ՏՔԹ. ՌԱՖՖԻ ՓՈԼԱՏԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՈԼՈՐՏԷՆ ՆԵՐՍ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐԸ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԵՆ»

Հայաստանի Պետական բժշկական համալսարանէն շրջանաւարտ Տքթ. Ռաֆֆի Փոլատեան լիբանանահայ գեղձաբան է: Ան բացի իր մասնագիտական գործունէութենէն, նաեւ կը տանի համայնքային գործունէութիւն եւ որպէս բժիշկ հանդէս կու գայ ձայնասփիւռային յատուկ յայտագրերով: Վերջերս Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Հայ «Սրտաբանութեան եւրո-կովկասեան 6-րդ համաժողով»ը, որուն նոյնպէս իր մասնակցութիւնը բերած Ռաֆֆի Փոլատեան հանդէս եկաւ բժշկական նիւթերու վերաբերեալ արդիական հայեացքներով եւ մօտեցումներով: Լիբանանահայ բժիշկին համար էականը միայն բժշկութեան հարցերը չեն, այլ՝ Հայաստանի առողջապահական ոլորտի արդիականացումն ու այդ առումով մեր երկրի դիմագրաւած խնդիրներն ու ապագայի ակնկալիքները: Սոյն պատեհ առիթէն օգտուելով հետեւեալ հարցա-զըրոյցը կատարեցինք բժիշկ Ռաֆֆի Փոլատեանին հետ:

-Ի՞նչ էր ձեր Երեւան այցելութեան պատճառը։ Գիտենք, որ բժշկական համաժողով մը կար, սակայն կ՚ուզենք մանրամասնութիւնները ձեզմէ լսել:

-Ինչպէս գիտէք, Երեւանի մէջ գումարուեցաւ «Սրտաբանութեան եւրո-կովկասեան 6-րդ համաժողով»ը եւ ես ալ այդ ժողովի մասնակիցներէն էի: Հակառակ անոր, որ ժողովին ընդհանուր օրակարգը իմ մասնագիտութեանս ծիրէն ներս չէր, բայց ինծի համար շատ հետաքրքրական էր այդ ժողովին մասնակցիլը եւ ընդհանուր մթնոլորտին ծանօթանալը: Հանդիպումները շահեկան էին եւ ակներեւ էր նաեւ, որ մասնակիցներու միջեւ մասնագիտական տարբեր մակարդակներու ներկայացուցիչներ կային: Կային կարգ մը թեքնիք բացթողումներ, սակայն վստահ եմ, որ ատոնք մօտիկ ապագային կը լուծուին: Նման ժողովներու պարագային ամենէն էականը շինիչ քննադատութիւններով հանդէս գալն է: Հայաստանը այսօր բաւական յառաջադէմ երկիր դարձած է, սակայն կան տակաւին փոքր թերութիւններ, որոնք ուշադրութեան պէտք է յանձնուին:

Օրինակ մը տալու համար պէտք է նշեմ, որ մասնակիցներուն մեծ տոկոսը կու գար «ներքին սփիւռք»էն, իսկ աւանդական սփիւռքի մասնակիցներուն թիւը քիչ էր: Նման ժողովներու համար նախատեսուած է «մասնակիցներու պատմութիւն» անունով դրոյթ մը, որուն հիմամբ ի յայտ պիտի գայ, թէ ո՛ր բժիշկը, ո՛ր տարին այսօրինակ ժողովի մը մասնակցած է եւ այս եւս կը բացակայէր ժողովէն: Կարեւոր էր նաեւ, որ ներկայացուած զեկոյցներու աւարտին տեղի պէտք է ունենար քննարկում եւ բան մը, որ քիչ պարագաներու իրականացաւ:

Բացի ատկէ, խոցելի էր նաեւ այն, որ վերջին համագումարներէն բխած արդիւնքները կամ յայտարարութիւնները չէին նշուած: Ժողովի աւարտին ալ եղան կարգ մը դիտարկումներ, որոնք կը վերաբերէին կարգ մը սրտի վիրաբուժութիւններու (արդիական) Հայաստանի մէջ չկիրառելուն մասին եւ այս կէտը ինծի համար բաւական անսպասելի էր:

Զեկուցումներով հանդէս եկած սրտաբաններու շարքին էին ռուսական Նովիսիպիրսքէն եւ Թալինինկրատէն ժամանած բժիշկներ, որոնք ընդհանուր իրավիճակը ներկայացուցին նշելով սակայն, որ իրենց մօտ ալ արդիական վիրաբուժութեան որոշ պակասներ կան: Ինչպէս գիտէք, ես կու գամ Լիբանանէն ու այս առումով պէտք է նշեմ, որ մեր մօտ յատկապէս սրտաբանական ոլորտը կը համարուի բաւական զարգացած ոլորտ մը եւ այսօր Պէյրութի մէջ տեղի կ՚ունենան սրտի վիրաբուժութեան ամենէն բարդ համարուող գործողութիւնները: Այս պարագան կ՚ուզեմ նշել՝ յիշեցնելով, որ Լիբանան յայտնուած է «առողջապահական մրցակցութեան» իրավիճակի մը մէջ, ուր բժշկութիւնն ու բժիշկները պարտաւոր են ամէնօրեայ լրացումներ կատարել քայլ պահելու համար արդի բժշկութեան խնդիրներուն հետ, իւրացնելու համար այդ խնդիրներու լուծման համար առկայ բոլոր նոր մեթոտները: Իմ պատկերացումներով՝ Հայաստանի մէջ սրտի գործողութիւններու առընթեր ամենէն թերի կողմերէն մին կը համարուի «սթենտաւորման» պարագան, որ յառաջիկայ տարիներուն ալ արժանի պէտք է դառնայ յատուկ ուշադրութեան:

Այստեղ պէտք է նշեմ նաեւ, որ համաժողովի աւարտէն առաջ տեղի ունեցաւ «աշխատանոց-հանդիպում» մը, ուր մասնակիցները հանդէս եկան մասնագիտական զեկուցումներով: Այստեղ էր, որ ես ներկայացուցի նոր դեղամիջոցները, որոնք շաքարախտի համար կ՚օգտագործուին, բայց միեւնոյն ժամանակ ճնշման եւ սրտի անբաւարարութեան համար ալ կ՚օգտագործուին: Զեկուցումս բաւական դրական արձագանգ ունեցաւ ու նկատառելի էր, որ յատկապէս Ֆրանսայէն եկած իմ բժիշկ գործընկերներս քիչ մը զարմացան: Այն առումով, որ ինչպէս կարողացած եմ այդքան մասնագիտական տեղեկութիւններ ձեռք բերել:

Հայաստանի մէջ սրտաբանական ոլորտը կը զարգանայ, սակայն կ՚ուզէի նաեւ, որ անոր զուգահեռ զարգանան նաեւ միւս մասնագիտութիւնները:

Մասնագիտական առումով ալ Հայաստանի մէջ մեծ հետաքրքրութիւն կայ սրտի հիւանդութիւններու կամ յետվիրահատման բարելաւման ընթացքին օգտագործուող դեղերուն մասին, բան մը, որ հասկնալի եւ կարեւոր հետաքրքրութիւն պէտք է համարուի: 2009 թուականէն ի վեր որեւէ դեղամիջոց, որ հրապարակ պիտի հանուի, անպայման պէտք է «փորձուած» եւ ընդունուած դեղամիջոց մը ըլլայ: Այսինքն կողմնակի ազդեցութիւններ չունենայ եւ այդ երեք կամ չորս կէտերէ բաղկացած արժեչափերը պէտք է լրացնէ: Ներկայիս այն դեղամիջոցները, որոնք ի յայտ եկած են, այս պայմանները պէտք է ամբողջացնեն ու Հայաստանի բժիշկներուն մօտ ալ այդ հետաքրքրութիւնը եւ ճիշդ ու տեղին դեմամիջոցներ որոնելու եւ գտնելու հետաքրքրութիւնը մեծապէս ակներեւ էր:

-Դուք Հայաստան ուսանած էք. յաճախ կը խօսուի, թէ Հայաստանի մէջ հոյակապ բժիշկներ ունինք, սակայն այսօր Հայաստանի բժշկական համակարգը մասամբ «վիրաւոր» է: Օրինակ մը կ՚ուզեմ տալ. վերջերս հիւանդանոց մը այցելեցի եւ մօտեցայ մասնագէտ բժիշկի մը: Առաջին իսկ հայեացքով նկատեցի, որ մասնագէտ բժիշկի հիւանդասենեակին մէջ կան տասէ աւելի հիւանդներ, սենեակին դուռը բաց է եւ հոն կը տիրէ խառնակ վիճակ մը: Դուք տեղեակ է՞ք այս վիճակներուն մասին: Եթէ այո՛, ապա ի՞նչպէս պէտք է դարմանել այդ խոցելի դրութիւնը: Այս բոլորին, ըստ ձեզի, ո՞ւրկէ պէտք է սկսիլ:

-Ես տասնհինգ տարուան երկար բացակայութենէ ետք առիթը ունեցայ այցելել Հայաստան, 2016-ին եւ այս տարուան Մայիսին: Տեսակցեցայ դասընկերներուս հետ եւ նկատեցի, որ հիւանդանոցներուն մեծամասնութիւնը վերածուած է շահութաբեր հիմնարկներու, այսինքն այն ինչ որ հիւանդանոցին եկամուտ կ՚ապահովէ՝ այդ բաժանմունքները յառաջացած են: Իսկ այն բաժանմունքները, որոնք շահութաբեր չեն կամ միայն բժիշկը կրնայ օգտուիլ՝ փակուած են: Օրինակ՝ մաշկային համակարգի եւ շատ մը բաժանմունքները փակ էին: Կան միայն այցելու բժիշկներ: Հիւանդանոցի մը մէջ այսպիսի երեւոյթի մը ականատես ըլլալը շատ վատ տպաւորութիւն թողուց իմ վրայ:

Երկրորդ՝ ներկայիս բոլոր հիւանդները կ՚ուզեն ունենալ իրենց ապահով տարածքը, այսինքն բժիշկին հետ շատ հանգիստ խօսիլ: Որովհետեւ եթէ հիւանդը լրիւ չբացայայտէ իր վիճակը, ապա բժիշկը շատ կը չարչարուի, հետեւաբար չենք կրնար ճիշդ ձեւով օգնել անոր: Եւ երբ քսան հիւանդ նոյն սենեակին մէջ կը գտնուին եւ մարդիկ անընդհատ կը մտնեն կ՚ելլեն, բժիշկը չի կրնար կեդրոնանալ: Այս բոլորը պարզապէս պէտք է կազմակերպուին: Շատ մը պարագաներու Հայաստանի մէջ տակաւին կը հետեւին խորհրդային կարգերու ժամանակուան դասաւորման, իսկ որոշ տեղեր ալ իրավիճակը արդէն բարեփոխուած է: Հայերուս մօտ հերթ յարգելու խնդիր մը կայ, ինչ որ անպայման պէտք է լուծուի: Ամէն բան սկիզբ կ՚առնէ փոքր բարելաւումներով եւ այս պարագային ամենէն առաջնայինը հերթ յարգել սորվիլն է: Ու եթէ խառնակ վիճակ մը ստեղծուի, ո՛չ հիւանդը կ՚օգտուի եւ ոչ ալ բժիշկը կրնայ ճիշդ ցուցմունքներ կատարել: Սակայն եթէ դուրսը քարտուղարուհի մը անունները արձանագրէ եւ հիւանդները հերթով մօտենան բժիշկին, այդ իրարանցումը կը վերանայ: Երկրորդ՝ հիւանդապահը բժիշկին պէտք է օժանդակէ, այսինքն՝ ջերմութիւն չափել, ճնշումը չափել եւ այլն: Շատ կարեւոր է նաեւ նախօրօք ստուգել հիւանդին հասակն ու կշիռքը, մէջքի տարողութիւնը՝ չափը: Եթէ մենք հետազօտութեան պիտի դիմենք, այս նախադրեալները շատ անհրաժեշտ են եւ կ՚օգնեն բժիշկին արագ կողմնորոշուելու:

Յաջորդ կէտը՝ ոեւէ բժիշկ, եթէ վերապատրաստուող կամ նոր աւարտած բժիշկ ունի իր մօտ, պէտք է վերահսկէ եւ ստուգէ, թէ հիմնական քննութիւնները կատարեց կամ ոչ՝ թոքերը ստուգել, սիրտը լսել եւ այլն եւ այս բոլորը պէտք է կատարուին աւագ բժիշկին հսկողութեամբ: Հոս արդէն գործը աւելի հեզասահ կ՚ընթանայ:

Ուրիշ բան մը եւս կայ: Հայաստանի մէջ ինչ որ նկատեցի տարրալուծարաններու մէջ կը տիրէ խառնիճաղանճ վիճակ մը: Հոս եւս կարեւոր բարեփոխումներ պէտք է իրականացուին: Խօսքը քննութեանց ու անոնց արդիւնքներու արժեչափերու համակարգին վերաբերող մեթոտներուն մասին է, որոնցմէ մին, որ ցայսօր ալ կ՚օգտագործուի, Խորհրդային օրերէն մնացած մեթոտ մըն եւ պէտք է անպայման վերանայուի եւ յարմարուեցի ու նոյնացուի մեծաւ մասամբ օգտագործուող մեթոտներուն հետ:

Քանի որ Հայաստանը սկսած է հանդիսանալ ամբողջ հայութեան «քաշողականութեան» կէտը, ուր աշխարհի բոլոր կողմերէն հայեր ալ կ՚ապրին, ապա այս նկատառումն ալ պէտք է հաշուի առնուի եւ կիրառման դրուին առողջապահան միջազգային չափորոշիչներ:

Ուրիշ բան մը եւս նկատեցի, շատ մը շրջանաւարտներ տակաւին չեն «միջազգայնացած», այսինքն ռուսական ուսում ստացած են, յարգանքս բոլորին, սակայն պէտք է նկատի առնեն, թէ իրենք Ռուսաստանի մէջ չեն միայն: Ասիկա առկայ էր նաեւ Սուրիոյ պարագային: Մենք գիտենք, որ բժշկութիւնը Սուրիոյ մէջ արաբերէն լեզուով է, հոն ուսանողները, երբ Հայաստան եկան դժուարութեան մատնուեցան: Վերջին տարիներուն Սուրիոյ մէջ դրական փոփոխութեան ընթացք մը կար, սակայն ցայսօր այդ ընթացքը Հայաստանի մէջ երեւելի չէ:

Ուշադրութեան կ՚ուզեմ յանձնել նաեւ ուրիշ կէտ մը՝ պէտք է ոեւէ մասնագէտ մնայ իր մասնագիտութեան շրջանակներուն մէջ՝ իմ կարծիքով, այս մէկը սխալ է, որովհետեւ մենք ունինք հիմնական բժշկութիւն կամ ներքին հիւանդութիւնները: Իր մասնագիտական գործունէութեան ընթացքին իւրաքանչիւր բժիշկ կը հետեւի «ընդհանուր բժշկութիւն» կոչուած առարկային: Որովհետեւ կարգ մը բաներ ան կրնայ մոռցած ըլլալ: Պէտք է անոնց հետ կապուած նորութիւններն ալ իմանանք: Այս բոլորը հաշուի առնելով պէտք է ըսել, որ այսօր Հայաստանի առողջապահական ոլորտէն ներս բարեփոխումները անհրաժեշտ են:

-Ցուցանիշ մը կայ, որ Հայաստանը կը գտնուի քաղցկեղ ունեցող հիւանդներու աղիւսակին բարձրագոյն դիրքերուն վրայ։ Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս վտանգաւոր երեւոյթը:

-Քաղցկեղի դէմ պայքարի հիմնական կէտը ծխելու դէմ պայքարիլն է: Ես նկատեցի, որ Հայաստանի մէջ ընթացք առած է ծխելու դէմ պայքար մը, որ սակայն դանդաղ է եւ գրեթէ աննշան: Իսկ հանրային վայրերու մէջ ծխելու դէմ արգելքներ դնելն ալ կարեւոր է, որովհետեւ կան երկու տեսաի ծխողներ՝ կայ «աքթիւ ծխողներ» եւ այդ այդ ծուխը շնչող՝ «փասիւ ծխողներ»: «Փասիւ ծխողներ»ն ալ կրնան առողջական լուրջ հարցեր ունենալ եւ անգամ քաղցկեղով հիւանդանալ:

Քաղցկեղով հիւանդներու տոկոսին բարձրացման երկրորդ հիմնական պատճառը ըստ իս, չափազանց ալքոլի օգտագործումն է: Ես ալ դէմ չեմ, որ մարդիկ զուարճանան, սակայն պէտք է չափաւոր ըլլալ, եթէ հաշուարկով առնենք, թէ քաղցկեղ ունեցողները խմող կամ ծխող են, անշուշտ այս բոլորը շատ մեծ ազդակ են:

Քաղցկեղի տարածուած ըլլալուն երրորդ մակարդակի պատճառը բնապահպանական հարցերն են: Այս առումով, եթէ օրինակի համար՝ Հայաստանի իրավիճակը Լիբանանի հետ բաղդատենք, ապա յստակ պիտի դառնայ, որ Լիբանանի մէջ եղող աղբի հարցերը շատ աւելի բարդ վիճակ ստեղծած են: Բարեբախաբար այսպիսի երեոյթներ չկան Հայաստանի մէջ: Բայց որովհետեւ Հայաստան կը գտնուի բարձրադիր դիրքի վրայ՝ օզոնային այդ թափանցումները եւ «մանիշակագոյն ճառագայթ»ներու առկայութիւնը աւելի եւս կը գրգռեն այդ հիւանդութիւնը:

Ուրիշ կէտ մը եւս. քաղցկեղ ունեցողներու մօտ պէտք է ըլլայ յատուկ կանխազգուշացում, օրինակ՝ կանանց պարագային կրծքագեղձի քաղցկեղի կամ տղամարդոց պարագային՝ «փրոսթաթ»ի քաղցկեղի պարագան: Խորհրդային շրջանին կային նաեւ թոքախտային կանխարգելիչ միջոցներ, որոնք իմ կարծիքով՝ պէտք է այսօր եւս շարունակուին:

Չորրորդ կարեւոր հանգամանքը արեան ընդհանուր քննութիւններն են, որոնք պէտք է տարեկան առնուազն մէկ անգամ կատարուին: Այս քննութիւնը Լիբանանի մէջ աւելի թանկ է, իսկ Հայաստանի մէջ աւելի աժան:

-Այսօր աշխարհի մէջ մօտեցում մը կայ, թէ այն ղեկավարները, որոնք առողջ են եւ ճիշդ կը սնուին, ճիշդ ձեւով կը ղեկավարեն իրենց երկիրը։ Ըստ ձեզի, ինչքանո՞վ ճիշդ է այս մէկը:

-Շատ լաւ հարցում էր: Պատասխանը կրնամ տալ ամենալաւ օրինակով: Ռուսաստանի նախագահ Վլատմիր Փութինը, որ յատուկ սէր ունի մարմանամարզի տարբեր ոլորտներու հանդէպ, առողջ առաջնորդ մըն է եւ այսօր անոր օրինակին հետեւողներ շատ կան: Հետեւաբար առողջական խնդիրներ ունեցող անձինք, այո, ճիշդ ձեւով չեն կրնար ղեկավարել երկիրը:

-Այս հարցումը փոխառընչելով, արդեօք կարիք կա՞յ մեր ազգային խոհանոցը վերատեսութեան ենթարկելու:

-Ազգային խոհանոցը թող նոյնը մնայ, բայց անձը պէտք է գիտնայ ճիշդ սնուիլ: Եթէ շաքարախտ ունի, անուշեղէններէ կամ իւղալի ուտեստեղէննէրէ հեռու մնայ: Իսկ սրտանօթային համակարգով տառապողը աղի պէտք չէ ուտէ:

Փաստուած է նաեւ, որ քաղցկեղային բոլոր բջիջները ընդհանրապէս շաքար կ՚օգտագործեն, հետեւաբար պէտք է զգուշանալ շաքարէն:

-Լիբանանը հայ բժիշկներու «մեծ շտեմարան» է, արդեօք գործակցութեան որեւէ հեռանկար կա՞յ Հայաստանի հետ:

-Իւրաքանչիւր երկիր իր բժշկական համակարգը ունի, ներկայիս մենք Լիբանանի մէջ ունինք Լիբանանահայ բժշկական միութիւն մը, որուն աշխոյժ անդամներէն էի հինգ տարի առաջ, սակայն ներկայիս բազմազբաղ ըլլալուս պատճառով չեմ կրնար հետեւիլ միութեան աշխատանքներուն:

Սակայն կը հաւատամ , որ թէ՛ անհատական մակարդակի եւ թէ՛ հաւաքական մակարդակի վրայ համագործակցութիւնը շատ կարեւոր է:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2017