«Արդ, Հասնինք Գլխագիր Բանին»
«Սկիզբէն էր Բանը ու Բանը Աստուծոյ քով էր
եւ Բանը Աստուած էր»
Աւետարան Ըստ Յովհաննու 1:1
Արա Արծրունիին առաջին անգամ հանդիպեցայ 11 Յուլիս 2017-ին, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի մտայղացումով եւ կազմակերպութեամբ կը մասնակցէինք «Սփիւռքի հայը նոր հորիզոններու դիմաց» գիտաժողովին՝ Պիքֆայա, Լիբանան: Գիտէի, որ ան գաղութին մէջ ծանօթ արձակագիր եւ թատերագիր է, բայց, ինչ խօսք, ծանօթ չէի անոր գործերուն: Բայց «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը մեզի առիթը տուաւ ծանօթանալու իր թատերական մէկ գործին՝ «Կոնտոլեզիա՝ իմ սէր»ին, որ բեմադրուեցաւ 13 Մայիս 2018-ին:
Թատրոնը կը սիրեմ, բայց թատերական վերլուծաբան չեմ: Սակայն միշտ ալ հետամուտ կ՚ըլլամ տեսնելու, թէ որեւէ թատերախաղի միջոցով ի՞նչ մարդկային-ընկերային, ու տակաւին՝ ազգային-քաղաքական նիւթեր կարելի կ՚ըլլայ վեր առնել: Եւ այս պարագային ալ «Կոնտոլեզիա՝ իմ սէր» թատերական գործը դիտեցի նոյն ակնկալութեամբ եւ յանձնառութեան տեսլականով:
Արա Արծրունին, բայց նաեւ բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանը եւ թատրոնի իւրաքանչիւր դերասան լաւ ձեւով ներկայացուցին «Կոնտոլեզիա»ն եւ անոր տարբեր երեւոյթները: «Կոնտոլեզիա»ն ուրիշ տեղ մը չէր, եթէ ոչ՝ մեր աշխարհը: Մարդուն կեանքը՝ իր ապրած իւրաքանչիւր երկրին ու անոր պետականութեան ընդմէջէն: Եւ՝ նոյն կեանքը, որ կը սկսի նախնադարեան շրջանէն, հասնելու համար մինչեւ ներկայ ժամանակները: Բայց այս մարդուն կեանքը, իր տարբեր ժամանակներուն մէջ, անցած է ու տակաւին կ՚անցնի նոյն ապրուած ու ապրող իրավիճակներուն մէջէն: Իրավիճակնե՞րը… Եւ կրկնուող յանկե՞րգը: Ու տակաւին՝ նոյն մարդուն ձգտումը փնտռելու նոր կեանք մը՝ փոխարինելու համար հի՞նը, քանի որ՝ «մենք չենք կրնար ապրիլ Կոնտոլեզիայի մէջ»: Պատմութեան կրկնուող իրավիճակները, որոնց մէջ տարբեր ժամանակներու մարդը միշտ ալ տքնած է ապացուցելու, թէ իր իսկ ստեղծած կեանքը եւ պետականութիւնն ու անոնց հանդէպ ամէն տեսակի «սէրեր»ը կարելի չէ՞ ապրիլ: Եւ այդ մարդուն կեանքին նկատմամբ «դժգոհութիւնը»՝ պատմութեան տարբեր ժամանակներուն մէջէն, ինչ որ միշտ ալ նոյն մարդը մղած է ըսելու եւ կրկնելու. «Մենք չենք կրնար ապրիլ Կոնտոլեզիայի մէջ»: Մինչեւ այսօր, ինչպէս բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան իր ներածական խօսքին մէջ յստակ կը դարձնէ, «ոչ մէկ ուրիշ թատերախաղ կրնար Կոնտոլեզիայի նման այժմէական հնչերանգ ունենալ՝ թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ հայաստանեան առումով», եւ տակաւին՝ այս օրերուն մեր ապրած վիճակները կը յիշեցնեն «Կոնտոլեզիա»ն եւ անոր ստեղծած դժուար իրավիճակները, թէ՝ «մենք չենք կրնար ապրիլ Կոնտոլեզիայի մէջ»: Բայց կարկինը պէտք է աւելի լայն բանալ, քանի մարդը, քիչ մը ամէն տեղ, կ՚ապրի իրեն յատուկ «Կոնտոլեզիա»ի իրավիճակները: Եւ նոյն մարդը իր լեզուական ու ազգային տարբերութիւններով եւ ընկերամշակութային ու քաղաքական կարգավիճակներուն մէջէն կ՚ըսէ նոյնը. «Ես ալ չեմ կրնար ապրիլ իմ Կոնտոլեզիայիս, իմ այս վիճակիս մէջ»:
Բայց հեղինակ Արա Արծրունին կու տայ ելքի ճամբան:
«Արդ, հասնինք գլխագիր ԲԱՆԻՆ»:
Իսկ գլխագիր ԲԱ՞ՆԸ…
Դարձեալ հեղինակը. «ԲԱՆՆ Աստուծոյ»:
Իսկ «Աստուծոյ Բա՞նը»: Անիկա մեր քրիստոնէական աստուածաբանութեան հիմքն է:
«Սկիզբէն էր Բանը»:
«Բան»ը յունարէն արմատին մէջ համազօր է «Լողոս» բառին: Իսկ «Լողոս»ը Խօսքն է: Ու տակաւին՝ տրամաբանութիւն եւ ծրագիր: Եթէ «սկիզբէն» կար Բանը, բայց այդ Բանը, Խօսքը, ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ՝ Աստուած: Աստուծոյ շնորհած Խօսքը եւ ծրագիրը:
Ուրեմն Բանը՝ Խօսքը՝ Աստուած սկիզբէն կար իբրեւ աշխարհի հիմք:
Եւ եթէ Բանը՝ Խօսքը, տեսութիւն է, ինչպէս որեւէ մէկ այլ խօսք, բայց եւ այնպէս Աստուած, իմա՛ Բանը, չմնաց տեսութեան սահմաններուն մէջ: Որովհետեւ այդ Բանը՝ Խօսքը, տեսութենէն վերածուեցաւ եւ «արտադրեց» իրական տեսանելի ծրագիր-կեանք մը: Երբ Բանը՝ Խօսքը՝ Աստուած, մարդացաւ եւ աշխարհ եկաւ: Եւ Բանին աշխարհ գալը աննպատակ չէր, այլ՝ ծայր աստիճան նպատակասլաց, որովհետեւ Բանը աշխարհ գալով՝ ստեղծեց նոր կեանքի համակարգ, այն, ինչ որ մարդը մինչեւ այսօր իր ուժով եւ կարողականութեամբ չկրցաւ ընել: Աստուծոյ՝ Բանին շնորհած նոր կեանքը չեղաւ աժան: Կար չարչարանքը, անարգանքը եւ մինչեւ իսկ մահը խաչին վրայ: Բայց մահուան դէմ կար Բանին յաղթանակը՝ նոյն Բանին յարութեամբ: Նոյն այդ յարութեամբ ստեղծուած նոր կեանքը, մէկ կողմէ՝ մարդուն անհատական կեանքին համար, եւ նաեւ նոր համակարգը՝ մարդկային հաւաքականութեան համար: Այս գործընթացը ունի նաեւ իր աստուածաբանական կապուածութիւնն եւ եռեակ հոլովոյթը: Քրիստոս աշխարհի մէջ եւ իր ապրած կեանքին ընթացքին քննադատեց մարդուն ստեղծած համակարգը: Խաչին վրայ իր մահուամբ քանդեց իր քննադատած այդ նոյն համակարգը, իսկ իր յարութեամբ կառուցեց նոր կեանքը: Հոն, ուր, ինչպէս հեղինակ Արծրունի կը յստակացնէ, մարդկային կեանքերը Իր՝ Աստուծոյ միջոցով կրնան հասնիլ «ԲԱՆՆ մարդկութեան, ճշմարտութեան, բիւրեղացումին եւ տեսլականին»:
Բայց Բանին ստեղծած նոր կեանքը զերծ չէ դժուարութիւններէ… Եւ այս ալ նոյն պատմութեան կրկնուող հոլովոյթին մէկ մասն է: Միշտ ալ պիտի ըլլան «Հանիպալները», որոնք եթէ պիտի «խօսին գլխագիր ԲԱՆ հասկացողութեան մասին», բայց նաեւ «զոհաբերած են իրենց կեանքը» անոր համար: Որովհետեւ Բանին ստեղծած նոր կեանքը եւ անոր ճամբան «խաչ»ին հասկացողութիւնն է, ուր երբեք ապահովութիւնը եւ խոստումը չկան, եւ կարելի չէ խոստանալ, որ այդ կեանքը պիտի ըլլայ դիւրին եւ հանգիստ: Կան դժուարութիւնը, նեղութիւնը եւ չարչարանքը: Բայց նաեւ՝ նահատակութիւնը… «Հանիպալներու» նահատակութիւնը:
Ահա թէ ո՛ւր, ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս քրիստոնէական աստուածաբանութիւնը եւ Աստուածաշունչի դաստիարակութիւնը կը մտնեն մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքերուն իւրաքանչիւր բնագաւառին մէջ (ազգային, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ այլն) եւ կը յիշեցնեն մեզի, որ՝ «Կոնտոլեզիայի մէջ չենք կրնար ապրիլ», բայց կարիքը ունինք ԲԱՆԻՆ, որպէսզի մեր կեանքերուն՝ անհատական թէ հաւաքական, տանք նորին իմաստը եւ էութիւնը: Հոն, ուր մարդը պիտի ապրի, ինչպէս բեմադրիչ Տէր Ղուկասեան կ՚ըսէ՝ «ազատ, անկախ եւ ուրախ… Հայրենիքի մը, համակարգի մը մէջ, որ իրեն կը պատկանի…»: Եւ ԲԱՆԸ կը շնորհէ այդ հայրենիքին մէջ ապրելու եւ զայն «իր սեփականութիւնը դարձնելու» գիտակցութիւնը: Այդ «իրենը», որ կը դառնայ «ընդհանրական», ուր «ես», «դուն», «ան» եւ, վերջապէս, «մենք» բոլորս կրնայ ընդգրկել: Որովհետեւ Բանը՝ Խօսքը՝ Աստ-ւած, մարդացաւ եւ աշխարհ եկաւ, որովհետեւ… ամբողջ «աշխարհը սիրեց»՝ առանց խտրութեան: Եւ այս սէրը նոյնը չէ երբեք, ինչ որ է Կոնտոլեզիայի սէրը: Ոչ ալ անիկա դիւրին հասանելի կեանք ու սէր է…
Այս ԲԱՆԻՆ ու անոր ստեղծած կեանքի գիտակցութեան մէջ կը կայանայ Արա Արծրունիի հեղինակած թատերական գործին վեհութիւնը եւ անոր արժանահաւատութիւնը: Ու տակաւին՝ բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի եւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի անձնակազմի իւրաքանչիւր դերասանի, որոնք քաջութիւնը ունեցան Բանին այս կեանքը հրամցնելու մեզի՝ հանդիսատեսներուս:
Շնորհակալութիւն եւ վարձքը կատար բոլորին, որ կրցան Բանը՝ Խօսքը տեսութեան մէջ չպահել միայն: Այլ թատրոնին միջոցով կենդանացուցին Խօսքը եւ զայն դրին մեր առջեւ՝ իբրեւ մեր կեանքը ապրելու իրական ուղի…
Ուղին, որուն միջոցով բոլորս կրնանք «հասնիլ գըլ-խագիր ԲԱՆԻՆ»:
Լիբանան, Հայաստան ու տակաւին աշխարհով մէկ:
Բայց պիտի հաւատանք, որ կրնանք հասնիլ: Բայց նաեւ՝ ապրիլ զայն:
Հաւատքը, որ պիտի «հասնինք գլխագիր ԲԱՆԻՆ»: Եւ՝ Բանին ստեղծած անհատական ու հաւաքական կեանքին: Եւ՝ այդ հաւաքական կեանքին ստեղծած «ցանկալի հայրենիքին»:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ