ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ՆՈՐԻՆ…

26.2 մղոն (42.2 քմ.) մարաթոնի վազքը սկսած է 1896 թուականի Ողիմպիական խաղերուն։ Ան կը խորհրդանշէ  յոյն զինուորի մը վազքը՝ Մարաթոնէն մինչեւ Աթէնք, աւետելու յաղթանակը։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պոսթոն քաղաքի Մարաթոնի տարեկան վազքը ծնունդ առած է Ողիմպիականի խաղերէն եւ սկսած՝ 1897 թուականին, 18 մասնակցողներով։ Ան տեղի կ՚ունենայ Ապրիլ ամսուայ երրորդ Երկուշաբթի օրը։

Այս տարի, Պոսթոնի Մարաթոնի վազքը տեղի ունեցաւ, 17 Ապրիլին, որ կը զուգադիպէր «Հայրենասիրութեան օրուան» (Patriot՚s Day)։ Մասնակցողներուն թիւը հասած էր 30 հազարի։

Իսկ այս տարուայ Մարաթոնի յատկանշական կէտը այն էր, որ մասնակցողներուն մէջ կային շատ մը վիրաւոր-ւած վեթերան զինուորներ։ Օրինակներով խօսելով՝ կարելի է յիշել Բանակային Քսանապետ Կրէնվիլը (Army Staff Sergeant):

Մեր վեթերան հերոսը ոչ թէ միայն ինք վազեց 26.2 մղոնը, այլեւ վազքի վերջաւորութեան՝ շալակը առնելով օգնած էր ուրիշի մը եւ մէկ ձեռքով ալ շալկած էր ամերիկեան դրօշը։

Առ ի հետաքրքրութիւն ըսեմ, որ յետ ուսումնասիրութեանց, ի յայտ եկած է որ Քսանապետ Կրէնվիլը Աֆղանիստանի մէջ իր երրորդ ծառայութեան ընթացքին՝ 2008 թուականին, կորսնցուցած էր իր ոտքը՝ ականային արկածի մը պատճառաւ…

Պէտք է նշել, որ Քսանապետ Կրէնվիլի յանդուգն այս նախաձեռնութիւնը գրաւած էր շատերու ուշադրութիւնը։ Ան՝ դիտել տուին պատասխանատու պաշտօնատարները, իր այս եզակի արարքով յստակօրէն մարմնաւորեց Հայրենասիրութեան օրուան՝ Յաղթութեան ոգին։ Իսկ ես համեստօրէն պիտի աւելցնէի թէ՝ «Կամենալը, կարենալ է» եւ սա պէտք է օրինակ հանդիսանայ բոլորիս:

ՆՈՐԵԼՈՒԿ ԵԿԵՂԵՑԻ ՄԸ

Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ եկեղեցի մը հիմնելը, գործ մը բանալու չափ դիւրին է։ Կը դիմես պատկան իշխանութեանց՝ եւ հարկ եղած փաստաթուղթերը ներկայացնելէ ետք, կը ստանաս արտօնութիւն։ Այսպէս՝ նոր եկեղեցի մը եւս կը բանայ իր դռները, հանրութեան առջեւ։

Այս վերջին եկեղեցին՝ որ 20 Ապրիլ 2017 թուականին, հանրութեան առջեւ բացաւ իր դռները, կը կոչուի International Church of Cannabis։ Cannabis-ը հնդկական կանեփի տերեւէն հանուած թմրեցուցիչ մըն է՝ նման մարիխուանայի, որ սիկառէթի թուղթին մէջ փաթթուելով կը գործածուի։

Պատահական չէ որ Քոլորատօ նահանգի Տենվըր քաղաքին մէջ հաստատուած այս եկեղեցին իր դռները բացաւ 20 Ապրիլին։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ այդ թուականը կը զուգադիպի անպաշտօն արձակուրդի մը, որ կը կոչուի «Մարիխուանա վործածողներու տօն»։

Բայց ինչո՞ւ եկեղեցի, եւ ոչ՝ մի այլ կազմակերպութիւն… որովհետեւ եկեղեցին տուրքէ զերծ է եւ պատասխանատուները համարատու չեն յաչս պետութեան։ Հոս պէտք է նշեմ, որ մարիխուանայի գործածութիւնը պետականօրէն արտօնուած է ութ նահանգներու մէջ, ներառեալ Գալիֆորնիան։

Վերադառնալով անպաշտօն տօնակատարութեանց՝ վերոյիշեալ «Մարիխուանա գործածողներու տօն»ին նման, ուրիշ տօն մըն ալ կայ, որ ջիղերս օդը կը հանէ: Այդ է Gay Pride Day, այսինքն՝ Միասեռականներու հպարտութեան տօն։ Այս տօնը կը զուգադիպի Յունիս ամսուայ վերջին Կիրակի օրուան։

Այդ օր՝ փառաշուք տողանցքով մը կը սկսի տօնախմբութիւնը եւ կը վերջանայ շքեղ հանդիսութեամբ մը, որու ընթացքին խօսք առնելու համար քաղաքական ընտրեալ պաշտօնատարները զիրար կը հրմշտկեն… Ինչո՞ւ, որովհետեւ քուէ ապահովելու արշաւ մը կայ՝ բոլորին մտքերուն մէջ։

Է՜հ… ի՜նչ օրերու հասանք։ Երբ Միջին Արեւելք էինք եւ Ամերիկա կ՚երազէինք, ինչ գիտնայինք, որ այսպիսի զզուելի դէպքերու դէմ յանդիման պիտի գտնուէինք։ Բայց շատ ուշ է այլեւս անգամ մը եւս տեղահանուիլ եւ դէպի ու՞ր:

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Յուլիս 7, 2017