ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ՄԱՀԱՑՈՒ ԶԷՆՔԸ

Վերջին պատերազմներու մէջ յաճախակի օգտագործուած անօդաչու սարքերու սերունդ մը սկսած է ինքնուրոյն գործել՝ աւելի վտանգաւոր դառնալով: «Ուիք» կայքը այս մասին վերջերս հրապարակած է յօդուած մը, ուր նոյնպէս կը նշուի ապագայ պատերազմի մասին:

*

ԱՆՕԴԱՉՈՒ ՍԱՐՔԵՐՈՎ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԱՊԱԳԱՆ

Անօդաչու սարքերը կը փոխեն պատերազմի դաշտը եւ կը սկսին ինքնուրոյն «մտածել»:

Անօդաչու սարքեր օգտագործուած են տասնամեակներ շարունակ: Հեռուէն կառավարուող «Պի-24»երը Համաշխարհային Բ. պատերազմի ժամանակ ուղարկուած էին Գերմանիան ռմբակոծելու, իսկ Վիեթնամի պատերազմի ժամանակ Միացեալ Նահանգներու ուժերը հեռուէն կառավարուող օդանաւեր կ՚օգտագործէին նկարելու համար:

Սակայն անօդաչու սարքերու պատերազմին մէջ իսկական յառաջխաղաց արձանագրուեցաւ 1995-ին «Կնատ»ի ստեղծումով, որ յետագային վերանուանուեցաւ «Փրիտէյթոր», որ կրնար թիրախին վերեւ օդին մէջ մնալ մինչեւ 12 ժամ՝ իսկական ժամանակին մէջ տեսանիւթ փոխանցելով օդաչուին, որ կրնար տեղակայուած ըլլալ հարիւրաւոր կամ նոյնիսկ հազարաւոր քիլօմեթրեր հեռաւորութեան վրայ:

7 հոկտեմբեր 2001 թուականին Աֆղանիստանի մէջ իրականացուեցաւ անօդաչու սարքի առաջին թիրախային հարուածը:

Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հետախուզութեան վարչութեան (Սի.Այ.Էյ.) գործակալը «Հելլֆայր» հրթիռը արձակեց բնակելի համալիրի ուղղութեամբ, ուր կը գտնուէր թալիպաններու առաջնորդ մոլլա Օմարը:

Միացեալ Նահանգներու անօդաչու սարքերու ծրագիրը անշեղօրէն ընդարձակուած էր Աֆղանիստանի, Իրաքի եւ Փաքիստանի մէջ:

Ներկայիս շուրջ քսան երկիրներ իրենց զինանոցին մէջ անօդաչու սարքեր ունին՝ 2015 թուականին ութ անօդաչու սարքի փոխարէն:

ՈՐՈ՞ՆՔ ԵՆ ԱՆՕԴԱՉՈՒ ՍԱՐՔԵՐՈՒ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԱՐՏԱԿԱՆ ՕԴԱՆԱՒԵՐՈՒ ՆԿԱՏՄԱՄԲ

Ի տարբերութիւն կործանիչներու, որոնց կանոնաւոր վերալիցքաւորումը անհրաժեշտ է եւ որոնց անձնակազմը կը յոգնի, անօդաչու սարքերը կրնան օդին մէջ մնալ մինչեւ 24 ժամ՝ հսկողութիւն իրականացնելով, քննելով հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը կամ սպասելով համապատասխան թիրախներու:

Մինչ այնպիսի անօդաչու սարքերը, ինչպիսին է «Փրիտէյթոր»ը, զինուած են հրթիռներով, նոր սերունդի ցած գինով «քամիքազ» անօդաչուները կը շարժին դէպի իրենց թիրախները, ապա՝ կը պայթին:

Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները մտահոգ են, որ այս աժան եւ մահացու անօդաչու սարքերու տարածումը կրնայ օգնել համաշխարհային ռազմավարական հաւասարակշռութիւնը Միացեալ Նահանգներու դէմ ուղղել:

«Մեր հակառակորդները արդէն կը գործածեն այնպիսի արհեստագիտութիւններ, որոնք կը վտանգեն մեր հինցած հարթակները», վերջերս ըսաւ Միացեալ Նահանգներու օդուժի նախարարի պաշտօնակատար Ճոն Ռոթ:

Ո՞ՒՐ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆ ԱՆՕԴԱՉՈՒ ՍԱՐՔԵՐԸ

Չինաստան մեծագոյն արտահանողն է:

Առնուազն տասն երկիրներ, որոնց շարքին՝ Նիկերիա եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, հակառակորդները ոչնչացնելու համար չինական արտադրութեան անօդաչու սարքեր օգտագործած են:

Թուրքիան եւս անօդաչու սարքեր արտադրող դարձած է: Անոր «Պայրաքտար Թի.Պի.2» անօդաչու սարքը, որ զինուած է լէյզըրով կառավարուող չորս հրթիռներով, առաջին անգամ փետրուար 2020-ին Սուրիոյ մէջ օգտագործուելով՝ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը գրաւեց: Երբ 36 թուրք զինուորներ սպաննուեցան Սուրիոյ օդուժի հարուածներէն, Թուրքիա օգտագործեց հեռուէն կառավարուող «Թի.Պի.2» անօդաչու սարքը: Անոնք նոյնպէս կարեւոր դեր խաղացին անցեալ տարի Լիպիոյ պատերազմին մէջ՝ օգնելով կեդրոնական կառավարութեան ետ մղելու ապստամբներու առաջնորդ խալիֆա Հաֆթերի մայրաքաղաք Թրիփոլիի վրայ յարձակումը: Սակայն անոր ամենէն մեծ ցուցադրութիւնը, թէ անօդաչու սարքերը ինչպէ՛ս կը փոխեն պատերազմի բնոյթը, դարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի՝ 2020 թուականի հակամարտութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ:

ԱՆՕԴԱՉՈՒ ՍԱՐՔԵՐ ԱՅՆՏԵՂ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ԵՆ

Պատերազմի սկիզբը Ատրպէյճան ուղարկեց խորհրդային ժամանակներու օդանաւեր, որոնք վերածուած էին անօդաչու սարքերու՝ Հայաստանի հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները գրաւելու համար՝ մղելով զանոնք կրակ բանալ եւ բացայայտել իրենց գտնուելու վայրը, որմէ ետք անոնք կրնային խոցուիլ «Թի.Պի.2» կամ իսրայէլեան «քամիքազ» անօդաչու սարքերով:

Աւստրալիոյ Ռազմավարական քաղաքականութեան հիմնարկէն Մալքոլմ Տէյվիսի կարծիքով, Լեռնային Ղարաբաղը «ցամաքի վրայ խաղի կանոններու փոփոխութեան ներուժ ունի»:

ԱՆՕԴԱՉՈՒ ՍԱՐՔԵՐԸ ՈՒՐԻՇ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՓՈԽԵՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

Մասնագէտները մտահոգութիւն ունին, որ անօդաչու սարքերու տարածումը կրնայ արիւնալի բախումները աւելի լայնածաւալ դարձնել, որովհետեւ այն երկիրները, որոնք չեն ուզեր պատերազմ սկսիլ եւ վտանգել իրենց զինուորին կեանքը, չեն յապաղիր անօդաչու սարքեր ուղարկել:

«Այն պետութիւններուն համար, որոնք կ՚ուզեն դուրս գալ ձգձգուող աշխարհաքաղաքական անելէն, համեմատաբար աժան եւ մէկ անգամուան օգտագործման զինուած անօդաչու սարքերու յառաջացումը հրապուրիչ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ», կ՚ըսէ Տարտմութի քոլէճի ռազմական ճարտարագիտութիւններու մասնագէտ Ճէյսոն Լայալ:

Միւսները կը վախնան թիւի աճէն ինքնավար անօդաչու սարքերու, որոնք մարդկային վերահսկողութեան կարիք չունին:

Վերջերս ՄԱԿ-ը հաղորդած էր, որ թրքական արտադրութեան քառակողմ օդանաւը սկսած է ինքնուրոյն յարձակիլ Լիպիոյ մէջ նահանջող ապստամբ ուժերուն վրայ: Անվտանգութեան հարցերով խորհրդատու Զաքարի Քալենպորն կ՚ըսէ. «Ասիկա սպանութեան համար ինքնավար զէնքի օգտագործման առաջին դէպքն է արհեստական բանականութեան հիման վրայ»:

Ո՞Ր ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԱՆՕԴԱՉՈՒ ՍԱՐՔԵՐ Կ՚ԱՐՏԱԴՐԵՆ

Միացեալ Նահանգներ, Չինաստան, Ռուսաստան եւ Հնդկաստան կ՚իրականացնեն արհեստական բանականութեամբ անօդաչու սարքերու փորձարկումներ, որոնց ընթացքին տասնեակ կամ հարիւրաւոր անօդաչու սարքեր միասնաբար կը գործեն հակառակորդի ուժերը խոցելու համար:

Իրաւապաշտպան որոշ կազմակերպութիւններ եւ արհեստական բանականութիւնը ուսումնասիրողներ կոչ կ՚ընեն արգիլելու մարդասպան մարդամեքենաները՝ պնդելով, որ նոյնիսկ եթէ այդ արհեստագիտութիւնի չի յանգեցներ «Թերմինէյթըր» շարժապատկերի սարսափելի բեմագրութեան, անօդաչու սարքերու տարածումը վտանգաւոր է:

«Մահաբեր ինքնագործ զէնքը, որ բաւական աժան է իւրաքանչիւր ահաբեկիչի համար, չի բխիր Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան շահերէն», ըսաւ մարդկային իրաւանց մասնագէտ Մաքս Թեկմարք:

Բայց արհեստական բանականութեամբ օժտուած անօդաչու սարքեր մշակող առաջատար երկիրները ոչ մէկ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն արգելքի նկատմամբ, որուն, իրենց կարծիքով, իրենց մրցակիցները չէին հետեւիր:

«Մենք կը մօտենանք ինքնավար զէնքի կապուած իրավիճակին, երբ իւրաքանչիւրը կրնայ ընել այն ինչ, որ խելքին կը փչէ», ըսաւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաաս:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՆՕԴԱՉՈՒ ՍԱՐՔԵՐԷՆ

Անօդաչու սարքերու մրցումը սպառազինութիւններու մրցավազք յառաջացուցած է անոնց դէմ:

2019 թուականին Միացեալ Նահանգներու բանակը սկսաւ օգտագործել Ռայթէոնի կողմէ մշակուած «Հաուլըր» համակարգը, որ կրնայ կցուիլ հրասայլերուն ու այլ փոխադրութեան միջոցներուն եւ ռատարներով սքեն կ՚ընէ թշնամիի անօդաչու օդանաւերը:

Եթէ «Հաուլըր»ը մօտեցող անօդաչու սարք յայտնաբերէ, կ՚արձակէ «Քոյոթ» կոչուող անօդաչու սարքը, որ կը պայթի հարուածէն՝ ոչնչացնելով ինքն իրեն եւ սպառնալիքը: Սակայն խիտ բնակեցուած տարածքի մէջ նման պաշտպանութեան օգտագործումը քաղաքացիական զոհերու մեծ վտանգ կը պարունակէ, ուրեմն ուսումնասիրողները նուազ պայթուցիկ տարբերակներ կ՚ուսումնասիրեն:

Պաշտպանութեան յառաջադէմ ուսումնասիրական նախագիծներու գործակալութեան ստեղծած որսացող անօդաչու սարքը կը պայթեցնէ՝ իրարու փակցնելով անոր կտորները եւ ստիպելով իյնալ երկինքէն:

Իսկ մինչ այդ, Չինաստան մշակած է 20 փամփուշտնոց «Կաթլինկ» ատրճանակը, որ ըստ զէնքի մասնագէտներու, նախատեսուած է անօդաչու սարքերու սպառնալիքին հակազդելու համար՝ փամփուշտներու պատ արձակելով:

«Սակայն անօդաչուներու դէմ պայքարի վերաբերեալ ուսումնասիրութիւնը տակաւին սաղմնային փուլի մէջ է», կ՚ըսէ Տարտմութի քոլէճի ռազմական ճարտարագիտութիւններու մասնագէտ Ճէյսոն Լայալ՝ աւելցնելով. «Պաշտպանութիւնը զիրար բռնելու մանկական խաղը կը խաղայ»:

*

- Անօդաչու սարքերը եթէ խաղաղ նպատակներու համար գործածուին, ընդհանրապէս աւելի ազդեցիկ կ՚ըլլան. մարդիկ դրական ձեւերով հասարակութեան կ՚օգնեն:

Պիլ Կէյթս

- Ապագայի սարսափելի բանը… ամէնուրեք կ՚ըլլան փոքրիկ տեսախցիկներ, եւ անոնք կը թռչին մոծակներու եւ անօդաչու սարքերու նման: Ասիկա վատ կ՚ըլլայ: Անօդաչու սարքը սարսափելի է: Անով չես կրնար տրամաբանել:

Մաթ Կրէօնինկ

- «Փրիտէյթոր» անօդաչու սարք կրող օդանաւի մը օդաչուն, Իրաքի պատերազմի փորձառութեան մասին խօսելով, առանց Նեւատայէն դուրս եկած ըլլալու՝ ըսաւ. «Կ՚երթաս պատերազմելու 12 ժամ՝ կրակելով թիրախի տակ գտնուող զէնքեր, ուղղակի սպաննելով թշնամի զինուորներ: Յետոյ ինքնաշարժով տուն կ՚երթաս եւ 20 վայրկեանի ընթացքին կը նստիս ճաշի սեղանին շուրջը եւ կը զրուցես երեխաներուդ հետ՝ իրենց դասերուն, տան պարտականութիւններուն մասին»:

Փ. Սինկեր

- Ճշմարտութիւնը այն է, որ յայտնաբերել փորձելու համար այն ահաբեկիչները, որոնք կը գտնուին այնպիսի երկիրներու մէջ, ուր իշխանութիւնները չեն ուզեր, կամ չեն կրնար այդ ահաբեկիչները բռնել, կան բազմաթիւ իրավիճակներ, երբ անօդաչու սարքի օգտագործումը շատ աւելի նուազ քաղաքացիական զոհեր կը պատճառէ եւ շատ աւելի նուազ վնաս, քան եթէ ես ուղարկէի ծովային հետեւակի գումարտակ:

Պարաք Օպամա

- Անօդաչու սարքի հարուածը ահաբեկչական զէնք է, մենք անոր մասին այդ ձեւով չենք խօսիր: Պարզապէս երեւակայեցէք, որ կը քալէք փողոցին մէջ եւ չէք գիտեր, թէ արդեօք 5 վայրկեանի ընթացքին պայթում տեղի պիտի ունենայ երկինքին մէջ գտնուող տեղէ մը, որ դուք չէք կրնար տեսնել: Մէկը պիտի սպաննուի, եւ մօտը ով որ կայ, պիտի վիրաւորուի, կրնաս դուն ըլլալ, եթէ հոն ես: Ասիկա ահաբեկչական զէնք է, որ կ՚ահաբեկէ գիւղերը, զանազան շրջաններ, հսկայական տարածքներ: Հեռահաս հարուածով ընթացող ամենէն զանգուածային ահաբեկչութիւնն է:

Նոամ Չոմսքի

- Եւ այն մարդոց համար, որոնք անօդաչու սարքերու ջատագովներն են՝ որպէս ամէն բանի պատասխան. վտանգ կայ պատերազմի տգեղ խառնաշփոթութեան իրականութենէն հեռու մնալէն:

Քաւին Հուտ

- Մենք դռները կը բանանք այն մարդոց առջեւ, որոնք հրթիռներ կ՚արձակեն եւ ռումբեր կը նետեն, մարդիկը դուրս բերելով որոշումներու շղթայէն՝ որոշելու, թէ ինչպէ՛ս պէտք է արձագանգենք այդ սպառնալիքներուն: Եւ ասիկա բան մըն է, որ մենք աւելի ու աւելի յաճախ կը տեսնենք աւանդական միջոցներով, երբ պատերազմի մեր մեթոտները կը դառնան աւելի ինգնագործ եւ մարդամեքենաներու օգտագործումով, անօդաչու սարքերու միջոցով:

Էտուրտ Սնովտեն

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Յուլիս 5, 2021