ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ
ԵՐԱԶՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ՏԵՍԱԿՆԵՐԸ
Հարցում. Ի՞նչն է երազներուն աղբիւրը: Պէ՞տք է հաւատանք այն բոլոր բաներուն, ինչ որ կը տեսնենք մեր երազներուն մէջ: Մեր կեանքին վրայ ազդեցութիւն կ՚ունենա՞ն: Որո՞ւն պէտք է դիմենք հասկնալու համար մեր տեսած երազները:
Պատասխան. Երազներու բազմաթիւ տեսակներ կան: Որոշ երազներ Աստուծմէ են:
Օրինակ՝ «Աստուած գիշերը երազի մէջ եկաւ Աբիմելէքին» (Ծն 20.3), երբ Սառան իրեն համար կնութեան առաւ: Յովսէփ Գեղեցիկն ալ երկու երազ տեսաւ (Ծն 37.5-10), եղբայրները նախանձեցան անոր: Անոր մասին ըսին. «Ահա այն երազ տեսնողը» (Ծն 37.11, 19): Յովսէփի տեսած երկու երազներն ալ իրականացան:
Յովսէփ Գեղեցիկը մեկնեց նաեւ մատռուակին եւ հացագործին երազները, եւ անոր մեկնութիւնը իրականացաւ (Ծն 40): Տակաւին, մեկնեց փարաւոնին տեսած երազները, ու անոր մեկնութիւնը իրականացաւ՝ եօթ առատութեան տարիներու եւ եօթ սովի տարիներու մասին:
Յովսէփը երազներու մասին Փարաւոնին ըսաւ. Աստուած Իր ընելիքը յայտնեց Փարաւոնին (Ծն 41.25, 28):
Նոյն ձեւով Դանիէլը Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին մեկնեց իր տեսած երազը. որով՝ «գաղտնիքը գիշերուան տեսիլքին մէջ Դանիէլին յայտնուեցաւ» (Դն 2.19): Երազի մեկնութեան մասին, անոր ըսաւ. «Բայց երկինքի մէջ գաղտնիքները յայտնող Աստուած մը կայ, որ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կը յայտնէ ինչ որ վերջին օրերը պիտի ըլլայ» (Դն 2.28): Դանիէլ մարգարէն ինք եւս Աստուծմէ երազներ տեսաւ (Դն 7.1, 2):
Աստուծմէ երազներ են, որոնք կը յայտնեն այն բաներուն մասին, որոնք ապագային պիտի պատահին: Նոյնինքն Աստուած կը յայտնէ անոնց մեկնութիւնը:
Չմոռնանք, որ ատաղձագործ Յովսէփին «Տիրոջ հրեշտակը երազի մը մէջ երեւցաւ» (Մտ 1.20), ինչպէս նաեւ աւետեց զինք Յիսուսի ծնունդի մասին. «Տիրոջ հրեշտակը Յովէփի երեւցաւ երազի մը մէջ եւ ըսաւ. ե՛լ, ա՛ռ մանուկն ու անոր մայրը եւ փախիր Եգիպտոս» (Մտ 2.13), ինչպէս նաեւ հրեշտակը երեւցաւ անոր ու հրամայեց Իսրայէլ վերադառնալ (Մտ 2.20): Տակաւին, երազի մը մէջ հրեշտակը իրեն յայտնեց, որ Գալիլիայի կողմերը երթայ (Մտ 2.22):
Մոգերուն ալ երազով մը հրահանգուեցաւ, որ Հերովդէսի մօտ չվերադառնան (Մտ 2.12):
Այստեղ երազները Աստուծոյ կողմէ մարդոց ուղղակի ցուցմունքներ են՝ Իր հրեշտակներուն միջոցով:
Տակաւին, Աստուծմէ էր այն երազը, որով Պիղատոսի կինը շատ ցաւեցաւ Յիսուսի համար (Մտ 27.19):
Երազներ ալ կան, որոնք սատանայէն են:
Ատոնք մարդը մոլորեցնելու կամ անհան-գըստացնելու համար են: «Վանականներու այգի» գիրքին մէջ բազմաթիւ օրնակներ կան այս ուղղութեամբ: Մարդ, պէտք չէ հաւատայ, թէ իւրաքանչիւր երազ Աստուծմէ է:
Երազներ ալ կան, որոնց աղբիւրը ենթագիտակցութիւնն է:
Ասոնց պատճառը այն բաներն են, որոնք մնացած են մեր ենթագիտակցութեան մէջ, ինչպէս օրինակ՝ մտածումներ, նկարներ կամ զգացումներ, ասոնք երազի նման կ՚երեւին, յայտնելով այն ինչ որ կայ մարդուն մէջ: Կրնայ ըլլալ որ չար կամ բարի ըլլան՝ համաձայն մարդու ներքին վիճակին: Ինչքան մարդը մաքրուի, այդքան մաքուր կ՚ըլլան իր երազները, եւ համաձայն իր զգացումներուն՝ իր երազներն ալ այդպիսին կ՚ըլլան:
Երազներ ալ կան, որոնք մարմինին վիճակը կը յայտնեն:
Օրինակ, մարդը մղձաւանջի մէջ կրնայ ըլլալ օրինակի համար, որով կ՚երազէ, թէ ահաւոր թշնամի մը իր կուրծքին վրայ է: Կամ, երեխան իր անկողինէն կ՚իյնայ, որով կ՚երազէ, թէ պատշգամէն կամ բարձր տեղէ մը կ՚իյնայ...:
ԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ՄԵՂՔԸ
Հարցում. Ինչպէ՞ս կրնամ ագահութեան մեղքէն ազատուիլ:
Պատասխան. Ագահութեան մեղքին կը նախորդէ այլ մեղք մը, որն է դրամասիրութիւը, կամ ուրիշները չսիրելու մեղքը, եւ այլն: Խրատս է քեզի, որ սիրես մարդիկը ու չսիրես աշխարհը, ո՛չ ալ աշխարհին յատուկ որեւէ բան (Ա. Յհ 2.15): Եւ վստահ եղիր, որ ասիկա ագահութիւնը պիտի վռնտէ քու սիրտէդ:
Իսկ եթէ ագահութիւնը մնաց մօտդ, դուն քեզ պարտադրէ տալուն, եւ դուն քեզի ըսէ. Եթէ դրամը չձգեցի, ան պիտի ձգէ զիս, ու զայն պիտի չտանիմ ինծի հետ, երբ այս աշխարհէն բաժնուիմ...
Ի՞ՆՉ Է ՎԵՑԵՐՈՐԴ ԶԳԱՅԱՐԱՆՔԸ
Հարցում. Ի՞նչ է վեցերորդ զգայարանքը: Սուրբ Հոգիին գործն է: Թափանցիկութի՞ւն է: Պարգե՞ւ մըն է: Կիներո՞ւն յատուկ է՝ ինչպէս կ՚ըսեն:
Պատասխան. Հինգ յայտնի զգայարանքներն են. տեսողութիւն, լսողութիւն, շօշափում, հոտոտալ եւ համի զգացողութիւն: Բոլորն ալ մարմնական զգայութիւններ են, որոնք նիւթին առընչուած են:
Իսկ այն ինչ վեցերորդ զգայարանք կը կոչեն, ատիկա ներքին, խորքային եւ որոշ չափով հոգեւոր զգացում մըն է:
Թափանցիկութի՞ւն կ՚ուզես կոչել զայն. կարելի է: Տեսակ մը հեռազգայութի՞ւն (telepathy) կ՚ուզես կոչել զայն. դարձեալ կարելի է: Կրնա՞յ ըլլալ, որ սիրտին խորունկ զգացումներէն տեսակ մը ըլլայ կամ ներքին զգայութիւն մը. արգելք չկայ: Միայն կիներուն յատուկ չէ, այր մարդիկն ալ կրնան այս վեցերորդ զգայարանքը ունենալ...
Սակայն Սուրբ Հոգիին գործն ու պարգեւները, զանոնք վեցերորդ զգայարանք չենք կոչեր:
Այս ուղղութեամ Սուրբ Հոգիին գործը աստուածային յայտնութեան տեսակ մըն է կամ աստուածային յայտարարութիւն մըն է:
Իրական եւ հաստատուն բան մըն է: Մարդկային զգացումին նման բան մը չէ, որ երբեմն կարելի է հաւատալ ու երբեմն ալ՝ ո՛չ...:
ԲԱՆԵՐ ԳՏԱՅ
Հարցում. Ճամբուն վրայ բաներ գտած եմ, երբեմն դրամ, երբեմն ոսկեղէն: Ատոնք արդեօք ինծի կը պատկանի՞ն այլեւս: Կամ ի՞նչ պէտք է ընեմ: Ոմանք խրատեցին զիս, որ Եկեղեցւոյ գանձանակին մէջ դնեմ: Այդպէ՞ս ընեմ, որպէսզի խիղճս հանգստանայ:
Պատասխան. Ինչ որ ճամբուն վրայ կը գտնենք, մեր իրաւունքը չէ, այլ՝ անորն են, որմէ ինկած են: Եւ ան թերեւս կը սպասէ այն վստահելի անձին, որ գտած է զանոնք ու ետ իրեն կը վերադարձնէ:
Այդ պատճառով, ինչ որ ճամբուն վրայ կը գտնես, քու իրաւունքդ չէ, չես կրնար զայն քուկդ համարել: Տակաւին, Եկեղեցւոյ իրաւունքն ալ չէ, որ զանոնք Եկեղեցւոյ գանձանակին մէջ դնես: Աստուած չ՚ընդունիր բան մը, որ կը պատկանի մարդու մը՝ որ կորսնցուցած է:
Ի՜նչ ուրախալի է այն երեւոյթը, երբ երբեմն մամուլին մէջ կը կարդանք վստահելի մարդոց մասին, որոնք հսկայ գումարներ գտած են, սակայն իրենցը չեն ըրած զայն, այլ՝ աշխատած են զայն իրենց տէրերուն վերադարձնել:
Խրատս է, որ ինչ բան որ գտնես ճամբուն վրայ, յանձնես զայն ոստիկանական ամենէն մօտիկ կէտին:
Ոստիկանութիւնը իր ձեւերը ունի գտնուած բանը իր տիրոջ վերադարձնելուն, մանաւանդ, որ շատեր՝ որոնք որեւէ բան կը կորսնցնեն ոստիկանութեան կը տեղեկացնեն այդ մասին:
Այդպէսով դուն խիղճդ հանգստացուցած կ՚ըլլաս եւ անարդար դրամ առած չես ըլլար:
ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԸ ՍԻՐԵԼ
Հարցում. Ի՞նչ կը նշանակէ Տիրոջ հետեւեալ խօսքը. «Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները» (Մտ 5.44): Ինչպէ՞ս կարելի է այդ մէկը կատարել:
Պատասխան. Ընկերը սիրելը սովորական բան մըն է, որ կրնան նոյնիսկ հեթանոսն ու հերետիկոսը կատարել զայն... Սակայն, թշնամին սիրելը վսեմ բարքն է, զոր Տէրը կ՚ուզէ որ ունենանք: Ան կ՚ուզէ որ չարութիւնը ատենք եւ ո՛չ թէ չարերը, ատենք մեղքը եւ ո՛չ թէ մեղաւորները: Մեղաւորները պարզապէս զոհերն են սխալ հասկացողութեան կամ սատանային, եւ մենք պէտք է սիրենք զիրենք ու աղօթենք անոնց համար, որպէսզի դուրս գան այն տեղէն՝ ուր որ կը գտնուին:
Ինչպէ՞ս կրնանք կատարել այն: Պէտք է հետեւեալ կէտերուն հետեւինք.
ա) Մեր սիրտերուն մէջ ատելութիւն չունենանք ոեւէ մէկուն նկատմամբ, ինչքան ալ մեզի դէմ մեղանչէ: Այն սիրտը, որուն մէջ սէրը կը բնակի, կարելի չէ որ միաժամանակ ատելութիւնն ալ բնակի իր մէջ:
բ) Երբեք չուրախանանք որեւէ մէկ վնասով, որ կը հասնի անոր՝ որ վնաս կը հասցնէ մեզի... Ինչպէս Գիրքը կ՚ըսէ. «Սէրը... անիրաւութեան վրայ չ՚ուրախանար» (Ա.Կր 13.6):
գ) Պէտք է ատելութեան բարութեամբ եւ սիրով պատասխանենք, որով կրնանք մեզի վնաս հասցնողին զգացումները փոխել: Ինչպէս ըսաւ Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերանը. «Միջոց մը կայ, որով կրնաս ազատիլ թշնամիէդ, այն է, որ զինք քեզի ընկեր դարձնես»:
դ) Թշնամութեան թշնամութեամբ պատասխանելը զայն աւելի կը բորբոքէ, իսկ թշնամութեան նկատմամբ լուռ մնալը, զայն կը պահէ նոյն տեղը՝ առանց աւելնալու. սակայն, թշնամութեան սիրով պատասխանելը կը բուժէ ու կը վերացնէ զայն:
ե) Այս պատճառով չարութեամբ մի՛ խօսիր թշնաիիդ դէմ, որպէսզի իր սիրտը թշնամութեամբ չաւելցնես: Միւս կողմէն, եթէ անոր մէջ արդար բան մը տեսար՝ գովէ՛ զինք, ատիկա որովհետեւ կ՚օգնէ, որ ան իր զգացումները փոխէ քու նկատմամբդ:
զ) Եթէ թշնամիդ նեղութեան մէջ ինկաւ, ապա՝ օգնութեան ձեռք մեկնէ անոր: Գիրքը կ՚ըսէ. «Եթէ թշնամիդ քաղցած է՝ հաց տուր իրեն» (Հռ 12.20):
է) Դարձեալ Գիրքը կ՚ըսէ. «Մի՛ պարտուիր չարէն, այլ՝ բարիով յաղթէ չարին» (Հռ 12.21): Թշնամութեան եթէ թշնամութեամբ պատասխանեցիր, արդարեւ՝ չարէ յաղթած կ՚ըլլայ քեզի: Սակայն, երբ սիրով պատասխանեցիր, ատով՝ բարիով յաղթած կ՚ըլլաս չարին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ