ՎԱՂՈՒԱՆ ՀԱՇՈՒԵԿՇՌԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ՄԻԱՅՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ… ԵՒ ՈՉ ՊԱՌԱԿՏՈՒՄՆԵՐԸ

Յաղթահարել ներազգային մեծ ու պզտիկ տարակարծութիւնները եւ մեծնալ…

Տարակարծութիւնները պատմութեան դիմաց արհամարհելի մանրուք են: Չեն յիշուիր:

Երբեմն ալ հարկ է անջատուիլ անմիջականէն, յուզումներէն, համամարդկային ժառանգութեան էջերուն վերադառնալ, հոն գտնելու համար կեանքի եւ պատմութեան դասը, յաճախ մեզի պակսող իմաստութիւնը, առաքինութիւնները:

Սխալ պէտք չէ հասկնալ. մեծ վտանգին դիմաց տարակարծութիւնները յաղթահարել՝ չի նշանակեր իւրայատկութիւններ եւ ինքնութիւն կորսնցնել, բազմակարծութեան իրաւունքը գերեզմանել, հաստատել օրուէլեան անհոգի, միակարծիք եւ միապաղաղ կառավարում:

Այսօր, մեր պատմութեան ներկայ հանգուցային պահուն, պիտի կարենա՞նք նուաճել իրաւ մէկութիւն (ո՛չ ամբոխավարական եւ ո՛չ ճառային) եւ յայտարարել, որ ԱԶԳԸ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՈՒՆԻՆ: Եւ վե՛րջ: Հայրենիքը արցախցիին, կիւմրեցիին, երեւանցիին, բոլորին, բայց նաեւ երբեմն որպէս հպարտութիւն յիշուող համաշխարհային ընդունուած ազգի աւելի քան կէսին պատասխանատուութիւնն է, հաւասարապէ՛ս:

Պատասխանատուութենէ խուսափումին կը տրուին բացասական արդարացումներ, զորս պիտի չկրկնեմ:

Ժողովուրդը պահած է ընդոծին իմաստութիւն. պատերազմի ընթացքին վիրաւորուած երիտասարդը, շրջանցելով արգելքները, վերստին մեկնած է ռազմաճակատ: Հայր ու որդի մեկնած են ռազմաճակատ, զոհուած է որդին: Հայ կիներ կը մեկնին ռազմաճակատ, զինուոր են: Անոնք ո՛չ իշխանութեան եւ ո՛չ ընդդիմութեան, ո՛չ աջին եւ ո՛չ ձախին համար ռազմաճակատ կ՚երթան:

Կռուի կ՚երթան ազգ, հայրենիք, գոյութիւն եւ իրաւունք պաշտպանելու: Չանհետանալու իրաւունք պաշտպանելու:

Խիստ ուշագրաւ լուր մը տրուեցաւ եւ մոռցուեցաւ: Հայ բանտարկեալներ դիմում ըրին ճակատ մեկնելու եւ խաղաղութեան վերահաստատումէն ետք իրենց ազատ կամքով վերադառնալու բանտ: Օրինակելի: Օրինազանց հայն անգամ պահած է հաւաքականի, ամբողջականի, տոկալու եւ տեւելու գիտակցութիւնը: Չեմ գիտեր, թէ այդ բանտարկեալները ճակատ գացի՞ն: Զանոնք տարի՞ն:

Այլազան գոյներով վերնախաւը պէտք է լսէ համաժողովրդական այս ընդոծին գիտակցութեամբ ճակատ մեկնողներու եւ մեկնիլ ուզողներու ցանկութեան թելադրած ազգային-քաղաքական իմաստութիւնը, եւ ինք ըստ այնմ պէտք է առաջնորդուի եւ առաջնորդէ՝ հրաժարելով խաղաղ պայմաններու մէջ թերեւս սովորական եւ ընդունելի համարուած վերաբերումներէ, կիրքերէ:

Խօսքը դասական դարձած Ազգային Միութեան Կառավարութիւն մը կազմելու մասին չէ, այլ՝ ազգի բոլոր ուժերը, առանց հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւններու, զօրաշարժի ենթարկելու, յարմար անձերը դնելու ճիշդ դիրքերու վրայ, բոլոր կարողութիւնները հայրենիքին ծառայեցնելու: Յաղթական թշնամին երբեք պիտի չզբաղի մեր ներքին կեանքի «ո՞վ իրաւունք ունի, ո՞վ իրաւունք չունի»ի բիւզանդագիտութեամբ եւ մեզի պիտի ձգէ աւաղելու տխրութիւնը:

Այնքա՜ն զիրար վատաբանեցինք, որ հիմա կարծէք կողք կողքի նստելու, կողք կողքի թշնամիին դէմ կանգնելու հոգեբարոյական ուժը կորսնցուցած ենք:

Հայկական սփիւռքը հզօրութիւն կը ցուցաբերէ, հաւաքական կամքով, քանի մը շաբթուան ընթացքին 150 միլիոն տոլար գոյացնելով կռուող եւ վիրաւոր Հայաստաններու համար: Օդանաւերով օգնութիւն կը հասցնէ Հայաստան, Արցախի ճակատին: Մոլորակի հեռու եւ մօտ աշխարհներուն մէջ զօրակցութեան ցոյցեր կը կազմակերպէ: Արցախի որպէս պետութիւն ճանաչման ուղղութեամբ յաջողութիւններ ձեռք կը բերէ:

Հայաստանի ղեկավարութիւնները, իշխանութիւն, ընդդիմութիւն, մամուլ, մտաւորականութիւն, պարտք պէտք է համարեն ոչ միայն խօսելու միասնութեան մասին, այլ այդ միասնութեան գործնական իրականացումը եւ պատկերը տալու ժողովուրդին եւ աշխարհին, ամէնքի մասնակցութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ, մարտական, ընկերային, քաղաքական, տնտեսական կեանքի բոլոր մակարդակներուն:

Աջը եւ ձախը, իշխանութիւնը եւ ընդդիմութիւնը, գերանցում կատարելով, պիտի ընեն այնպէս, որ ոչ թէ մէկը, կամ միւսը իրաւունք ունենայ, այլ ազգը եւ հայրենիքը իրաւունք ունենան:

Ժան Ժաք Ռուսօ ըսած է, որ՝ «Սիրոյ եւ բարեկամութեան հետ կը ծնին տարակարծութիւններ, թշնամութիւն եւ ատելութիւն»*: Այսօր ահազանգային վիճակի մէջ գտնուող ազգի անդամները պիտի յաղթահարեն տարակարծութիւն, թշնամութիւն եւ ատելութիւն, նուաճելու համար միասնաբար տեւելու եւ տոկալու հզօր կամքը, որ գերազանց բարեկամութիւն է, սէր է: Գոյութեան իրաւունքի տիրանալէ ետք կրնանք կրկին անձնատուր ըլլալ եսական սովորական դատարկաբանութիւններու:

Պարտինք գործել Ժան Ժաք Ռուսոյի յոռետեսութեան հակառակ ուղղութեամբ, բուսած մրցակցութիւններէն եւ ատելութիւններէն վերադառնալ սիրոյ եւ բարի կամքի:

Ազգի եւ հայրենիքի ոչնչացման հետամուտը Հայաստաններու դռներուն կանգնած է (…):

Մեծ ու պզտիկ, մեծանուն եւ շարքային հայ, այսօր աւելի քան երբեք, պարտին մտածել, գործել, առաջնորդուիլ, յանձնառութիւն ընդունիլ, ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքի համար, այլ՝ յաւելեալ պարտքի:

Եթէ թշնամին իր չարիքը գործէ, յաւելեալ իրաւունք կամ յաւելեալ պարտք չեն մնար:

Այս պէտք է ըսել Հայաստանի, սփիւռքներու եւ, ինչո՞ւ ոչ, թաքնուած հայերու ժողովուրդին, որ մեծ ոճիրին յիշատակարանն է:

Եթէ յաւելեալ պարտքի գիտակցութեան կոչը լսուի, այդ կ՚ըլլայ հզօրութեան ազդանշանը եւ մեր պատմական յաղթանակը:

Եթէ ներսը եւ դուրսը այդ  չլսուի…

Ինչո՞ւ չլսել Ռիւտիարտ Քիփլինկը՝ Մուշեղ Իշխանի հարազատ բառերով.

Եթէ կրնաս արքաներու հետ՝ պարզուկ,

Ամբոխին մէջ՝ առաքինի ըլլալ միշտ,

Եթէ թաղես կիրքի րոպէն վաղանցուկ,

Եթէ մարդիկ անզօր են քեզ առթել վիշտ

Եւ ամէնուն կու տաս արժէքն իր արդար…

Բանաստեղծը՝ Քիփլինկ, իր տողերը հայացնողը՝ Մուշեղ Իշխան, կ՚ըսեն…

Այն ատեն մարդ ես, տղա՛ս…

Մարդու այս առաքինութիւնը ուղիշ ճանապարհն է հայացման եւ հայ ապրելու իրաւունքի:

Իրաւունք, որ չի գնուիր, նուէր չի տրուիր: Կը նուաճուի:

Հռոմէացիի հաստատակամ քաջութեան պէս պէտք է ըսենք՝ վահանի ետին կամ վահանին վրայ…

Այս սպառողական ընկերութեան մէջ չընդարմացած ազգի իրաւ անդամի ճշմարիտ առաքինութիւն է:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

2020, Նուազի-լը-Կրան


«Avec l’amour et l’amitié naissent les dissensions, l’inimitié, la haine.»

Շաբաթ, Նոյեմբեր 7, 2020