ԽԻՍՏ ՁՄԵՌ ԵՒ ՊԱՇԱՐՈՒՄ. ՍՈՒՐԻԱՆ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ԱՄՆ-ԻՐԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ

Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն եւ տեղւոյն հայ համայնքին մասին հեռավար կապով կարծիքը շօշափեցինք հալէպահայ գրող Յակոբ Նալպանտի։ Ստորեւ՝ մեր հարցազրոյցին սղագրութիւնը։

*

-Լրահոսէն վերջերս յստակ դարձաւ, որ արաբական այն տէրութիւնները, որոնք Սուրիոյ կառավարութեան հանդէպ ժխտական կը վարուէին, կարծէք վերատեսութեան ենթարկեցին իրենց կեցուածքները: Ի՞նչպէս կը բացատրէք այս երեւոյթը եւ արդեօք յուսադրի՞չ է, որ Սուրիան դարձեալ կը վերադառնայ արաբական աշխարհին մէջ իր կենսական դերակատարութեան:

-Արաբական աշխարհին եւ Սուրիոյ մերձեցումը՝ ճիշդ է, որ շատ դանդաղ քայլերով կ՚ընթանայ, բայց կարեւորը այն է, թէ սայլը տեղէն շարժած է: Դիտելով հարցը ընդհանուր պատկերի մէջ, ես կը կարծեմ, որ ասիկա շատ սերտ կապ ունի Իրան-Ամերիկա-Արեւմուտք յարաբերութիւններուն հետ: Իրան որքան քայլ նետէ դէպի Արեւմուտք, նոյնպէս ալ Արեւմուտքը դէպի Իրան քայլեր պիտի նետէ. այդ քայլերու «կեդրոն»ներէն մին ալ կարծես Սուրիան է: Արաբները, ինչպէս Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կամ Սէուտական Արաբիան, անշուշտ սեփական որոշում մը չեն կրնար առնել: Ռուսաստանին ալ ձեռնտու է, որ խաղաղութիւն տիրէ Սուրիոյ մէջ, որովհետեւ ան Սուրիոյ մէջ ներդրումեր կատարած է եւ կ՚ուզէ անոնց պտուղները քաղել: Վերջերս Ռուսաստանի միջնորդութեամբ կը լսենք Սէուտական Արաբիոյ եւ Սուրիոյ մերձեցումի մասին, այս քայլը յուսադրող է: Իսկ եգիպտական նաւթի խողովակաշարներու խնդիրը, հնարաւոր է, որ երկարի եւ հասնի մինչեւ Թուրքիա: Իրան Թուրքիոյ կազը կտրեց, թերեւս հակազդեցութիւն էր, որովհետեւ ան կը փորձէր մերձենալ Իսրայէլին։ Թուրքիան փոխարինող կ՚ուզէ գտնել, որովհետեւ ռուսական կազը չի բաւարարեր անոր պահանջները։ Հետեւաբար կը կարծեմ, որ Իսրայէլի կազի ծրագիրը, անշուշտ, եգիպտական կազի անուան տակ, երկարի եւ խողովակաշարը հասնի մինչեւ Թուրքիա ու այնտեղէն ալ մինչեւ Եւրոպա...: Այս ծիրէն ներս պէտք է դիտել հարցը:

-Հակասական տեղեկութիւններ կ՚առնենք նաեւ Սուրիոյ տնտեսութեան կապակցութեամբ՝ դժուարութիւններ, գանձատրական խնդիրներ, «պաշարում»: Այս բոլորին մէջ ի՞նչ է ձեր մեկնաբանութիւնը եւ ի՞նչ է ընդհանուր պատկերն ու իրավիճակը:

-Տնտեսական իրավիճակը կը մնայ խիստ լարուած, շատ փխրուն եւ տկար: Ժողովուրդի գնողականութիւնը ինկած է, գնաճը մրցանիշներ կ՚արձանագրէ, տարադրամը կայուն է, բայց բարձր արժոյթով. ամերիկեան մէկ տոլարը կը տատանի 3500-3600-ի սահմաններուն մէջ։ Իսկ տնտեսական վիճակը հնարաւորութիւն չունի վերականգնուելու, որովհետեւ Սուրիան ամէն կողմէ շրջափակման տակ է. շատ անարդար շրջափակում մըն է։ Դեղօրայքի տագնապ կայ, հացի տագնապը կը շարունակուի, լաւ է որ որոշ ապրանքներու կառավարական նեցուկի համակարգը կը գործէ, ինչ որ կը փրկէ ձեւով մը ժողովուրդը: Տնտեսական իրավիճակի բարելաւումը կրկին անգամ կը կապեմ Իրանի եւ Ամերիկայի մերձեցման հետ: Կը կարծեմ, որ տնտեսական տագնապը աւելի պիտի խորանայ, որովհետեւ արդէն լուրջ լարուածութիւն կայ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ, նաեւ կը կարծեմ, որ պատահական չէ սուրիացի եւ ռուս օդաչուներու միասին սկսած թռիչքները՝ առաջին անգամ ըլլալով Սուրիոյ մէջ: Կ՚ուզեն, որ Լաթաքիոյ նաւահանգիստն ալ ձեւով մը ռուսական հսկողութեան տակ անցնի, մանաւանդ՝ Լաթաքիոյ ուղղութեամբ Իսրայէլի ծրագրուած երկու հարուածներէն ետք։

-Հայկական կտրուածքով ի՞նչ կրնաք ըսել, համայնքը ի՞նչ հունի մէջ է այսօր, ի՞նչ են խնդիրները, ի՞նչ են մտավախութիւնները եւ արդեօք արտագաղթի դուռը տակաւին բաց կը մնա՞յ կամ թէ այդ փուլը արդէն մեր ետին է:

-Հայերն ալ Սուրիոյ բաղադրիչ հիմնական շերտերէն մին են, նո՛յն խնդիրները ունին, նոյն ցաւերով կը տառապին, նոյն տնտեսական անկայուն ու ծանր վիճակը կ՚ապրին: Յատկապէս հիմա շատ խիստ ձմեռ է եւ վառելանիւթի ահռելի պակաս կայ, մարդիկ իրենց տուներուն մէջ «կը սառին»: Սուրիայէն արտագաղթի տրամադրութիւնները տակաւին շատ բարձր են, որովհետեւ մարդիկ այլեւս յոգնեցան, այսօր 11-11.5 տարի եղաւ եւ դեռ փակուղիին ծայրը լոյսի նշոյլ չեն տեսներ, հետեւաբար շատեր տրամադրուած են ընդմիշտ հեռանալու...։ Ցաւալին այն է, որ Գանատա գաղթողներուն հետ երբ կապ կը պահեմ, կը լսեմ, որ նոր սերունդը արդէն հայերէն գրել կարդալուն լաւ չի տիրապետեր, իսկ հայերէն խօսակցութիւնն ալ կիսատ-պռատ է: Կարծես սկսած ենք առաջին պտուղը քաղել: Այդ իսկ պատճառով, ամենէն յուսալի գաղթի շարժը պէտք է դէպի Հայաստան ըլլայ: Տայ Աստուած, որ Հայաստանի վիճակը կայունանայ ամէն առումներով՝ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, որպէսզի մարդիկ հանգիստ ետդարձ կատարեն իրենց հայրենիքը: Ամենէն ապահովը հայրենիքն է անշուշտ:

-Շատեր կը խօսին այն մասին, որ Սուրիոյ վերականգնումը սարերու ետին չէ, սակայն կը նկատենք, որ այդ մէկը կ՚ուշանայ: Արդեօք այս յապաղումը կապուա՞ծ է ամերիկեան անյստակ քաղաքականութեան հետ, որովհետեւ գիտենք, թէ Միացեալ Նահանգներ իր ժխտական կեցուածքը չէ փոխած Սուրիոյ իշխանութիւններուն նկատմամբ:

-Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ վերականգնումին, նորէն պէտք է դիտարկել նոյն բովանդակութեամբ: Ինչքան որ Արեւմուտքը մօտենայ Իրանին, այնքան Սուրիոյ մէջ վերականգնման գործընթացները կ՚արագանան: Վերջերս չինական մեծ ընկերութիւններ Սուրիոյ մէջ պայմանագիր կնքեցին. այսպիսի պայմանագիրներ շատ կան. ինչպէս՝ Հնդկաստանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ: Կ՚ուզեն նաեւ Սէուտական Արաբիոյ եւ Սուրիոյ մերձեցում: Բայց մենք գետնի վրայ յստակ քայլեր չենք տեսներ, վիճակը տակաւին սառած է, շինարարութիւն գրեթէ չկայ, եւ եթէ ըլլայ շատ թեթեւ: Անշուշտ տնտեսութիւնը, շրջափակումը իրենց ազդեցութիւնը ունին այս գործընթացներուն վրայ: Զրոյցներ կան, թէ այս ամսուայ կէսերուն Միացեալ Նահանգներ-Իրան համաձայնութիւնը իր վերջնական ձեւը պիտի ստանայ եւ ստորագրուի: Ես կը կարծեմ, որ անկէ ետք Սուրիան արագ ընթացքով կը վերականգնուի եւ ինքզինք կը վերագտնէ: Նաեւ կը տեսնենք, որ լարուածութիւնը նոյնիսկ Լիբանանի վրայ անդրադարձաւ: Լիբանանի դրամատուները դատարկուեցան, նաեւ այդ մէկը առաջին հերթին իր խոր ազդեցութիւնը ձգեց Սուրիոյ տնտեսութեան։

-Օրերէ ի վեր մենք կը կարդանք ու կը լսենք Սուրիոյ հիւսիսի Հասիչէ շրջանի ռազմական գործողութիւններուն մասին, որոնց կիզակէտին է ԻՇԻՊ-ը («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում), կան բախումներ, զոհեր եւ մտահոգիչ զարգացումներ: Արդեօք այս բոլորը կը մատնե՞ն որ ԻՇԻՊ տակաւին չէ վերացած Սուրիոյ մէջ եւ յառաջիկային սպասե՞նք յաւելեալ զարգացումներու: Դուք ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք ստեղծուած դրութիւնը եւ ի՞նչ են ձեր կանխատեսումները:

-Հասիչէի այս վերջին իրադարձութիւնները, կը կարծեմ, որ համաձայնութեան մը արդիւնքն են։ Ամերիկան կ՚ուզէ, որ ԻՇԻՊ-ի գործունեայ թեւը տեղափոխէ, իմ կարծիքով զարմանալի, Ուքրայնայի սահման, որովհետեւ ԻՇԻՊ-ի տարեցները մնացած են Հասիչէի բանտին մէջ, իսկ շուրջ 4-5 հազար երիտասարդ ուժեր արդէն տեղափոխուած են Սուրիայէն անյայտ ուղղութեամբ: Ամերիկան իբր խաղաքարտ կը պահէ ԻՇԻՊ-ը, երբ որ պէտք է՝ կ՚աշխուժացնէ, երբ որ պէտք չէ՝ կը սառեցնէ: Հիմա անոնք պէտք են Ամերիկային, կ՚երեւի ուրիշ տեղ պիտի օգտագործէ այս անկանոն ուժերը, այդ պատճառով ալ ձեւով մը համաձայնութեան հասաւ քիւրտերուն հետ: Քիւրտերն ալ օգտուեցան այս համաձայնութենէն, ըստ մեր լսածներուն, իւրաքանչիւր զինեալի գլխուն որոշ գումար մը ստացած են, որպէսզի բաց թողեն բանտէն, կարելի է ըսել թատրոն մըն էր, տեղի ունեցաւ ու վերջացաւ:

Ես կապ հաստատեցի Հասիչէի հայերուն հետ, այնտեղ փոքր գաղութ մը կայ, մասնաւոր վտանգ մը չի սպառնար անոնց, ապահով են, իրենցմէ հեռու է այս կատարուած թատրոնը եւ փառք Աստուծոյ, որ հայկական թաղամասերը չեն տուժած:

-Որպէս հալէպահայ երիտասարդ, որ տէր էք ընտանիքի, եւ հակառակ Սուրիոյ ծանր պատերազմին շարունակեցիք մնալ Սուրիոյ մէջ եւ յատկապէս Հալէպի մէջ, ի՞նչ խօսք ունիք փոխանցելիք:

-Հալէպահայերը հերոսական կեցուածք ունին, դեռ կը դիմանան այս ծանր պայմաններուն, երբեմն կը զարմանամ, թէ ինչպէս կը տոկան այս անմարդկային պայմաններուն՝ կենցաղային, տնտեսական, թէեւ անվտանգութեան կողմէ կարելի ըսել «որոշ ապահովութիւն» մը կայ: Միշտ յոյսով ենք, որ ամէն ինչ լաւ կ՚ըլլայ եւ նոր արշալոյս մը կը բացուի Սուրիոյ մէջ, նաեւ իրական սուրիական գարունը կու գայ, ոչ թէ Արեւմուտքի այն շինծու գարունը: Սուրիոյ հայկական գաղութը մեծ հարուած կրեց եւ այլեւս չի կրնար վերականգնուիլ, ինչպէս որ Միջին Արեւելքի բոլոր հայկական գաղութները չեն վերականգնուիր, խոր հետքեր ու խոր վէրքեր կան, ինչպէս նաեւ արտագաղթ կայ: Իմ կարծիքով՝ ապագայ չունի այլեւս Միջին Արեւելքի մէջ Սփիւռքը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Փետրուար 5, 2022