ՓԱՐԻՍԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՍԱԴՈՒԿԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ԹԹԽՄՈՐԸ

Հարցում մը.

Ի՞նչ է փարիսեցիներուն եւ սադուկեցիներուն թթխմորը:

Պատասխան. Տէր Յիսուս Քրիստոս միայն մէկ անգամ չէ, որ թթխմորի մասին խօսած է: Թթխմորը այն բաղադրութիւնն է, որ կինը որոշակի չափով ալիւրին մէջ կը լեցնէ, որպէսզի ամբողջ զանգուածը թթխմորուի:

Թթխմորը թաքնուած չարիքը կը խորհրդանշէ, այսինքն՝ չարը, որ ծածուկ կերպով կը գործէ: Մի քանի տեսակ թթխմորներ կան, որոնցմէ Քրիստոս պահանջած է, որպէսզի զգուշանանք:

 

Առաջին. փարիսեցիներու թթխմորէն:

Փարիսեցիներուն թթխմորը կեղծաւորութիւնն է, ինչպէս Տէր Յիսուս ըսաւ. «Նախ եւ առաջ զգուշացէ՛ք փարիսեցիներուն թթխմորէն, այսինքն՝ կեղծաւորութենէն» (Ղկ 12.1): Կեղծաւորութիւն, կը նշանակէ բարեպաշտի դեր խաղալ, Տիրոջ անունը գործածել, իսկ ինքզինք ցոյց տուողը շա՜տ հեռու է բարեպաշտութենէն եւ Տիրոջմէ՝ Որուն անունը յաճախ կու տայ: Տէր Յիսուս փարիսեցիներուն ըսաւ. «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ կը նմանիք կիրով ճերմկցուած գերեզմաններու, որոնք արտաքնապէս գեղեցիկ կ՚երեւին, բայց ներքնապէս լեցուն են մեռելներու ոսկորներով եւ ամէն տեսակի պղծութեամբ: Նոյնպէս էք դուք. արտաքնապէս մարդոց արդար կ՚երեւիք, բայց ներքնապէս լեցուն էք կեղծաւորութեամբ եւ անօրէնութեամբ» (Մտ 23.27-28):

Այս թթխմորէն Աւետարանի իւրաքանչիւր սպասաւոր պէտք է զգուշանայ:

 

Երկրորդ. սադուկեցիներու թթխմորէն:

Այս թթխմորին մասին Տէր Յիսուս Իր աշակերտներուն ըսաւ. «Տեսէք, զգուշացէ՛ք սադուկեցիներու եւ փարիսեցիներու խմորէն» (Մտ 16.6, 12):

Սադուկեցիները կ՚ուսուցանեն, թէ յարութիւն չկայ: Անոնք ներկային համար կ՚ապրին եւ յաւիտենական կեանքի յոյս չունին: Անոնց մասին կը կարդանք. «Նոյն օրը սադուկեցիներէն ոմանք եկան Յիսուսի մօտ։ Սադուկեցիները կ՚ըսեն թէ մեռելներու յարութիւն չկայ։ Անոնք ըսին Յիսուսի.

-Վարդապե՛տ, Մովսէս մեզի հետեւեալը սորվեցուց.- «Եթէ մէկը մեռնի առանց զաւակ ունենալու, մարդուն եղբայրը պէտք է ամուսնանայ այրիին հետ, որպէսզի իր եղբօրը զաւակ տայ»։ Արդ, ժամանակին մեր մօտ եօթը եղբայրներ կային։ Առաջինը ամուսնացաւ եւ մեռաւ առանց զաւակ ունենալու, ուստի իր կինը ձգեց իր եղբօր։ Նոյնը պատահեցաւ երկրորդին, երրորդին, մինչեւ եօթներորդին։ Բոլորէն վերջ կինն ալ մեռաւ։ Արդ, մեռելներու յարութեան օրը, կինը այդ եօթէն որո՞ւն պիտի պատկանի, քանի բոլորն ալ ամուսնացան անոր հետ։

Յիսուս պատասխանեց.

-Մոլորածներ էք, որովհետեւ չէք հասկնար ո՛չ Սուրբ գիրքերը եւ ո՛չ ալ Աստուծոյ զօրութիւնը։ Երբ մեռելները յարութիւն առնեն, այլեւս պիտի չամուսնանան, այլ՝ երկինքի հրեշտակներուն նման պիտի ըլլան։ Իսկ մեռելներու յարութեան մասին չէ՞ք կարդացած ինչ որ Աստուած ըսաւ ձեզի. «Ես եմ Աբրահամի Աստուածը, Իսահակի Աստուածը եւ Յակոբի Աստուածը»։ Կը նշանակէ թէ Աստուած մեռելներու Աստուածը չէ, այլ՝ ողջերուն» (Մտ 22.23-320):

Յիսուս Իր այս խօսքերով սադուկեցիներուն մոլորութիւնը յայտնեց՝ անոնց յարութեան փաստը ուրանալով: Եւ ի՜նչքան շատ են անոնք, որոնք ներկային համար կ՚ապրին ու կը մոռնան յաւիտենական բաները:

 

Երրորդ. Հերովդէսի թթխմորը:

Յիսուս խօսեցաւ Իր աշակերտներուն եւ պատուիրեց անոնց, ըսելով. «Զգուշացէ՛ք փարիսեցիներու եւ Հերովդէսի կողմնակիցներու խմորէն» (8.15):

Հերովդէսի թթխմորը՝ քաղաքականութիւնը կրօնքին խառնելու թթխմորն է: Արդարեւ, Հերովդէս իր բոլոր չարքիներուն եւ մեղքերուն կողքին, ուզեց որ հրեաներուն դէպի իրեն քաշէ, որով անոնց համար տաճար կառուցեց: Կրօնքը քաղաքականութեան խառնեց իր անձնական շահերուն համար:

Քաղաքականութիւնը վտանագաւոր խաղ մըն է, ինչ բանի մասին արտայայտուած է Մեծն Բրիտանիայի Վարչապետ՝ Ուինսթոն Չըրչիլը, Համշխարհային երկրորդ պատերազմի ընթացքին, հետեւեալ բառերով. «Կանգնեցայ քաղաքական մարդու գերեզմանին վրայ դրուած շիրմաքարին դիմաց, ու կարդացի հետեւեալ բառերը. “Այստեղ կը հանգչի քաղաքական գործիչը, որ վստահելի ու անկեղծ էր…”: Զարմացայ: Ինչպէ՞ս կրնար քաղաքական գործիչ ըլլալ, միաժամանակ վստահելի եւ անկեղծ»:

[Հոգեւոր] սպասաւորներ կան, որոնք իրենց եկեղեցիները քաղաքականութեամբ կը ղեկավարեն, եւ եկեղեցւոյ անդամներէն ոմանք միւսներուն դէմ կը հանեն՝ յայտնի քաղաքականութեամբ, որ կ՚ըսէ. «Բաժնէ՛, որպէսզի տիրես»: Մինչ Տէրը կը զգուշացնէ մեզ Հերովդէսի թթխմորէն…, այսինքն՝ կրօնքը քաղաքականութեան խառնելու թթխմորէն:

 

Չորրորդ. չարի ու նենգամտութեան թթխմորը:

Պօղոս Կորնթոսի հաւատացեալներուն գրեց, ըսելով. «Չէ՞ք գիտեր առածը, որ կ՚ըսէ. “Քիչ մը թթխմորը ամբողջ զանգուածը կը խմորէ”: Չարութեան հին խմորը դուրս նետեցէք ձեզմէ, որպէսզի ամբողջութեամբ նոր եւ անխմոր զանգուած մը ըլլաք, ինչպէս որ էք արդէն, քանի որ Քրիստոս՝ մեր Զատիկին Գառնուկը մորթուեցաւ: Ուստի Զատիկը տօնենք՝ ո՛չ թէ հին խմորով, այլ՝ առանց թթխմորի, այսինքն՝ ստուգութեամբ եւ ճշմարտախօսութեամբ» (Ա. Կր 5.6-8):

Որպէս Տիրոջ սպասաւորներ լաւապէս յիշենք, թէ՝ «սատկած ճանճերը կ՚ապականեն անոյշ իւղերը» (Ժղ 10.1): Սատկած ճանճերը փոքր մեղքերը կը խորհրդանշեն… ծուլութեան մեղքը, անտարբերութեան մեղքը, ուրիշներուն յանցանքները յայտնելու մեղքը: Այս մեղքերը կը թթխմորէն սպասաւորի կեանքին անուշութիւնը եւ կը վնասեն զինք:

Տէրը Իր ժողովուրդը Եգիպտոսէն հանած ժամանակ հրամայեց անոնց, ըսելով. «Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին. “Յիշեցէ՛ք այս օրը, երբ Եգիպտոսէն՝ ստրկութեան այս տունէն դուրս եկաք, որովհետեւ Տէրը Իր հզօր ձեռքով ձեզ այստեղէն հանեց: Թթխմորով հաց պիտի չուտէք, որովհետեւ դուք այսօր՝ գարնանային վաղահաս բերքի ամսին դուրս կու գաք: Երբ քու Տէր Աստուածդ քեզ տանի քու հայրերուդ խոստացած քանանացիներու երկիրը… ճի՛շդ այդ ամսին այս ծիսակատարութիւնը կը կատարես: Եօթը օր բաղարջ հաց կ՚ուտէք, իսկ եօթներորդ օրը Տիրոջ տօնն է, բաղարջ հաց կ՚ուտէք: Ձեր տունը թթխմորով հաց չըլլայ, քու ամբողջ երկրիդ սահմաններուն մէջ թթխմոր չերեւայ”» (Ելք 13.3-7):

Տէրը կ՚ուզէ, որ Աւետարանի սպասաւորներուն կեանքն ու անոնց տուները զերծ ըլլան թթխմորէն…, որովհետեւ թթխմորի գոյութիւնը կը նշանակէ չարութեան եւ նենգամտութեան առկայութիւն, եւ կեանքին զերծ ըլլալը ստուգութենէն եւ ճշմարտութենէն:

Տիրոջ Իր ժողովուրդին տուած պատուիրանը հետեւեալն է. «Տիրոջ մատուցած ձեր բոլոր զոհաբերութիւնները առանց թթխմորի կը պատրաստէք» (Ղւ 2.11):

Արդարեւ, ո՜վ Աւետարանի սպասաւորներ, Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով՝ մեր Գառնուկին՝ որ մեզի համար զենուեցաւ, կը դիմեմ ձեզի, որպէսզի զգուշանաք՝

Փարիսեցիներու թթխմորէն, սադուկեցիներու թթխմորէն, Հերովդէսի թթխմորէն, չարութեան եւ նենգամտութեան թթխմորէն, որպէսզի նոր խմոր ըլլաք, ինչպէս որ անխմոր էք:

ՀԵՂԻՆԱԿԸ ԱՆՅԱՅՏ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2021