2017 Հայուն «Վերանորոգումի» Գործընթացը
«Քրիստոնէական մօտեցումով, մարդն է վերանորոգման կիզակէտը»
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ
Աստուածաբանութիւնը՝ քրիստոնէական-աստուածաշնչական, եթէ մէկ կողմէ ունի համամարդկային տեսադաշտ եւ պարունակութիւն, բայց միեւնոյն ժամանակ՝ առանձնայատկութիւն, ուր իւրաքանչիւր անհատ կ՚ընդելուզուի հաւաքականութեան մշակոյթին, քաղաքակրթութեան եւ կենցաղի հետ եւ այս բոլորին ընդմէջէն՝ անոր/անոնց ապրած կեանքին ու փորձառութեան կու տայ նկարագիր եւ ինքնութիւն:
Սակայն հիմնական կը մնայ այն, որ քրիստոնէական Աստուածաբանութեան միտք բանին «փոփոխութիւն» յառաջացնել է մարդուն եւ հաւաքականութեան կեանքերուն համար (Ճեսէ Մուկամպէ եւ Մայքըլ Կայ, 2009): Եւ այս իմաստով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իւրաքանչիւր տարուան սեմին հայ ժողովուրդի զաւակները կը հրաւիրէ «իրենց մտածումներուն, աշխատանքներուն ու կեանքին մէջ լուսարձակի տակ բերելու ազգին ու եկեղեցւոյ առընչուած արժէք մը, խոր մտահոգութեան մը կամ լուրջ սպասում մը»: Եւ այս «արժէքի», «մտահոգութեան» եւ «սպասումի» գիտակցութիւնը վեհափառ հայրապետի ջանքերէն մին է՝ «փոփոխութիւն» յառաջացնելու մեր անհատական, հաւաքական ու ազգային կեանքերուն մէջ: Եւ փոփոխութիւնը, եթէ մէկ կողմէ «հնամաշ գործելակերպերէ եւ յռռի կենցաղակերպերէ» հեռու մնալ է, բայց նաեւ է՛ «կրօնական, ազգային ու բարոյական արժէքներու, աւանդութիւններու ամրօրէն կառչիլ», հետամուտ ըլլալով «բացուելու, քննական ու զգուշաւոր մօտեցումով մեզ շրջապատող իրականութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն»:
Եւ այս հասկացողութեան մէջ եւ անոր ընդմէջէն կ՚արժէ վեր առնել 2017 թուականը վերանորոգումի տարի յայտարարելու վեհափառին քայլը:
Արդարեւ, Արամ Ա. կաթողիկոս իր «վերանորոգումի» բացատրութեան կը սկսի աստ-ւածաշնչային տեսանկիւնէն՝ զետեղելու համար զայն մեր ազգային-հաւաքական-հասարակական կեանքերուն մէջ: Որովհետեւ, եւ ինչպէս վեհափառ հայրապետը կը մատնանշէ, «Աստուածաշունչը իր էութեամբ, իր խորքով ու նպատակով մարդը դէպի հոգեւոր ու բարոյական վերանորոգում առաջնորդող երկնային պատգամ մըն է՝ Աստուծոյ յայտնութեամբ փոխանցուած մարդուն»:
Քրիստոնէական աստուածաբանութեան եւ անոր մարդկային անհատականութեան ու կեանքին մէջ «փոփոխութիւն» յառաջացնելու հասկացողութիւնը կը սկսի Աստուածաշունչի Հին Կտակարանէն: Եհովան՝ Հին Կտակարանի Աստուծոյ անուանումը, եւ անոր «խոստումը» «իր ժողովուրդին», իմա՝ յոյսը…: Եւ այս խոստումը՝ յոյսը, ակներեւ է Հին Կտակարանի շատ մը գիրքերուն մէջէն՝ սկսելով Ելից գիրքէն: Հրեայ ժողովուրդի քառասուն երկար տարիներու անապատին մէջ թափառումը պէտք է ընկալել որպէս Աստուած-ժողովուրդ յարաբերութեան, իրարու նկատմամբ վստահութեան եւ իրարու առընչուելու գրաւականը: Եւ թէ Աստուծոյ «խոստումը»՝ «յոյսը», որ «իր ժողովուրդը» պիտի հասցնէ «խոստացուած երկիրը», պէտք չէ անպայմանօրէն առընչել «մէկ ժողովուրդի» պատմութեան, եւ ոչ ալ «երկիրը» պէտք է հասկնալ ներկայ օրերու միջինարեւելեան հողի ու տարածքաշրջանի քաղաքական ու ռազմավարական հակամարտութիւններու բացատրութեան մէջէն: «Իր ժողովուրդը» ունի ընդհանրական (համամարդկային) բացատրութիւն եւ մեկնաբանութեան հասկացողութիւն: Իսկ «երկիր»ը խոստումն է հասնելու նորին ու նոր սկիզբին եւ բոլոր ժողովուրդներուն համար (Նայիմ Աթիք, 1995): Եւ Հին Կտակարանի մարգարէութիւններու մէջէն կը տեսնենք այս համապարփակ իրականութիւնը: «Ո՛վ կղզիներ, ինծի մտիկ ըրէք, ո՛վ ժողովուրդներ, հեռուէն ականջ տուէք… որպէսզի մինչեւ երկրին ծայրը իմ փրկութիւնս ըլլայ» (Եսայեայ 49:1,6): Ու տակաւին նոյն Մարգարէութիւններու մէջ՝ այս նորին՝ իմա՛ վերանորոգումի խոստումը կ՚երեւի. «Իմ տունս անոր մէջ պիտի շինուի… իմ քաղաքները նորէն բարիքներով պիտի յորդին եւ Տէրը նորէն Սիոնը պիտի մխիթարէ» (Զաքարեայ 1:16-17):
Բայց կայ այս նոյն «խոստումին»՝ յոյսին իրականացումը: Եւ այս կու գայ Նոր Կտակարանի մէջ Աստուծոյ՝ «Մեսիայով»՝ իմա՛ Քրիստոսով: Եւ խոստումը՝ (իմա՛ յոյսը եւ անոր յառաջացուցած փոփոխութիւնը) մարդուն վերանորոգումի հասկացողութեան մէջ էր, որ իրականացաւ Աստուծոյ մարդեղութեամբ: Եւ հոս է, որ պէտք է կամրջել Հին Կտակարանի Աստուածը՝ Եհովան ու Նոր Կտակարանի Մեսիան՝ Քրիստոսը՝ որպէս մէկ ինքնութիւն: Եհովային յոյսի խոստումը՝ մարդուն վերանորոգումը, որ կ՚իրականանայ Մեսիային՝ Քրիստոսի յայտնութեամբ:
Ուոլթըր Պրուկման (2001) «նոր»ը կը նկարագրէ Քրիստոսի խաչին հասկացողութեան ընդմէջէն: Ան կը ներկայացնէ, թէ Քրիստոս «քննադատեց» հինը, երբ այս աշխարհի մէջ էր եւ իր մահուամբ խաչին վրայ քանդեց այն բոլորը, զորս քննադատեց: Իր յարութեամբը շինեց «նոր»ը՝ վերանորոգուած հաւաքականութիւնը, որպէսզի մարդկութիւնը ունենայ նոր սկիզբ: Եւ այս նոր սկիզբն է, որ մարդուն եւ հաւաքականութեան կեանքերուն մէջ կը յառաջացնէ փոփոխութիւն՝ վերանորոգումի տեսլականով: Եւ այս վերանորոգումի տեսլականը վեհափառ հայրապետը կը դնէ որպէս «անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն»:
«Եւ այս վերանորոգումի կիզակէտը, քրիստոնէական մօտեցումով, մարդն է…»: Մարդուն փոփոխութիւնն է, վերանորոգումն է, որ յառաջ պիտի տանի հաւաքականութեան վերանորոգումը: Եւ եկեղեցի հասկացողութիւնը պէտք է ընդարձակել նոյնինքն այս նոր՝ վերանորոգուած մարդկային կեանքի տեսադաշտէն: Հոն, ուր եկեղեցին «իր կեանքին ու առաքելութեանը օրակարգին վրայ միշտ առաջնահերթ տեղ տուաւ վերանորոգումին» (Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ):
Որովհետեւ եկեղեցին այս վերանորոգուած եւ վերանորոգող կեանքերը տեւապէս «արտադրելու» հրամայականին մէջ գտնուած է ու պէտք է շարունակէ ընել նոյնը:
Եթէ Քրիստոսի խաչը եւ յարութիւնը աշխարհը չփոխեցին, բայց Ան փոխեց Իր առաքեալները: Եւ առաքեալները փոխեցին աշխարհը (Ճոան Տելափլէյն, 2012): Եւ վերանորոգումի գործընթացը փոփոխութիւն յառաջացնելու մէջ է: Եթէ այս փոփոխութիւնը չըլլայ՝ քրիստոնէական հասկացողութենէն եւ անոր պրիսմակէն, սխալ բան մը պատահած պիտի ըլլայ: Փոփոխութիւնը եւ անոր հետ յառաջ եկած նորն ու նորութիւնը շարունակուող եւ տեւապէս աճող, զարգացող եւ վերանորոգող գործընթաց մըն է, ուր անհատական եւ հաւաքական մեր կեանքերը տեւապէս կը վերանորոգուին:
Եւ վեհափառ հայրապետը վերանորոգումի այս աստուածաբանական միտք բանին է, որ կը դնէ մեր ազգային-հաւաքական կեանքերուն համար եւ՝ 2017 տարուան որպէս գիտակցութիւն: Որովհետեւ, եւ ինչպէս վեհափառ հայրապետը կ՚ընդարձակէ իր տեսութիւնը, «կարելի չէ բաժանման գիծ մը քաշել քրիստոնէական ու ազգային մօտեցումներուն կամ արժեւորման միջեւ»: Եւ այս իմաստով, մեր համահայկական (սփիւռք եւ հայրենիք) վերանորոգումի գործընթացը կը սկսի նոյնինքն հայ մարդէն: Իւրաքանչիւրէս…
Հայ մարդուն վերանորոգումը կարեւոր հիմք է: Բայց կայ նոյնքան գիտակցութիւնը: Իւրաքանչիւր վերանորոգուած հայ անհրաժեշտ է, որ դառնայ «Առաքեալ»…: Առաքեալ, որ պարտի վերանորոգել միւս հայը… Ու բոլորը միասին հայ հաւաքականութիւնը՝ Ազգ ու Հայրենիք: Եւ վեհափառը կը դնէ այս իրականութիւնը հայուն դիմաց՝ որպէս մարտահրաւէր: «Իւրաքանչիւր ազգի զաւակ՝ որպէս հարազատ անդամը մեր Մեծ Ընտանիքին, որ կոչուած է իր ապրած կեանքի որակով ու հարուստ գործերով կարեւոր նպաստը բերելու մեր եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին…»:
Հայուն վերանորոգումի գործընթացը հայ մարդէն կը սկսի, բայց կը շարունակուի՝ հասնելու համար հաւաքականութեան, ազգին ու հայրենիքին: Ապա թէ ոչ, եւ ինչպէս վեհափառ հայրապետը կը զգուշացնէ. «Մեր համայնական կեանքերը դէպի մեկուսացում, աղքատացում ու ճահճացում կրնան երթալ»:
Հայ մարդուն վերանորոգումը: Թող որ 2017 տար-ւան համար դառնայ առաքելութիւն, ուր իւրաքանչիւր հայ կը վերանորոգուի, բայց նաեւ կը դառնայ… Առաքեալ: Եւ կը վերանորոգէ միւս հայը: Ու բոլորը միասին կը վերանորոգեն հայկական հաւաքական կեանքը:
Եւ ասիկա հայուն վերանորոգումի գործընթացն է, ուր իւրաքանչիւր հայ կը վերանորոգուի եւ կը վերանորոգէ: Հայ անհատը եւ նաեւ՝ հայկական հաւաքականութիւն(ներ)ը:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Օգտագործուած աղբիւրներ.
Արամ Ա. կաթողիկոս, «Վերանորոգումի տարի», 2017: Կաթողիկոսութիւն Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, Լիբանան, 2017: Jesse N. K. Mugambi and Michael R. Guy, Contextual Theology Across Cultures (Nairobi: Action Publishers, 2009). Walter Brueggemann. The Prophetic Imagination (Minneapolis: Fortress Press, 2001). Naim S. Ateek, «A Palestinian Perspective: Biblical Perspectives on the Land», in Voices from the Margins, ed. R.S. Sugirtharajah (London: Orbis Books, 1995). Joan Delaplane, «A Future Full of Hope», The Living Pulpit (January-March 2012).