ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՔԱՅԼ ՄԸ ԱՆԴԻՆ

Վերջին շաբաթներուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած զարգացումները քաղաքական նոր փուլի մը նախասկիզբն են։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ հարիւր հազարաւոր ցուցարարներու առջեւ կանգնելով կը յայտարարէր, թէ Հայաստանի մէջ «Վենտեթա» պիտի չըլլայ, այսօր բոլորովին նոր դրութեան մը առջեւ է։

Խնդիրն այն է, որ «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» ամիսներ առաջ, ոչ ոքի միտքէն կ՚անցնէր, որ նման ծանր «քալիպր»ով գործիչներ ու ապահովական պատասխանատուներ կրնան նման նեղ դրութեան մը մէջ իյնալ։

Այդ օրերուն էր նաեւ, որ մեր նման շատ-շատեր կը հաւատային, որ գործող վարչակարգը շատ ուժեղ վարչակարգ է ու անոր տասնեակ լծակներն ու գործիքները յար եւ նման են «գորթեան հանգոյց»ի մը, որ ընդհանրապէս անհնար է քակել։

Այսօր սակայն բոլորովին այլ իրավիճակ կը տիրէ Հայաստանի մէջ։

Հարց պիտի տանք. այս բոլորին ետին կա՞յ քաղաքական որոշում, կամ արդեօք տեղի ունեցող դէպքերուն առընթեր վարչապետ Փաշինեանն ու անոր գաղափարակիցները «յարմար» ընտրանքներ ունի՞ն, կամ ոչ։

Ինչպէս վերը նշեցի, յստակ սկսած է դառնալ, որ գետնի վրայ արձանագրուող անսպասելի դէպքերը խորքին մէջ, իրենք են, որ օրակարգ կը թելադրեն։

Այդ դէպքերը, այդ դէպքերուն առթիւ «բացուած» գործերը, ձերբակալումներն ու խոստովանութիւններն են, որ նոր ժամանակի կը տանին Հայաստանի քաղաքական օրակարգը եւ նոր ճանապարհ կը բանան երկրի քաղաքական կեանքի, երկար ժամանակէ ի վեր միապաղաղ դարձած իրադրութեան։

Այս բոլորէն անդին, նոյնպէս պէտք է ըմբռնել, որ եղած դէպքերը նպատակ ունին «մաքրել» քաղաքական թատերաբեմը եւ հանգիստ աչքերով հայիլ դէպի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ։

Ճիշդ է, որ տակաւին վաղ է այդ ընտրութիւններու ընդհանուր պատկերը կազմելը, սակայն յստակ է, որ այսօրուան դրութեամբ ընտրութիւններու համար մէկ քուէ ստացողը պիտի հանդիսանայ «Ժողովրդային թեկնածու» Նիկոլ Փաշինեանը։

Անշուշտ տակաւին պարզուած չէ, թէ Փաշինեան կամ «Ելք»ի դաշինքի շուրջ համախմբուած (եթէ «Ելք»ը շարունակէ մնալ խաղադաշտին վրայ) ուժերը ինչ տոկոս պիտի առնեն եւ մուտք գործեն խորհրդարան, բայց եւ այնպէս, բոլոր հիմնադրոյթները ցոյց կու տան, որ յառաջիկայ Ազգային ժողովը պիտի դառնայ «Փաշինեանի խորհրդարան»։

Անշուշտ գաղտնիք ալ չէ, որ այս օրերուն Երեւանի մէջ տեղի ունեցող «ցնցիչ» բացայայտումներն ալ ջուր պիտի լեցնեն Փաշինեանի ժողովրդականութեան ջրաղացին՝ երիտասարդ վարչապետն ու անոր գաղափարակիցները բոլոր իմաստներով հեռու պահելով «ժողովրդային ձանձրոյթ»ի կամ յուսախաբութեան ընդհանուր վտանգներէն։

Ամէն պարագայի տակ այսօր աւելի քան երբեք, յստակ սկսած է դառնալ, որ ձերբակալութիւններէն ու մեղադրանքներէն անդին Հայաստանի թիւ մէկ խնդիրը արդար եւ արդիական համակարգեր ստեղծելն է, ինչ որ պէտք է կատարուի դանդաղ, բայց հաստատ քայլերով։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յուլիս 7, 2018