Գե­րա­րագ Դա­րուն Մէջ Գե­րա­րագ Լե­զու Սոր­վիլ

Այս գե­րա­րագ դա­րուն մէջ կա­րե­լի է շատ ա­րագ նոր լե­զու մը սոր­վիլ, բայց ա­տի­կա ար­դեօք որ­քա­նո՞վ կ՚ընդգր­կէ լե­զուի մը ամ­բող­ջա­կան տի­րա­պե­տու­մը: Լե­զուն գի­տու­թիւն մըն է եւ կը պա­հան­ջէ ա­կա­դե­մա­կան աշ­խա­տանք, բայց խօ­սակ­ցա­կան լե­զուն սոր­վի­լը նուազ գի­տա­կան է եւ կը պա­հան­ջէ կամք, ըն­թեր­ցում եւ վար­ժու­թիւն: Այս­տեղ կը ներ­կա­յաց­նենք փոր­ձա­ռու­նե­րու խրատ­ներ՝ լե­զու­ներ շուտ սոր­վե­լու հա­մար:

*

ԻՆՉ­ՊԷ՞Ս ԲԱ­ՌԵՐ Ա­ՐԱ­ԳՕ­ՐԷՆ ՍՈՐ­ՎԻԼ Ո­ՐԵ­ՒԷ ԼԵ­ԶՈՒԻ ՄԷՋ

 Լու­քա Լամ­փա­րիէ­լօ իր հա­սուն տա­րի­քին մեծ մա­սը յատ­կա­ցու­ցած է լե­զու ու­սում­նա­սի­րե­լու եւ ու­սու­ցա­նե­լու: Ան կը բա­ցատ­րէ 5 հիմ­նա­կան սկզբունք­ներ, զորս կ՚օգ­տա­գոր­ծէ ա­րա­գօ­րէն սոր­վե­լու եւ գոր­ծա­ծե­լու հա­մար բա­ռեր:

Յա­ճախ կ՚ը­սուի, թէ ե­րախա­նե­րը չա­փա­հաս­նե­րէն ա­ւե­լի ա­տակ են լե­զու­ներ սոր­վե­լու մէջ: Բայց ե­րա­խա­յի նման սոր­վի­լը ար­դեօք ցան­կա­լի՞ է:

Չա­փա­հաս սոր­վող­նե­րը պէտք չէ ստո­րագ­նա­հա­տել: Մինչ լե­զուա­պէս ամ­բող­ջո­վին գոր­ծուն ըլ­լա­լու հա­մար ե­րա­խա­յէ մը կը պա­հան­ջուի շուրջ վեց տա­րի (ա­ռանց մաս­նա­գի­տա­ցած բա­ռա­պա­շա­րի), չա­փա­հաս մը (գի­տա­կից եւ են­թա­գի­տա­կից գի­տե­լիք­նե­րը իբ­րեւ ա­ռա­ւե­լու­թիւն օգ­տա­գոր­ծե­լով) կրնայ տա­րիէ մը հա­ղոր­դակ­ցե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը նուա­ճել: Թե­րեւս ա­սի­կա յան­դուգն կը թուի, բայց ես ա­տոր ապ­րող ա­պա­ցոյցն եմ: «Ես այժմ տասնմէկ լե­զու կը խօ­սիմ՝ մի­ջին եւ յա­ռա­ջա­ցած մա­կար­դա­կի վրայ եւ ես այս լե­զու­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը սոր­ված եմ չա­փա­հաս ըլ­լա­լէս ետք»:

Նոր բա­ռա­պա­շար ա­րագ եւ ազ­դե­ցիկ սոր­վե­լու հինգ հիմ­նա­կան սկզբունք­ներն են. ընտ­րու­թիւն, կա­պակ­ցում, վե­րա­քաղ, մթե­րում եւ օգ­տա­գոր­ծում:

1. Ընտ­րու­թիւն

Երբ նոր բա­ռե­րու կը հան­դի­պիք, կա­րե­ւոր է սոր­վիլ ընտ­րել բա­ռա­ցան­կը, որ ա­մենէն հե­տաքրք­րա­կանն ու գոր­ծա­ծա­կանն է: Հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր բա­ռեր կան իւ­րա­քան­չիւր լե­զուի մէջ, եւ ա­տոնց մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ան­մի­ջա­պէս առըն­չու­թիւն պի­տի չու­նե­նայ ձե­զի հետ, երբ կը սկսիք: Պէտք է կա­րե­նալ զտել այն բո­լոր բա­ռե­րը, ո­րոնք ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն պի­տի չօգ­տա­գոր­ծէք: Լե­զուի բազ­մա­թիւ դա­սա­գիր­քեր կը պա­րու­նա­կեն է­ջեր՝ գնու­մի, ճամ­բոր­դու­թեան, նոյ­նիսկ ա­նա­սուն­նե­րու եւ այլ բնա­բան­նե­րու վե­րա­բե­րող: Բազ­մա­թիւ մար­դիկ այս դա­սըն­թացք­նե­րուն կը հե­տե­ւին եւ կը սոր­վին այն­պի­սի բա­ռեր, ո­րոնք հա­ւա­նա­բար բնաւ պի­տի չօգ­տա­գոր­ծեն, ոչ ալ ա­տոնց պի­տի հան­դի­պին: Այս սխա­լը մի՛ ը­նէք: Ընտ­րե­ցէ՛ք լե­զուի մը մէջ ա­մե­նէն գոր­ծա­ծա­կան բա­ռե­րը, եւ ա­պա ըն­դար­ձակուե­ցէ՛ք ըստ կա­րի­քի եւ հե­տաքրք­րու­թեան: Յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն ա­մե­նէն յա­ճա­խա­կի գոր­ծա­ծուող 3 հա­զար բա­ռե­րը կը կազ­մեն լե­զուի մը 90 առ հա­րիւ­րը, որ բնիկ խօ­սո­ղը ա­մէն օր կ՚օգ­տա­գոր­ծէ: Ան­շուշտ բնիկ խօ­սող­նե­րը հա­զա­րա­ւոր բա­ռեր գի­տեն զա­նա­զան բնա­բան­նե­րով, բայց այդ բա­ռե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը սոր­ված են իւ­րա­քան­չիւ­րը յայտ­նուած ա­տեն: Իբ­րեւ ե­րա­խա­ներ՝ բնիկ խօ­սող­նե­րը զբա­ղած են այն բա­ռե­րով, ո­րոնք ի­րենց հա­մար կա՛մ հե­տաքրք­րա­կան են, կա՛մ ալ անհ­րա­ժեշտ՝ ա­ռօ­րեայ գոր­ծա­ծու­թեան հա­մար: Այլ բա­ռեր կու գան ա­ւե­լի ուշ, երբ մէ­կու մը հե­տաքրք­րու­թեան ծի­րը կ՚ըն­դար­ձա­կուի եւ ա­ւե­լի կը մաս­նա­գի­տա­նայ: Նոյ­նիսկ այն ա­տեն, բնիկ խօ­սող­նե­րը ի­րենց մայ­րե­նիին ամ­բողջ բա­ռա­պա­շա­րին մէկ կո­տո­րա­կը միայն գի­տեն: Ը­սել կ՚ու­զեմ՝ ո՞վ 1 մի­լիոն բառ գի­տէ, եւ ա­ւե­լի կա­րե­ւո­րը՝ ո՞վ պէտք ու­նի 1 մի­լիոն բառ գիտ­նա­լու:

Կեդ­րո­նա­ցէ՛ք այն բա­ռա­ցան­կին վրայ, ո­րուն պէտք ու­նիք, եւ ու­շա­դիր ե­ղէ՛ք, որ ա­տի­կա մի­ջազ­գայ­նօ­րէն օգ­տա­գոր­ծե­լի է: Այս բա­ռա­ցան­կը կը կազ­մէ ա­ռօ­րեայ ձեր հա­ղոր­դակ­ցու­թեան, զրոյց­նե­րուն եւ կա­պե­րուն կո­րի­զը: Այն­պի­սի բա­յեր, օ­րի­նակ՝ եր­թալ, գալ, քնա­նալ, ու­զել, գո­յա­կան­ներ՝ տուն, ինք­նա­շարժ, քա­ղաք, ա­նուն, գլուխ, ան­կո­ղին:

Հե­տաքրք­րա­կան բա­ռե­րը կա­րե­ւոր դաշ­նա­կից են մոռ­նա­լու դէմ: Ե­թէ կեդ­րո­նա­նաք այն բա­ռե­րուն վրայ, ո­րոնք ձե­զի հա­մար նշա­նա­կա­լի են, ա­ւե­լի նուազ հա­ւա­նա­կան է, որ եր­կար ժա­մա­նա­կի վրայ մոռ­նաք ա­տոնք: Ա­սի­կա ձե­զի ա­ռիթ կ՚ըն­ձե­ռէ, որ­պէս­զի ձեր բա­ռա­ցան­կը կա­ռու­ցէք ա­ւե­լի յա­ռաջ­դի­մա­կան եւ գործ­նա­կան ձե­ւով:

2. Կա­պակ­ցում

Օգ­տա­կար բա­ռե­րը ճշդե­լը հիմ­նա­կան է մեր սոր­վե­լու հո­լո­վոյ­թին մէջ: Բայց ե­թէ այս բա­ռե­րը փոր­ձէք իւ­րաց­նել բնա­գի­րի մը բա­ցա­կա­յու­թեան, դժուա­րու­թեան պի­տի մատ­նուիք ա­տոնք բո­լո­րը միաս­նա­բար տե­ղա­ւո­րե­լու, երբ ժա­մա­նա­կը գայ այդ լե­զուն խօ­սե­լու: Հիմ­նա­կան է կա­պակ­ցու­մը, զու­գոր­դու­թիւ­նը: Կա­պակ­ցու­մը հո­լո­վոյթ մըն է, երբ նոր ե­կող տե­ղե­կու­թիւ­նը կ՚ա-ռըն­չուի հի­նին, նա­խա­պէս գո­յու­թիւն ու­նե­ցող տե­ղե­կու­թեան: Տե­ղե­կու­թեան մաս­նիկ մը կրնայ հա­զա­րա­ւոր առըն­չու­թիւն­ներ ու­նե­նալ յի­շա­տակ­նե­րու, զգա­ցում­նե­րու, զգա­յա­րա­նա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րու եւ շօ­շա­փե­լի փաս­տե­րու:

Մեր ու­ղեղ­նե­րը ա­սի­կա կ՚ը­նեն բնա­կան կեր­պով, բայց մենք կրնանք գի­տա­կից հսկո­ղու­թեան տակ առ­նել հո­լո­վոյ­թը: Ու­րեմն բա­ռե­րը պէտք է սոր­վիլ նա­խա­դա­սու­թիւն­նե­րու, բնա­գի­րի մը մէջ: Բա­ռե­րով նա­խա­դա­սու­թիւն­ներ կազ­մե­լու վար­ժու­թիւն­ներ ը­նել:

3. Վե­րա­քաղ

Ա­ւե­լի քան դար մը ա­ռաջ գեր­մա­նա­ցի հո­գե­բան Է­պինկ­հաուս յայտ­նա­բե­րեց, որ մենք հա­կում ու­նինք մոռ­նա­լու տե­ղե­կու­թիւն­ներ՝ ըստ ո­րոշ մե­քա­նիզ­մի մը, որ ինք ա­նուա­նեց մոռ­նա­լու հա­կու­մը: Ըստ ա­տոր, երբ մենք տե­ղե­կու­թիւն մը կը ստա­նանք, շատ լաւ կը յի­շենք, բայց նոյն յի­շո­ղու­թիւ­նը քա­նի մը օ­րուան մէջ ո­չին­չի կը վե­րած-ւի: Է­պինկ­հաուս գտաւ, որ մի­ջոց­ներ կան պայ­քա­րե­լու մեր ա­րագ մոռ­նա­լու մե­քա­նիզ­մին դէմ: Ե­թէ նոր տե­ղե­կու­թիւ­նը ճշգրիտ ժա­մա­նա­կով վե­րա­քաղ ը­նենք, ա­ւե­լի եւ ա­ւե­լի դիւ­րին պի­տի ըլ­լայ չմոռ­նա­լը: Այս­պի­սի քա­նի մը փոր­ձե­րէ ետք, տե­ղե­կու­թիւ­նը եր­կար ժա­մա­նա­կի հա­մար պի­տի դրոշ­մուի եւ վստա­հա­բար յա­ւի­տեան պի­տի յի­շէք: Ու­րեմն, ա­ռանց անց­նե­լու մոռ­նա­լու հա­կու­մի ման­րա­մաս­նու­թեանց, դուք պէտք է կա­նո­նա­ւոր կեր­պով վե­րա­քաղ ը­նէք հին տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը՝ միա­ժա­մա­նակ նոր տե­ղե­կու­թիւն­ներ իւ­րաց­նե­լով:

4. Մթե­րում

Հին հռո­մէա­ցի­նե­րը ա­սոյթ մը ու­նէին՝ «Վեր­պա վո­լանտ սետ սքրիփթ մա­նենթ»: Բա­ռա­ցիօ­րէն՝ «Խօ­սուած բա­ռե­րը կը թռչին, կ՚եր­թան, բայց գրուած բա­ռե­րը կը մնան»: Հիմ­նա­կա­նին մէջ հռո­մէա­ցի­նե­րը մե­զի կը փոր­ձէին ը­սել, թէ որ­պէս­զի տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը յի­շուին, նախ պէտք է ար­ձա­նագ­րուին, կամ մթե­րուին մնա­յուն, կամ կի­սամ­նա­յուն ձե­ւով: Ա­սի­կա կը նշա­նա­կէ, որ երբ դուք նոր բա­ռեր կը սոր­վիք, պէտք է գրէք, կամ տպագ­րէք տեղ մը՝ ա­պա­հով պա­հե­լու եւ ա­ւե­լի ուշ վե­րա­քաղ ը­նե­լու հա­մար: Բայց բա­ռա­ցան­կը յի­շե­լու այլ ձե­ւեր կան:

Ա­մէն ան­գամ, որ դուք գոր­ծա­ծա­կան բառ մը կը սոր­վիք, ըլ­լայ ա­տի­կա մէ­կու մը հետ զրոյ­ցի, կամ շար­ժա­պատ­կեր դի­տե­լու ա­տեն, կամ գիրք կար­դա­լու ա­տեն, ձեր ըն­կա­լած նոր տե­ղե­կու­թիւ­նը ար­ձա­նագ­րե­ցէ՛ք ձեր գրպա­նի նո­թի կամ հե­ռա­ձայ­նի տետ­րին մէջ: Այս ձե­ւով դուք ո­րե­ւէ ա­տեն եւ ո­րե­ւէ տեղ կրնաք ա­տի­կա վե­րա­քաղ ը­նել:

5. Օգ­տա­գոր­ծում

Վեր­ջին հիմ­նա­կան սկզբուն­քը բա­ռա­ցանկ մը լաւ յի­շե­լու՝ օգ­տա­գոր­ծելն է այն, ինչ որ սոր­ված էք, ու­նե­նա­լով ի­մաս­տա­լի զրոյց մը: Հե­տա­զօ­տող­ներ հաս­տա­տած են, որ բա­ռե­րը այլ ան­ձի մը բարձ­րա­ձայն կրկնե­լը ա­ւե­լի ազ­դե­ցիկ է յի­շե­լու ա­ռու­մով, քան՝ ա­ռան­ձին բարձ­րա­ձայն ը­սե­լը:

Ա­սի­կա կը հաս­տա­տէ այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ դուք որ­քան գոր­ծուն յա­րա­բե­րիք մար­դոց հետ, այն­քան ա­ւե­լի սա­հուն կը խօ­սիք եւ ձեր յի­շո­ղու­թիւ­նը կը զար­գա­նայ: Ու­րեմն ձեր սոր­ված­նե­րը միշտ ջանք ը­րէ՛ք օգ­տա­գոր­ծե­լու շնչող էակ­նե­րու հետ: Ա­սի­կա օգ­տա­կար պի­տի ըլ­լայ լե­զու­ներ սոր­վե­լու ձեր ճի­գին:

Եզ­րա­կա­ցու­թիւն

Դպրոց­նե­րու մէջ մեր սոր­վա­ծին հա­կա­ռակ՝ չենք կրնար լե­զու­նե­րը մա­սե­րու բաժ­նել եւ գոց սոր­վիլ, ինչ­պէս՝ դա­սա­գիր­քի մը նիւ­թե­րը: Լե­զու­նե­րը մարդ­կա­յին բարդ ե­րե­ւոյթ են, ո­րոնք կը պա­հան­ջեն բա­ցա­յայտ եւ իւ­րա­յա­տուկ ու­սում, որ­պէս­զի իւ­րա­ցուին: Ա­սի­կա ճիշդ է, երբ խօս­քը կը վե­րա­բե­րի բա­ռա­պա­շար սոր­վե­լուն, եւ իւ­րա­քան­չիւր սոր­վող կա­րե­լիու­թիւն ու­նի մի­լիա­ռա­ւոր բա­ռե­րու մէ­ջէն ընտ­րու­թիւն կա­տա­րե­լու:

5 քայ­լե­րու մի­ջո­ցով, դուն ու­նիս անհ­րա­ժեշտ գոր­ծիք­նե­րը.

1.- Ընտ­րէ՛ այն բա­ռե­րը, ո­րոնք կ՚ու­զես կամ պէտք է որ սոր­վիս:
2.- Կա­պէ՛ զա­նոնք քու նա­խա­պէս սոր­ված­նե­րուդ:
3.- Վե­րա­քաղ ը­րէ՛ զա­նոնք մին­չեւ որ ա­նոնք հաս­նին քու եր­կա­րա­ժամ­կէտ յի­շո­ղու­թեանդ մէջ:
4.- Ար­ձա­նագ­րէ՛ զա­նոնք, որ­պէս­զի եր­բեք չկոր­սուին:
5.- Գոր­ծա­ծէ՛ զա­նոնք, ի­մաս­տա­լից մարդ­կա­յին խօ­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին:

Այս սկզբունք­նե­րը կա­տա­րե­լով՝ կրնաս բազ­մա­թիւ լե­զու­ներ սոր­վիլ: Այս քայ­լե­րով դուն ու­ղեղդ ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ ձե­ւով կը գոր­ծա­ծես եւ կը յա­ջո­ղիս խթա­նել ու­սումդ քու չպատ­կե­րա­ցու­ցած ձե­ւովդ:

ԻՍԿ 9 ԼԵԶՈՒ ՍԱ­ՀՈՒՆ ԽՕ­ՍՈՂ ­ՃՈՆ-ԷՐԻՔ ՃՈՐՏԸ ԿԸ ԹԵԼԱԴՐԷ ՀԵ­ՏԵ­ՒԵԱ­ԼԸ.

1.- Գիտ­ցէ՛ք՝ ին­չո՛ւ կը սոր­վիք:

Ա­սի­կա շատ բա­ցա­յայտ կրնայ թուիլ, բայց դուք պէտք է լաւ պատ­ճառ մը ու­նե­նաք նոր լե­զու մը ա­րա­գօ­րէն սոր­վե­լու հա­մար, որ­պէս­զի յա­րա­տեւ աշ­խա­տիք եւ ձեր նպա­տա­կին ձգտե­լու հա­ճոյքն ալ ապ­րիք: Ա­ռանց ա­տոր՝ շատ դժուար պի­տի ըլ­լայ:

2.- Գտէ՛ք  ըն­կե­րա­կից մը:

Լե­զու մը սոր­վե­լու դժուա­րու­թիւն­նե­րը ըն­կե­րոջ մը հետ դի­մա­կա­յե­լը ա­ւե­լի օգ­տա­կար է եւ ար­դիւ­նա­ւէտ: Ի­րա­րու հետ յա­ճախ ան­կաշ­կանդ զրու­ցե­լը շատ լաւ վար­ժու­թիւն է:

3.- Ա­ռան­ձին խօ­սե­ցէ՛ք:

Երբ ոչ ոք ու­նիք, ա­ռան­ձին էք, սխալ բան մը չկայ դուք ձե­զի բարձ­րա­ձայն խօ­սե­լու մէջ: Ա­սի­կա շատ լաւ ձեւ մըն է լե­զուն սոր­վե­լու վար­ժան­քին մէջ: Նոր բա­ռերն ու նա­խա­դա­սու­թիւն­նե­րը թարմ կը մնան ձեր միտ­քին մէջ:

4.- Միշտ կի­րար­կե­ցէ՛ք:

Ե­թէ դուք  զրու­ցե­լը սկիզ­բէն նպա­տակ դարձ­նէք, քիչ հա­ւա­նա­կան է, որ կոր­սուիք դա­սա­գիր­քե­րու մէջ: Մար­դոց հետ խօ­սի­լը ա­մե­նէն լաւ վար­ժու­թիւնն է: Դուք լե­զու կը սոր­վիք, որ­պէս­զի կա­րե­նաք ա­տի­կա գոր­ծա­ծել: Դուք ձե­զի պի­տի չխօ­սիք:

5.- Հա­ճոյք ա­ռէ՛ք ատ­կէ:

Ձեր նոր լե­զուն ո­րե­ւէ ձե­ւով գոր­ծա­ծե­լը ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ա­րուեստ մըն է: Քսան լե­զու­ներ սա­հուն խօ­սող աշ­խա­րահռ­չակ Եուլ­տեն եր­կուո­րեակ եղ­բայր­նե­րը յու­նա­րէ­նի վար­ժու­թիւ­նը ը­րած են գրե­լով եւ ձայ­նագ­րե­լով եր­գեր: Դուք ալ մտա­ծե­ցէ՛ք հա­ճե­լի ձե­ւով սոր­վիլ նոր լե­զու մը:

6.- Ե­րա­խա­յի նման վա­րուե­ցէ՛ք:

Ա­սի­կա չի նշա­նա­կեր, որ դուք չա­րաճ­ճիու­թիւն­ներ եւ ան­կար­գու­թիւն­ներ պի­տի ը­նէք: Փոր­ձե­ցէ՛ք սոր­վիլ այն­պէս, ինչ­պէս ե­րա­խա­նե­րը կը սոր­վին: Այն գա­ղա­փա­րը, թէ ե­րա­խա­նե­րը ժա­ռան­գա­բար ա­ւե­լի լաւ սոր­վող­ներ են, քան չա­փա­հաս­նե­րը, այժմ սկսած է փաս­տուիլ, որ ա­ռաս­պել է: Ե­րա­խա­յի մը նման ա­րագ սոր­վե­լու հա­մար պէտք է ե­րա­խա­յա­կան մօ­տե­ցու­մով խա­ղեր խա­ղալ լե­զուին հետ, սխա­լե­լու փա­փաք ու­նե­նալ: Մենք մեր սխալ­նե­րէն կը սոր­վինք:

7.- Ձեր յար­մա­րա­ւէտ գօ­տիէն դուրս ե­կէ՛ք:

Սխա­լե­լու պատ­րաստ ըլ­լա­լը կը նշա­նա­կէ, որ պատ­րաստ էք ան­յար­մար վի­ճակ­նե­րու մէջ գտնուե­լու, երբ մար­դիկ կ՚ամչ­նան: Ա­սի­կա կրնայ սար­սա­փե­լի ըլ­լալ, բայց միակ ճամ­բան է զար­գա­ցու­մի եւ կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­մի: Ան­կախ ան­կէ, թէ որ­քա՛ն սոր­ված էք, դուք եր­բեք չէք կրնար  խօ­սիլ լե­զու մը՝ ա­ռանց դուք ձեզ այդ վի­ճա­կին մէջ դնե­լու. այդ լե­զուով խօ­սիլ օ­տար­նե­րու,  խնդրել ուղ­ղու­թիւն­ներ, պա­տուի­րել ու­տե­լիք, փոր­ձել ճոք մը պատ­մել: Որ­քա՜ն յա­ճախ ա­տի­կա կ՚ը­նէք, այն­քան ա­ւե­լի կ՚ըն­դար­ձա­կուի ձեր յար­մա­րա­ւէտ գօ­տին, եւ դուք ա­ւե­լի ան­կաշ­կանդ կրնաք ըլ­լալ նոր ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ:

8.- Ունկնդ­րե­ցէ՛ք։

Դուք նախ­քան խօ­սի­լը՝ պէտք է սոր­վիք ունկնդ­րել: Իւ­րա­քան­չիւր լե­զու տա­րօ­րի­նակ կը թուի, երբ ա­ռա­ջին ան­գամ կը լսես: Բայց որ­քան ա­ւե­լի բա­ցուիս ա­տոր, այն­քան ա­ւե­լի ծա­նօթ կը դառ­նայ, իսկ ա­ւե­լի դիւ­րին կ՚ըլ­լայ պատ­շաճ խօ­սի­լը: Մենք կրնանք ո­րե­ւէ բան հնչել, սա­կայն մենք ա­տոր վարժ չենք. ա­տոր տի­րա­պե­տե­լու լա­ւա­գոյն ձե­ւը միշտ լսելն է, կամ՝ ե­րե­ւա­կա­յե­լը, թէ ինչ­պէ՛ս պէտք է հնչել: Իւ­րա­քան­չիւր ձայ­նի հա­մար բեր­նին կամ կո­կոր­դին մէջ կայ յա­տուկ բա­ժին մը, զոր մենք կ՚օգ­տա­գոր­ծենք այդ ձայ­նը ար­տա­բե­րե­լու հա­մար:

9.- Մար­դոց խօ­սակ­ցու­թիւ­նը դի­տե­ցէ՛ք:

Տար­բեր լե­զու­ներ տար­բեր պա­հանջ­ներ կը դնեն ձեր լե­զուին, շուր­թե­րուն եւ կո­կոր­դին վրայ: Ա­ռո­գա­նու­թիւ­նը, հնչե­լը նոյն­քան ֆի­զի­քա­կան են, որ­քան մտա­յին: Դի­տել այդ լե­զուն խօ­սո­ղը եւ փոր­ձել նմա­նա­կել, որ­քան որ կա­րե­լի է: Սկիզ­բը կրնայ դժուար ըլ­լալ, բայց կրնաք ը­նել: Վար­ժու­թիւն կը պա­հան­ջէ: Ե­թէ բնիկ խօ­սող մը չէք,  կրնար տես­նել. օ­տար լե­զու­նե­րով շար­ժա­պատ­կեր եւ պատ­կե­րաս­փիւ­ռա­յին հա­ղոր­դում­ներ դի­տե­ցէ՛ք:

10.- Մխրճուե­ցէ՛ք։

Ու­րեմն ո­րո­շե­ցիք: Ինչ­պէ՞ս յա­ռա­ջա­նալ: Սոր­վե­լու պատ­շաճ ձեւ մը կա՞յ: Սոր­վե­լու ի՛նչ գոր­ծիք­ներ ալ որ օգ­տա­գոր­ծէք, կեն­սա­կան է ձեր նոր լե­զուն ա­մէն օր խօ­սի­լը, վար­ժու­թիւն­ներ ը­նե­լը: Լե­զու մը խօ­սե­լու լա­ւա­գոյն մի­ջա­վայ­րը այն է, որ մար­դիկ պա­տաս­խա­նեն ձե­զի, զրու­ցեն ձե­զի հետ: Ա­սի­կա ինք­նին շատ մեծ պար­գեւ է: Մի՛ մտա­հո­գուիք, դուք մար­դի­կը չէք ան­հանգս­տաց­ներ ա­նոնց լե­զուն լաւ չխօ­սե­լով: Ե­թէ նա­խա­պէս ը­սէք, որ նոր կը սոր­վիք այդ լե­զուն, մար­դոց մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը համ­բե­րա­տար կ՚ըլ­լայ, նոյ­նիսկ կը քա­ջա­լե­րէ եւ պար­տա­ւոր կը զգայ օգ­նե­լու:

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Օգ­տա­գոր­ծուած աղ­բիւր՝ «ՊԱ­ՊԵԼ» կայք

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017