«ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՈՉԽԱՐ»ԻՆ ԱՌԱԿԸ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ

«Աստուծոյ ուրախութիւնը կորսուած ոչխարը գտնելու մէջ է»
Ֆրանսիսքոս Պապ

Որպէս սփիւռքահայ կեանքի հերթական «լուռ ցաւ» մը, վերջերս, ինչպէս շատեր, տեղեկացանք, որ Յորդանանի մայրաքաղաքը՝ Ամմանի  մէջ գործող միակ հայկական՝ «Իւզպաշեան-Կիւլպէնկեան» ազգային վարժարանը 2019-2020 կրթական տարեշրջանի աւարտին վերջնականապէս պիտի փակէ իր դռները։

Մեր անձնական փորձառութենէն եւ այս երեւոյթին մասին բազմիցս կատարած ուսումնասիրութիւններու լոյսին տակ լիաբերան կը հաստատենք, որ սփիւռքահայ վարժարանը չո՛ւնի աշակերտի խնդիր (բացի եթէ համայնքը դադրած է գոյութիւն ունենալէ), ո՛չ ալ ըստ ոմանց աժան եզրակացութեան՝ սփիւռքահայ վարժարաններու հանդէպ առկայ անվստահութիւնը, «քաղքենիացած» ծնողներու պահուածք է: Սփիւռքահայ վարժարաններու իրական խնդիրը, ինչպէս որեւէ կառոյցի պարագային, անոր վարչական ձախող տնօրինման մէջ կը կայանայ: Վեր-ջակէտ:

Այս մտքերով էի, երբ ձեռքս անցաւ սոյն նամակին պատճէնը.

«...Հիմնուելով դպրոցի Հայ աշակերտութեան մասին ձեր տուած տեղեկութեան, ըսելով որ միայն տասնեօթ աշակերտներ ունեցած էք, կը ցաւինք ըսելու, որ Պատրիարքարանը պիտի չկարենայ դպրոց մը բաց պահել տեղւոյն գաղութին համար: Ուրեմն,  յետ այսու, մենք դպրոցը փակուած կը նկատենք»:

Սոյն «մահավճիռ»ին ընթերցումը զիս տարիներ ետ տարաւ, երբ աշակերտած եմ կիրակնօրեայ դպրոցի մը, եւ յիշեցի Աւետարանի «Կորսուած ոչխարը» առակը: Զայն ձեզի հետ կը բաժնեմ հետեւեալ տողերուն մէջ, առանց յաւելեալ մեկնաբանութեան: Եզրայանգումները կը ձգեմ իւրաքանչիւր սրտցաւ հայու.

Հովիւ մը 100 ոչխար ունէր: Ամէն օր ան իր ոչխարները արածելու կը տանէր լեռներուն մէջ, իսկ ամէն իրիկուն զանոնք կը հաշուէր վստահ ըլլալու համար, որ բոլորը վերադարձած են:

Իրիկուն մը ան կ՚անդրադառնայ, որ մէկ ոչխար կը պակսէր: Հովիւը մտմտուքի մէջ կ՚իյնայ, սակայն կ՚որոշէ 99 ոչխարները ձգել եւ երթալ գտնելու կորսուած ոչխարը:

Հովիւը կորսուած ոչխարը կը փնտռէ, մինչեւ որ կը գտնէ զայն, ապա ուրախութեամբ կը վերադառնայ իր հօտին մօտ:

Այսօրուայ համար այսքան:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Շաբաթ, Յունիս 6, 2020