւակները հայերէնը երկրորդական լեզու կը համարեն։
Հպարտ ենք, որ օտար ուսուցիչներ կը կերտեն նկարագիրը մեր զաւակներուն։
Վերամուտ է, ութերորդ դասարան փոխադրուած եմ, առաջին պահն է քիմիաբանութեան, ուսուցիչը օտար է եւ բաւական տհաճ անձնաւորութիւն մը, որուն արկածախնդրութիւններուն մասին լսած էինք աւելի բայձր դասարանի աշակերտներէ, թէ ինչպէս բարձրագոյն գնահատականը կու տար մեր դպրոցը յաճախող յոյն շփացած աղջկան մը՝ անշուշտ ապագայի ակնկալելիքներով…
Մեզի ինչ, այդ մեր քիմիաբանութիւն սորվելուն չէր խանգարեր…
Սակայն հայուն հացը ուտելով իր հայատեացութիւնը չափը անցուցած էր։
Որպէս «անգտանելի» ուսուցիչ իր ամսականը երեք անգամ աւելի էր միւս ուսուցիչներէն, սակայն ծակաչքին համար այդ քիչ էր, ինչու չորս կամ հինգ անգամ աւելի չըլլար։
Կէսօրուան զբօսանքէն ետք դասարանները կը բարձրանայինք, լսեցինք պոռչտուքը դպրոցի տեսուչին եւ այս հայատեացին։
Սրտնեղած մտանք դասարան, որովհետեւ իր առաջին մուտքը մեր դասարան տհաճ միջադէպէ մը ետք պիտի ըլլար…
Եւ մեր գուշակութիւնը ճիշդ էր։
Կը կաղար, այդպէս կաղալով ալ քիթին տակէն փնթփնթալով դասարան մտաւ առանց մեր բարեւին պատասխանելու ըսաւ. «Բոլոր հայերը պատրիարքէն մինչեւ դռնապան կօշիկիս տակն են»։
Քար լռութիւն… Շուարա՞ծ ենք՝ թէ սարսափած՝ մենք ալ չենք գիտեր։
Նստեցէ՛ք, հրամայեց։
Քիմիաբանութեան կանաչ գիրքը դեռ գոց՝ սեղանիս վրայ էր։ Համարձակութիւնս բնականաբար վախ չունէր… Վերցուցի գիրքը եւ ըսի. «Քիմիաբանութիւնը եւ իր ուսուցիչը ոտքիս տակն են»։
Քար լռութիւնը խզուեցաւ, մէկը դարակը բացաւ գոցեց, միւսը աթոռը աղմուկով շարժեց, մէկը հազաց եւ ալ միւսը ինչ ըրաւ չեմ գիտեր, ես հրաւիրուեցայ դասարանէն դուրս տեսչարան երթալու…
Ուղիղ եկայ տուն…
-Ես այս դպրոցը չեմ երթար։ Ես քիմիաբանութիւն չեմ սիրեր եւ պիտի չսորվիմ…
Ծնողքս հակառակ իրենց ունեցած դիրքին՝ երբեք չեն միջամտած եղբօրս ու իմ դպրոցական հարցերուն՝ գնահատականի կամ նոյնիսկ անարդար վերաբերմունքի մը պատճառով։ Մենք քաղաքավար եւ աշխատասէր աշակերտներ եղած ենք նաեւ մշակութային ձեռնարկներու եւ այլնի մէջ մեր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերած դպրոցէն ներս։ Փոքր խնդիրներ, հարցեր ծնողքս ձգած են, որպէսզի մենք լուծենք, որուն համար ես շատ շնորհակալ եմ։ Այդ մեր նկարագիրը կերտած է։ Գնահատած են մեր լաւ աշխատանքը, եթէ պէտք եղած է նաեւ շփացուցած, սակայն երբեք չեմ յիշեր, որ շռայլ գովասանքներ ըրած են մեզի։ Մայրական ժպիտով եւ հայրական նայուածքով իրենց գոհունակութիւնը յայտնած են։
Բայց այս մէկը արդէն փոքր հարց մը չէր…
Յաջորդ առտու մայրս դպրոց գնաց։
Միայն տարիներ ետք արդէն համալսարանն ալ աւարտած, մայրս պատմեց, թէ ինչ ըսած էր տեսուչին.
-Սրբազան, 1967-ի հրեայ-արաբ պատերազմէն ետք, մենք Կազզէն պիտի ձգէինք, ամուսինս ՄԱԿ-ի կողմէ Վիեննա հրաւիրուեցաւ շատ բարձր պաշտօնով եւ վարձատրութեամբ, բայց մենք նախընտրեցինք Երուսաղէմը միայն մէկ եւ մեզի համար շատ կարեւոր ու կենսական հարցի մը համար, որպէսզի մեր զաւակները հայկական վարժարան յաճախեն։ Մենք՝ ամուսինս ու ես չենք ուզեր, որ այս խնդիրը մեծնայ, սակայն, այսպիսի յայտարարութիւններու առաջքը՝ մանաւանդ ուսուցիչներու կողմէ, պէտք է առնուին։ Ձեր ուսուցիչէն զսպուածութիւն պահանջեցէ՛ք…
Տունը արգիլուեցաւ այս մասին խօսիլ կամ նոյնիսկ յիշել։ Եղիշէ Պատրիարքը յաճախ կ՚այցելէր մեր տուն եւ բնականաբար «վիրաւորուած» աշակերտի հոգեբանութեամբ ես պիտի ուզէի պատմել, թէ ինչ պատասխանեցի հայու «վիրաւորուած» արժանապատուութիւնս բարձր պահելու համար։
-Մաման հարցը վերջացուցած է, ըսաւ հայրս։
Ես դարձայ դասարան։ «Անգտանելի» ուսուցիչն ալ անշուշտ հայերը ատելով եւ հայերուն հացը առատ ուտելով դեռ երկար տարիներ պաշտօնավարեց։
Բան չփոխուեցաւ, պարզապէս աշխարհը թերեւս դեղագործ մը կորսնցուց…
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Երուսաղէմ, 2024