ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐԻՆ ԴԵՐԸ՝ ԻՐ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Լիբանանի մէջ սահմանային իրավիճակը կը շարունակէ մնալ նուրբ։ Իսրայէլ կը հարուածէ «Հիզպուլլահ»ի դիրքերը, կը թիրախաւորէ Լիբանանի հարաւային գաւառները։ Նոյն ծիրէն ներս կը հաղորդուի, որ ցարդ «Հիզպուլլահ»ի աւելի քան յիսուն զինեալներ արդէն զոհուած են ու այդ թիւը կրնայ բարձրանալ յառաջիկային։ «Հիզպուլլահ», Իրանի ամբողջական նեցուկը կը վայելէ, Իսրայէլին կը դիմադարձէ շատ դիպուկ հարուածներով, սակայն, կարծես կայ համաձայնեցուած տրամաբանութիւն մը, որով այս ծանրակշիռ շրջանին կողմերը մեծ պատերազմի մը պիտի չերթան։

Երբ Լիբանանի համայնապատկերը ծնունդ կու տայ լուրջ հարցադրումներու, բաւական դժուար է ի մի բերել բոլոր տարրերը։ Վերլուծաբան Եղիա Թաշճեանի կարծիքը շօշափեցինք՝ այդ բոլորը իր ամբողջին մէջ պատկերացնելու համար։

*

-Համաձա՞յն էք, որ պատերազմի վտանգը օրէ օր կը նուազի։

-Եթէ շաբաթ մը առաջ այս հարցումը ուղղէիք, կ՚ըսէի, որ մեծ պատերազմի վախ կայ։ Բայց վերջին օրերուն յստակ դարձաւ, որ կարծէք կան խաղի մը ընդհանուր օրէնքներ եւ թէ՛ Իսրայէլ եւ թէ «Հիզպուլլահ» կը յարգեն զանոնք։ Ռմբակոծումները սահմանափակ են եւ տեղի կ՚ունենան Լիբանանի հարաւային շրջաններու, ոչ-ենթակառուցուածքային կէտերու վրայ։ Մինչեւ հիմա դէպքերը սահմանափակուած են։ Կայ տնտեսական տագնապ եւ ժողովուրդը պատրաստ չէ մեծ պատերազմի մը զոհը դառնալու։ Մտավախութիւն կայ, որ եթէ Լիբանան ներգրաւուի շրջանային կամ տարածաշրջանային պատերազմի մը, արեւմտեան երկիրները տնտեսական պատժամիջոցներ կրնան սահմանել Լիբանանի դէմ եւ այս մէկը ա՛լ աւելի պիտի ցաւցնէ երկրի՝ առանց այդ ալ վիրաւոր ժողովուրդը։ Այս բոլորը հաշուի առնելով, «Հիզպուլլահ» առայժմ սահմանափակ կերպով կը հակադարձէ Իսրայէլի ոտնձգութիւններուն։

-Լիբանան լուրջ քաղաքական տագնապի մէջ է։ Նոր նախագահի թեկնածուի շուրջ ցարդ կարելի չէ եղած համաձայնութեան գալ։ Սուրիացի փախստականներու հարցը, ընդհանուր առմամբ Սուրիոյ տագնապը եւ այս պատերազմը… Այս բոլորը պիտի դադրի՞։ Տարածաշրջանի ժողովուրդը նոր փո՞ւլ մը պիտի թեւակոխէ։

-Կազզէն ունի շուրջ 3 միլիոն բնակչութիւն։ Եթէ Իսրայէլի նպատակը «Համաս»ի վերնախաւը ոչնչացնելն է, ապա հազարաւոր անմեղներ զոհ պիտի դառնան։ Վարչապետ Նեթանիյահու ամէն ջանք ի գործ կը դնէ իր դիրքը փրկելու համար։ Ան ստիպուած է Կազզէ ներխուժել, ուրիշ ելք չունի, սակայն որքա՞ն պիտի կարենայ ներթափանցել կամ յառաջանալ, տակաւին յստակ չէ։ Յայտնի չէ նաեւ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ «Համաս»ի ղեկավարութան ապագան։ Կարգ մը արաբական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ Քաթարի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ որոշ բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան, որպէսզի «Համաս»ի քաղաքական վերնախաւը փոխադրեն արաբական այլ երկիր մը։ Այսօր պէտք է մօտէն հետեւիլ, թէ ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ հարաւային Լիբանանի «Այնը ալ հըլուէ» Պաղեստինի գաղթակայանին մէջ։ Օրինակ՝ վերջերս դարձեալ սպանութիւններ տեղի ունեցան։ Կայ նաեւ հաւանականութիւն մը, որ «Համաս»ի քաղաքական ղեկավարութիւնը տեղափոխուի Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող Պաղեստինի գաղթակայաններ։ Եթէ պատահի այս մէկը, վստահաբար ապակայունացնէ հարաւային Լիբանանի վիճակը եւ թիրախ դարձնէ զայն։ Այս բոլորը պատճառ պիտի դառնան նաեւ, որ նախագահական ընտրութիւնները յետաձգուին։ Եթէ կար յոյս մը, որ տարեվերջին նախագահական ընտրութիւն պիտի ըլլար, այսօր, կարծեմ, այդ մէկը դժուարացաւ։ Լիբանանի փրկութիւնը որոշ չափով քաղաքականօրէն պիտի կապուի Իսրայէլ-Պաղեստին խնդրի լուծման հետ։

-Անդրադառնանք Ռուսաստանի դերին։ Անակնկալ էր «Համաս»ի ղեկավարին Մոսկուա երթալը։ Մինչ մենք կը խորհինք, թէ Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսաստան կը նահանջէ, անդին՝ Սուրիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Պաղեստինի խնդրին մէջ, ան կարծես կ՚ուզէ նոր դեր մը ստանձնել։ Ինչպէ՞ս կը դիտարկէք այդ բոլորը։

-Երկու անակնկալ կար։ Առաջինը՝ Ռուսաստանի «պաղեստինամէտ» քաղաքականութիւնը, իսկ երկրորդը՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի փափուկ քաղաքականութիւնը։ Սեպտեմբերի կէսին յայտարարուեցաւ ԱՄՆ-Հնդկաստան տնտեսական միջանցքի ծրագիրը, որ պիտի երկարէր Հնդկաստանէն մինչեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Սէուտական Արաբիա, Յորդանան եւ Իսրայէլ։ Այս ճամբան պիտի չանցնէր Թուրքիայէն, Ռուսաստանէն եւ Իրանէն։ Թուրքիա շատ դժգոհ էր այս ծրագիրէն։ Նախագահ Էրտողան Նիւ Տելհիի մէջ յայտարարեց, որ Միջին Արեւելքէն որեւէ ճամբայ պիտի չանցնի՝ առանց Թուրքիան հաշուի առնելու։ Այս երեք երկիրներու շահերուն կը համընկնի, որ Իսրայէլի մէջ անկայունութիւն ըլլայ եւ այս պատերազմը երկարի մինչեւ այն կարմիր գիծերը, ուր Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութիւնը պարփակուի կանխատեսելի եզրերու մէջ։ Այսօր ոչ մէկ երկրի տնտեսական ու քաղաքական շահերէն կը բխի այս պատերազմի ընդլայնումը։ Իսկ Ռուսաստանի շահերէն կը բխի պատերազմի շարունակումը, որպէսզի Ուքրայնայի մէջ Արեւմուտքին դերը նուազի, որովհետեւ ան աւելի շահագրգռուած պիտի ըլլայ Իսրայէլի հարցով եւ ուշադրութեան մեծ մասը պիտի կեդրոնանայ Մերձաւոր Արեւելքի վրայ։ Պաղեստինի քարտը դարձեալ պիտի ըլլայ Մոսկուայի ձեռքին՝ ինչպէս որ կար Սովետական շրջանին։

-Թեհրան-Մոսկուա յարաբերութիւններուն մէջ մրցակցութիւն մը կը դիտարկէ՞ք։ Կարգ մը աղբիւրներ կը տեղեկացնեն, որ անոնք համերաշխ չեն՝ յատկապէս Սուրիոյ պարագային։

-Մենք այդ մէկը տեսանք Սուրիոյ մէջ, ուր Իրան աւելի մեծ ազդեցութիւն ունէր տուեալ երկրի բանակին վրայ։ Հարաւային Կովկասին մէջ նաեւ տեսանք որոշ տարակարծութիւններ, սակայն, չեմ կարծեր, որ այս բոլորը որեւէ բախումի պատճառ դառնան։ Իւրաքանչիւր երկիր կը ճանչնայ իր կարմիր գիծերը։ Ռուսաստան չի կրնար Իրանի դերը խաղալ «Համաս»ի կամ «Հիզպուլլահ»ի պարագային։ Այդտեղ կայ կրօնի, մշակոյթի հարցը։ Միւս կողմէ, Իրան չի կրնար փոխարինել Ռուսաստանը։ Իւրաքաչիւրը ունի իր դերը, իր սահմաններուն մէջ։

-Այսօր, եթէ «Հիզպուլլահ»ը չգլորի դէպի պատերազմ, իր արաբական դիրքերը պիտի ամրապնդէ՝ Լիբանանը զերծ պահելով քանդումէ կամ աւերումէ։ Ըստ երեւոյթին, Իրան կ՚ուզէ պահել հզօր «Հիզպուլլահ» մը։ Սա ինչպէ՞ս կրնայ ազդել Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքին վրայ։

-Չմոռնանք, որ անցեալ մարտին, Չինաստանի միջնորդութեամբ համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ։ Հետեւաբար, այս պատերազմին «Հիզպուլլահ»ի ներգրաւումը պիտի խափանէ այդ համաձայնագիրը։ Սա Չինաստանի շահերէն չի բխիր։ Սէուտական Արաբիան նաեւ կ՚ուզէ իր հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը պահպանել։ «Հիզպուլլահ» մտահոգ է նաեւ Լիբանանի ներքին կեանքին առումով։ Ան զգոյշ է, որովհետեւ իր ժողովրդային աջակցութիւնը նուազած է՝ յատկապէս Սուրիոյ դէպքերէն ետք։ Հարցը կախեալ է Իսրայէլի մտադրութենէն, թէ ան մինչեւ ո՛ւր կ՚ուզէ հասնիլ Կազզէի մէջ, անոր նպատակը Կազզէն ամբողջութեամբ գրաւե՞լն է։ Յիշենք, որ «Հիզպուլլահ»ը միջամուխ եղաւ Սուրիոյ հարցերուն, որովհետեւ նախագահ Պեշար Էսատի վարչակազմը վտանգուած էր։ Եթէ այսպիսի վտանգ մը սպառնայ նաեւ «Համաս»ին, թերեւս «Հիզպուլլահ»ը կը ստիպուի կարգ մը սահմանափակ գործողութիւններ կատարելու։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 4, 2023