ԶԻՆԵԱԼ ՊԱՅՔԱՐ-ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՀԱԿԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Յիսուն եւ աւելի տարիներու դէպք մը. դէպք, որ ցնցեց ամբողջ Եւրոպան ու դեռ ալ կը շարունակէ համարուիլ անկիւնադարձային։ Արդարեւ, մեր թուականէն ճիշդ յիսուներկու տարի առաջ պաղեստինցի զինեալներ «Սեւ սեպտեմբեր» խորագրով գործողութիւն մը կատարեցին ու սպաննեցին տասնմէկ իսրայէլացի մարզիկներ, Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ, ուր տեղի կ՚ունենար Ողիմպիական ամառնային խաղերը։ Տխուրը, սակայն, միայն նմանօրինակ դէպքերու վերյիշումը չէ, այլ այն խնդիրը, որ ցայսօր ալ Պաղեստին-Իսրայէլ հարցը չէ հասած իր բարւոք լուծումին, այլ ընդհակառակն, ուռճացած է եւ դարձած լուրջ սպառնալիք ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքին համար։ Անշուշտ, էականը այս չէ, այլ խնդիրը այսօր ձեւափոխուած է ու հակամարտող երկու կողմերը կը շարունակեն իրենց պայքարը առանց հիմքերու։

Վերադառնալով նիւթին խորքային դրուածքին՝ հարկ է նշել, որ ի տարբերութիւն մօտիկ անցեալի ընկալումներուն, այսօր արդէն արաբ-իսրայէլեան հակամարտութիւնը ո՛չ միայն փոխած է իր ուղղութիւնները, այլեւ՝ իր անուանումը։ Հետեւաբար, մինչ անցեալին այս պայքարը կը կոչուէր արաբ-իսրայէլեան, իսկ այսօր կը կոչուի Պաղեստին-Իսրայէլ հակամարտութիւն։ Այս նրբերանգին մէջ, ի հարկէ, կայ խնդրի արաբական երեսակը, որովհետեւ մինչ մօտիկ անցեալին արաբները կը համարուէին այս կնճռոտ խնդրի տէրն ու տիրականը, ներկայիս այլեւս իրավիճակը այդպիսին չէ։ Միայն տնտեսական կամ քաղաքական դրդապատճառներով արաբները մասամբ չքաշեցին իրենց ձեռքերը այս հարցէն, այլ պաղեստինեան տարրին կամ բաղկացուցիչին մէջ շատ բաներ փոփոխութիւն կրեցին։ Եթէ մօտիկ անցեալին այս հարցով երեւելի ու կարեւոր էր արաբական աշխարհին դերը, այսօր զայն փոխարինած է Իրանը։ Այս երկու դերակատարներու մօտեցումներուն միջեւ սար ու ձորեր կան ու թերեւս այդ է հիմնական պատճառը, որ արաբները ուզեցին հեռանալ պաղեստինեան խնդրէն։ Հակառակ այս բոլորին, արաբական աշխարհի «պապաներ»ը մինչեւ այս պահը կ՚ուզեն իրենց կողմը պահել պաղեստինեան դերակատարութիւն մը, որ յայտնի է Պաղեստինեան պետութիւն անունով։

Խորքին մէջ ինչ են այն տարբերութիւնները, որոնք ազդեցին պաղեստինեան դատը հովանաւորող պետութեանց վրայ, որոնք իրենց կարգին սկսան կամաց-կամաց հեռանալ այդ հակամարտութեան առանցքներէն։

Ներկայիս նոյնիսկ Պաղեստինի ժողովուրդը բաժնուած է երկուքի։ Կան անոնք, որոնք կը հաւատան, թէ Պաղեստին պարտաւոր է ունենալ հզօր պետականութիւն մը, որ հարկն ու պատշաճը պիտի ընէ ու նստի բանակցութեան սեղանին ճանչնալով՝ Իսրայէլի գոյութիւնը, միւս կողմէ կան անոնք, որոնք ո՛չ միայն պատրաստ չեն բանակցութեան, այլ նաեւ չեն ընդունիր Իսրայէլի գոյութիւնը ու կը հաւատան, որ Իսրայէլն ու իսրայէլացիները պէտք է ծովը թափուին։ Իբր այդ, հաշուի առնելով մէկ կողմէ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասի բացթողումներն ու գործած սխալները, իսկ միւս կողմէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի ռազմաշունչ յայտարարութիւններն ու սպանդներ իրականացնող դատապարտելի քաղաքականութիւնը, վերջին տարիներուն մեծ աճ սկսան արձանագրել զինեալ պայքարին հաւատացող պաղեստինեան թեւերը, որոնց ամենահզօրը կը համարուի «Համաս» շարժումը։

Անկախ վերջին մէկ տարուան զարգացումներէն, «Համաս»ն ու «Ճիհատ իսլամի» շարժումները, որոնք կը վայելեն Իրանի նեցուկը, առիթ չփախցուցին Իսրայէլի բանակին ու անոր ոստիկանութեան դէմ յարձակումներ կատարելու։ Առնուազն չորս տարի Պաղեստին-Իսրայէլ հակամարտութիւնը կ՚եռար, մինչեւ որ հասաւ այն պահը, երբ անցեալ հոկտեմբերին «Համաս» աննախընթաց յարձակում մը կատարեց՝ որպէս պայքարի կեդրոնատեղի ունենալով Կազզէն, թափանցեց դէպի Իսրայէլի շրջաններ, սպանութիւններ գործեց, անմեղ մարդիկը գերեվարեց ու Նեթանիյահուին նուիրեց այն ոսկի պահն ու առիթը համընդհանուր պատերազմի, որ կը շարունակուի մինչեւ այս պահը։

Կազզէն գրեթէ գոյութիւն չունի, «Համաս» արիւնագամ է, Իսրայէլի բանակը մասնակիօրէն յոգնած է, սակայն Նեթանիյահու կ՚ուզէ ամէն գնով շարունակել այս արիւնալի պայքարը։

Այս կէտին պէտք է նշել, որ «Համաս»ի վարքագիծը ո՛չ միայն մեծ վնաս տուաւ Պաղեստինի դատին, այլեւ անոր սխալ հաշուարկները նոյն այդ անզէն ու արդէն անտէր դարձած ժողովուրդը նախճիրի ենթարկեց։

Անշուշտ, երբեք եւ ոչ մէկ կերպով կարելի է արդարացնել Իսրայէլի մօտեցումները, սակայն հարկ է շեշտել, որ պաղեստինցիներուն մօտիկ անցեալին որդեգրած զինեալ պայքար տանելու վարքագիծը այլեւս չի ծառայեր իր բուն նպատակին։ Աւելի՛ն, այդ զինեալ պայքարը ո՛չ մէկ ձեւով կրնայ սատարել այս ծանր վէրքի սփոփման, որ դարձած է Պաղեստին-Իսրայէլ արիւնալի հակամարտութեան։

Բաց աստի, հեռու մնալով պաղեստինցիներուն խելք բաժնելու ախտագին երեւոյթներէն՝ հարկ է սպասել, որ այդ ժողովուրդը ինք վերատեսութեան ենթարկէ վերջին ժամանակներու եղելութիւնները, դասեր քաղէ ու անպայմանօրէն վերամշակէ այնպիսի դրոյթներ, որոնց շնորհիւ ալ պիտի կարողանայ աճիլ ու ապրիլ իր բնօրրանին մէջ։

ՄԻՒՆԻԽԻ «ՍԵՒ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ»Ը

52 տարի առաջ, ճիշդ այս ժամանակներուն տեղի ունեցաւ Միւնիխի իրադարձութիւնը։ Պաղեստինի զինեալ արարքը, որ ուղղուած էր Գերմանիոյ Ողիմպիական խաղերուն մասնակից Իսրայէլի մարզական պատուիրակութեան դէմ։

«Սեւ սեպտեմբեր» կոչեցեալ պաղեստինցի զինեալներու խումբը, որ կը բաղկանար ութ հոգիէ, յաջողութեամբ գերեվարեց տասնմէկ իսրայէլացիներ, որոնց երկուքը սպաննեց։

Գերեվարման լուրի տարածումէն անմիջապէս ետք, երկար բանակցութիւններու աւարտին, Գերմանիա ընդառաջեց պաղեստինցիներու պայմաններուն ու երկու ուղղաթիռով գերիներն ու զինեալները մեկնեցան Ֆիւրշենֆելտպրուք քաղաքի ՆԱԹՕ-ի ռազմական օդակայանը։ Ապա ընթացք առաւ գերիները ազատելու համար Գերմանիոյ իրաւապահ մարմիններուն կազմակերպած գործողութիւնը, որ ձախողեցաւ։ Երեք ժամ տեւած հրաձգութենէ ետք մեռան ութ պաղեստինցի զինեալներէն հինգը, ինչպէս նաեւ իսրայէլացի ինն գերիները։

Այս գործողութիւնը ունէր քարոզչական նպատակներ. աշխարհը իրազեկ դարձնել պաղեստինեան դատին մասին։ Մինչ այդ, պաղեստինցիք պահանջեցին աւելի քան երկու հարիւր բանտարկեալներու ազատ արձակումը։ Բաց աստի, գրոհին մասնակից պաղեստինցիներէն մին մահապատիժի ենթարկուեցաւ ու սպաննուեցաւ փամփուշտներով՝ ի յիշատակ տասնմէկ իսրայէլացի զոհուած գերիներուն։

Այդ օրերուն Պաղեստին բառիս բուն իմաստով կ՚եռար, որովհետեւ Իսրայէլի «Մոսատ»ը Պէյրութի մէջ սպաննեց պաղեստինցի լրագրող եւ մտաւորական Ղասսան Քանաֆանին։

Փոխսպանութիւններու այս խաղը, ի հարկէ, աւարտ մը չունեցաւ ու անկէ որոշ ժամանակ ետք իսրայէլացիք զանազան հարուածներ հասցուցին պաղեստինցիներուն։

Ճիշդ է, ցնցիչ էր պատահարը, սակայն տխուր փաստ մնաց, որ հակառակ պետութիւն մը ունենալու իրենց երազի իրականացման՝ պաղեստինցիք ցայսօր ալ կը շարունակեն հիմնական ընտրանք համարել ֆետայական գործողութիւնները, որոնց կապակցութեամբ քաղաքակիրթ աշխարհը այլեւս նախկին դրական տեսակէտը չունի։

Հազարաւոր հրեաներ, հազարաւոր պաղեստինցիներ եւ հազարաւոր արաբներ ու իսլամներ զոհուած են այս պայքարի խրամատներուն մէջ, առանց սակայն հասկնալու, թէ արաբ-իսրայէլեան (այսօր արդէն Պաղեստին-Իսրայէլ) պայքարը կրնայ աւարտիլ միայն ու միայն խաղաղութեամբ։

1972 թուականի իրադարձութիւնը, որ ցնցեց ամբողջ աշխարհը, այսօր արդէն դրական միաւոր մը չէ պաղեստինցի ժողովուրդին համար, որ այս օրերուն ջարդէ ջարդ եւ սպանդէ սպանդ կը գալարի...։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2024