ԵՐԿՈՒ ՆԿԱՐԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ - 1

Նկարներ կան, որոնք մեծ ազդեցութիւն կը գործեն մարդու վրայ, մա՛նաւանդ երբ մանկութեան շրջանին յիշողութիւններու, խմորումներու եւ կազմաւորումներու-տպաւորութիւններու հաստատման հետ կը կապուին: Գեղանկարչութիւնը ընդհանուր առմամբ արուեստի ամենամեծ բնագաւառներէն մին է, որ խորհրդապաշտութիւնը կը սնանէ եւ մարդկային հոգեկան, ոգեղէն ու մտային նկարագրութեան ուժ կու տայ: Կան բազմաթիւ նկարներ, որոնք մեր մտքին մէջ կը դրոշմուին յաւերժ ու մեր հետ կը բիւրեղանան, կը կերտուին ու նոյն ատեն կը կերտեն խմորուածութիւններ ու ընթացքներ, կը բնութագրեն ժամանակագրութիւններ ու կը դասաւորեն զանազան ներշնչանքներ:

Հոս պիտի խօսիմ մանկութեանս շրջանէն եկող Հալէպի Քառասուն Մանուկ եկեղեցիին մեծ գեղանկարի մը մասին, որուն գրեթէ նմանը գտայ մի քանի շաբաթ առաջ Երեւանի Պատմութեան թանգարանին մէջ:

Քառասուն Մանուկ եկեղեցին մեր՝ Հայկազեան մանկապարտէզին եւ նախակրթարանին ճիշդ քովն էր, պատը պատին փակած եւ կարծես ան մէկ մասն էր մեր դասերուն եւ զբօսանքներուն: Ինչ որ կ՚ընէինք կարծես Քառասուն Մանուկին ակամայ վայրկենական կամ անժամանակ հսկումին տակ էր. հսկում մը՝ որ մնաց գոնէ իմ հետս մինչեւ հիմա, հսկում մը՝ որ հաճելի էր, քանի ի վերուստ էր եւ սուրբ, հակառակ մանկական անմեղութեան համար անհսկելի պէտք է ըլլար ան... բայց համոզիչ, չըսելու համար քիչ մըն ալ բռնակալօրէն-հպարտալի յանձնառութիւն մը պարզող էր այդ մէկը: Մենք միշտ կը մտնէինք եկեղեցին եւ մեզի համար երկրորդ տուն մըն էր ան Հայկազեանին հետ։ Անոր ամէն մէկ անկիւնը գիտէինք եւ յաճախ խաղեր կը խաղայինք անոր բակին մէջ, ուր նոյնիսկ շիրիմներ կային նշանաւոր անձնաւորութիւններու: Արեւոտ օրերուն այն տպաւորութիւնը կ՚ունենայի, որ շիրմաքարերն ու անոնց տակ եղող անձերուն վերապրումներն ալ մեծ եռանդով կը մասնակցէին մեր խաղին, ապագայականութիւն մը տալով մեզի եւ մանկութեան թաքուն չկայացում փափաքող, բայց տիեզերական ամենամեծ առաքելութեան հետ մրցող ըլլալն էր հոն, որ կ՚ըսէր․

-Յաւերժ են մեր խաղերը, ամենահասու ու առաքելապաշտ, մեզ գիտցէք եւ ինչ որ ըրինք, ապրեցէք ըրածնիս:

Կը յիշեմ չարաճիճիութեան ու կատղածութիւններուն հետ ամենաթողութիւն ու սրբութիւններ կային եկեղեցիին բակին մէջ (մեր համոզմամբ՝ մենք մեզի ու եկեղեցիին կողմէ ընծայուած)։ Օրինակ՝ աչքիս մէջ մտած ապակին, իյնալս խաղի մը ընթացքին ու վնասումս, եւ ընկերներուս ալ հետը եղածները պարզ ու հաճոյաբար ընդունուող, նաեւ տեղ մըն ալ սիրասուն ու ողջունելի նուէրներ էին․ ուղղակիօրէն նոյն եկեղեցիի պատերէն կամ անոր ոգիէն ծագած:

Նոյն Քառասուն Մանուկը յանկարծակիօրէն ուրիշ էր արարողութիւններուն կամ մեր անուանումով՝ մեծ ու պզտիկ զատիկներուն: Երբ եկեղեցիէն ներս կը մտնէինք մէկ անգամէն բոլոր դասարաններու աշակերտները ետեւ-ետեւի կարգապահ, խորհրդաւոր մուտքով ու քայլերով, մեզի հետ խաղացող ու զբաղուող եկեղեցին կը վերադառնար իր խորախորհուրդ ու վերամբարձ վիճակին, երբ վերէն կ՚իջնէր յանկարծ ու մեզի կը յայտնէր անսահման գաղտնիքներ, որոնք չէինք հասկնար, բայց սէր կը ծորէր այդ գաղտնիքներէն: Եւ կը զգայինք, որ իրեն հանդէպ տածուած այդ սէրը պարտադրող չէ, այլ նոյնպէս ինքն ալ ինքնաբուխ ու անմնացորդ մեզ կը սիրէ ու մենք անսահմանօրէն կը սիրենք մեր սիրուած ու ընտրուած ըլլալը իր սուրբ առիթներուն, մեր մուտքով, քալուածքով, նստուածքով, երգեցողութեամբ եւ նոյնիսկ մեր զբօսանքներու խաղերով եւ ամենօրեայ անցումներով:

Շատ ատեններ եկեղեցիին հոտը կը խառնուէր մեր դպրոցի հոտին հետ, ինչ որ անզգալաբար մեզի կու տար յատուկ դիմագիծ ու գիտակցուած-չգիտակցուած արտայայտութիւն մը: Կը զգայինք, որ մենք «ուրիշ» ենք ու ճիշդ այս կէտին չիմացուած կեդրոնացած մեթաֆիզիքը շատ զիլ է մեզի հետ: Այո՛, անձնապէս ես դժուարաւ կ՚երթայի դպրոց եւ ընդհանուր դպրոցի գաղափարին հետ հաշտ չէի, թէ՛ ոգեղէն եւ թէ առօրէական իմաստներով, բայց արեւոտ եկեղեցիի բակի խաղերուն պահերը չէի կրնար չսիրել ու փախցնել: Քառասուն Մանուկի իւրայատկութիւններէն մէկը այն էր, որ անոր երկու դռները (հիմնականն ու ետեւի մասին դուռը) դէպի խորան չէին բացուիր, այդ իմաստով յարգելի ու քաւութիւն ներշնչող բացառութիւն էր, նկատի առած անոր դժուար ու տանջալի առաքելական պատմութիւնը: Ան ունէր շատ մը սիւներ, որոնք տարածքը կը կտրտէին ու կը վերածէին զինք շերտաւորուած եւ օրօրողի տարբերակող ընկալումներ, որոնք վերջաւորութեան կը հասցնէին պզտիկ բայց խորասուզուած ու բազմահաղորդ եկեղեցիի բացայայտման, ինչպէս նաեւ անպայման անոր գրկման ու միաժամանակ անկէ գրկուած ըլլալու փափաքին: Ետեւի մուտքէն երբ մտնէինք, չորս սիւներուն ետեւը մէկ անգամէն կ՚երեւէր կամ ինքզինք կը ժայթքեցնէր մեծ «դժոխք-դրախտ-քաւարան» նկարը, որ տեղ մը «Քառասուն Մանուկներու» ալ նկարէն աւելի մեծ ու կլանող ըլլալով՝ եկեղեցիին այցեքարտը կրնար համարուիլ:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•շարունակելի…

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2024