Ամերիկեան Բարքեր
ՈՍՏԻԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՊՕՐԷՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ…
Այս դէպքը պատահած է Ճորճիա նահանգի Ռազուէլ քաղաքին մէջ։ Պատահարին մանրամասնութեանց չանցած՝ կ՚ուզեմ որպէս ենթահող, հետեւեալ մէջբերումը կատարել։
Մենք գիտենք, որ ոտնագնդակի (football) խաղը չսկսած՝ իրաւարարը խմբապետներու ներկայութեան, դրամ մը օդը կը նետէ (toss a coin) որոշելու համար, թէ ո՛ր խումբը ի՛նչ կը նախընտրէ։
Շահող խումբը կրնայ որոշել խաղավայրի կողմը կամ խաղալու առաջնահերթութիւնը։ Իսկ միւս խումբը կը համակերպի եւ այսպէսով խաղը ընթացք կ՚առնէ։ Ձեւով մը բախտախաղի մէկ տարբերակն է սա, որ ընդունուած է բոլորին կողմէ։
Հիմա գանք մեր բուն միջադէպին։ Ուրեմն, մի ոմն՝ Սարա Ուէպ, ինքնաշարժով գործի կ՚երթար անցեալ ապրիլ ամսուան ընթացքին, երբ ոստիկանական ինքնաշարժը հրահանգ կու տայ ճամբուն եզրը անցնիլ։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ սահմանուած արագութիւնը անցած էր ան։
Սարա կ՚ընդունի, որ արագ կը սուրար, որովհետեւ գործին ուշացած էր։ Օրէնքով, ան արժանի էր տուգանքի ենթարկուելու։ Սակայն Քորթնի Պրուան՝ ոստիկաններէն մին, կ՚ուզէ իր ոստիկան ընկերոջ՝ Քրիսթի Ուիլսընի (տես՝ նկարը), կարծիքը առնել։ Մինչեւ հոս, ապօրինի ոչ մէկ արարք։ Բայց…
Այդ երկու ոստիկանները կը նախընտրեն դրամ մը օդը նետել՝ որոշելու համար, որ տուգանքի ենթարկե՞ն յանցապարտը կամ ոչ։ Մարդկային ի՜նչ ստորին վար-ւելակերպ ոստիկանի մը համար, որուն նշանաբանն է «Ծառայել եւ պաշտպանել», այսինքն՝ To Serve and Protect.
Ոստիկանները ոչ թէ միայն կ՚որոշեն տուգանքի ենթարկել յանցապարտը, այլեւ ձերբակալելով զայն բանտ կը տանին: Բարեբախտաբար սակայն երբ դատախազը (prosecutor) վերահասու կը դառնայ եղելութեան, անմիջապէս ազատ կ՚արձակէ Սարա Ուէպը:
Գալով խնդրոյ առարկայ ոստիկաններուն, անոնք ժամանակաւոր կերպով դադրած են գործէ, մինչեւ որ ոստիկանական յատուկ յանձնախումբը աւարտէ իր քննարկումը՝ անոնց անվայել արարքին նկատմանբ։
ՁՐԻ ԻՆՔՆԱՇԱ՞ՐԺ…
Այսինքն՝ նուէր։ Որո՞ւ եւ ինչո՞ւ, թոյլ տուէք բացատրեմ։
Քորի Փեթրիք, մօրը՝ Ֆըլիշա Ուայթի հետ կը բնակի Ալապամա նահանգի Պըրմինկհըմ քաղաքը։ Ան կը յաճախէ Թերընթ քաղաքի երկրորդական վարժարանը, որ Պըրմիկհըմէն բաւական հեռու է։
Քորի (տես՝ նկարը) ամէն առտու կ՚արթննայ ժամը 4.30-ին, որպէսզի 5.41-ի պասը առնելով երթայ դպրոց։ Երեւակայեցէ՛ք, որ ան պէտք է մէկ ժամէն աւելի քալէ, պասին հասնելու համար… Իսկ երեկոյեան ան դպրոցի մօտէն պասը կ՚առնէ ժամը 5:19-ին, որպէսզի 7.00-ի մօտերը հասնի տուն:
Քորիի վերոյիշեալ ճգնաժամը սկսաւ, երբ ան մօրը հետ փոխադրուեցաւ Պըրմինկհըմ քաղաքը։ Ան չուզեց իր յաճախած վարժարանը փոխել՝ փափաքելով, որ մէկ տարի տոկայ եւ վկայուի նոյն վարժարանէն։
Քորի դպրոցի աւարտական հանդէսի օրը տաժանակիր նոյն ճամբան պիտի հարթէր, բայց այս անգամ՝ շրջանաւարտութեան տարազով։ Երբ վազն ի վազ ան կը հասնի պասին, վարորդը առանց Քորիի գիտակցութեան կը նկարէ զինք եւ այդ նկարը կը զետեղէ դիմատետրի (Facebook) իր էջին վրայ։
Այդ նկարը սեփականութիւնը կը դառնայ 400 հազարէ աւելի դիմատետրի յաճախորդներուն, որոնց մէջ կը գտնուի նշանաւոր կատակերգակ եւ ձայնասփիւռի հաղորդավար Ռիքի Սմայլի։ Այս վերջինը, խիստ տպաւորուած Քորիի վճռակամութենէն, կ՚որոշէ ինքնաշարժ մը նուիրել անոր, որպէսզի ան վերջ տայ իր չարչարանքին։
Առաւել՝ ինքնակամ եւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններէ կը գոյանայ 11 հազար տոլար, որպէսզի, ի միջի այլոց, Քորի կարենայ ինքնաշարժ վարելու դասընթացքին հետեւիլ եւ վկայուիլ որպէս վարորդ։ Իսկ միւս կողմէ՝ ան կը ստանայ նաեւ լման կրթաթոշակ, Ճեքսընվիլ համալսարանէն։
Հոս կ՚ուզեմ դիտել տալ, որ բարի կամեցողութիւնը չի պակսիր դրամատիրական այս երկրին մէջ…
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան