ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ (ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՑՈՒՑՈՒՄ)

ԺԱ.

ՍԻՐՈՅ ԴԵՐԸ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Սիրոյ արտայայտութիւնները հիներուն մէջ: Անոր դերը ամուսնութեան խնդիրին մէջ: Հաճոյանալու բաղձանքը, իբրեւ բնազդային զգացմունք: Արդի հասարակութեան հայեացքը սիրոյ վրայ: Հարուստ հարսնցուն: Օժիտի անբարոյականացնող ուժը: Սէրը քաղաքին եւ գիւղին մէջ: Հարուստ երիտասարդներու պսակը: Սէր եւ յափշտակում: Սէրը կը կուրցնէ: Նշանտուքի իմաստը: Ամուսնացողներու բնաւորութիւններուն տարբերութիւնը: Ծնողներուն դերը զաւակներու ամուսնութեան մէջ: Օճախը: Ամուսնացողներուն մէջ՝ դասակարգի, ծագումի եւ զարգացումի տարբերութիւնը:

Բազմաթիւ անբախտութիւններէ կը փրկէ մեզի մեր յարգանքը դէպի օճախը: Օճախը մեծ նշանակութիւն ունի մեր մէջ հարս ու փեսայ ընտրելու հարցին մէջ: «Աղջիկը լաւ տունէ է», եւ այդ հանգամանքը իրաւացի կերպով բաւարար գրաւական կը համարուի, որ ան բարոյական կին ու լաւ մայր կ՚ըլլայ: Անշուշտ լաւ օճախէ զաւակ ըլլալը բացարձակ երաշխիք չէ, բայց ժառանգականութեան օրէնքին համաձայն, պէտք է յուսալ, որ լաւ ընտանիքներու մէջ, աւելի դիւրին է լաւ փեսայ եւ լաւ հարս գտնել, քան վատ օճախներէ:

Մեր կիսակիրթ հասարակութեան մէջ, դժբախտաբար տակաւին կրթութիւնը, բարոյականութիւնը, ազնուութիւնը չեն կրնար մոռցնել տալ ստոր ծագումը: Արիսթոքրատ կոչուած երիտասարդ մը միշտ մի քանի աստիճանով բարձր կը կարծէ իրեն իր կնոջմէ, որ որեւէ բազազի մը [կտաւեղէնի՝ գործուածքներու վաճառական] աղջիկ է, թէեւ այդ քաղքենին իրմէ աւելի կրթուած, աւելի զարգացած ըլլար: Եւ ընդահակռակը:

Այս տխուր երեւոյթը անշուշտ անքաղաքակրթութեան նշան է, մտաւոր մակերեւոյթի ցածութեան արտայայտութիւն է, այնուամենայնիւ ամուսնական խնդիրին մէջ ան պէտք է հաշուի առնուի:

Բեմի վրայէն յաճախ նշաւակուած այս արատը. շատ մը թատերական կտորներէ դուրս բերուած են այն դատարկասիրտ ու դատարկագլուխ «արիսթոքրատները», որոնք «իրենց քայքայուած հասոյթները դրստելու համար» որեւէ մէկ հարուստ քաղքենիի վրայ կը պսակուին, եւ յետոյ արհամարհաքով, իրենց արիսթոքրատութեան բարձրութենէն կը նային անոր ու անոր ծնողներուն վրայ, անդադար զգալ տալով, որ մեծ բարերարութիւն ու պատիւ ըրած են անոնց…

Եթէ այդպիսի անախորժութիւններու՝ եթէ չըսենք ուղղակի անդադար կռիւներու, առիթ կու տան կարողութեան եւ ծագումի անհաւասարութիւնը, ի՛նչ հետեւանք պիտի ունենայ ընտանեկան կեանքին մէջ ամուսիններու մտաւոր զարգացումին տարբերութիւնը:

Այս խնդիրին լուծումը չափազանց դըժւար է, քանի որ այս տարբերութիւնը կրնայ շատ մեծ ըլլալ, հետեւաբար եւ տարբեր կերպով կրնայ ազդել ընտանեկան երջանկութեան վրայ:

Եթէ, օրինակ, մարդը համալսարանական է, իսկ կինը կրթարան (gymnasium) աւարտած աղջիկ, անոնք կրնան գաղափարակից ըլլալ եւ հասկնալ զիրար: Իսկ եթէ կինը ընդհանրապէս ուսում չունի, իսկ ամուսինը մեծ ուսումի տէր է, կամ ընդհակառակը. երբ լաւ կրթուած, ուսում ստացած աղջիկ մը (անշուշտ աղքատ), գռեհիկ, անկիրթ ու անուսում տղայի մը (անշուշտ հարուստ) կին կը դառնայ, այն ատեն անոնց մէջ վերը նկարագրուած յարաբերութիւնները կը սահմանուին: Վերջին ձեւի կապերը հիմա աւելի յաճախ տեղի կ՚ունենան շնորհիւ այն զարմանալի երեւոյթին, որ գիւղէն եկած եւ տռեխները նոր հանած երէկուան հասարակ բանուորը, բախտի բերումով յանկարծ ահագին կարողութեան տէր կը դառնայ: Բագուն այդպիսի անակնկալներ կը սիրէ ընել: Անշուշտ այդպէս հարստացածը իր աղջիկը հասարակ մարդու չի տար. դրամի ուժով եւ մեր երիտասարդներուն ստոր դրամասիրութենէն ալ օգտուելով, դիւրութեամբ իր աղջկայ համար ճարտարագէտ մը, կամ բժիշկ մը կը ճարէ: Մենք ծայրայեղ դէպքեր վերցուցինք, բայց ոչ բացառիկ դիտող աչքը այդպիսի օրինակներ ամէն տեղ կը տեսնէ: Ընդհանրապէս ամուսինները իրարմէ կրթութեամբ այսքան չեն տարբերիր եւ սիրող մարդը դիւրութեամբ կրնայ կրթել, զարգացնել իր կինը եւ բարձրացնել, հասցնել զինք իր զարգացումի մակերեւոյթին: Գիւղական ազգաբնակութիւնը այնչափ պահանջկոտ չէ դէպի կինը. անուսում ըլլալը խոչընդոտ չէ լաւ ընտանիք կազմելու համար, բայց քաղաքային կեանքին մէջ արդէն մեր մէջ եւս կը սկսի հասարակական կրթութեան պահանջ ծագիլ:

***

Սէրը, փոխադարձ յարգանքը կը հաւասարեցնէ ամուսինները, ինչ դասակարգի ալ պատկանէին անոնք, ինչ շրջանէ ալ դուրս եկած ըլլային: Ընդհակառակը, երբ այս փոխադարձ համակրութիւնը բացակայ է, այն ատեն ամենէն մանր անհարթութիւնները սարեր կը դառնան, որոնք կենակիցները կը բաժնեն իրարմէ:

Շատ միամիտ (ամէն պարագայի չափազանց մեծամիտ ու ինքնահաւան) է այն մարդը, որ կը կարծէ, թէ պսակուելէ ետք իրեն «սիրել կու տայ»: Յաճախ անոր ջանքերը զուր կ՚ըլլան. թերեւս աղջիկը հեզ եւ հնազանդ կին դառնայ եւ օրինակելի մայր, բայց անոր սիրտը միշտ սառն կը մնայ, ինչպէս գերեզման: Անդունդ մը յաւիտեան կը բաժնէ երկուքին սիրտերը, անդունդ՝ որ աշխարհիս բոլոր ադամանդները անկարող կ՚ըլլան լեցնել զայն…:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 26

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2023